Յօդուածներ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծաղկազարդ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Բարի Ծաղկազարդ տօնեցինք այսօր` Ձիթենիներու բիւր տերեւներով. Սիրուն մանուկներ, մոմեր զարդարուած` Շալկեցինք մենք վեր ուսերու վրայ: Եկեղեցիներ ուրախ են այսօր, Երկինք բարձրացան շարական, աղօթք: Հաւատացեալներ անմեղ, մեղաւոր Հաղորդուեցան Յիսուսի մարմնով: Որոշ պատկերներ եկեղեցւոյ մէջ Մտքիս մէջ տպուած մնացին անվերջ: Ծերունին հիւանդ, նստած` ճիշդ քովս, Որ փորը բռնած` կ՛աղօթէր ցաւով: Մանուկ մը սիրուն ծաղիկ մը ձեռքին` Մօտեցաւ անմեղ խաչուած...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ազրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Բանաձեւերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Արցախեան ազատագրական պայքարին 30-ամեակին առիթով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի  մասնաճիւղը  մարտ 17-ին միօրեայ համաժողով կազմակերպեց: Համաժողովը տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ  Էնսինօ քաղաքի Ֆերահեան ազգային վարժարանին մէջ: Բանախօսներն էին` պատմաբան դոկտ. Կարօ Մոմճեանը, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի խորհուրդի անդամ Սթիւըն Տատայեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական...

Խենթանոց

911 Եւ 9/11

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Քալիֆորնիա նահանգը ճանչուած է որպէս երկրաշարժերու եւ հրդեհներու հակամէտ շրջան: Վարժուած ենք: Ամրան տաք եղանակին, երբ օդի ջերմաստիճանը բնականէն շատ աւելի բարձրանայ, հեռատեսիլի առաջնահերթ լուրերուն մէջ տեղ կը գրաւեն անտառային հրդեհները: Բլուրներու վրայ գտնուող թանկարժէք բնակարանները առաջին զոհերը կը դառնան այդ անզուսպ կրակներուն: Այս տարուան հրդեհները ամրան տաք եղանակին սպասելու համբերութիւնը չունեցան: Դեկտեմբերի առաջին շաբաթն էր: Սաստիկ ցուրտ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական Ժողով Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ 18 մարտ 2018-ին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի: Ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան ծաւալած բազմաբնոյթ աշխատանքը, կատարեց համապատասխան եզրայանգումներ, ներկայացուց առաջարկներ եւ ուղենշումներ յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար: Ներկայացուցչական ժողովը բարձրօրէն...

Արեւմտեան Հայաստան 14-17 Ապրիլ 2017.  Հայաստա՜ն, Երկի՛ր  Դրախտավայր

Արեւմտեան Հայաստան 14-17 Ապրիլ 2017. Հայաստա՜ն, Երկի՛ր Դրախտավայր

ԱՍՏՂԻԿ  Կ.  ԱՇԸԳԵԱՆ Ինչպէ՞ս պատմեմ այն կողմ մնացած հայրենիքիս մասին: Ինչպէ՞ս լիարժէքօրէն արտայայտեմ զգացումներս: Գեղեցկութիւն, հանդարտութիւն եւ տխրութիւն` ամէն կողմ: Լեռները, քարերը, գետերը, լիճերը, խոնարհած եկեղեցիները լուռ ու տխուր, բայց  մեծ սիրով ու  անհուն կարօտով կ՛ընդունին մեզ: Հարազատներ, որոնց կ՛այցելենք երկար բացակայութենէ ետք: Յանցաւորի ահաւոր զգացում եւ մեծ բեռ  կայ մեր հոգիներուն վրայ: Այդ կոթողներուն եւ լեռներուն խոնարհաբար կը մօտենանք:...

