ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Մարտ 27-ը Միջազգային թատերական հիմնարկին (International theater institute) նախաձեռնութեամբ ծնունդ առաւ Համաշխարհային թատրոնի օրը 1961-ին: Այս օրը` մարտ 27-ին, աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներուն կողմէ կը նշուի, եւ կը կազմակերպուին զանազան թատերական ձեռնարկներ, կը յարգուին ու կը մեծարուին թատերական գործիչներ:
Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի սենտիքային եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 27 մարտ 2018-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին լիբանանահայ թատրոնի վաստակաւոր գործիչներ` Նուպար Մանուկեանը, Յովսէփ Գափլանեանը, Զաւէն Պաաքլինին, Յակոբ Գալայճեանը եւ Կարօ Քիրիաքոն: Օրուան իբրեւ գլխաւոր բանախօս` հրաւիրուած է դոկտ. Մովսէս Հերկելեանը:
Այս առիթով, որպէս թատրոնի համեստ գործիչ, պիտի ուզէի արագ ակնարկ մը նետել լիբանանահայ թատերական շարժումին իրենց գլխաւոր բաժինը բերած կարգ մը երախտաւոր գործիչներուն վրայ` յիշելով անոնց անունները եւ յիշեցնելով ընթերցողներուն, որ մենք ունեցած ենք թատրոնի տաղանդաւոր մարդիկ, որոնք բարձր պահած են մեր գաղութին թատերական բեմի մակարդակը:
Նախապէս յօդուածով մը անդրադարձած եմ մեր գաղութի թատերական շարժումի 1920-1940-թուականներու գործիչներուն մասին: Սոյն յօդուածով փորձեմ անդրադառնալ 1940-1975 թուականներու թատերական շարժումին:
Լիբանանահայ թատերական շարժումի վերելքին մէջ իրենց կարեւոր բաժինը բերին յատկապէս Ժորժ Սարգիսեանը եւ Պերճ Ֆազլեանը, որոնց յետոյ միացան Գրիգոր Սաթամեանը եւ Վարուժան Խտըշեանը: Ասոնց կողքին, միշտ եղան բեմադրիչներ եւ բեմի ղեկավարներ, որոնք պարբերաբար կազմակերպեցին ներկայացումներ եւ իրենց դրական ներդրումը բերին լիբանանահայ թատերական խճանկարին:
Այս թատերական գործիչներէն կ՛արժէ յիշել անունները` Դաւիթ Յ. Էվէրէկլեանին, Թաթուլ Այնեճեանին, Կայծակ Գնդունիին, Յարութ Երէցեանին, Լութֆի Թապագեանին, Օննիկ Գանթարճեանին, Երջօ Մարգարեանին, Զոհրապ Եագուպեանին, Սիմոն Մենակեանին, Ժիրայր Աւետիսեանին, Վաչէ Ատրունիին, Ռոպերթ Առաքելեանին, Լանա Ատրունիին, Գրիգոր Տեկիրմենճեանին, Յարութ Գնդունիին, Մուշեղ Մուղալեանին, Վիգէն Ստեփանեանին, Յովհաննէս Հելվաճեանին, Սուրէն Խտըշեանին, Յակոբ Տէր Ղուկասեանին, Վարդան Մկրտիչեանին, Երուանդ Ղազանճեանին եւ ուրիշներու:
Սակայն Ժորժ Սարգիսեանն ու Պերճ Ֆազլեանը, ապա Գրիգոր Սաթամեանն ու Վարուժան Խտըշեանը սկզբնական շրջանին, մինչեւ 1975 թուականը, միշտ կենսունակ եւ թարմ պահեցին լիբանանահայ գաղութի հաշմանդամ թատրոնի բեմը:
Ժորժ Սարգիսեանին պատրաստած ու բեմադրած թատերախաղերը շարունակեցին դիմանալ մինչեւ 1974-1975 թուականները: Ան միշտ ընտրեց այնպիսի թատերախաղեր, որոնք հիմնուած էին առաւելաբար խօսքի վրայ, քան` շարժումի: Ան 45 տարի մնաց պատնէշի վրայ եւ իր մեծ նպաստը բերաւ լիբանանահայ թատրոնի հանդիսատեսի պատրաստութեան մէջ: Ան լուրջ ու բծախնդիր աշխատանք տարաւ ու հասցուց թատերական գործիչներու սերունդ:
