Շուրջ քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք «ակա» Կարապետ եղբայրս: Իր Կեսարիա ծնած հայրը կանուխ մեռած էր եւ ընտանիքին բեռը մնացած էր անոր ուսերուն: Պատանի տարիքին մտաւ կեանքի ասպարէզ, եռանդուն կերպով զանազան գործեր ըրաւ պահելու իր ընտանիքը: Շատ անգամ ծանր պայմաններու մէջ պայքարեցաւ կեանքի ալեկոծումներու դէմ: Շատ տարիներ ետք սկսաւ շինարարութեան գործին: Սանճաք-շէլ շրջանի մէջ աշխուժ աշխատանք տարաւ բարեզարդելու շրջանը: Պատերազմի տարիներ էին Լիբանանի մէջ, բայց ան անվախ շարունակեց իր շինարարական գործը: Մեծ շէնքեր շինեց շքեղ թաղերու մէջ:
Կը սիրէր բարեսիրութիւն ընել եկեղեցիներուն, բարեսիրական միութիւններու եւ կ՛օգնէր տկարներուն: Համոզումով կը գործէր, հպարտ էր հայ եւ կեսարացի ըլլալուն: Վարձքդ կատա՛ր, եղբայրս «Ակա» Կարապետ: Հողը թեթեւ գայ վրադ:
Եղբայրդ` ԲԱՐՍԵՂ