Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Քրիստափոր Միքայէլեանի Գերեզմանը

Դեկտեմբեր 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

1980 թուականի ամրան, առաւօտ կանուխ,  շոգեկառքով կնոջս հետ Պուքրեշէն Պուլկարիոյ մայրաքաղաք` Սոֆիայի երկաթուղիի կայարանը հասանք: Մեզ սպասող ծանօթ չունինք: Ուստի անձամբ մեր իջեւանութեան հարցը շուտով լրացուցի եւ հանգիստ շունչ քաշեցի այս քաղաքին մէջ առաջին յաջողութեանս համար, նոյնը յուսալով յաջորդին համար:

Երկար տարիներու երազանքս էր` ուխտս, իմ գաղափարի սուրբ դաւանանքի առաքեալին գերեզմանը այցելել: Հետեւաբար

երեկոյեան անմիջապէս  քաղաքի մայր հրապարակը ճեմեցինք, ապա գլխաւոր պողոտան` ականջներս սրած հայերէն խօսք մը լսելու յոյսով, սակայն` անօգուտ: Յաջորդ օրը հայրենակիցի մը փնտռտուքը նոյնպէս ապարդիւն անցաւ, ինչ որ հիասթափութիւն պատճառեց մեզի: Երրորդ օրը, ճարահատ, ստիպուեցայ հիւրանոցիս մուտքի տեղեկատուութեան երիտասարդ օրիորդին հարցնելու մեր` հայերուս եկեղեցիին տեղը: Գեղանի աղջնակը խնդումերես պատասխանեց մեզի` մայրաքաղաքի զբօսաշրջութեան քարտէսն ալ մեր ձեռքը տալով ու հարկաւոր մեր ուղին ցուցնելով` յաջողութիւն մաղթեց:

Անմիջապէս փողոց  իջանք եւ առանց դժուարութեան հասանք ու կանգ առինք Սոֆիայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիմաց: Հարկաւոր չեմ գտներ նկարագրել քահանայ հօր մեր ներկայանալն ու մտերմիկ խօսակցութիւնը: Ան շտապեց հաստատել մեր սփիւռքահայ զբօսաշրջիկի հանգամանքը եւ առաջարկեց իր օգնութիւնը:

Քիչ մը տատամսելով` ուզեցի խնդրանքս կատարել: Հոգեւոր հայրը կմկմալու միջոց չձգեց ինծի, այլ համարձակ հարցուց, թէ գերեզմանատուն կ՛ուզէի՞նք երթալ եւ դրական պատասխանիս վրայ անմիջապէս թուղթի մը վրայ գրեց` Rue Tyor Boris 92 ու ըսաւ. «Թրամ 2-ը առնելով` Արմէնսքի Գռնբիշթա կը յանձնարարէք վարորդին», ապա աւելցուց. «Այս երեկոյ գերեզմանատան մեր մատուռը կը հանդիպինք»:

Այլայլած, կը բաժնուիմ` կատարուածին ու մեր լսածին չհաւատալով: Անկէ ետք մեր ժամադրութեան պատրաստուելով, ծաղիկներու մեծ փունջ մը գրկած, մեզի տրուած հասցէով գերեզմանատան մատուռը դիմեցինք: Քահանայ հայրը, տուած խոստումին համաձայն, մեզ կը սպասէր եւ մեր բարեւին պատասխանելով` ցուցամատը որոշ ուղղութեան պարզելով` ըսաւ. «Քալեցէ՛ք մինչեւ 52 տարածաշերտի միջանցք, 10-ի երրորդ տեղը, յետոյ թեքուեցէ՛ք դէպի ձախ, ուր երկրորդը ձեր փնտռած հարազատին գերեզմանն է»:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով` անմիջապէս իրմէ  բաժնուեցանք եւ շտապեցինք դէպի մեր «հարազատ»-ին գերեզմանը:

Մեր զարմանքը շատ աւելի մեծ եղաւ, երբ մեր ծաղկեփունջը գերեզմանին դնելով` երկու թարմ ծաղկեփունջեր գտանք զետեղուած: Վաղանցուկ մահկանացուի կենդանի գաղափարները այնպիսի շաւիղներ սփռած են մեր մէջ, որ հաւատարմօրէն իւրաքանչիւրիս կորով կը ներշնչեն` շարունակելու համար անոր երկաթեայ կամքը, անմիջապէս անցաւ մտքովս: Ահա՛ փաստը: Աննպաստ պայմանները արգելք չեն եղած` այստեղ ալ մեր ներշնչման կորովը հաստատելու:

Ծառերու հովանիի տակ, իր եւ հետը զոհուած Վռամշապուհ Քենտիրեանի գերեզմանին դիմաց կառուցուած դամբանաքարին առջեւ կանգնած` աղօթեցինք մեծանուն հայուն համար, որ բազմաչարչար իր ժողովուրդին դարաւոր ստրկութեան շղթաները փշրելու ուղին ցոյց տալով մեզի` արդի հայերուս կերպարին կերտիչը եղաւ:

Յաջորդ օրերուն այցի գացինք Վիտոշ ալ, ուր ճակատագիրը, ռումբի մը փորձարկման պահուն, դառն վախճան սահմանեց մարտնչող հսկային,  որ կոչուած էր մարմնաւորելու բազմաչարչար ու ստոյգ մահուան անդունդը գլորող մեր ժողովուրդին վերածնելու եւ բաց ու խրոխտ ճակատով ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ իր արժանի տեղը վերահաստատելու յեղափոխական կամքը:

Այսօր եւ ընդմիշտ վերյիշելով ինծի համար այլեւս պատմական դարձած ուխտագնացութիւնս` աւելի քան մարգարէութիւն կը համարեմ իր պատգամը.  «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից, եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում»: Հայրենիքի վերանկախացումը եւ Արցախի ազատագրական շարժումը ըսուածին վկան են: Այս է ու ընդմիշտ կը շարունակէ մնալ մեր ճակատագրական ընթացքը:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Էրտողանի Յունաստան Այցելութեան «Պատմական Նշանակութիւնը

Յաջորդը

Յարգանք Քեզ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?