Իսկ Պերճ Ֆազլեանը ստեղծեց խանդավառութիւն` հրապարակ նետելով դասական հեղինակներու գործեր, որոնք նորութիւն բերին լիբանանահայ թատերական շարժումին մէջ:
Ֆազլեանի շուրջ հաւաքուած երիտասարդներուն քով չէին պակսեր բեմական ձայնը, առոգանութիւնը եւ բեմական հասկացողութիւնը: Բան մը, որ կարելի է հեշտութեամբ նկատել նաեւ Ժորժ Սարգիսեանի խումբին մէջ:
Պէտք է նշեմ, որ Ֆազլեանն ու Սարգիսեանը լիբանանահայ թատերական պատմութեան մէջ բացին նոր ու ճոխ էջ մը եւ հասցուցին սերունդներ: Անոնք հանդիսացան լիբանանահայ թատրոնի առաջնակարգ դէմքերէն եւ յառաջ տարին թատերական ջահը:
1967-ին Վարուժան Խտըշեանը հիմնեց «Թատրոն 67» թատերախումբը: Խտըշեանը թատերական իր առաջին քայլերը կ՛առնէ Համազգայինի թատերասէրներու միութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ: 1963-ին ան կը մեկնի Անգլիա եւ աւարտելով տեղւոյն «Ռապրթ-Տաքլըս էքէտըմի օֆ տրամաթիկ արթ» թատերական դպրոցը` կը վերադառնայ Պէյրութ ու կը սկսի թատերական գործունէութեան: Ան լիբանանահայ հասարակութեան կը ներկայացնէ բոլորովին նոր հեղինակներ եւ նոր թատերախաղեր: Անոր մէջ կը զգացուին բծախնդրութիւն եւ արուեստի մակարդակ:
Մինչեւ 2000 թուականը Վարուժան Խտըշեանը մեր գաղութին մէջ կը ներկայացնէ տասնեակներով թատերախաղեր` միշտ խօսեցնել տալով հայ թէ օտար մամուլը իր մասին:
Մինչեւ Վ. Խտըշեանի թատերական գործունէութեան մուտքը` լիբանանահայ հանդիսատեսը հատուկենտ հանդիպեցաւ թատերական նորութիւններու:
Ժորժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութիւնները երբեմն անակնկալներ ստեղծեցին, սակայն Խտըշեանին բեմադրութիւնները քայլ մը առաջ տարին լիբանանահայ բեմը, եւ մեծ հեղինակներու գործերը հետաքրքրութեամբ դիտուեցան հայ հանդիսատեսին կողմէ:
Չենք ուզեր թերագնահատել Սարգիսեանի եւ Ֆազլեանի բեմադրութիւնները, ուրանալ անոնց աշխատանքը: Անոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան էջերուն մէջ: Սակայն Խտըշեանի բեմադրութիւնները տարբեր շունչ մը բերին լիբանանահայ բեմին:
Այս շրջանին, ինչպէս նշեցինք, նոյն ատեն Լոնտոնի թատերական դպրոցներէն վկայեալ` Պէյրութ կու գայ Գրիգոր Սաթամեանը: Գ. Սաթամեանը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը աւարտելէ ետք, 1964-ին կը մեկնի Անգլիա եւ կը մասնագիտանայ բեմարուեստի եւ ֆիլմարուեստի մէջ` յաճախելով «Լանտըն սքուլ օֆ ֆիլմ թեքնիք» դպրոցը, 1968-ին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը սկսի թատերական իր գործունէութեան, կը հիմնէ թատերական դպրոց, ուրկէ դուրս կու գան երիտասարդ թատերական գործիչներ` դերասաններ եւ բեմադրիչներ:
Անցնինք:
1940-1966 թուականներուն, ընդհատումներով, Լիբանանի մէջ կը գործէ Հ.Կ.Ե. միութեան թատերախումբը եւ կը ներկայացնէ զանազան թատերախաղեր, ինչպէս` «Աշխարհի դատաստանը», «Հայրենիքի սէր», «Պատուի համար», «Ագահը», «Վարդանանք» եւ այլ թատերախաղեր:
Այս խումբին մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Պօղոս Մենտիլեանը, Կայծակ Գնդունին, Դաւիթ Յ. Էվէրէկլեանը: Հետագային խումբը կ՛որդեգրէ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբ անունը: Խումբին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սիմոն Կոստանդինեանը եւ ուրիշներ:
ՀԿԵՄ-ի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը կու տայ տասնեակ մը ներկայացումներ եւ կը հանդիսանայ լիբանանահայ նախնական թատերական շարժումի գլխաւոր խումբերէն մէկը, որ գաղութահայութեան համբերատար վարժութիւնը կու տայ թատերական ներկայացում մը դիտելու: Հոս է, որ առաջին անգամ կը հանդիպինք օտար հեղինակներէ թարգմանութիւններու, որոնց բեմադրութիւնը որոշ ճաշակ մը կ՛աւելցնէ եւ գաղափար մը կու տայ թատերական զանազանութեան մասին:
Այսպէս, թատերախաղերը դուրս գալով զաւեշտի մակարդակէն` կը ստանան երանգ ու մարմին:
1943-ին ծնունդ կ՛առնէ «Ռուբէն Մամուլեան» թատերախումբը, որուն կազմին մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Պօղոս Մենտիլեանը, Կայծակ Գնդունին, Դաւիթ Էվէրէկլեանը: Տարի մը ետք խումբը կը լռէ: Յիշեալ թատերախումբը կը ղեկավարէ Վազգէն Այգունին, որ այդ շրջանին խմբագրապետն էր «Հայ Գիր» ամսագիրին: Այս խումբը յաջորդաբար կը ներկայացնէ Պետրոս Դուրեանի «Սեւ հողեր»-ը, Վ. Այգունիի «Թաղականը», Շիրվանզադէի «Նամուսը»: Այս մասին Դաւիթ Էվէրէկլեան իր «Թատերայուշեր» (1973, Պէյրութ) գիրքին մէջ կը գրէ. «Հիացումով իմացեր էինք անոր (Վ. Այգունիի) բեմադրած Շիրվանզադէի «Նամուս»-ին մասին: Բացի թատերական գործունէութենէ` այս խումբը կը ձգտէր իր շրջապատին մէջ գեղարուեստական մակարդակի բարձրացման, յաճախակի սարքերով գրական յաջող երեկոներ` նուիրուած մեր մեծանուն գրագէտներուն»:
1943-ին կը յիշուի Պօղոս Մենտիլեանին թատերախումբը, որ կը ներկայացնէ Աւետիս Ահարոնեանի «Արցունքի հովերը», «Թմկաբերդի առումը», «Պիլպուղի»-ն: Նոյն տարին կը յիշուի նաեւ «Մեհր» թատերախումբը, որ կը ներկայացնէ Երուանդ Օտեանի «Հերոսախաղը» եւ կարգ մը զաւեշտներ:
1946-ին կովկասահայ Բարսեղ Աբովեան կ՛այցելէ լիբանանահայ գաղութը, ուր կը ներկայացնէ Ճիաքոմետիի «Քորրատօ»-ն, Սունդուկեանի «Պէպօ»-ն եւ «Հեքիաթ»-ը գործերը: Այս շարժումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սամուէլ Խանտիկեանը, Ժորժ Շահապեանը եւ ուրիշներ:
1946-1947 տարիներուն կը տօնուի «Հայ թատրոնի 2000-ամեակը»: Այս առիթով կը ներկայացուին մէկական պատկեր «Պէպօ», «Պատուի համար», «Արա Գեղեցիկ», «Անուշ» եւ «Թիթեռնիկ»: Թատերախաղերէն բացի` նոյն ատեն կը տրուին «Հայ թատրոնի պատմութիւնը», «Հայ թատրերգութիւնը» խորագիրով դասախօսութիւններ:
1946-1954 թուականներուն ծնունդ կ՛առնէ եւ կը գործէ «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ը, որ կը ներկայացնէ 18 թատերախաղեր: Խումբը իր բեղուն գործունէութիւնը պահած է ութ տարի: Յիշեալ խումբը կը ներկայացնէ` Շիրվանզադէի «Եւգինէ»-ն, Աւետիս Ահարոնեանի «Արցունքի հովիտը», Պ. Դուրեանի «Սեւ հողեր»-ը, Ճիաքոմետիի «Քորրատօ»-ն, Շիլլերի «Անիծեալը», Ալեքսանտրովիչի «Աշխարհի դատաստանը» եւ այլ մակարդակ ունեցող թատերախաղեր, որոնց մասին ժամանակի մամուլը կ՛արձագանգէ, ինչպէս` «Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ», «Մասիս», «Առաւօտ», «Ազդարար», «Յուշարար»:
Օրինակ մը տալու համար մէջբերենք «Առաւօտ» օրաթերթի 16 մայիս 1948 թիւին մէջ (Ժ. տարի, նոր շրջան) հրատարակուած թղթակցութենէն քանի մը տող. «Մեր գաղութահայ անձեռնտու պայմանները եւ նիւթական միջոցներու յուսալքիչ տկարութիւնը աչքի առաջ ունենալով` կրնանք որոշապէս ըսել, որ մեծ դժուարութիւններով մէջտեղ բերուած այս ներկայացումը (խօսքը Դաւիթ Էվէրէկլեանի «Ծաղկավաճառուհին» մասին է) քաջալերիչ յաջողութիւն մըն է «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ի երիտասարդ սիրողներուն, ինչպէս եւ անոր երիտասարդ ու խոստմնալից բեմադրիչին` Օննիկ Քեքլիկեանին համար»:
Այս մասին Դ. Էվէրէկլեանը, որպէս վկայ, իր «Թատերայուշեր» գիրքին մէջ կը գրէ. «Լիբանանահայ իրականութեան` թատերական մարզին մէջ 1946-1954 տարիներուն իր համեստ անկիւնը գրաւելով` մեր թատրոնի գոյատեւման ճիգին իր գործօն բաժինը զոհաբերող «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ը պատմութեան կ՛անցնի` իբրեւ անկախ եւ անկաշկանդ խումբ մը, որ անխտիր իր ուժերը ի սպաս դրած է գաղութիս, իրերամերժ հատուածներուն ի նպաստ` անոնց անվերապահօրէն սպառելով իր էութեանը»:
50-ական թուականներուն Աշոտ Մատաթեանը (Պոլիս) կ՛այցելէ Պէյրութ եւ կը բեմադրէ Դ. Դեմիրճեանի «Վարդանանք»-ը, Ե. Օտեանի «Չարշըլը Արթին աղա»-ն, Շիրվանզադէի «Նամուսը», Տիգրան Կամսարականի «Վարժապետին աղջիկը», «Աւերակներու վրայ», «Միւսին մեղքը», «Երկու ճամբայ» եւ այլ գործեր: Աշոտ Մատաթեանը կու գար Պոլսէն եւ հետը կը բերէր բեմադրական նորութիւններ:
Մատաթեանի ներկայացումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սիրարփ Յակոբեանն ու Պերճ Ֆազլեանը: 50-ական թուականներու թատերական կեանքին մէջ իրենց գործունէութեամբ կը յիշուին Արմէն Եանըքեանի «Արա Գեղեցիկ», Երուանդ Չափրաստի «Աբիսողոմ աղա», Անդրանիկ Կարապետեանին անունները:
1956-ի մարտին «Նոր Բեմ» անուն խումբ մը, Լիբանանահայ գրական շրջանակի հովանաւորութեամբ եւ Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութեամբ, կը ներկայացնէ Պեն Ճոնսընի «Վոլբոնէ» թատերախաղը, որուն մէջ դերեր կը ստանձնեն` ասմունքող Վարդան Չարըքեանը, Զաւէն Գալուստեանը, Գէորգ Սողոմոնեանը, Յարութ Թումանեանը եւ Թորոս Սարգիսեանը: Այս շրջանի մասին Պերճ Ֆազլեան իր հրատարակած «Վրաններ պողոտաներու վրայ» գիրքին մէջ (էջ 56) կը գրէ. «Մինչեւ 50-ական թուականները, բացի Համազգայինի խաղացանկէն, Պէյրութի բեմերուն վրայ ներկայացուած էին «Սօս եւ Վարդիթեռ», «Պըլ-Պուղի», «Արցունքի հովիտը», «Քսան կախաղանները» եւ այլ գործեր, որոնք կը թուին ըլլալ «ազգային», բայց դժբախտաբար անոնց մէջ, բացի տիպարներու անուններէն, ազգային ոչինչ կայ»:
Պէյրութահայ թատերական պատմութեան մէջ «Վոլբոնէ»-ն առաջինն էր, որ պիտի ներկայացուէր առանց յուշարարի: Ներկայացումը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, կը բերէ նորութիւն` որպէս հեղինակ, բեմադրութիւն, խմբային խաղարկութիւն եւ որպէս դասական գործ` կը հասնի հանդիսատեսին:
Այս մասին լիբանանահայ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեանը կը յիշէ. «1956 թուականին, Սահակեան վարժարանի թիթեղածածկ սրահին մէջ, առաջին անգամ ականատես եղած եմ Պերճ Ֆազլեանին բեմադրած Պեն Ճոնսընի «Վոլբոնէ» թատերախաղին` Լիբանանահայ գրական շրջանակի «Նոր բեմ» թատերախումբով: Պատանիի իմ հետաքրքիր աչքերուն համար շլացուցիչ էր այդ առաջին հանդիպումը «Վոլբոնէ»-ին կամ Պերճ Ֆազլեանին հետ: Այնուհետեւ գրեթէ անխափան ներկայ գտնուած եմ Ֆազլեանի բեմադրած բոլոր թատերախաղերուն: Ես եւ իմ սերնդակիցներս եղանք ապրող վկաները լիբանանահայ յեղաշրջուող թատրոնին եւ անոր որակական զարգացումին` շնորհիւ Պերճ Ֆազլեանին»:
1958-ին կը հիմնուի ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան թատերախումբը, որ հետագային` 1959-ին կ՛անուանուի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբ:
60-ական թուականներուն պէյրութահայ թատրոնը արդէն ուժեղ է: Ինչպէս որ յիշեցինք, Պէյրութ կը ժամանեն թատրոնի երիտասարդ մասնագէտներ` Վարուժան Խտըշեանն ու Գրիգոր Սաթամեանը, որոնք կու գային Լոնտոնէն, ինչպէս նաեւ նոյն տարիներուն հայրենիքէն` Երեւանէն կու գային թատերական հիմնարկը աւարտած երիտասարդներ:
1966-ին Թաթուլ Այնեճեան հիմը կը դնէ Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին: Նոյն տարին Պէյրութ կը ժամանէ Խ. Հայաստանի «Սունդուկեան»-ի անուան պետական թատրոնը, որուն մէջ` Վահրամ Փափազեանը, Աւետ Աւետիսեանը, Գուրգէն Ջանիբէկեանը, Վարդան Աճեմեանը, Խորէն Աբրահամեանը, Մհեր Մկրտչեանը, Սօս Սարգսեանը, Վարդուհի Վարդերեսեանը, Մետաքսիա Սիմոնեանը, Վալոտիա Ապաճեանը, Բաբգէն Ներսիսեանը, Գեղամ Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ: Կը ներկայացնեն` Զարեանի «Արա Գեղեցիկ»-ը, Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»-ը, Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է»-ն եւ այլ դասական գործեր:
1967-ի Վարուժան Խտըշեան կը հիմնէ «Թատրոն 67» խումբը:
Երկու տարի ետք` 1969-ին, «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը կը հիմնէ «Արտաւազդ» թատերախումբը` որպէս բեմադրիչ հրաւիրելով Լութֆիկ Թապագեանը եւ Յարութիւն Երէցեանը: Խումբը բեմ կը հանէ Դ. Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»-ը, Մոլիէրի «Քաղքենի ազնուական»-ը, եւ այլ գործեր:
1969-ի վերջերուն Սիմոն Մնակեանը եւ Զոհրապ Եագուպեանը միասնաբար կը հիմնեն «Նոր թատրոն» անունով խումբը: Կը ներկայացնեն զանազան թատերախաղեր:

