Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական Ժողով
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ 18 մարտ 2018-ին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի:
Ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան ծաւալած բազմաբնոյթ աշխատանքը, կատարեց համապատասխան եզրայանգումներ, ներկայացուց առաջարկներ եւ ուղենշումներ յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար:
Ներկայացուցչական ժողովը բարձրօրէն գնահատեց տագնապալի տարիներուն եւ դժուարին պայմաններուն Համազգայինի ծաւալած գործունէութիւնը եւ, հակառակ բազմապիսի խոչընդոտներու, իրականացած կազմակերպ աշխատանքը:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ յառաջիկայ երկամեակի Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ կազմը` Կարօ Ալեքսանեան, Արփի Սանոսեան, Շաքէ Սելեան, Սարգիս Պալապանեան, Պերճ Պօղիկեան, Սալբի Թիւֆէնքճեան եւ Զաւէն Պարսումեան:
Կիպրոս
Այցելութիւններ` Ազգային Առաջնորդարան
* 5 մարտին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղըլեանը, որ դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ:
Սրբազան հայրը նախ շնորհաւորեց դեսպանը, որ հաւատարմագիրները յանձնելով Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի պաշտօնապէս կը ճանչցուէր որպէս դեսպան: Ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց կիպրահայ գաղութի բոլոր բնագաւառներուն մէջ կատարուող աշխատանքները: Սրբազանը մեծ ուրախութեամբ ըսաւ դեսպանին, որ իր պաշտօնականացմամբ աւելի անմիջական պիտի ըլլան իրենց կապերը եւ գործակցութեամբ պիտի շարունակեն իրենց նպաստը բերել ազգին եւ հայրենիքին:
Դեսպանը իր կարգին նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` հայրենիքի եւ դեսպանութեան հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ կապուածութեան համար, եւ ապա լայն կերպով անդրադարձաւ դեսպանութեան աշխատանքներուն:
Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի սրտի խօսքէն ետք ներկաները առիթը ունեցան լուսաբանական հարցումներ ուղղելու դեսպանին:
* 13 մարտին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մէջ Գերմանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ֆրանզ Ճոզեֆ Քրեմփը, որ դիմաւորուեցաւ Խորէն արք. Տողրամաճեանին կողմէ:
Սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այս առաջին այցելութեան համար, ապա շնորհաւորեց դեսպանը նոր պաշտօնի ստանձնումին համար եւ կիպրահայութեան անունով բարեմաղթութիւններ ըրաւ:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հարցի լուծման համար Գերմանիոյ պետութեան նախաձեռնած քայլերը, բռնագրաւուած եկեղեցապատկան ու ազգային կալուածներու, եկեղեցիներու, Ս. Մակարայ վանքին եւ կիպրահայ գաղութին մասին: Սրբազանը նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ կիպրահայ գաղութի հոգեւոր, ազգային, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական կառոյցներու մասին:
Ապա սրբազան հայրը եւ դեսպանը այցելեցին Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի եւ «Նարեկ» վարժարան: Դեսպանը, իրեն տրուած տեղեկութիւններէն ետք, հիացմունքով արտայայտուեցաւ կիպրահայ համայնքի աշխուժ գործունէութեան մասին:
Աւարտին, սրբազան հայրը հայութեան անունով անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց Գերմանիոյ պետութեան, որ 2 յունիս 2016-ին ցարդ պաշտօնապէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 28 երկիրներէն մին հանդիսացած էր, ինչպէս նաեւ` հայութեան եւ յատկապէս Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերած բարոյական ու մարդասիրական ամէն տեսակի օժանդակութեանց համար:
Ֆրանսա
Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Ղարաբաղեան շարժումի 30-ամեակին առիթով, 13 մարտին Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքի Օպեթի դղեակի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ. թաքնուած գանձ» լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը: Ներկայացուած էին արցախցիներու առօրեան, Արցախի հարուստ բնաշխարհը, պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, Հայաստանի դեսպան Պարոյր Յովհաննէսեանը, նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Համահայկական Ֆլեշմոպ. Խրոխտ Քոչարին Ոտքի Կը Հանէ Հայ Ժողովուրդը
Հայաստանի համար 2018 թուականը յոբելենական տարի է. ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման, մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակները: Սփիւռքի մէջ բնակող հայերը նոյնպէս անմասն պիտի չմնան այս կարեւոր իրադարձութիւնները նշելէն: Ֆրանսայի Կրենոպլ քաղաքի հայկական մշակոյթի տունը, օրինակ, մայիս 26-ին հանդէս պիտի գայ լայնածաւալ նախաձեռնութեամբ` կազմակերպելով համահայկական «Արի՛, պարի՛ր քոչարի» խորագրով ֆլեշմոպը, որուն կրնան մասնակցիլ անհատներ, ստեղծագործական խմբակներ, պարային համոյթներ, մշակութային կեդրոններ, կրթօճախներ, զօրամասեր:
Մտայղացման համաձայն, այդ օրը մեր հայրենակիցները պէտք է իրենց բնակութեան քաղաքին մէջ քոչարի պարեն, տեսանկարահանեն պարն ու ուղարկեն կազմակերպիչներուն: Աւելի ուշ տեսանիւթը պիտի հրապարակուի ֆլեշմոպի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին վրայ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Կրենոպլի Հայկական մշակոյթի տունի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, նախաձեռնութեան հեղինակ Սիրանուշ Խաչատրեանը, նախագիծին նպատակը Հայաստան եւ սփիւռք բնակող հայերուն յաղթական քոչարի պարելու գաղափարի շուրջ համախմբելն է` ի նշան մեր հերոսական անցեալի եւ ազգային միասնականութեան:
Կրենոպլի հայերու նախաձեռնութեան կ’աջակցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Լիոնի հիւպատոսարանը:
Աւելցնենք, որ նախագիծը առաւել հանրահռչակելու նպատակով ստեղծուած են կայքէջ, ֆէյսպուքեան եւ թուիթըրեան էջեր, պատրաստուած է գովազդային տեսահոլովակ:
[email protected]
www.facebook.com/aripariqochari/
Միացեալ Նահանգներ
Արցախի Եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազաններու Այցելութիւնը Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Եւ Ռ. Թիւֆէնքեան Վարժարաններ
13-14 մարտին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը այցելեցին Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարան եւ Ազգային Ռ. Թիւֆէնքեան մանկամսուր, արցախեան պայքարի շունչը տարածելով պատանի ու մանուկ աշակերտներու հոգիներուն մէջ:
Ազգային Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Վահան Մեհրապեանը խօսք առնելով` ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ վարժարանի ազգային բնոյթի ձեռնարկներուն: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ աշակերտական գեղարուեստական յայտագիր:
Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Արցախը միշտ եղած է հայկական հող եւ անբաժանելի մասը Հայաստանին: Յաջորդաբար խօսք առին երկու առաջնորդ սրբազանները, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին այս տարուան յիշատակելի թուականները: Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը թելադրեց աշակերտներուն` մայիս 28-ի ոգիով ապրիլ, որպէսզի օր մը ազգովին հասնինք մեր հայրենիքի ամբողջական ազատութեան: Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը խօսելով Արցախի մասին` ըսաւ, որ Արցախը մտած է զարգացման ընթացքի մէջ, տարուէ տարի կը զօրանայ, թէեւ երբեմն բախումներ ալ տեղի կ՛ունենան, բայց ժողովուրդը չի յուսալքուիր, այլ կը պայքարի իր ազատութիւնը պահելու համար: Ան նաեւ ցանկութիւն յայտնեց, որ տարիներու աւանդութեան համաձայն, վարժարանին 8-րդ դասարանի աշակերտները այս տարի երբ Հայաստան այցելեն, նաեւ Արցախ այցելեն, աւելի լաւ հասկնան, թէ ի՛նչ է Արցախը:
Ազգային Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրին մէջ ողջոյնի խօսք արտասանեց վարիչ Արսինէ Աղազարեանը, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը կատարողութեամբ աշակերտներուն: Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին երկու առաջնորդ սրբազանները: Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը ողջունեց եւ օրհնեց աշակերտները` մաղթելով, որ 30 տարիներէ ի վեր շարունակուող արցախեան պայքարի ոգին բոցավառի բոլոր հայ աշակերտներու հոգիներուն մէջ:
Պոսթընի Համազգայինը Ունեցաւ Նոր Վարչութիւն
Վերջերս Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Պոսթընի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր ժողովը, որ գլխաւորաբար կեդրոնացաւ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան ծրագիրը մշակելու գործին վրայ:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ մասնաճիւղի նոր վարչութիւն` հետեւեալ կազմով. Խաժակ Մկրտիչեան (ատենապետ), Վերժինի Թուլումեան (փոխատենապետ), Սամուէլ Չաքմաքճեան (քարտուղար), Րաֆֆի Զարգարեան (գանձապահ), Թաթուլ Պատալեան, Լոր Աստուրեան եւ Վազրիկ Չիլոյեան (խորհրդականներ):
Նորընտիր վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Պոսթընի մշակութասէր երիտասարդներուն` միութեան շարքերուն միանալու ի խնդիր հայ մշակոյթի պահպանման, զարգացման եւ տարածման:
Քանատա
Աստուածաշունչի Առաջին Տպագրութեան 350-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Եւ «Ոսկան» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ հովանաւորութեամբ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ամոլին, 10 մարտին տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին նուիրուած գիտաժողով:
Բացման խօսքը կատարեց ձեռնարկի նիստավար Հրաչ Գասպարը, որ ներկայացուց ձեռնարկին կարեւորութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ ծանօթացուց ներկաներուն Ոսկան Երեւանցին եւ անոր դարը:
Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցան` փրոֆ. Ատրիանա Պարրա, որ խօսեցաւ Աստուածաշունչի եւ աւանդութեան մասին, վեր. տոթք. Մանուէլ Ճանպազեան խօսեցաւ հինգերորդ դարու Աստուածաշունչի առաջին հայերէն թարգմանութենէն մինչեւ Երեւանցիի տպագիր օրինակը: Խաժակ արք. Յակոբեան ներկայացուց հայերէն Աստուածաշունչի կանոնական կառոյցը եւ Ոսկան Երեւանցիի տպագրած տարբերակը: Բաբգէն արք. Չարեան կատարեց հաւատքի ու ազգակերտման պատմական զուգահեռներ եւ անդրադարձաւ տպագիր առաջին հայերէն Աստուածաշունչի ներազդեցութեան մասին:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Յակոբ Փափազեանին բեմադրած «Ոսկան» ժապաւէնը:
Լոռիի Եւ Ջաւախքի Ի Նպաստ Քանատայի Զօրակցական Հաւաքներուն Շուրջ 75.000 Տոլարի Արժողութեամբ Հանգանակութիւն Կատարուեցաւ
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 17 եւ 18 մարտին Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան զօրակցական հանդիսութիւններ` ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի:
Թորոնթոյի մէջ շաբաթ, 17 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, իսկ 18 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մոնրէալի «Պաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքներուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ հայրենիքէն ժամանած երգիչ Գէորգ Հաճեան, որ իր գուսանական եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով խանդավառ պահեր ստեղծեց: Հանդիսութիւններու գլխաւոր պատգամաբերն էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեանը, որ շեշտեց հայրենիքի հիւսիսային հատուածին դարպասապահ շրջանները հանդիսացող Լոռիի եւ Ջաւախքի ռազմաքաղաքական կարեւորութիւնը: Մոնրէալի հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Քանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Անի Օհանեանը: Զօրակցական հաւաքներու ընթացքին գոյացաւ մօտ 75 հազար տոլար: