Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Էլվիս Փրեսլին` Ճոնի Հալիտէյ

Դեկտեմբեր 15, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ճոնի Հալիտէյ երգած է 60 տարիներ շարունակ եւ հրապարակած է 50 ալպոմներ, որոնցմէ ծախուած են միլիոնաւորներ: Բազմահանդիսատես ելոյթներ ունեցած Ֆրանսայի ամէնէն մեծ սրահներուն մէջ եւ իր արտաքին գրաւչութեամբ, շարժուձեւերով եւ յաճախ մեծ յաջողութիւն գտած երգերով գրաւած է Ֆրանսայի ժողովուրդին սիրտը: Ան միշտ ուզած է սիրուիլ ժողովուրդին կողմէ: Մեծ շուքով կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նախագահներ Նիքոլա Սարքոզի, Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ ներկայ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: Ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով ֆրանսացի արուեստագէտներ: Բանաստեղծութիւններ եւ սրտի յուզիչ խօսքեր արտասանուեցան իր մօտիկ բարեկամներուն կողմէ: Իսկ Փարիզի ճամբաները ողողած էին մօտաւորապէս 1 միլիոն մարդոցմով, որոնք արցունքներով կը հետեւէին:

Ն.

Ճոնի Հալիտէյի Կենսագրական Գիծերը

– Ժան Ֆիլիփ Սմեթ ծնած է 15 յունիս 1943-ին, Փարիզ:
– 9 տարեկանին արդէն իսկ իր պարուհի զարմիկներուն հետ բեմ կը բարձրանայ եւ կ՛երգէ:
– 1957-ին կը յայտնաբերէ Էլվիս Փրեսլին եւ կ՛որոշէ, որ ինք կ՛ուզէ ռոք էնտ ռոլի երգիչ դառնալ:

– 1959-ին պատկերասփիւռի յայտագիրի մը ընթացքին կը ներկայացուի եւ կը ստորագրէ իր առաջին պայմանագիրը:
– 1960-ին սկիզբը կը հրապարակէ իր առաջին երգը` «Ձգէ աղջիկները» (Laisse Les Filles):
– Անոր կը յաջորդէ «Յիշատակներ, յիշատակներ» (Souvenirs, Souvenirs) երգը, որ իր առաջին հիմնական յաջողութիւնը կը դառնայ:
– Երբ Ֆրանսայի առաջին ռոք փառատօնին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ 1961-ին, երիտասարդները խռովութիւններ կը ստեղծեն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ քամի մը ամիս արգիլել ռոք էնտ ռոլի ելոյթները:
– Հալիտէյ կը քննադատուի երիտասարդներուն մօտ յեղափոխութիւն ստեղծելուն համար:
– Նոյն տարին Ֆրանսայի մէջ ելոյթներով կը շրջագայի եւ կը ստեղծէ «հիսթերիա», ինչպէս Էլվիսը` Միացեալ Նահանգներու մէջ։
– Յաջորդող տարիներուն Հալիտէյ կը շարունակէ իր վերելքը` երգելով ամերիկեան նշանաւոր երգեր` խառնուած ֆրանսական աւանդական փոփ-ով:

– Շարլ Ազնաւուր խրատներ եւ ուղղութիւններ կու տայ Հալիտէյին եւ կը գրէ «Retiens la nuit» երգը` Ճոնիին համար:
– 1964-ին Հալիտէյ կ՛երթայ զինուորական ծառայութեան, եւ ատիկա զինք աւելի յարգուած կը դարձնէ հանրութեան աչքին:
– Սիրահարութեան պատմութիւն մը կ՛ապրի Սիլվի Վարդանին հետ, եւ զոյգը կը պսակուի 1965-ին: Զոյգին յարաբերութիւնը հերթաբար կը քայքայուի, որովհետեւ Հալիտէյ տարին 10 ամիս ելոյթներով կը շրջագայի:
– 1966-ին կը ծնի Տէյվիտը: Այդ տարին դժուար տարի մըն էր Հալիտէյի համար, որովհետեւ խումբերու ստեղծումը կ՛ազդէ իր ասպարէզին վրայ, իր եւ Սիլվիի յարաբերութիւնը կը վատթարանայ: Հալիտէյ ճիգ կը թափէ վերակենդանացնելու իր ասպարէզը: «Սեւ է, սեւ» (Noir c’est noir) երգը կը յօրինէ` իր յուսահատ հոգեվիճակը ներկայացնելով: Նոյն տարին Սիլվի ամուսնալուծում կը պահանջէ: Հալիտէյի այս երգը զինք կը դնէ ամէնէն շատ ծախուող ալպոմներու ցանկին պարագլուխը:
– 1969-ին կը հրապարակէ «Que je t’aime» երգը, որ կը հրապուրէ ֆրանսացի զանգուածը: 815.000 օրինակներ կը ծախուին այս ձայնասկաւառակէն:
– 1972-ին կ՛ամուսնալուծուի Սիլվի Վարդանէն: Կը նախաձեռնէ «Ճոնի կրկէս»-ը, որ կը շրջագայի Ֆրանսայի տարբեր շրջաններ եւ մեծ վրանի տակ  ելոյթներ կու տայ: Սակայն այս նախաձեռնութիւնը տնտեսական աղէտ մը կ՛ըլլայ:
– 1973-ին ինք եւ Սիլվի կը հաշտուին եւ միասին կը հրապարակեն «J’ai un problème» երգը, որ այդ ամրան լաւագոյն երգերէն մէկը կը դառնայ:
– 1980-ին վերջնականապէս կ՛ամուսնալուծուին: Ճոնի կ՛ընկճուի եւ խմելու կը սկսի: Իր երգերը յաջողութիւն չեն գտներ:
– 1981-ին բնորդուհի Պապեթ Էթիենի հետ ամուսնութիւնը միայն երկու ամիս կը տեւէ:
– Քիչ մը ուշ, կը պսակուի դերասանուհի Նաթալի Պէյի հետ, որմէ կ՛ունենայ աղջիկ մը` Լորա, 1983-ին:
– Նաթալի Պէյ իր ամուսինը կը ծանօթացնէ երգահան Միշել Պերժերին հետ, որ իրեն համար կը գրէ «Quelque chose de Tennessee» երգը, որ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ 1985-ին:

– Ազնաւուր կը վկայէ, որ այդ ժամանակ Ճոնի կը դառնայ ֆրանսացի հսկայական աստղ: Կը սկսի նրբերանգով երգել:
– 90-ականներուն Հալիտէյ կը սկսի նորէն լեցնել Ֆրանսայի ամէնէն մեծ սրահները:
– 1993-ին, իր 50-րդ տարեդարձին առթիւ, ելոյթ կ՛ունենայ Parc des Princes-ի մէջ, ուր բազմահազար հանդիսատեսներ ներկայ կը գտնուին: Կը հաշտուի Սիլվի Վարդանի հետ, երբ վերջինս անակնկալօրէն բեմ կը բարձրանայ, եւ միասնաբար կ՛երգեն: Սակայն այս հաշտութիւնը երկար չի տեւեր:
– Ճոնի Հալիտէյ կը շարունակէ հրապարակել մեծ յաջողութիւն գտնող երգեր եւ ձայնասկաւառակներ:

– 1996-ին Ճոնի կ՛ամուսնանայ 21-ամեայ Լեթիսիա Պուտույի հետ, որ մինչեւ իր մահը կը մնայ իր կինը: Հալիտէյ կը սիրէ Լեթիսիան, որովհետեւ ան միշտ նեցուկ կը կանգնի ամուսինին եւ երբեք չի փորձեր զինք փոխել:
– 1998-ին ելոյթ կ՛ունենայ Stade de France-ի մէջ, որուն ներկայ կը գտնուի նախագահ Ժաք Շիրաք:
– 50 տարեկանէն ետք Հալիտէյի ասպարէզը կը շարունակէ զարգանալ: Ոչինչ կրնայ կեցնել զինք:
– 2002-ին կը հրապարակէ «Մարի» երգը, որմէ 1.400.000 օրինակներ կը ծախուին:
– 2009-ին մնաք բարովի շրջագայութեամբ կ՛որոշէ աւարտել իր ասպարէզը: Նոյն տարին կը հիւանդանայ եւ կ՛ենթարկուի վիրաբուժութեան, որմէ ետք ձայնը կը կորսնցնէ որոշ ատեն: Այդ ժամանակ անոր միակ փափաքը կը դառնայ կրկին բեմ բարձրանալ:
– 2012-ին Ճոնի կը կազմակերպէ  «Յարութեան շրջագայութիւնը»:
– 2013-ին, 70-րդ տարեդարձին առթիւ, կը կազմակերպուի երգահանդէս մը, որուն ներկայ կը գտնուին հազարաւոր համակիրներ:
– 2014-ին կը հրապարակուի անոր 49-րդ ձայնասկաւառակը` «Ողջ մնալ» վերնագիրով:
– 2015-ին կը հրապարակէ իր 50-րդ ձայնասկաւառակը:
– Յուլիս 2016-ին կ՛ունենայ վերջին ելոյթը:
– Կը մահանայ դեկտեմբեր 2017-ին:

«Թէ.Էֆ1»

Ռոք Երգիչը Ինչպէ՞ս Արտացոլացուց
Ֆրանսայի
Պատկերը

Անգլիախօս աշխարհը միշտ խորհած է, որ Ճոնի Հալիտէյ ճոքի պէս բան մըն է:

Դիւրին է տեսնել, թէ ինչո՛ւ: Ան, առանց ամչնալու,  բանագողութիւն ընելով, մեր ամէնէն սիրուած երգերէն առաւ եւ այդ երգերը ֆրանսերէն երգեց` ատոնք թեթեւսոլիկ դարձնելով: Անոր ձայնը կրնայ ծիծաղելի կերպով օփերայի յատուկ ըլլալ: Թուխսի նստելու նմանող անոր կեցուածքը խեղճ գաղղիական (ֆրանսական) ընդօրինակութիւնն է Ճէյմս Տինի:

Ան շինծու ռոքըր է, աւելի ցուցադրական, քան` հարազատ, իսկական:

Ասոնք բոլորը կրնան ճիշդ ըլլալ: Բայց նոյնպէս ամբողջովին անտեղի են, որովհետեւ, հակառակ պելճիքացի հօր, իր Զուիցերիա բնակելուն եւ ամերիկեան մոլուցքին, Հալիտէյ միայն մէկ վայրի մէջ կարեւոր էր, եւ ատիկա Ֆրանսան էր:

Ուրեմն, ծաղրել Ճոնին` կը նշանակէ Ֆրանսան ծաղրել: Սակայն հաւասարապէս հասկնալու համար Հալիտէյ նոր երեւոյթը` թերեւս պէտք է հասկնալ արդի երկիրը:

Ճոնի իր ասպարէզին եւ անձնական կեանքին մէջ եկաւ կատարեալ կերպով մարմնացնելու այն զոյգ կիզակէտը, որ յետպատերազմեան Ֆրանսայի էութիւնն է. մէկ կողմէ ձգտում սպառողի բոլոր նորութիւններուն` հեշտապաշտ ամերիկեան ապրելակերպ, միւս կողմէ` ատկէ անդին գացող տենչանք մը այն արժէքներուն, որոնց միջոցով Ֆրանսա կը զգայ, որ տակաւին Ֆրանսա է:

Հալիտէյ մարմնաւորեց ե՛ւ արժէքներու տենչանքը, ե՛ւ ձգտում` սպառողի բոլոր նորութիւններուն:

Երիտասարդութեան, 1950-ականներու Փարիզի մէջ, Ճոնի շարքին էր անոնց, որոնք առաջին զգացողներէն եղան Ատլանտեանէն եկող ձայներու նոր թրթռացումներուն: Ճոնի ունէր 1945 թուականներու ռոք էնտ ռոլ-ի հաւաքածոյ մը, որ ընկերներուն  նախանձը կը շարժէր: Այս բոլորով ինք այնքան հմայուած, տարուած էր, որ առաջին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նոյնիսկ ըսաւ, որ իր հայրը ամերիկացի է:

Յաջողութիւնը, հրապուրանքն ու ծուղակները արագ եկան: Ճոնի դարձաւ ընդունուած առաջնորդը «yé-yé» (անգլերէն` yeah, yeah) երգիչներու սերունդին: Անոնք բոլորն ալ անգլիական դասական փոփ եւ պլուզ երգերը կը վերածէին ֆրանսականի: Բայց Ճոնին լաւագոյնն էր: Ան ամէնէն համակրելին, հմայիչն էր, ամէնէն համոզիչը` «ռոքի վերաբերմունք» ունեցողներէն:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք բազմաթիւ պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք 1960-ականներուն պարեցին Ճոնիի երգերուն կշռոյթներով, Ֆրանսայի մէջ մեծցան եւ միշտ զայն չձգեցին, անոր համակիր մնացին: Աւելի զարմանալին այն էր, որ յաջորդական սերունդները նոյնպէս հմայուած էին Հալիտէյի  կախարդանքով, քանի որ անոր տեսքը «թետի պոյ»-էն փոխուեցաւ պեխ-մօրուքով չափահասի:

Ճիշդ այս տարի հրապարակուեցաւ երիտասարդ երգիչներու ալպոմ մը` «Մեր բոլորին մէջ Ճոնիէն բան մը կայ»:

