Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Այսօր` ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ին, տեղի պիտի ունենան երգիծանկարիչ Տիրան Աճեմեանի ալպոմին շնորհահանդէսը եւ անոր երգիծանկարներուն ցուցահանդէսը: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Տիրանի աղջկան` Սիլվի Աճեմեանին հետ` իմանալու գիրքի հրատարակման աշխատանքներուն մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը:
Խօսելով նոր հրատարակուած գիրքին մասին` Սիլվի Աճեմեան ըսաւ, որ գիրքին մէջ փորձած է հօրը արուեստին զանազան կողմերը ցոյց տալ: Տիրան քաղաքական երգիծանկարիչ էր, բայց նաեւ բաւական նշանաւոր էր իր դիմանկարներով: Ան ստեղծած էր լիբանանեան տիպար մը` Ղանթուս անունով, որ ճարպիկ եւ ճկուն տիպար մը եղած է: 1950-1955 «Լը Սուար» թերթին մէջ Ղանթուսի արկածախնդրութիւնները կ՛երեւային, որոնք տակաւին այժմէական կը թուին, օրինակ` քաղաքի խճողումը, ելեկտրականութեան հարցը եւ այլ կենցաղային հարցեր: 1939-1945 թուականներուն Տիրան շատ մեծ աշխատակցութիւն ունեցած է ֆրանսական երկու պարբերաթերթերուն` «Ան Ռութ» եւ «Լը Քանար Լիպր», որոնք Տը Կոլին քաղաքականութեան կը հետեւէին: «Ազդակ»-ն ալ օրին կ՛արտատպէր այդ երգիծանկարներէն:
Սիվի Աճեմեան յայտնեց, որ հայրը` Տիրան, Հալէպ ծնած է 1904-ին եւ 1926-ին հաստատուած է Լիբանան, ուր մշակած է նոր ծանօթութիւններ: Մանկութենէն ան գետինները գծած է, պատերուն վրայ: Հալէպի մէջ գերմանական դպրոց յաճախած է: Ուսուցիչներէն մէկը ուղղած է զինք` գիրք տալով: 14-15 տարեկանին Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Կաւռոշ» թերթին աշխատակցած է` իր երգիծանկարները ղրկելով: 40 տարի ետք, երբ կը տեսնէր իր պատանեկան օրերու գործերը, կը զարմանար, թէ ինչպէ՛ս տպած են իր պատանեկութեան գործերը, որոնք սկսնակի գործեր են:
Խօսելով գիրքին մասին` Սիլվի Աճեմեան ըսաւ, որ 200 էջ ունեցող գիրքը բաժնուած է հինգ գլուխներու: Կը բովանդակէ 223 գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ ծաղրանկարներ: Գիրքին մէջ գլուխ մըն ալ կայ «Հայաստան Փիւնիկի մէջ» վերնագիրով: Տիրան ծաղրանկարած է` Կոմսը, Տէր Գալուստեանը, Շահմուրատեանը, Սարաֆեան եղբայրները, հայկական բարքերը, Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանը, Մուշեղ Իշխանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Շանթը, Վահէ Վահեանը, Կոստան Զարեանը, Վահէ Սէթեանը, Կարօ Սասունին, Տիգրան Տատրեանը, Փոլ Կիրակոսեանը եւ շատ ուրիշներ, զորս կը ճանչնար եւ անոնց բարեկամ էր: Ան նկարած է Լեւոն Շանթի դիմանկարը` հայերէնի տառերով, Գասպար Իփէկեանը` թիւերով, իսկ Սլէյման Ֆրենժիէն` ֆրանսերէն տառերով:
