Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Մարտ 28, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիւանագէտներու արտաքսման պատերազմը թափ կը հաւաքէ: Իրադրութիւններու եւ յատկապէս ռուս դիւանագէտներ արտաքսելու իրերայաջորդ որոշումներուն կշռոյթը մտածել կու տայ, որ ոչ թէ բրիտանական որոշումի զօրակցութեան եւ արագ արձագանգումներուն մասին է խօսքը, այլ առաւելաբար նախապէս համաձայնեցուած արտաքսման գործողութիւններու շարքի  մը առարկայացման:

Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած դիւանագիտական հարթութեան վրայ այս համալիր գործողութիւնները կարելի է դիտարկել տնտեսական պատժամիջոցներով սկսած Ռուսիան մեկուսացման առաջնորդող ընդհանուր ծրագիրի քաղաքական պարունակին մէջ: Առաջադրանք կայ Ուաշինկթընի կողմէ, որ այսօր արդէն վերածուած է ընդհանրապէս Արեւմուտքի ընդհանուր քաղաքականութեան` ռուսական գործօնի չէզոքացումը իրականացնելու ամէնէն ազդեցիկ եղանակներով:

Ռուսիոյ մեկուսացման միտող գործողութիւնները ունին ֆինանսատնտեսական, ռազմական եւ այժմ դիւանագիտական ուղղութիւններ: Ֆինանսատնտեսականը պատժամիջոցներու մեթոտով իրականացուող, ռազմականը` Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիներու մէջ պատերազմական գործողութիւններ ծաւալելով, եւ այժմ դիւանագիտականը` ռուս դիւանագէտներու զանգուածային արտաքսումներով:

Փորձենք կեդրոնանալ այս վերջին պատերազմի մեթոտին վրայ` անմիջապէս ընդգծելու համար, որ դիւանագէտներու արտաքսումը դեռեւս դիւանագիտական կապերու խզում չէ: Դիւանագիտական կապերու իրողական առկախում կարելի է նկատել եղածը, որ բնականաբար կ՛ունենայ իր հակադարձութիւնը: Պաշտօնական Մոսկուան յայտարարած է արդէն, որ Ուաշինկթընը կը քանդէ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու վերջին կամուրջը եւ նոյն Ուաշինկթընը կը հասկնայ միայն ուժային միջոցներով:

Յայտարարողական մակարդակի վրայ ըստ էութեան սպառնական ոճ է Մոսկուայի օգտագործածը: Դիւանագէտներու արտաքսման որոշումին դիմաց տուեալ երկիրը դիւանագիտական  պատերազմի հակահարուած կու տայ` արտաքսելով իր մօտ գտնուող արտաքսող պետութեան դիւանագէտները: Այս մասին բարձրաձայնած է արդէն Մոսկուան:

Բայց Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը չի բաւարարուիր արտաքսում- արտաքսումի դիմաց գործողութեամբ: Կը յայտարարէ, որ Ուաշինկթընին բան հասկցնել կարելի է միայն ուժային միջոցներով: «Միայն»-ը այստեղ ռազմաքաղաքագիտական նոր եզրաբանութեամբ օգտագործուող հիպրիտային պատերազմէն կ՛ընտրէ ռազմական բաղադրիչը:

Անշուշտ քաղաքական տրամաբանութեամբ սպառնական ոճը չի նշանակեր համապատասխան քայլի դիմել: Ի վերջոյ ուժային եղանակները կրնան վերաբերիլ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ   գերտէրութիւններու  ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութեամբ մղուող պատերազմներուն: Հիմնականը` Սուրիոյ մէջ:

Այստեղ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը իր ռազմական գործողութիւնները ծաւալելու համար ընդհանուր համաձայնութեան եկած ըլլալ կը թուի Անգարայի հետ: Իսկ այս հիմնահարցին ուղղութեամբ Անգարան դատապարտեց Բրիտանիոյ մէջ ռուս նախկին լրտես Սերկէյ Սքրիփալի թունաւորումը` նշելով, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը «մարդկութեան դէմ ոճիր» է: Աւելցնելով, որ յանցագործները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ կանգնին արդարադատութեան առջեւ:

Հիմա պահ մը  շրջանցենք  մարդկութեան դէմ ոճիրի եւ այդ յանցագործութեան համար արդարադատութեան առջեւ պատասխան տալու անհրաժեշտութեան մասին խօսողին պետական կենսագրութեան փաստը` նկատի ունենալու համար քաղաքական կարեւոր շրջանցումներ, որոնց կը դիմէ պաշտօնական Անգարան:

Անգարայի դատապարտանքին մէջ հասցէականութիւն չկայ: Յայտարարութեան մէջ աւելին ալ ըսուած է, թէ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են եւ Անգարան չի պատրաստուիր արտաքսումի պատերազմին միանալու:

Անգարան տակաւին ծրագիրներ ունի իրականացնելիք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Տակաւին պէտք է Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ համաձայնեցուած գործողութիւններու ձեռնարկումը: Քաղաքական այլ պահու, իր ռազմավարական այլ դաշնակիցներուն նման Անգարան կրնայ ուշացումով յիշել, որ քիմիական զէնքի կիրարկման ետին ո՛վ կանգնած է` ո՛չ միայն Եւրոպայի մէջ, այլ նաեւ այլ տարածաշրջանի:

Զանգուածային ոչնչացման զէնքերու առկայութեան մատնանշումները կամ  քիմիական զինատեսակի օգտագործումներու հաւանական վտանգները, թունաւորումի դէպքերը առաջին եւ միակ անգամը չէ, որ կը մատնանշուին կամ կը գործադրուին: Անոնք տեղի կու տան պատերազմներու, ներխուժումներու, պատժամիջոցներու կամ այս պարագային դիւանագէտներու հաւաքական արտաքսումներու, երբ քաղաքական համալիր ծրագիր մը իրականացնելու կարեւոր փուլերու անցում կը կատարուի: Կը թուի, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ համալիր ծրագիր կեանքի կոչուած է ներառական-հիպրիտային պատերազմի տեսքով:

«Ա.» 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Եւ Եւրոպական Հարցերու Նախարարը

Յաջորդը

Համակիրը Վազեց, Դաշտ Մտաւ Եւ Համբուրեց Ռոնալտոն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?