Ֆրանսայի մէջ չկայ այն հեգնանքը, որ այլ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունի անցեալի կատարողներու հանդէպ: Անոնք կը կառչին իրենց աստղին, եւ մինչ տարիները կը թաւալին (Ալճերիոյ պատերազմէն մինչեւ Ինսթակրամի ժամանակաշրջան), անոնք գիտեն, որ  Ճոնի պիտի վերադառնայ համերգներու նոր շրջագայութեամբ, նոր ալպոմով:

Փոխադարձ հաւատարմութիւն` Ճոնիի եւ հանրութեան միջեւ

Սակայն փոխադարձ հաւատարմութիւնը պարզապէս միայն երաժշտութենէն չեկաւ, որովհետեւ համբաւաւոր անձէ եւ զուարճանքէն անդին`  ֆրանսացի հանդիսատեսը Ճոնիի մէջ յայտնաբերեց արժէքներ, զորս անոնք հաւնեցան եւ ուզեցին նկատել իրենցը` տքնաջան  աշխատանք, դժբախտութեան դէմ տոկունութիւն, պարզութիւն, պարզ խօսելաձեւ եւ հայրենասիրութիւն:

Անոր մանկութիւնը դժուարին եղած է: Անոր հայրը լքած է տունը եւ միայն վերադարձած է ամուսնանալու Ճոնիի մօրը հետ, որպէսզի  փարատէ այն բամբասանքները, թէ Ճոնի գերմանացի զինուորի մը զաւակն է: Ասիկա Ֆրանսայի բռնագրաւումի ատենն էր: Աւելի ուշ անոր հայրը անպիտան մը դարձաւ` Ճոնիէն դրամ մուրալով եւ աղքատ մահանալով:

«Ես որոշ ինքնավերլուծումներ ըրած եմ: Տեսած եմ, որ իմ մանկութեանս տարիները զիս հունէն դուրս նետած են: Ընտանիքի հանդէպ իմ բուռն ցանկութիւնս, բայց ընտանիք մը պահելու իմ կրկնուող ձախողութիւնս կը բխի ատկէ», ըսած է Ճոնի 1998-ին «Լը Մոնտ»-ի հետ ունեցած նշանաւոր հարցազրոյցին մէջ:

Հալիտէյ իր նախկին կնոջ` երգչուհի Սիլվի Վարդանի հետ 1969-ին

Հալիտէյ անցած է ամուսնալուծումներէ, թմրամոլութենէ, մոթորսիքլեթի արկածներէ, դրամական աղէտներէ եւ առողջական արտակարգ իրավիճակներէ: Ֆրանսացիները հետեւեցան ատոնց բոլորին: Կրնար նմանիլ աստղի մը վերիվայրումներու պատկերասփռումները դիտելու, սակայն ֆրանսացիները (ֆրանսացի ըլլալով) ատոր մէջ աւելի յատկանշական բան մը տեսան:

Ալեքսիս Պրեզեթ «Ֆիկարօ» թերթին մէջ գրելով Ֆրանսայի մէջ ազգային սուգի օրուան առնչութեամբ` լաւագոյն ձեւով ներկայացուցած է. «Ճոնիի հանրութիւնը… Ֆրանսան էր: Ֆրանսան վատ տղոց եւ աղջիկներու լաւ ընտանիքներու, երեխաներու եւ մեծ հայրերու եւ մայրերու, համայնավարներու եւ ազատականներու, փարիզցիներու եւ գաւառացիներու, գնչուներու եւ աղքատ դասակարգի երկիրն է»:

«Ֆրանսա` bar-tabac եւ cybercafé-ներու, հին ոճով պարասրահներու եւ techno մեհեաններու երկիր»:

«Կոտրած հայելիին մէջ, որ ան մեզի համար բռնեց, ամբողջ ժողովուրդը իր սեփական պատմութիւնը տեսաւ: Ճոնիին մէջ Ֆրանսա կրնայ ճանչնալ ինքզինք, իր լաւ եւ վատ կողմերը, խանդավառութիւններն ու վհատութիւնները, անկումներն ու վերականգնումները»:

«Այս Ֆրանսա՛ն է (կռուազան, բայց վեհանձն, խենթ, բայց բանական, բուռն եւ փառաւոր), որ այժմ տխուր կը մրմնջէ. «Մեր բոլորին մէջ Ճոնիէն բան մը կայ»:

«Պի.Պի.Սի.»

Նախորդը

Մեր Վտանգուած Գանձը` Արամի Տո՛ւնը

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Ծայրայեղ Աւետարանականութիւնը Եւ Թրամփ Երեւոյթը

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?