Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Ծայրայեղ Աւետարանականութիւնը Եւ Թրամփ Երեւոյթը

December 15, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ինչպէս Միջին Արեւելքի մէջ, նոյնպէս ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնական շարժումները ունին նաեւ ազդեցիկ քաղաքական դերակատարութիւն: «Ճերմակ աւետարանականութիւնը» կամ «աջ աւետարանականութիւնը» ներկայիս Ամերիկայի աւետարանական համայնքին մէջ հսկայ ազդեցութիւն ունի, եւ այս շարժումին միջոցով է, որ ներկայիս հանրապետականները կրցան թափանցել կառավարութեան մէջ: Հետեւաբար այս իրավիճակին մէջ զարմանալի չէ, որ Տոնալտ Թրամփի նման երեւոյթ մը հասնէր նախագահական աթոռ: Սակայն հասկնալու համար Թրամփի վերջին յայտարարութեան ետին կանգնած գաղափարախօսութիւնը, պէտք է հասկնանք Ռուսաս Ռշտունիի գաղափարական տեսութիւնը:

Միքայէլ Պէյկընթ իր գիրքին` «Վազքը դէպի Արմակետոն»-ի (2010) մէջ կը բացատրէ տարիներու ընթացքին Ամերիկայի մէջ ծայրայեղ աւետարանական շարժումներու գաղափարական եղափոխութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս այս շարժումները հիմնական դերակատարութիւն ունեցան Իրաքի պատերազմին` ժողովուրդը զօրաշարժի ենթարկելու աշխատանքին մէջ: Սակայն հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս աջակողմեան կրօնական քրիստոնեայ շարժումներուն գաղափարական առաջնորդը մինչեւ 2001 եղած է ամերիկահայ Ռուսաս Ռշտունին: Ռշտունին, որ կը նկատուի քրիստոնէական վերակառուցողականութեան (Christian Reconstructionism) հայրը, արդէն իսկ 1944-ին ձեռնադրուած էր իբրեւ պատուելի եւ աշխուժ էր ամերիկեան աւետարանական շարժումներուն մէջ: Ան հրատարակած է գիրքեր եւ ունի բազմաթիւ դասախօսութիւններ, որոնց ընդմէջէն պաշտպանած է իր պահպանողական գաղափարները: Ռշտունին միշտ ալ նեցուկ կանգնած է սիոնական գաղափարախօսութեան, եւ երբ 1982-էն ետք անդամակցեցաւ «Ճոն Պիրչ» ընկերութեան քաղաքական թեւին, ան աւելի ծանօթ դարձաւ հանրութեան եւ դարձաւ Ամերիկայի աջ քրիստոնէական շարժումին հոգեւոր առաջնորդը: Ռշտունի իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Քրիստոնեայ խաչակիրները պիտի գրաւեն աշխարհը եւ կրօնափոխ դարձնեն ոչ քրիստոնեաները նոյնիսկ սուրի ուժով` մինչեւ Քրիստոսի գալուստը» («Վազքը դէպի Արմակետոն», 2010, էջ 159 ): Ռշտունի կ՛եզրափակէ իր գաղափարախօսութիւնը` նշելով, որ Աստուածաշունչի օրէնքին տակ ոչ քրիստոնեայ ըլլալը արգիլուած է, Ամերիկայի սահմանադրութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչը, եւ ան, որ կը մերժէ քրիստոնէական օրէնքները, ապա պէտք է երկրէն վտարուի:

Ինչո՞ւ Ամերիկայի աւետարանականներուն համար կարեւոր է, որ Երուսաղէմը գտնուի հրեաներուն տիրապետութեան տակ: Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ ծայրայեղ աւետարանական շարժումներ կը հաւատան, որ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը պիտի կատարուի մօտիկ ապագային, հրեաները պիտի վերակառուցեն իրենց տաճարը, ապա քրիստոնեաներուն հետ, Քրիստոսի առաջնորդութեամբ, պատերազմ մղեն իսլամներուն դէմ` Արմակետոնի մէջ: Յաղթելով իսլամներուն` հրեաները, տեսնելով Քրիստոսի զօրութիւնը, կրօնափոխ պիտի ըլլան եւ ընդունին Քրիստոսը` իբրեւ իրենց Աստուածը: Այսինքն Թրամփի յայտարարութիւնը որոշ չափով, իրենց կարծիքով, պիտի արագացնէ Քրիստոսի գալուստը եւ իսլամներուն դէմ գալիք ճակատամարտը: Հետեւաբար նաեւ զարմանալի չէ, որ աւետարանականներուն 81 առ հարիւրը քուէարկեց ի նպաստ Թրամփին նախագահ ընտրուելուն, եւ վերջերս նախագահին կողմէ որդեգրուած պահպանողական օրէնքները կ՛ապացուցեն, որ ան մինչեւ օրս հաւատարիմ է իր նախընտրական խոստումներուն:

Շատ քիչ անգամ հանդիպած ենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ետին կը կանգնի փոխնախագահը, երբ ան խօսք առնէ: Թրամփի յայտարարութեան ժամանակ անոր ետին կանգնած էր փոխնախագահ Մայք Փենսը: Փենսը կը պատկանի պահպանողական աջ աւետարանական թեւին, եւ Թրամփի յայտարարութիւնը յստակ պատգամ էր, որ ան կը վայելէր նաեւ Ամերիկայի աւետարանականներուն համակրանքը: Շաբաթօրեայ աղօթքը տեղի կ՛ունենայ Սպիտակ տան մէջ, երբեմն` Փենսի ներկայութեան: Փենս իբրեւ «աջ աւետարանական»` կրցաւ զօրաշարժի ենթարկել աւետարանական համայնքը` ի նպաստ Երուսաղէմի հարցին, եւ օրինակները շատ են:  Ճոնի Մուր` նախագահ Թրամփի աւետարանական խորհրդականներէն մէկը, «Սի. Էն. Էն.» կայանէն ըսաւ, որ Երուսաղէմի հարցը հիմնական խնդիրներէն է Ամերիկայի աւետարանական համայնքին համար: Նախագահին յայտարարութենէն 24 ժամ ետք ծայրայեղ աւետարանական «Քարիզմա Նիուզ» կայքը հետեւեալը կը հաղորդէ. «Նախագահը կատարեց իր խոստումը… Հրեայ ժողովուրդը հազարամեայ պատմութիւն ունի Երուսաղեմի մէջ: Ան իր արեան գնով պաշտպանեց այս սուրբ քաղաքը, եւ մենք ուրախ ու երախտապարտ ենք հրեայ ժողովուրդին հանդէպ»: Ճոն Հակի` այլ աւետարանական առաջնորդ մը, «Սի. Պի. Էն.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ քրիստոնեաները պէտք է պաշտպանեն Իսրայէլը եւ հրեայ ժողովուրդը, որովհետեւ Աւետարանին մէջ միշտ ալ յիշուած է Իսրայէլը, եւ հոն է, որ Քրիստոս ծնաւ: Հետեւաբար Երուսաղէմի հարցը նաեւ քրիստոնէական հարց է:

Ասիկա մտահոգիչ է ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներուն, այլ նաեւ Միջին Արեւելքին համար, որովհետեւ ամէն մէկ յայտարարութիւն կամ քաղաքական քայլ ազդեցութիւն ունի մեր շրջանին վրայ: Դժբախտաբար, ինչպէս շրջանին մէջ սիւննի ղեկավարները շրջանը կը տանին դէպի անորոշութիւն, այսօր «աջ աւետարանականութիւնը» Միացեալ Նահանգները եւ շրջանը կ՛առաջնորդէ դէպի սեւ անդունդ:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Էլվիս Փրեսլին` Ճոնի Հալիտէյ

Յաջորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Ջուղայի Սրբապղծուած Հայկական Խաչքարերու Աղաղակը Եւ Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամքը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.