Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»` Ուրախութեամբ Ընթերցուելիք Գործ Մը

Դեկտեմբեր 15, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Նոր գիրք մը ունենալը աշխարհի ամէնէն լաւ զգացումներէն մէկն է, քանի որ ընթերցողին յոյս կը ներշնչէ, որ` ընթերցողը նոր աշխարհ մը պիտի ճամբորդէ գիրքին էջերուն ընդմէջէն: Գիրքին բովանդակութիւնը` իր կարգին, բայց գիրքը ինքնին` կողքի շապիկը, կողքի նկարը, էջերուն որակը, էջադրումը, տառատեսակը`  ամբողջութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունին գիրքին ընծայելիք փորձառութեան:

Երբ իմացայ, որ Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» խորագիրով հրատարակութեան մը ձեռնարկած է, հետաքրքրութիւնս արթնցաւ. նախ` քանի որ Կիրակնօրեայ վարժարան յաճախած օրերուս նման հրատարակութիւն մը գոյութիւն չունէր, ապա` որովհետեւ վերջապէս նոր սերունդի ընտանիքները, որոնք կլանուած են դրամատիրական աշխարհով, իրենց տրամադրութեան տակ ունին իրենց համար պատրաստուած ձեռնարկ մը: Արդարեւ, վերնագիրէն ակներեւ է, որ հրատարակութիւնը ջանք խնայած պէտք չէ ըլլայ մատակարարելու 21-րդ դարու մշակոյթին մաս կազմող սերունդի մը, որ ամէն բանի կ՛ուզէ առանց արգելքներու տիրանալ, ըլլայ ատիկա առարկայ, գիտութիւն, թէ կարողութիւն:

Եւ ճիշդ էր ենթադրութիւնս:

«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» արդարացիօրէն այն հրատարակութիւնն է, որ մանուկ ու պատանի ընթերցողին ձեռքերուն մէջ կը դնէ Աստուածաշունչը` արդիականացած: Աստուածաշունչ կարդալը լուր կամ վէպ  կարդալու չի նմանիր: Ընթերցողը հոգեպէս ու մտապէս պատրաստ պէտք է ըլլայ Աստուծոյ շունչին` զայն ընկալելու համար: Այս հրատարակութիւնը ճամբան կը հարթէ դէպի այդ հոգեմտաւոր պատրաստութիւնը: Կարելի է ըսել, որ այս գործը նախապատրաստական դաշտ մըն է ապագայի Աստուածաշունչ ընթերցողներ արտադրելու, որովհետեւ անիկա ո՛չ թէ դասական ձեւով հրամցուած Աստուածաշունչ մըն է, այլ` մանկապատանեկան կազմուածքի յարմար:

Պատկերազարդ այս հրատարակութեան մէջ կը գտնենք 20 գլուխներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բաղկացած է եօթը պատմութենէ: Պարզեցուած լեզուով կը կարդանք Յիսուսին ծնունդը, իսրայէլացիներուն չարչարանքն ու գաղթը, արարչագործութեան պատմութիւնները, հոգեւոր նախահայրերուն եւ մարգարէներուն պատմութիւնները, Յիսուսի առաքելութիւնը, խօսած առակները, հրաշքները, Երուսաղէմ մուտքը, չարչարանքն ու խաչելութիւնը, յարութիւնը եւ, վերջապէս, քրիստոնէութեան պատգամը: Իւրաքանչիւր պատմութիւն ունի իրեն յատուկ պատկեր, որպէսզի օգտակար դառնայ մանուկին կամ պատանիին` երեւակայութեան օգտագործման: Հարկ է նաեւ նշել, որ դիւրին ընթեռնելի է գիրքը` թէ՛ իր օգտագործած տառատեսակին ու գոյներուն համար, թէ՛ ալ պարզ լեզուին համար, որուն համար աշխատած են Արտա Ճէպէճեան (հայերէն շարադրութիւն), Նորա Բարսեղեան (սրբագրութիւն) եւ Մեղրի Շամմասեան (էջադրում): Հրատարակութեան աւարտին յատուկ գրութիւն մըն ալ ուղղուած է ծնողներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտուի ընթերցողը այս արդիական ու ժամանակակից ոճով պատրաստուած գիրքէն:

Մանկավարժական բոլոր յատկութիւնները ունեցող ամբողջական գործ մըն է «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը»: Այլ խօսքով, շատ ուրախ էի այս հրատարակութիւնը կարդացած ժամանակս, որովհետեւ ան կապի մէջ դրաւ զիս իմ ներքին մանուկի ու պատանիի հոգիիս հետ, որ տարիներ առաջ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ կիրակնօրեայի ուսուցիչներէն Աստուածաշունչէն դրուագներ կ՛ընկալէր:

 

 

Նախորդը

Կա՛մ «Մաղձէն» Ազատիլ, Կա՛մ Ալ` Քաղաքացիական Պատերազմ

Յաջորդը

Մեր Վտանգուած Գանձը` Արամի Տո՛ւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?