1973-1974 տարեշրջանին պէյրութահայ թատերական շարժումը կը հասնի իր գագաթնակէտին եւ գաղութը կը յագենայ թատերական ներկայացումներով: Այս մասին Լեւոն Թորոսեանը իր «Յետադարձ գնահատանք «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի նուաճումներուն` 1959-1975» յօդուածին մէջ կը գրէ. «1973-1974 եղանակին լիբանանահայ թատրոնը կ՛ապրի ոսկեդար աւետող տարեշրջան մը: Արդարեւ, եօթը-ութ ամիսներու ընթացքին բեմ կը բարձրանան 12 անուն թատերակներ, որոնց չորսը` հայկական. Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»-ն ու «Արեւելեան ատամնաբուժը», Տիգրան Կամսարականի եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ»-ն: Կը ստեղծուի աննախընթաց երեւոյթ, երբ նոյն շաբաթ երեկոյեան Պէյրութի աւելի քան 9 հայկական թատերախումբերը աւելի քան 6 տարբեր ներկայացումներ կը հրամցնեն հայ հանրութեան: Այսպիսի փայփայիչ վիճակագրական թուանշաններ երբեք չէր ունեցած լիբանանահայ թատրոնը: Քանակի կողքին, նաեւ որակը արձանագրած էր վիթխարի յառաջդիմութիւն»:
1974-ին Պէյրութ կը ժամանէ հայրենի ծանօթ դերասան Մհեր Մկրտչեանը եւ տեղական ուժերով կը բեմադրէ Յ. Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Աստղիկ Գասապեանը, Թորոս Սպիտանեանը, Յարութ Գնդունին եւ ուրիշներ:
Սահակեան վարժարանի «թիթեղեայ» թատրոնին անունը ոսկի տառերով պէտք է գրուի եւ արձանագրուի լիբանանահայ թատերական պատմութեան մէջ:
Լիբանանահայ գաղութը մինչեւ 60-ական թուականները բեմի ոչ մէկ մասնագէտ ունեցած է: Այդ իսկ պատճառով գաղութը, ըստ տրամաբանական տուեալներու, ինքնըստինքեան մէջտեղ եկած է թատերականօրէն` օգնութեամբ արուեստագէտ բեմադրիչներու, որոնք ունենալով հանդերձ բնատուր տաղանդ, օգտուած են իրենց դիտած թատերախաղերէն եւ այցելու դերասաններէն:
Անմիջապէս աւելցնենք, որ գաղութս այցելող դերասան-բեմադրիչներուն ներկայացուցած գործերը ընդհանրապէս կ՛ըլլային հապճեպ պատրաստութիւններ: Այս մասին` Դաւիթ Յ. Էվէրէկլեանի վկայութիւնը. «Ինչպէս` բոլոր այցելու դերասաններու ներկայացումները, հապճեպ պատրաստուած էր Վարդեանի ձեռնարկն եւս, որուն մէջ բծախնդիր աշխատանք եւ ընտիր բեմադրութիւն կարելի չէր որոնել»: Այս տողերը գրուած են 1955-ին, երբ Արփիար Վարդեանը եկած էր Պէյրութ:
Այն շրջանին, երբ մէջտեղ եկան թատերախումբեր, զաւեշտներու կողքին, երեւցան ազգային թատերախաղեր` «Վարդանանք», «Սեւ հողեր», «Քսան կախաղաններ», «Տանջուածներ», «Արա գեղեցիկ», «Սօս եւ Վարդիթեռ» եւ ասոնց նման թատրերգութիւններ, որոնք ինչ ձեւով ու որակով կամ մակարդակով ալ ներկայացուէին, կը խլէին հասարակութեան ծափերը` որպէս ազգային գործեր: Եւ ընդհանրապէս այդ շրջանի բեմ հանուած են հայ ժողովուրդի պատմական ու հերոսական դրուագներէն առնուած նիւթեր:
Ինչպէս յիշեցի, այդ ներկայացումներուն անարուեստ ըլլալուն պատճառը, կամ գլխաւոր պատճառներէն մին տգիտութիւնն էր, երկրորդ` նիւթական դժուարութիւնը, երրորդ` ղեկավարի ու առաջնորդի պակասը: Մէկ խօսքով, ոչինչէն բան մը ստեղծելու հրաշքն էր, որ կատարուեցաւ այդ շրջանին, երբ մեր խեղճ, լքուած ժողովուրդը գլուխ բարձրացուց, դպրոց բացաւ ու կարդալ սորվեցաւ, եկեղեցի կառուցեց ու աղօթեց, բեմ շինեց ու մշակոյթ մէջտեղ բերաւ, թատրոն ստեղծեց:
20-ական եւ 30-ական թուականներուն լիբանանեան տեղական արաբախօս թատրոն չկար, լիբանանցին, ըստ վկայագրութիւններու, բաւական ուշ սկսաւ հետաքրքրուիլ իր բեմով ու թատրոնով: Ականատես վկաներ կը յիշեն «Քշքըշպեկ» անուն տեղացի դերասանի մը ելոյթները` հետագային, Պէյրութի «Քրիսթալ» թատերասրահին մէջ, որ սկիզբը տարբեր անուն կը կրէր:
Ըստ Անդրանիկ վրդ. Կռանեանին, այդ շրջանին կային վարժարաններու մէջ բեմադրուած օտարալեզու ներկայացումներ, յատկապէս` ֆրանսական գրականութենէն, որոնք որոշ մակարդակ մը ունէին, աւելի քան` «Քշքըշպեկ»-ինը, որուն հանդիսատես եղած է վարդապետ Կռանեան:
Այս բոլորին մասին ուրիշ առիթով մը կ՛անդրադառնանք: Սակայն ես պիտի ուզէի նշել, որ 27 մարտի երեկոյեան մեծարուող Յովսէփ Գափլեանեանը, Զաւէն Պաաքլինին, Յակոբ Գալայճեանը եւ Կարօ Քիրիաքոն եղած են Վարուժան Խտըշեանի դպրոցէն շրջանաւարտներ, դերասաններ, որոնք իրենց վարպետէն սորված են բծախնդրութիւն եւ մանաւանդ` թատրոնի հանդէպ սէր ու յարգանք:
Այս տղաքը արժանի են մեծարման, անոնք անվերապահօրէն նուիրուած են թատրոնին, այսինքն իրենց բաժինը բերած են սփիւռքի մէջ հայապահպանման սուրբ գործին: Կը մաղթեմ, որ նոր սերունդին օրինակ ծառայեն անոնք եւ միշտ մնան թատերական պատնէշին վրայ:
Շնորհաւոր ըլլայ թատրոնի գործիչներուն տօնը, յատկապէս` հայ թատրոնի նուիրեալներուն տօնը:
——————-
Այդ շրջանին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կ՛ունենայ երեք բեմադրիչներ` Գասպար Իփէկեանը, Բաբգէն Փափազեանը եւ Ժորժ Սարգիսեանը. ասոնց կը յաջորդեն`, Վարուժան Խտըշեանը, Վիգէն Ստեփանեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Զոհրապ Եագուպեանը, Յասմիկ Պերթիզեանը, Ռոպերթ Առաքելեանը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, Սուրէն Խտըշեանը ինչպէս նաեւ Հրայր Գալեբմքէրեանը։
Այս խումբը 1942-էն ի վեր տուած է պերճախօս ներկայացումներ, ընդհանրապէս գնահատուած է մամուլին կողմէ եւ սիրուած` լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան կողմէ:
Մինչեւ 1975 «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին խաղացանկը կազմուած էր հետեւեալ թատերախաղերէ, զորս բեմադրած է Ժորժ Սարգիսեանը. «Ոսկի աքաղաղը» (Րաֆֆի), «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Հին աստուածներ», «Կայսրը», «Շղթայուածը» (Լեւոն Շանթ), «Քաոս» (Շիրվանզադէ), «Պէպօ» (Սունդուկեան), «Օսքար» (Մանիէ), «Երեք մանչ մէկ աղջիկ եւ տան փեսայ» (Ռ. Ֆերտինան), «Փշածաղիկ» (Կրետի եւ Պարիլլէ), «Պղատոնի զոհը» (Մ. Փանիոլ), «Հարցաքննիչը» (Ժ. Պ. Փրիսթլի), «Ժան Կապրիէլ Պորկման եւ ժողովուրդի թշնամին» (Հենրիկ Իբսեն), «Պատուի վայելքը եւ ո՞վ է ճշմարիտը» (Փիրանտելլօ), «Քննիչը» (Կոկոլ), «Քնոք» (Ժ. Ռոմեն) եւ այլ թատերախաղեր:
Մեծ է Ժորժ Սարգիսեանին աշխատանքը ո՛չ միայն այս թատերախումբին համար, այլ` ընդհանրապէս լիբանանահայ բեմին համար: Ան 30 տարուան իր դերասանական եւ թարգմանական գործունէութիւնը ի սպաս դրած է լիբանանահայ բեմին եւ բեմադրած է մօտ 30 թատերախաղեր: Թարգմանած է շուրջ 15 օտար եւ յայտնի հեղինակներու գործեր, պատրաստած է թատերական ուղղութիւն ունեցող սերունդ մը. մէկ խօսքով, իր բաժինը ի սպաս դրած է թատերական դաստիարակութեան` լիբանանահայ հասարակութեան մէջ, որուն համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք:
1959-ին կը հիմնուի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը եւ մինչեւ 2008 թուական կ՛ունենայ 12 բեմադրիչներ` Պերճ Ֆազլեանը, Գրիգոր Սաթամեանը, Վաչէ Ատրունին, Զաւէն Գալուստեանը, Թորոս Սարգիսեանը, Վաչէ Տօներեանը, Յարութ Գնդունին, Վիգէն Ստեփանեանը, Արտաշէս Յովհաննէսեանը, Գրիգոր Տեկիրմէնճեանը, Երուանդ Ղազանճեանը եւ Վարդան Մկրտիչեանը:
Այս բոլորին ուրիշ առիթով կը խոստանանք անդրադառնալ, սակայն հոս յիշենք Պերճ Ֆազլեանին եւ Գրիգոր Սաթամեանին բեմադրութիւնները:
Պերճ Ֆազլեանը 1959-1996 կը բեմադրէ` «Ստախօսը» (Կոլտոնի), «Ժայռը» (Վրթ. Փափազեան), «Ժորժ Տանտէն եւ Սքաբենի խորամանկութիւնները» (Մոլիէր), «Ժառանգ» (Հենրի Ճէյմս), «Արջը եւ առաջարկ» (Չեխով), «Թոփազ» (Մ. Փանիոլ), «Գարնան անձրեւ» (Գ. Տէր Գրիգորեան), «Վոլբոնէ» (Պեն Ճոնսըն), «Վասքոյի հեքիաթը» (Ժ. Շեհատէ), «Մուսա Լերան 40 օրերը» (Մ. Քոչարեան), «Միջամառնային գիշերուան երազ մը» (Շէյքսփիր), «Կորսուած նամակ մը» (Իոն Քարաճիալէ), «Հին աստուածներ» (Լեւոն Շանթ), «Խաչագողը» (Մոլիէր), «12 զայրացած մարդիկ» (Ռեճինլտ Ռոզ) եւ ուրիշ թատերախաղեր:
Գրիգոր Սաթամեանը, ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբով բեմադրած է «Ստախօսը» (Գ. Կոլտոնի), «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի» (Շէյքսփիր), «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ» (Ժորժ Ֆէյտօ), «Տիկնոջ հանգուցեալ մայրը» (Ժորժ Ֆէյտօ), «Մթին կատակերգութիւն» (Փ. Շէյֆըր), «Փոխվրէժ» (Էնթընի Շէյֆըր), «Մեծապատիւ մուրացկաններ» (Յակոբ Պարոնեան), «Վարժապետին աղջիկը» (Տիգրան Կամսարական), «Ստահակի մը օրագիրը» (Օսթրովսկի), «Սիրանօ տը Պերժերաք» (Էտ. Ռոսթան) եւ ուրիշ թատերախաղեր:
1967-2000 թուական Վարուժան Խտըշեանը տասնեակներով թատերախաղեր կը բեմադրէ թէ՛ «Թատրոն 67» թատերախումբով եւ թէ՛ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբով: Անոր բեմադրածներէն կրնանք յիշել` «Սալեմի վհուկները» (Արթըր Միլլըր), «Չորս պատկերներ»-ը (Անտոն Չեխով), «Մեծ վարպետ Սոլնես»-ը (Հ. Իբսեն), «Իտալական յարդէ գլխարկ»-ը (Լապիշ), «Ո՞վ է վախցողը Վերճինիա Վուլֆէն»-ը (Ալպի), «Վերակացուն» (Փինփ), «Հին աստուածներ»-ը, «Եսի մարդը», «Վենիտիկեան երկուորեակներ»-ը, «Բոլոր զաւակներս»-ը, «Գինը», «Օսքար»-ը, «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», «Շերի նուար»-ը, «Կայսրը», «Պրիզպանի գաղթականը», «Եբբէ»-ն, «Երկնքի ճամբով»-ը, «Ցանկայարոյցներու վերջինը»:
——————-