Մէկ Անգամ Հայաստանում

Մէկ Անգամ Հայաստանում

  Օրին հաղորդած էինք «Մէկ անգամ Հայաստանում» խորագիրով մրցումին մասին: Լրագրողական-ստեղծագործական յատկանշական առանցքներ նկատելով, ստորեւ կու տանք մրցանակակիր Նանէ Հայրապետեանի գրութիւնը: ՆԱՆԷ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ Ես էի, աքլորով կինն էր, քոյրս էր, ֆրանսացի ամուսիններն էին, մաման էր, հողագործ պապին էր, ցեխաշոքոլաթախառը դէմքով էրեխեքն էին, գնում էինք Տաթեւ: Ես, ոնց միշտ, ճմռթած դնչով նւնւում եմ, արձակուրդն` էլի Տաթեւում, ինչը նշանակում էր, որ դպրոցում...

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985). Հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման դրօշակիրը

Ն.ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մարտ 28ի չարաբաստիկ այդ թուականէն ասդին թէեւ անցած են երկար տարիներ, որոնց ընթացքին ամբողջ աշխարհակարգ մը փոխուեցաւ, այսուհանդերձ՝ մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ դեռ չէ սպիացած գաղափարական այն խոցը, որ առաջացաւ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման, անհետացման ու սպանութեան անարգ ոճիրով։ Երկար տարիներ անցած են ա՛յս օրէն՝ 28 Մարտ 1985էն ի վեր, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, հայադաւ ուղեղ մը յղացաւ,...

Ակնարկ.  Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Ակնարկ. Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Դիւանագէտներու արտաքսման պատերազմը թափ կը հաւաքէ: Իրադրութիւններու եւ յատկապէս ռուս դիւանագէտներ արտաքսելու իրերայաջորդ որոշումներուն կշռոյթը մտածել կու տայ, որ ոչ թէ բրիտանական որոշումի զօրակցութեան եւ արագ արձագանգումներուն մասին է խօսքը, այլ առաւելաբար նախապէս համաձայնեցուած արտաքսման գործողութիւններու շարքի  մը առարկայացման: Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած դիւանագիտական հարթութեան վրայ այս համալիր գործողութիւնները կարելի է դիտարկել տնտեսական պատժամիջոցներով սկսած Ռուսիան մեկուսացման առաջնորդող ընդհանուր ծրագիրի քաղաքական...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով` Պատի՛ւ Հայապահպանման Մարտիկներուն` Հայ Թատրոնի Սպասարկուներուն

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով բիւր յարգանք եւ բիւր պատիւ` հայ թատրոնի սպասարկուներուն: Անոնք հայապահպանման մարտիկներ են: Յարգա՛նք եւ պատի՛ւ` հին ու նոր բոլոր նուիրեալներուն, արհեստավարժ թէ սիրողական մակարդակի հաւատացեալներուն: Յարգա՛նք ու պատի՛ւ` թատերագիրին, բեմադրիչին, դերասանին, բեմավարին, բեմի յարդարանքի թէ ձայնի սարքաւորումի պատասխանատուին, հանդերձանք ձեւաւորողին, աֆիշ եւ գրքոյկ պատրաստողին, յուշարարին, կիշէի թէ քուլիսներու ետին կանգնող անհատներուն անխտիր: Յարգա՛նք ու...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տնտեսակա՞ն, Թէ՞ Կրթական Ներդրում

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համաշխարհային դրամատան տնօրէն Ճիմ Եոնք Կիմը շատ հետաքրքրական հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց. «Այն երկիրներու ղեկավարները, որոնք առաջնահերթութիւնը կու տան տնտեսական զարգացման, տարիներու ընթացքին հաստատած են, որ սխալ տեղ ներդրում ըրած են»: Երկիրները չեն կրնար մրցունակ ըլլալ, եթէ ներդրումներ չընեն մարդոց վրայ, յատկապէս` կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ: Ուրիշ խօսքով, տնտեսութեան կայուն զարգացումը կը կատարուի, եթէ կրթութեան մէջ լուրջ...

