Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քարլիստներու Երրորդ Պատերազմը, Հանրապետական Կառավարութիւն Եւ Թագաւորութեան Վերականգնումը

Մարտ 28, 2018
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քաթալոնիոյ Տնտեսական
Բարգաւաճումը
Քարլիստներ

Սպանիոյ մէջ քարլիստներու երկու ապստամբութիւնները ճզմուած էին: Քաթալանները, որոնք քարլիստներու կողքին էին, ծանր կորուստներու ենթարկուած էին:

Ազատականներու յաղթանակէն ետք սկսաւ այսպէս կոչուած քաղքենիական յեղափոխութիւնը: Իզապէլ Բ. թագուհիի գահակալութեան տարիները (ան երեք տարեկանին` 1833-ին գահ բարձրացած էր) յատկանշուեցան կաշառակերութեամբ, վարչական անկարողութեամբ, ընկերային տագնապներով եւ քաղաքական խառնակութեամբ: Ազատականները իրենց կարգին բաժնուեցան «չափաւորականներու» եւ «ծայրայեղականներու»: Քաթալոնիոյ մէջ հանրապետականներու հոսանք մը կազմաւորուեցաւ: Ընդհանուր առմամբ քաթալաններ կողմնակից էին դաշնակցային Սպանիոյ կազմաւորման:

Տնտեսական ծանր տագնապներու պայմաններուն տակ ծովուժը, ծովակալ Խուան Պոթիսթա Թոփեթէի հրամանատարութեան տակ, 1868 սեպտեմբերին Քատիսէն ազդանշանը տուաւ ընդհանուր ապստամբութեան: Զօրավարներ Խուան Փրիմ եւ Ֆրանսիսքօ Սերրանօ դիմեցին կառավարութեան, յայտնելով, որ բանակը յեղափոխականներու կողքին է: Իզապէլ թագուհի իրեն հաւատարիմ զօրավար Մանուէլ Փաւիայի հրամայեց ճնշել ըմբոստութիւնը: Բայց Փաւիայի զօրքը Ալքոլէայի մէջ 28 սեպտեմբերին ջախջախուեցաւ, որմէ ետք, 30 սեպտեմբերին թագուհին Ֆրանսա աքսորուեցաւ:

Թագուհիի հեռացումէն ետք ժամանակաւոր կառավարութիւն կազմուեցաւ: Քորթէսը մերժեց հանրապետական վարչաձեւը եւ Սպանիան սահմանադրական միապետութիւն հռչակեց: Պորպոններու հարստութիւնը ջնջուած հռչակուեցաւ եւ Իտալիոյ արքայական Սաւոյայի տունէն, Վիթթորէօ Էմանուէլէ Բ.ի երկրորդ որդին` Աոսթայի դուքս Ամատէօ 16 նոյեմբեր 1870-ին Սպանիոյ թագաւոր հռչակուեցաւ:

Սպանական գաղութ Քուպայի մէջ 1868-ին սկսած էին խռովութիւններ` Քարլոս Մանուէլ տէ Սեսփետէսի գլխաւորութեամբ, անկախութեան եւ ստրուկներու ազատութեան պահանջներով: Կռիւները հետզհետէ կը սաստկանային կղզիին մէջ եւ սպանական բանակը լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուէր: Սպանիա Քուպան կը նկատէր սպանական նահանգ եւ ոչ թէ գաղութ:

*
*  *

Տոն Քարլոս

Սպանիոյ քաղաքական իրավիճակը կրկին խանգարուեցաւ, երբ քարլիստներ Քարլոս Դ. թագաւորի որդի Ինֆանթէ Քարլոսի թոռը եւ Խուան Քարլոսի որդի Տոն Քարլոսը ուզեցին գահ բարձրացնել: Տոն Քարլոս Պուրպոններու տան աւագ ներկայացուցիչն էր եւ ինչպէս Սպանիոյ, նաեւ Ֆրանսայի գահին յաւակնորդ կը նկատուէր:

Տոն Քարլոս 20 ապրիլ 1872-ին զօրավար Ռատան քարլիստ բանակի հրամանատար նշանակեց, որմէ ետք, յաջորդ օր քարլիստներ երրորդ անգամ ըլլալով ապստամբութեան դրօշ պարզեցին: Հազարաւոր կամաւորներ, առանց զինուորական մարզումի եւ ոմանք նաեւ անզէն, միացան քարլիստ բանակին: Կամաւորները Նաւարայի հիւսիսային Օրոքէյթա աւանին մէջ համախմբուելով սպասեցին Տոն Քարլոսի ժամանումին:

Մինչ Նաւարայի մէջ կամաւորները կը համախմբուէին, նոյն օրն իսկ, ապրիլ 21-ին խռովութիւններ սկսան Պիսքայայի, Քաթալոնիոյ, Քասթիլիոյ, Արակոնի եւ Կիփուսքոայի մէջ:

Տոն Քարլոս մայիս 2-ին Ֆրանսայի սահմանէն անցնելով հասաւ Օրոքէյթա եւ ստանձնեց քարլիստ բանակին հրամանատարութիւնը: Քաթալոնիոյ մէջ զինուորական հրամանատարներ դարձան զօրավարներ Թրիսթանի, Սաւալս եւ Քասթելս:

Սպանական բանակը զօրավար Մորիոնէսի հրամանատարութեան տակ մայիս 4-ի գիշերը յարձակման անցաւ Օրոքէյթայի վրայ: Քարլիստները, անակնկալի գալով, չյաջողեցան դիմադրութիւն կազմակերպել: Սպանական բանակը անոնցմէ շուրջ 50 հոգի սպաննեց եւ 700 հոգի գերի բռնեց: Տոն Քարլոս յաջողեցաւ խոյս տալ եւ Ֆրանսա վերադարձաւ:

Ռաֆայէլ Թրիսթանի

Պիսքայայի մէջ խմբուած քարլիստները Ֆոսթօ տէ Ուրգիզուի, Խուան տէ Օրուէյի եւ Անթոնիօ տէ Արկուինսոնիսի գլխաւորութեամբ յարձակման անցան: Քասթիլիոյ, Նաւարայի, Քաթալոնիոյ, Արակոնի եւ Կիփուսքոայի մէջ բուռն կռիւներ սկսան եւ ճակատի գիծերը կայունացան: Հիւսիսային ճակատը` Պասք երկրամասը եւ Նաւարա, իսկ արեւելեան ճակատը` Քաթալոնիա, Վալենսիա, Ալիքանթէ եւ Մաէսթրաթ: Կային նաեւ երկրորդական ճակատներ` Ալպասեթէ, Քուէնսա եւ Քասթիլիա լա Մանչա:

Քաթալոնիոյ մէջ Ռաֆայէլ Թրիսթանի ստանձնեց ընդհանուր հրամանատարութիւնը, իր կողքին ունենալով Խուան Քասթէլսը: Բայց դեկտեմբերին (1872) Տոն Քարլոս իր եղբայրը` Ինֆանթէ Ալֆոնսոն Քաթալոնիոյ քարլիստ բանակի հրամանատար նշանակեց:

*
*  *

Ամատէօ Ա. թագաւոր ժողովրդականութիւն չէր վայելեր եւ իրողական իշխանութիւն չունէր: Մէկ կողմէ քարլիստներու ապստամբութիւնը, միւս կողմէ հանրապետականներու ազդեցութիւնը պետական կառոյցներէն ներս եւ նաեւ Քուպայի մէջ անջատողական կռիւները հեղինակազրկեցին թագաւորը, որ ստիպուած 11 փետրուար 1873-ին հրաժարեցաւ գահէն: Նոյն օրը Սպանիա հանրապետութիւն հռչակուեցաւ:

Յաջորդ օր, փետրուար 12-ին հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Էսթանիսլաօ Ֆիկուէրաս, քաթալան մը, Պարսելոնայէն, հանրապետութեան նախագահ հռչակուեցաւ:

Քաթալաններ մարտ 9-ին Սպանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան կազմէն ներս Քաթալոնիոյ ինքնավարութիւնը հռչակեցին:

Ֆիկուէրաս 11 յունիսին հրաժարեցաւ եւ անոր յաջորդեց Ֆրանսեսք Փի ի Մարկալ, նոյնպէս քաթալան մը, որ ազատական ընկերվարական էր: Ծայրայեղ հանրապետականներ կառավարութիւնը անօրինական հռչակեցին: Խռովութիւններ սկսան Ալքոյի եւ Քարթակենայի մէջ, եւ քորթէսի ու հանրապետականներու ճնշումին տակ յուլիս 18-ին Ֆրանսեսք Փի հրաժարեցաւ: Անոր յաջորդեց Նիքոլաս Սալմերոն, դաշնակցային հանրապետական մը: Բանակը որոշեց խռովարարները հաւաքական մահապատիժի ենթարկել: Սալմերոն ընդդիմացաւ եւ սեպտեմբեր 6-ին հրաժարեցաւ: Յաջորդ օր Էմիլիօ Քասթելար, պատմաբան մը, հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ:

*
*  *

Քարլիստներու զօրագունդերը հետզհետէ նոր ուժերով կը համալրուէին եւ 1873-ի փետրուարին անոնք արդէն 50 հազար կռուող ունէին: Մայիս 5-ին անոնք Նաւարայի Էրոլ աւանին շուրջ նուաճեցին հանրապետական բանակը: Օգոստոսին Տոն Քարլոս մտաւ Պասք երկրամաս, իսկ Նաւարայի մէջ գրաւեց Էսթիլիան եւ զայն իր կեդրոնատեղին դարձուց: Նաւարայի Մաներու գիւղին մէջ եւ Մոնթեխուրրա լերան վրայ արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան:

Քաթալոնիոյ Ալփէնս եւ Վալենսիոյ Պոքայրէնթ աւաններուն մէջ արիւնահեղ կռիւներ մղուեցան:

Կռիւները 1874-ի տարեսկիզբին կեդրոնացած էն Պասք երկրամասին եւ Նաւարայի մէջ: Պիլպաօ բուռն բախումներու թատերաբեմ դարձաւ: Կառավարական զօրքը սկսաւ յառաջանալ դէպի Էսթելիա: Արականի Քասփէ աւանին մօտ քարլիստ ուժերը ջախջախուեցան:

Ֆրանսեսք Սաւալս

Քաթալոնիոյ քարլիստները զօրաւոր էին յատկապէս Կիրոնայի եւ Թարրակոնայի մէջ: Ֆրանսեսք Սաւալսի հրամանատարութեան տակ անոնք իրերայաջորդ յաղթանակներ արձանագրեցին: Քաթալան քարլիստները Օլոթը իրենց կեդրոնը դարձուցին, Սան Խուան տէ լէս Ապատեսէսի մէջ կառավարութիւն կազմեցին եւ Ռաֆայէլ Թրիսթանին պետութեան ղեկավար նշանակեցին: Ինֆանթէ Ալֆոնսօ Թորթոսայի մէջ նոր ուժեր սկսաւ համախմբել:

Գնդապետ Էոլոկիօ Տեսփուխոլ, քաթալան մը, որ Ֆիլիփինի կառավարիչ եղած էր, բանակային ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ եւ իրերայաջորդ յաղթանակներ արձանագրեց քարլիստներուն դէմ:

Ինֆանթէ Ալֆոնսօ 14 հազար քարլիստ կռուողներով քալեց Քուէնսայի վրայ եւ գրաւեց զայն, մօտենալով Մատրիտի, բայց յետոյ բանակային ուժերը հակայարձակման անցան. քարլիստները նահանջեցին եւ Էպրոյի ափերուն կեդրոնացան:

Քաթալոնիոյ քարլիստներուն մէջ մրցակցութիւն սկսաւ Սաւալսի եւ Ինֆանթէ Ալֆոնսոյի միջեւ:

*
*  *

Հանրապետութեան նախագահ Էմիլիօ Քասթելար, հանրապետական քորթէսի վերջին նիստին, 3 յունուար 1874-ին հրաժարած էր, եւ Մատրիտի զինուորական կառավարիչ զօրավար Տոն Մանուէլ Փաւիա զէնքի ուժով ցրուած էր քորթէսը:

Զօրավար Արսենիօ Մարթինէս Քամփոս 29 դեկտեմբեր 1874-ին պետական հարուած կազմակերպեց եւ միապետութիւնը վերականգնուած հռչակեց: Իզապէլ Բ. թագուհիի որդին` Ալֆոնսօ ԺԲ. թագաւոր հռչակուեցաւ եւ Պորպոններու հարստութիւնը վերահաստատուեցաւ: Իզապէլ Բ. իբրեւ աքսորական կը մնար Փարիզ:

Ալֆոնսօ ԺԲ. թագաւոր Մարթինէս Քամփոսը Քաթալոնիոյ զինուորական կառավարիչ նշանակեց: Մարթինէս Քամփոս հետագային Քուպայի կառավարիչը եղաւ:

Քարլիստները, իբրեւ թագաւորականներ, Պորպոններու տան հաւատարիմ հետեւորդներ եւ թունդ կաթոլիկներ, իրենց սկզբունքներուն մասամբ համապատասխան կը նկատէին Ալֆոնսօ Բ.ի գահակալութիւնը: Հետեւաբար անոնցմէ ոմանք որոշեցին դադրեցնել պայքարը: Քարլիստ հրամանատար Ռամոն Քապրերա, քաթալան մը, նոր թագաւորին միացաւ: Տոն Քարլոս զայն դաւադիր հռչակեց եւ անոր տուած բոլոր տիտղոսները ետ առաւ: Քապրերայի հետեւեցան շատ մը քարլիստներ:

Քաթալոնիոյ մէջ Ինֆանթէ Ալֆոնսոյի հրամանատար նշանակումը եւ Քուէնսայի մէջ անոր պարտութիւնը ատենին բացասական տպաւորութիւն ձգած էին: Հետեւաբար քաթալան քարլիստներուն մեծամասնութիւնը զէնքերը վար դրաւ: Բանակը 1875 մարտին գրաւեց Օլոթը եւ պաշարեց Սէօ տէ Ուրկէլը, զոր գրաւեց օգոստոսին: Նոյեմբեր 19-ին պատերազմը աւարտեցաւ Քաթալոնիոյ մէջ:

Քաթալոնիան կորսնցնելէ ետք, քարլիստները, բանակի յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ, եւ ծանր պարտութիւններ կրելէ ետք, սկսան վերախմբուիլ Պասք երկրամասին եւ Նաւարայի մէջ: Բանակը, զօրավար Ֆերնանտօ Փրիմօ տէ Ռիվերայի հրամանատարութեան տակ 1876 փետրուարին քալեց Էսթելիայի վրայ: Քարլիստները ամրացան Մոնթեխուրրա լերան շուրջ: Բանակը, 155 հազար զինուորներով, յարձակման անցաւ քարլիստ 35 հազար կամաւորներու վրայ եւ արիւնահեղ կռիւներէ ու սաստիկ ռմբակոծումներէ ետք փետրուար 19-ին մտաւ Էսթելիա: Տոն Քարլոս 28 փետրուար 1876-ին հեռացաւ Սպանիայէն: Նոյն օրը Ալֆոնսօ ԺԲ. թագաւոր մտաւ Փամփլոնա:

*
*  *

Քարլիստներու դէմ պատերազմի աւարտէն ետք Սպանիոյ մէջ սահմանադրութիւն հռչակուեցաւ:

Քուպայի մէջ 1869-1878-ի ազատագրական տասնամեայ պայքարին քուպացիք ծանր պարտութիւն կրած էին: 1895-ին անոնք նոր թափով վերսկսան պայքարիլ: Ֆիլիփինի եւ Փուէրթօ Ռիքոյի մէջ եւս խմորումներ սկսան:

Միացեալ Նահանգներ 21 ապրիլ 1898-ին պատերազմ հռչակեցին Սպանիոյ դէմ: Պատերազմական գործողութիւնները շարունակուեցան շուրջ չորս ամիս, մինչեւ 13 օգոստոս: Սպանիա պարտուած դուրս ելաւ եւ կորսնցուց Քուպան, Փուէթրօ Ռիքոն, Կուամը եւ Ֆիլիփինեան կղզիները:

*
*  *

Վալենթի Ալմիրալ

Քարլիստներու պատերազմէն ետք Քաթալոնիա տնտեսապէս սկսաւ զարգանալ եւ Սպանիոյ ճարտարարուեստի կեդրոնը դարձաւ: Սկսաւ նաեւ մշակութային շարժում մը, քաթալան լեզուն ու մշակոյթը վերականգնելու համար: Քաթալան մշակութային վերածնունդի ներկայացուցիչներ են Պոնավենթուրա Քարլէս Արիպօ, Մանուէլ Միլա, Խուան Մարակալ, Խասինթ Վերտարկէր, Նարսիս Օլէր, Վիքթոր Պալակուէր, Ֆրանսեսք Քամփրոտոն, Մարթի Կենիս եւ Ֆրետերիք Սոլէր: «Լա Ռէյնախենսա (վերածնունդ) թերթը մեծապէս նպաստեց վերածննդեան գաղափարներու տարածման: Քաթալան ազգայնականութիւնը սկսաւ իբրեւ քաղաքական փիլիսոփայութիւն, որուն համաձայն Սպանիա պէտք է ունենար հանրապետական վարչաձեւ եւ անոր կազմէն ներս Քաթալոնիա ինքնավար երկրամաս պիտի դառնար:

Վալենթի Ալմիրալ (1841-1904) քաթալան ազգայնականութեան հայրը նկատուած է: Ան իր գաղափարները արտայայտած է «Էլ Ֆետերալիսթա» թերթին մէջ ստորագրած յօդուածներով: Իբրեւ հանրապետական, Ալմիրալ դէմ էր միապետութեան հետ որեւէ գործակցութեան եւ հանրապետական բջիջներ կազմակերպեց Քաթալոնիոյ, Վալենսիոյ, Արակոնի եւ Պալէարեան կղզիներուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1968)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?