Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի` Արցախի Սահմանամերձ Շրջանէն Հարիւրաւոր Մարդիկ Կը Մեղադրուին Դաւաճանութեան Մէջ

December 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական ընդդիմադիր Meydan.tv կայքը յօդուած  հրապարակած է IFact.ge կայքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս հարիւրաւոր մարդիկ Աղտամի շրջանին մէջ հարցաքննուած են` իբր Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցելու համար:

Այն մասին, թէ ինչպէ՛ս հովիւ մը եւ անոր հօտը խճճուեցան հետաքննութեան մէջ, որուն ընթացքին հարիւրաւոր ազրպէյճանցիներ հարցաքննուած են եւ որոշ պարագաներու` մեղադրուած դաւաճանութեան մէջ: Այս ամէնը IFact.ge-ի հետ զրոյցի ընթացքին կը փորձէ բացատրել նախկին զինուորական մը, որ հարցաքննուած է եւ հետագային` տեղափոխուած:

Մայիս 7-ին հրապարակուած յայտարարութիւնը շփոթեցուց ամբողջ երկիրը. «Հաւաքուած նիւթի հիման վրայ Ազրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը Քրէական օրէնսգիրքի 274-րդ յօդուածով դաւաճանութեան եւ այլ փաստերու վերաբերեալ քրէական գործ յարուցած է: Ստեղծուած է դատախազութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան, ՆԳՆ-ի եւ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներէն կազմուած քննչական-գործադիր խումբ, եւ կ՛ընթանայ նախաքննութիւն», ըսուած է գլխաւոր դատախազութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան, ներքին գործոց նախարարութեան եւ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ տարածուած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

IFact.ge-ի հետ զրուցած զինուորին համաձայն,  հարցաքննուած կամ ձերբակալուած են շուրջ 400 ազրպէյճանցի զինծառայողներ եւ քաղաքայիններ, որոնք իբր դաւեր  նիւթած  եւ համագործակցած են Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ: Անոնք կը մեղադրուին գումարի դիմաց պետական անվտանգութեան սպառնացող գաղտնի ռազմական տեղեկատուութեան փոխանցելու մէջ:

42 անձի ձերբակալման մասին ԶԼՄ-ներու նախնական հրապարակումներէն ետք նախագահի աշխատակազմը հրամայեց, որ միջադէպի վերաբերեալ բոլոր նորութիւնները, բացի պաշտօնական յայտարարութենէն, հեռացուին կայքերէն:

Հովիւին հետ պատահած միջադէպը տեղի ունեցած է շփման գիծին մօտ գտնուող Աղտամի շրջանին մէջ:

Զինծառայողը կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է. «Առաւօտ կանուխ լսեցինք, որ մէկը բռնած են պահակակէտին մէջ: Բայց ան զինուոր չէր, այլ` հովիւ մը: Ան ըսաւ, որ իր ոչխարները  կ՛արածեցնէ: Մենք այդ մասին հաղորդեցինք մեր հրամանատարին»:

Զինծառայողին համաձայն, հրամանատարը մէկ ոչխար առած է, յետոյ զինուորներուն հրամայած` հանգիստ ձգել հովիւն ու մնացած ոչխարները: Զինուորները վիճած են հրամանատարին հետ` ըսելով, որ Հայաստանի սահմանապահները, տեսնելով, թէ ուր կ՛երթան ոչխարները, կ՛իմանան այդ կէտերուն ականներու բացակայութեան մասին: Անոնք հրամանատարին ըսին, որ այդ ձեւով վերջինս վտանգի տակ կը դնէ իր զինուորները:

«Հայ զինուորները չեն կրակեր հովիւին վրայ, քանի որ ան եւ անոր ոչխարները լաւ տեղեկութիւն կու տան իրենց: Սահմանին վրայ ամէն ինչ կրնայ  հանդիսանալ հետախուզական տեղեկատուութիւն»:

Թշնամիին հետ համագործակցելու մեղադրանքները կը հաղորդուին մօտակայ զօրամասի հրամանատարին, եւ արագօրէն հետաքննութիւն կը սկսի: Հարցաքննուած են հարիւրաւոր զինուորներ եւ քաղաքայիններ: Ոմանք ազատ արձակուած են, միւսները դեռ կը սպասեն դատավարութեան:

«Հարցաքննուած են սահմանին տեղակայուած բոլոր զինուորները», կը պատմէ զինուորը` աւելցնելով, որ` «Բոլորը կը կասկածէին իրարմէ, հրամանատարներն ու զինուորները, որովհետեւ ոչ ոք գիտէր, թէ ինչ կը կատարուի: Սեւ դիմակներով մարդիկ գոռալով մեզ կը հարցաքննէին»:

Պայմանագրային զինծառայողներուն անոնց սպաները ըսած են, որ կը տեղափոխուին սահմանէն աւելի քան 100 քմ հեռու զօրամասեր: Փոխարէնը` շատերը դուրս դրուեցան բանակէն: Պատճառը իբր թէ ֆիզիքական քննութիւնը չանցնիլն էր, հակառակ անոր որ անոնք արդէն իսկ կը ծառայէին:

Պայմանագրային զինծառայողները կը ստորագրեն երեք տարուան պայմանագիրներ: Զինուորական ծառայութեան մասին օրէնքի 77-րդ յօդուածին համաձայն, եթէ պայմանագիրը դադրեցուի, զինուորը իրաւունք ունի ստանալու երկու ամսուան աշխատավարձ: Սակայն անոնց ոչինչ վճարած են: Շատերը, փոխարէնը, տուն վերադարձան բանակէն հեռացուած ըլլալու խարանով:

«Մարզերուն մէջ բոլորը գիտեն զիրար», կ՛ըսէ զինուորը` աւելցնելով, որ` «Բանակէն հեռացուելէ ետք ոչ ոք կ՛ուզէ աշխատանքի ընդունիլ քեզ: Կը պատմեմ այս մասին, որովհետեւ մարդիկ այլեւս մեզ (զինուորներուն) չեն վստահիր: 2016 թուականի ապրիլէն ետք մարդիկ մեզ շատ կը յարգէին, հիմա ալ չեն ուզեր տեսնել մեզ»:

Տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչին խօսքով, դաւաճանութեան մասին խօսակցութիւնները արագ կը տարածուին. «Պատկերացուցէք, որ առաւօտեան կ՛արթննաք եւ կը լսէք, որ ձեր դրացիներէն շատերը կ՛աշխատին հայերու համար: Դուք կը սկսիք կասկածիլ բոլորէն: Տեղացիները սարսափած էին այդ պատմութիւններէն: Մարդիկ, զորս երկար ժամանակ գիտէիք, մարդիկ, զորս կը տեսնէք ամէն օր, կը մեղադրուին Հայաստանի համար աշխատելուն մէջ: Բազմաթիւ մարդիկ ձերբակալուեցան», կ՛ըսէ ան:

Մեղադրեալներէն մէկը` Մեհման Հուսէյնով անունով, մահացած է քննիչին կողմէ ծեծի ենթարկուելով: Անոր հարազատները կը ցանկային թաղել զայն հօրը կողքին, սակայն գիւղացիներուն ընդդիմութեամբ, զայն թաղեցին գերեզմանատան սահմաններէն դուրս:

Ներկայացուցիչին խօսքով, Չամանլի գիւղէն ձերբակալուած է  հովիւ մը, զոր կը մեղադրեն Ազրպէյճանի ռազմական հաղորդակցութեան ցանցեր թափանցելու գործին մէջ հայերուն օգնելու համար: Քննիչները կը պնդեն, որ անոր տան մէջ յայտնաբերուած  է 10.000 տոլար: Կը տեղեկացուի, որ նոյն գիւղին մէջ ձերբակալուած է բժիշկ մը` իր դստեր եւ եղբօր հետ, ինչպէս նաեւ` զինծառայողի ընկերուհին, զոր կը մեղադրեն հայկական հետախուզութեան համար աշխատելու մէջ:

Տեղափոխուած զինծառայողը զրուցած է ճակատ գտնուող զինուորներուն հետ. «Ոչինչ փոխուած է: Հովիւները կը շարունակեն արածեցնել իրենց ոչխարները»:

Նախորդը

Կեդրոնականցին Կ՛ուզէ Նամակ Գրել Արցախի Նախագահին

Յաջորդը

Անիի Մէջ` Ռուս Հնագէտի Հետքերով

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.