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւնները

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւնները

Լիբանանի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ Մելիք Գարագաւորեան 22 մարտ 2018-ին կը գտնուէր Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը: 22 մարտին Վալանս քաղաքի Հայ մշակոյթի տունին մէջ հանդիպում-զրոյց տեղի ունեցաւ շրջանի լիբանանահայութեան հետ` 6 մայիսի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին: Հանդիպման ընթացքին Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց տուեալ ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ` համայն հայութեան: Հանդիպումին անդրադարձ եղաւ, որ մշակուած նոր օրէնքը լիբանանահայութեան կ՛ընձեռէ  պատմական առիթ`...

Ինչո՞Ւ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Ձախողուեց

«Չինական Երազը» Եւ Հայաստանը (Մաս 2)

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Նախորդ յօդուածում ներկայացրել էինք Չինաստանի արդի քաղաքականութիւնը:  Այս յօդուածով անդրադարձել ենք չինական «Նոր մետաքսի ճանապարհ» ծրագրին, դրա մեթոտներին եւ խնդիրներին: Նշենք, որ ճանապարհը անցնելու է նաեւ Հայաստանով: Յաջորդ յօդուածը կը լինի` «Նոր մետաքսի ճանապարհը  եւ Հայաստանը» խորագրով: Չինաստանի զարգացման շեշտը դրուեց 70-ականներից, երբ աւարտուեց Մաօ Ցեթունկի դարաշրջանը: Եթէ այն ժամանակ առաջնային խնդիր էր ապահովել Չինաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եռուն Օրեր` Ուաշինկթընի Մէջ

Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան Ուաշինկթըն այցելութիւնը ստուերի մէջ ձգած էր հազիւ քանի մը օր առաջ մայրաքաղաքը այցելող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի հայ անդամներու պատուիրակութիւնը: Այս պատուիրակութեան այցը նոյնքան կարեւոր էր, որքան` Արցախի ներկայացուցիչներուն այցը: Արդարեւ, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանը, իր կողքին ունենալով Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` Արմէն Աշոտեանը, Նայիրա Զոհրապեանը, Էտմոն Մարուքեանը եւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. – Ձիթենիի Ճիւղը` Մինչեւ Ո՞ւր

Թուրքիա Սուրիայէն Իրաք կ՛երկարէ ձիթենիի իր արիւնոտ ճիւղը: Աֆրինէն ետք արաբական այլ տարածքներ ենթակայ կ՛ըլլան թրքական բռնագրաւումին եւ հրթիռակոծումին: Անգարա կը յառաջանայ` իր երկրին եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան լոզունգները հնչեցնելով, միեւնոյն ատեն, սակայն, կոտորածի կ՛ենթարկէ քիւրտերը ողջ աշխարհին աչքին առջեւ: Այս իմաստով, Աֆրինի պատկերները կրնան կրկնուիլ նաեւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ, եւ  դէպքերու ընթացքին հետեւողը կը համոզուի, որ այս բոլորը կրնան...

