Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ
Քաթալոնիա` Պատմական Երկրամաս ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քաթալոնիոյ մէջ 1 հոկտեմբեր 2017-ին անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպուեցաւ: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն նուազ քան կէսը, իսկ ընդդիմադիրներ պոյքոթի ենթարկեցին հանրաքուէն: Քուէարկողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան եւ այնուհետեւ Քաթալոնիոյ անկախութիւնը հռչակուեցաւ: Սակայն սպանական կառավարութիւնը ապօրինի, հակասահմանադրական եւ անվաւեր հռչակեց հանրաքուէն: Քաթալոնիոյ խորհրդաբանը լուծուեցաւ եւ Մատրիտ ուղղակի իշխանութիւն հաստատեց ինքնավար մարզին վրայ: Քարլէս Փուչտեմոն...




