Սիլվի Աճեմեան յայտնեց, որ գիրքին հիմնական մասը քաղաքական ծաղրանկարներն են, ուր եթէ հետեւինք, Լիբանանի պատմութեան հետ կը քալէ 1939-էն մինչեւ 1970-ականներու վերջը: Նախագահ Պշարա Խուրիէն մինչեւ Ֆրենժիէ` բոլորն ալ մէջն են: Ծաղրանկարած է` վարչապետ Ռիատ Սոլհը, Քամալ Ժոմպլաթը, Ռաշիտ Քարամէն, Ռեմոն Էտտէն, Սաէպ Սալամը, Էմիլ Պուսթանին, Լինտա Սըրսոքը, Շարլ Հելուն եւ շատ ուրիշ թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ միջազգային դէմքեր: Տիրան շատ արագ կը գծէր, ամէն տեղ, ամէն բանի վրայ կը գծէր` սիկարեթի տուփի, պզտիկ թուղթերու, կամ որեւէ թուղթի կտորի մը վրայ:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Տիրան պատկերազարդած է Յովհաննէս Թումանեանի պատմուածքներէն «Քաջ Նազար»-ը, «Անխելք մարդ»-ը եւ շատ ուրիշ գործեր: Գեղարդին ալ գիրքերը պատկերազարդած է: Տիրան կը սիրէր նաեւ թատրոնը: Ան խումբ կազմած է թէ՛ Հալէպի, թէ՛ Լիբանանի մէջ: Տիրան շատ մտերիմ էր նաեւ Սարուխանին հետ. բաւական նամակագրութիւն կայ երկուքին միջեւ: Տիրան աշխատակցած է շարք մը թերթերու` «Նահար»-ին, «Լը Ժուր»-ին, «Լը Սուար»-ին, «Ան Ռութ»-ին, «Լը Քանար Լիպր»-ին, «Տապպուր»-ին, «Սայեատ»-ին, «Ժարիտա»-ին, «Ազդակ»-ին, «Նայիրի»-ին, «Սփիւռք»-ին եւ շատ ուրիշ թերթերու:
Սիլվի Աճեմեան ըսաւ, որ գիրքը երկար ժամանակէ ի վեր կ՛ուզէր պատրաստել, բայց ժամանակ չէ ունեցած, որովհետեւ հայրը իր ետին ձգած է տասնեակ հազարաւոր գործեր, որոնք լուրջ պրպտումի առիթ հանդիսացած են: Բաւական յօդուածներ գրուած են իր մասին, անոնք ալ հաւաքած է: Ան խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբ Հաւաթեանին` կազմակերպուած ցուցահանդէսին համար, որ պիտի ընդգրկէ Տիրանի ընդհանուր գործերէն հաւաքածոյ մը, ինչպէս` Ղանթուսը, հայկական բարքերը, համաշխարհային քաղաքական դէմքերու ծաղրանկարները եւ այլն:
Տիրան Աճեմեան Եւ Ծաղրանկարչութիւնը
Պէյրութաբնակ հանրածանօթ ծաղրանկարիչը` Տիրան Աճեմեան մեր մէջ է:
Նկարչութիւնը ունի իր հոգուերգուները, քնարերգուները, դիւցազներգուները, տակաւին նորավիպագիրները, պատմագիրները, եւ այլն: Նկարչութեան երգիծագիրը ծաղրանկարիչն է:
Տիրան Աճեմեան կը նմանի հրեշտակապետի (հոգէառ): Հասակագեղ է, համաչափ մարմնով, երկար ու գեղանի գլուխով, տակաւին բարի, կենսալի հայու աչքերով, աղուոր ճակատով եւ գանգրագէս: Անտարակոյս կը նմանի նաեւ մեր հին ազատորդիներուն.- քաղցրօրէն տիրական, ջերմօրէն համակրելի ու հաղորդական:
Այս ծաղրանկարող հրեշտակապետին հասցէին հիւսուած այսքան ծաղկեպսակ առայժմ բաւական համարենք:
Երբ ան կը սկսի գործի, այսինքն երբ կը սկսի սրագծել, անմիջապէս սատանան կը ցատկէ, կը մտնէ փորը ու տուն կու տայ իրեն: Երբ տիպար մը դէմը նստած է, զայն վերարտադրելու համար թուղթին վրայ, կը վերածուի սադայէլի: Իր աղուոր աչքերուն ազնիւ նայուածքը իսկոյն կը խստանայ, կը խորանայ ու կը խորէ դժոխքէն հուր: Գծուելիք անձը կարծես սոսկալի որս մըն է, դրուած գառագեղի մէջ ու ծաղրանկարիչը անողոք գազանազուսպ մը, որ կու տայ զսպումի առաջին ու զարհուրելի դասը:
Յաճախ մէկ-երկու վայրկեան, երբեմն կէս աւելի ու քանի մը գիծեր եւ պատրաստ է ուրուանկարը, անվիճելիօրէն յաջող. գործ վարպետի: Խստաբիբ իր անդրանիկ նայուածքով արդէն կ՛որսայ յատկանշական գիծը դէմքին, որ կը պատկանի մերթ քիթին, մերթ աչքերուն, մերթ կզակին, կամ ժպիտին ու ակնարկին: Մարդակերպ տիպարէն, շատ անգամ, դուրս կ՛ելլէ արծիւ մը, առիւծ մը, գայլ մը, պլտոք շուն մը, արջ մը, կով մը, այծ մը, կապիկ կամ էշ մը: Մարդկային խումբ մը միշտ կենդանաբանական պարտէզ մըն է: Ամէն դէմքի մէջ կայ ընտանի անասուն մը կամ գազան մը:
Տիրան Աճեմեանի քրոքիները, յաճախ, կէս օրուան մէջ, մինչեւ գիշեր, կ՛արձակեն յատկանշական ճիւղեր, գիծերը կը տեղափոխուին ու կը նստին` գրաւելով իրենց տեղերը, ոմանք կը բարակնան իսկ ուրիշ գիծեր ալ կ՛ուժովնան. կը շարունակուի ձեւափոխութիւնը մինչեւ ոճաւորում, մինչեւ կատարելագործութիւն ու կը ծնի ծաղրանկարը: Երբ դէմք մը, ձերբակալուած է, իւրացուած, կլլուած ու մարսուած իրմէ եւ նետուած իր երեւակայութեան գանձարանին մէջ, ա՛լ իր բեհեղզեբուղեան հրամանին ներքեւ է: Այդ դէմքը, ըլլայ նոյնիսկ արծիւի, գայլի կամ շան, կը դառնայ կրկէսի կենդանի ու ծաղրանկարիչին հրահանգին համաձայն` կը ցատկէ, կը թաւալի, կը նահանջէ, կը յարձակի, կը վիրաւորուի, կը խօսի քոմբոզոսիոնի մը մէջ:
Տիրան Աճեմեան ունի կրակէ արագութիւն: Սատանան դանդաղաշարժ չի կրնար ըլլալ: Երգիծանքը, գիրով ու քարով, եւ ծաղրանկարը իր գիծով ու գոյնով, դժոխքի արուեստներ են եւ սադայէլի մասնագիտութիւններ, որոնք կը գործադրուին կայծակնարագ:
Երգիծագիրները եւ ծաղրանկարիչները շուտ ու սուր շարժողներ են: Այդ ասպարէզներուն մէջ անտաղանդներն ալ սուր կլլողներ են, որոնք անկարող խոցելու, ձախաւեր աճպարարութեամբ կը վիրաւորեն իրենց որովայնը, գալարուելով փորացաւէ:
Եւ Տիրան Աճեմեան, որ կը բաժնուի մենէ` քանի մը շաբաթէն, կազմեց ժողովածոյ մը, փարիզահայ մտաւորականներէն: Օր մը, կէսօրէ առաջ, Բալուեան գրատունը եւ օր մըն ալ, կէսօրէ յետոյ, Պարսամեան գրատունը, վերածեց աշխատանոցի: Ու թանգարան մտան Պարսամեան Մկրտիչ, Բալուեան Հրանդ, Գույումճեան Մեսրոպ, Նարդունի Շաւարշ, Մեսումենց Աւետիս, Խանէտանեան Արշաւիր, Փօլատեան Կարօ, Թօփալեան Բիւզանդ, Մելիքեան Վաղարշակ, Աճեմեան Գեղամ, Տ. Ադդէ քահանայ եւ Չոպանեան Արշակ:
Իբրեւ մասնաւոր պատիւ եւ պատիժ, ծաղրանկարիչը դարձաւ մեր շուրջը, առաւ մեզ սադայէլական շրջանակի մէջ ու վերջապէս փառաւոր կերպով խայտառակեց մեզ:
Ծաղրանկարներու հաւաքածոն դեռ պիտի ճոխանայ ուրիշ որսերով ալ: Հայ մտքի բոլոր աղուոր մանչերը կ՛այլանդակուին ու իրար աւելի լաւ կը ճանչնան: Ու մանաւանդ ծաղրանկարիչը ամէն մէկուն լռօրէն կ՛աղաղակէ,- Ծանիր զքեզ:
Ըսուած է, շատ իրաւամբ.- Դէմքը հոգիին հայելին է: Յաճախ մարդու լուսանկարն իսկ բաւական է, տեսնելու համար անոր հոգին, կամ չգոյութիւնը, եւ կամ փոքրութիւնը, տակաւին ուռած եւ սնամէջ վիճակը: Կը ճանչնանք հոգին դիմագիծերէն, նայուածքէն, ընդհանուր արտայայտութենէն: Ծաղրանկարը հասարակ հայելի մը չէ, գոգաւոր է ու մարդը կ՛երկարէ, կը բարակցնէ, կը պզտիկցնէ ու կը գիրցնէ, կը խաղայ ամբողջ հասակին հետ, նաեւ լայնքին, ու դէմք եւ նկարագիր կը դնէ նոյնիսկ փորին վրայ: Տակաւին կը քաշէ քիթը, կը քշէ կզակը, կը խառնէ մազը, հոգին կը գամէ աչքերուն մէջ, կը քաշէ ականջն ալ ու կը քաշքշէ ենթական դէպի այլանդակութիւն, տանելով ներքին ճշմարտութեան մը: Իր սեւ գիծերը շինուած են պղպեղով ու իր ձգած սպիտակութիւնները կը թողուն տպաւորութիւնը աղի: Ան դէմքի մը անուշ կամ աղի ջուրերուն հայելիներուն մէջէն կ՛որսայ խորքին բովանդակութիւնը, որ կը խուսափի սովորական աչքերէն: Դէմքի մը լիճին կամ լաբիւրինթոսին մէջ դիտել եւ ընդնշմարել, ծաղրանկարչական գիծը եւ զայն արձանագրել շատ աւելի ճշգրիտ ու գործնական արարք է, քան անձի մը մասին տեսաբանական հոգեխուզութիւններ կատարելը: Եւ ծաղրանկարով երեւան կ՛ելլեն ներքին նիւթերը.- օձեր, կրիաներ, գորտեր, շանաձուկեր, սրաձուկեր ու փուշեր եւ թեփեր ու թիփե՜ր…
Ծաղրանկարչութիւնը կը պատժէ, պատին բեւեռելով հրէշները: Ծաղրանկարով կը կարկառուին անհաւասարութիւնները, աններդաշնակութիւնները, յաւակնութիւնները, եւ բոլոր որոշ, թաքուն կամ խրթին տգեղութիւնները, որոնք ժպիտներ կը ծաղկեցնեն դիտողին դէմքին վրայ: Հակառակ որ դէմք մը ձեւազերծելը եւ դարձնելը անճոռնի` կը թուի դիւրին գործ, սակայն, ծաղրանկարչութիւնը դժուարին արուեստ մըն է, քանզի եթէ կան դէմքեր, որոնք ինքնին ծաղրանկարներ են, սակայն, կան դէմքեր ալ, որոնք ունին սնդիկէ գիծեր, խորութիւններ եւ խրթնութիւններ եւ մանաւանդ բազմաթիւ դէմքեր` որոնք դիմակաւոր են կամ շպարուած: Ծաղրանկարչութիւնը պիտի գտնէ քաշելիք թելը, դէմքը ընելով տակնուվրայ եւ յատկանշական մասը շեշտելով: Երբեմն տրական քիթ մը, որ մտած է ամէն բանի մէջ ու գրաւած ուրիշներուն տեղերը, կու տայ ամբողջութիւնը դէմքին:
Երգիծանքը թէեւ իր սրախօսութեան ամենակարողութեամբ կը մտնէ մարդուն մէջին մէջը, աղիքները դուրս թափելու աստիճան, սակայն, կը խնայէ դէմքին: Ծաղրանկարը, առաւելապէս, կը հարուածէ գլուխը, մասնաւորապէս անխնայ ըլլալով մարդկային դէմքին տգեղութեան հանդէպ: Իր առաւել անգթութիւնը ակամայ է: Ծաղրանկարչութիւնը, բոլոր հրեշտակները տապալած է, կը ճանկէ ճիւաղին կամ ճանճին մէկ անգեղ մասէն ու կը նահատակէ զայն, պատանքներով թուղթին վրայ: Վա՜յ անոնց, որ երկար բան մը ունին (վիզ, ձեռք), կամ խոշոր բան մը (քիթ, ականջ), կամ շատ պզտիկ բան մը (աչք, ճակատ), կամ շատ հաստ բան մը (շրթունք, մորթ): Մէկ խօսքով խուսափիլ չկայ հարուածէն:
Ծաղրանկարչութիւնը սատանային պարզ ու պայծառ դիմանկարչութիւնն է: Կ՛արժէ որ ամէն մարդ տեսնէ ինքզինքը, սատանային աչքով: Մարդուս սեփական աչքերը կը ստեն: Մարդկային մեքենաներն անգամ մասնակից են ստախօսութեան: Քաջութիւնն ու անկեղծութիւնը սատանային ապրանքներն են: Բաց հոգիով մեղանչելը դժուարին առաքինութիւն է, դժուարին` սրբութեան չափ:
Ինչքան անպատեհութիւններու առաջքը պիտի առնուած ըլլային, եթէ մարդիկ իրենց ծաղրանկարը կախէին իրենց սենեակին պատէն, նայելով այդ պատկերին եւ թոյլ տալով որ բոլորը դիտեն: Հրաշալի բան պիտի չըլլա՞ր եթէ ամէն մարդ իր ալպոմը ունենար, ծաղրանկարներու ալպոմը, փոխանակ ունենալու լուսանկարներու առաւել կամ նուազ խաբուսիկ հաւաքածոն: Զմայլելի բան պիտի չըլլա՞ր եթէ ամուսնութեան թեկնածուները, ինչպէս նաեւ սիրահարեալները, փոխանակէին իրենց ծաղրանկարները:
Մարդիկ կը դժուարանան ինքզինքնին ճանչնալ ծաղրանկարին մէջ: Կը վարժուին սակայն, երբ մանաւանդ բարեկամները կը վաւերացնեն նմանութիւնը:
Ծաղրանկարը արուեստն է չափազանցութեան մը, որ ամէնուն չափը կու տայ: Իր չափազանցութիւնը միջոց է եւ ոչ նպատակ: Իր չափազանցութիւնը թռիչք մըն է, ընդգրկելու համար ենթակային տիրութեան կենսական տարածութիւնը ու մէջէն գրաւելու համար միջնաբերդը: Սատանային յարձակումն է ան, օդային, գլխիվայր, յաղթահարող, շանթային: Եւ մարդու մը իրական պատկերը իր ծաղրանկարն է:
Տիրան Աճեմեան, այս բարի, խորագէտ, այս անուշ ու տաք արուեստագէտը, այս հրեշտակապետը, ծաղրանկարչութեան տաղանդաւոր սատանան է:
Իսկ մենք իր զոհերը եւ հիացողները:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
«Արեւմուտք», 18 յուլիս 1948