Խորագիրներէն Անդին… Գեղանկարիչը` Իր Գոյներով Եւ Իր Ուրոյն Աշխարհով

Խորագիրներէն Անդին… Գեղանկարիչը` Իր Գոյներով Եւ Իր Ուրոյն Աշխարհով

ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ Ֆրանսացիները կ՛ըսեն. «Եթէ Փարիզը տեսաք եւ Գասիսը չտեսաք, բան մը չէք տեսած» (Ֆրանսայէն): Կրնանք անվարան «Գասիսի գեղանկարիչը» կոչել Մայք Յակոբեանը, զինք հասկնալ փորձելով, իր նկարներուն խորագիրները ի մի հաւաքելով եւ անոնց գոյները կարդալով` միտիլ դէպի յաւերժութիւն: Մայք Յակոբեան` մերօրեայ ինքնուրոյն նկարիչը, բնութեան բեմադրիչը եւ գոյներու աճպարարը: Այսպէս, Գասիս, մակոյկներ, զրոյց, Մարսէյի հին քաղաքը, գնդիկի խաղը (Pétanque boules): Տակաւին...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այսպէս եթէ մօտենանք Լեւոն Շանթի գրական-ստեղծագործական հոլովոյթին, Պոլիսէն Կովկաս, Եւրոպա, ապա` կրկին նոր դիմագիծ ստացող եւ եռացող Կովկաս, հուսկ` Միջին Արեւելք, եւ հարց տանք, թէ ի՞նչ եղած են նոյն մարդուն զգացական, իմացական, գաղափարական եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումները` որպէս հետեւանք ժամանակի եւ մշակութային-քաղաքակրթական շփումներու, մշակութային ազդեցութիւններու, ընտրանքներու: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ Պոլիսը, ուր ծնած էր եւ հոն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Կիրօ Մանոյեան. «Թուրքիոյ Աֆրին Ներխուժումը Քաղաքական Առեւտուրի Հետեւանք Է» ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը «Արմենփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիոյ սուրիական Աֆրին քաղաք ներխուժումին մէջ քաղաքական առեւտուրը ակնյայտ է: «Համաձայն չըլլալով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ անօրէն քայլերուն, ըստ երեւոյթին, Միացեալ Նահանգներ չեն փափաքիր Թուրքիոյ հետ առճակատումի երթալ: Այս...

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ.  Քարլիստներու Երրորդ Պատերազմը, Հանրապետական Կառավարութիւն Եւ Թագաւորութեան Վերականգնումը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քարլիստներու Երրորդ Պատերազմը, Հանրապետական Կառավարութիւն Եւ Թագաւորութեան Վերականգնումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քաթալոնիոյ Տնտեսական Բարգաւաճումը Քարլիստներ Սպանիոյ մէջ քարլիստներու երկու ապստամբութիւնները ճզմուած էին: Քաթալանները, որոնք քարլիստներու կողքին էին, ծանր կորուստներու ենթարկուած էին: Ազատականներու յաղթանակէն ետք սկսաւ այսպէս կոչուած քաղքենիական յեղափոխութիւնը: Իզապէլ Բ. թագուհիի գահակալութեան տարիները (ան երեք տարեկանին` 1833-ին գահ բարձրացած էր) յատկանշուեցան կաշառակերութեամբ, վարչական անկարողութեամբ, ընկերային տագնապներով եւ քաղաքական խառնակութեամբ: Ազատականները իրենց կարգին բաժնուեցան «չափաւորականներու» եւ «ծայրայեղականներու»: Քաթալոնիոյ մէջ...

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ակնարկ. Մինչեւ Նախագահութիւն Եւ Նաեւ Նախագահութեան Օրով

Ընտրացանկերու վերջնականացումն ու ընտրական դաշինքներու ճշդումը ըստ ընտրական օրէնքի ամրագրած ընթացակարգային ժամկէտներու կ՛ընթանայ առանց անակնկալներու եւ առանց ցնցումներու: Ընտրական փառատօնային հաւաքով յայտարարուեցաւ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան համալիբանանեան, բոլոր ընտրաշրջաններուն համար առաջադրուած անուանացանկը: Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը բնականաբար զուտ ընտրական դաշինքի պարագայական տրամաբանութեամբ չի բացատրուիր: Յատկապէս զօր. Աունի աքսորէն վերադարձէն ետք, Դաշնակցութիւնը ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներով առաջին օրէն համագործակցեցաւ...

Թատերական Շարժումը Լիբանանի Մէջ 1940-1970 Թուականներուն (Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով)

Թատերական Շարժումը Լիբանանի Մէջ 1940-1970 Թուականներուն (Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով)

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ Մարտ 27-ը Միջազգային թատերական հիմնարկին (International theater institute) նախաձեռնութեամբ ծնունդ առաւ Համաշխարհային թատրոնի օրը 1961-ին: Այս օրը` մարտ 27-ին, աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներուն կողմէ կը նշուի, եւ կը կազմակերպուին զանազան թատերական ձեռնարկներ, կը յարգուին ու կը մեծարուին թատերական գործիչներ: Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի սենտիքային եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան...

Page 710 of 1110 1 … 709 710 711 … 1,110

Արխիւներ