Ստորեւ «Ակունք»-էն կը ներկայացնենք թուրք նշանաւոր պատմաբան, ցեղասպանագէտ, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի յօդուածը, որ կը վերաբերի թուրք ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ Թուրքիոյ ներկայ ճգնաժամին:
Ամերիկան մօտէն ճանչցող ընկերներս կը հաւաստեն, որ ամերիկացիները երբեք ուղղակի եւ բացայայտ կերպով չեն ճակատիր: Անոնք կ՛ըսեն, որ ամենաուժգին ընդհարումի ժամանակ ամերիկացիները նոյնիսկ ժպիտով դրութիւնը արձանագրելով` առանձնապէս մեծ հակազդեցութիւն չեն ցուցաբերեր:
Ընկերներուս կարծիքով, ամերիկացիներու` «ուժգին եւ անմիջական հակազդեցութիւն ցուցաբերելէն հեռու» այդ կեցուածքը հիմնականին մէջ սխալ կը մեկնաբանուի հակառակորդին կողմէ: Հակառակորդը կը կարծէ` «յաղթանակ տարած է», եւ կը կարծէ, որ ամերիկացիները յետքայլ կատարած են: Ինչ որ մեծ սխալ մըն է:
«Քանզի,- կ՛ըսեն ընկերներս,- իրենց հակազդեցութիւնը «պոռալով» եւ բացայայտ կերպով չցուցադրող ամերիկացիները իրենց իրական կեցուածքը ժամանակի ընթացքին կը բացայայտեն: Եթէ խօսքս տեղին է, անոնք կը վարուին անգլիացիներու` «Ամենաճիշդ վրէժը պաղ կը մատուցուի» խօսքին համապատասխան, եւ շատ ծանրակշիռ կերպով իրենց «վրէժը կը լուծեն»:
Չեմ գիտեր, թէ որքանով յարմար է ազգութիւններու նման վերաբերումէն խօսիլը, բայց Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող Զարրապի դատական գործը (խօսքը Թուրքիոյ, Իրանի եւ Մակեդոնիոյ գործարար Ռեզա Զարրապի մասին է, ըստ «Ակունք»-ին) ինծի յիշեցուց այդ ամէնուն մասին:
Թուրքիոյ եւ, յատկապէս, Թայիփ Էրտողանի հետ բաւական բացայայտ ընդհանրումի մէջ մտած եւ վերջաւորութեան «լուռ մնացող» Միացեալ Նահանգները հիմա կը սկսին կամաց-կամաց իրենց խաղը բացայայտել:
Ինչպէս կ՛երեւի, Էրտողանի դէմ (Միացեալ Նահանգներու կողմէ) սկսած է երկարատեւ չինական տառապանքներ յիշեցնող, բաւականին մանրազնին կերպով նախապատրաստուած ծրագիր մը:
Զարրապի դատական գործընթացը բացայայտող ամէն տեղեկութիւն ցնցում կը յառաջացնէ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնն ու Էրտողանը սկզբնապէս կրնան շարժիլ` այդ հրաձգութենէն քաղաքական ու գաղափարական փաստարկներով պաշտպանուելու զգացումի:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնայ մտածել, թէ ինք, հնարաւոր է, շահած դուրս գայ խաղէն` այն գաղափարէն մեկնելով, որ այդ «յարձակման» աղբիւրը Միացեալ Նահանգները չեն, որ երկրին մէջ կ՛ամրապնդուին հակաամերիկեան տրամադրութիւնները, եւ որ` ատիկա «Թուրքիոյ դէմ կազմակերպուած խաղ է»:
Այսպէս, օրինակ, թրքական կառավարութեան ընդդիմադիր որոշ շրջանակներուն մէջ իսկ հնարաւոր է այդ պաշտպանական գիծին հետքերը նշմարել: Քիչ չեն անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ` «յարձակումը Թուրքիոյ ուղղուած է, եւ որ` խօսքը կը վերաբերի ազգային պաշտպանութեան»:
Սակայն խիստ ակնյայտ է, որ այդ պաշտպանութեան մէջ մեծ ճեղքեր պիտի բացուին` տեղեկատուութեան նոր ռմբակոծութեան միջոցով: Նախ` այն փաստը, որ մեղադրանքները անձերու ուղղուած են, կ՛ամրապնդէ այն համոզումը, որ «մաղձ թափելով» կարելի է գործին մէջէն դուրս գալ: Արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան կարեւոր հիմքերէն մէկն ալ այդ է: Թուրքիոյ կ՛առաջարկուի Զարրապի դատական գործին միջոցով «մաղձէն ազատիլ»:
Երկրորդը` սոյն դատական գործին տնտեսական հետեւանքներն են® Ճիշդ է` եթէ խնդիրը միայն ներքին հասարակական կարծիքին ուղղուած քաղաքական ու գաղափարախօսական փաստարկներով սահմանափակուէր, Էրտողանը եւ
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնային շահած դուրս գալ այս ընդհարումէն: Սակայն սկսաւ հորիզոնին մէջ երեւալ, որ սոյն դատական գործը իրեն հետ կրնայ բերել նաեւ տնտեսական անկում: Ինչպէս կ՛երեւի, 2019 թուականի ընտրութիւններուն զուգահեռ զարգացող տնտեսական անկումը շատ մեծ վնասներ հասցուց Թուրքիոյ քաղաքացիին, վնասներ, որոնք չեն կրնար որեւէ գաղափարական փաստարկով հատուցուիլ:
Այդ պարագային Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այլեւս հաստատ կանգնած պիտի ըլլայ երկու նախընտրանքի առջեւ. կա՛մ այդ «մաղձը», այսինքն` Էրտողանին իր մէջքէն վար նետել, կամ ալ ամէն բան աչքի առջեւ ունենալ` յանուն մէկ հոգիի պաշտպանութեան: Այդ երկրորդ ընտրութիւնը կը նշանակէ քաղաքացիական պատերազմ: Երրորդ այլընտրանք առայժմ չ՛երեւիր:
Բացարձակապէս պատահականութիւն չէր այն, որ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն Էրտողանի հարազատներուն կատարած ֆինանսական ապօրինութիւններու մասին տեղեկութիւնները հրապարակեց Զարրապի դատական գործի ուսումնասիրման հետ գրեթէ նոյն օրերուն: Ռազմավարութիւնը ակնյայտ է. մեկուսացնել Էրտողանը` որպէս անձ, տարանջատում դնել անոր եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ամէն բան ընէ յանուն իր առաջնորդին, վերջինս պաշտպանելու համար հարկադրուած կ՛ըլլայ յարձակիլ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան վրայ, իսկ ատիկա կը նշանակէ գործընթացի մը սկիզբ, որ կ՛ենթադրէ անգամ ԺՀԿ կեդրոնի ներկայացուցիչներու, ներառեալ` Քըլըչտարօղլու ազատազրկում: Այդ ալ քաղաքացիական պատերազմի գործընթացն է, հասարակութեան 50 տոկոսի պայքար` միւս 50 տոկոսի դէմ® Յանուն ինչի՞, ինչո՞ւ համար: Յանուն մէկ անձի պաշտպանութեան®
Որքան տարածուին Զարրապի դատական գործի տեղեկութիւնները, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ պետութեան միւս ղեկավարները այնքան կը տեսնեն, որ իրենց ունեցած այլընտրանքները հետզհետէ կը նուազին. կա՛մ մէկ հոգիէ ազատիլ, կա՛մ ալ քաղաքացիական պատերազմ` յանուն այդ անձի պաշտպանութեան® Առաջինը շատ դիւրին է, որովհետեւ ի վերջոյ հարկադրուած չեն ըլլար մեծ փոփոխութիւն ընել պետութեան հիմնական նախընտրութիւններուն մէջ, բայց մէկ անձի պաշտպանելը կրնայ լիովին կործանել այս երկիրը:
Չեմ գիտեր` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութիւնը արդեօք այդքան հեռատե՞ս է, որ կարենայ այս գործընթացին խորութիւնը տեսնել: Սակայն հաստատ է, որ մտած ենք այնպիսի գործընթացի մը մէջ, որուն մէջ այլընտրանքներու թիւը շատ նուազած է` կա՛մ Էրտողանը, կա՛մ Թուրքիան:
Թարգմանեց`
ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ
«Ակունք»