Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Բանաձեւերը

Մարտ 29, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արցախեան ազատագրական պայքարին 30-ամեակին առիթով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի  մասնաճիւղը  մարտ 17-ին միօրեայ համաժողով կազմակերպեց: Համաժողովը տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ  Էնսինօ քաղաքի Ֆերահեան ազգային վարժարանին մէջ: Բանախօսներն էին` պատմաբան դոկտ. Կարօ Մոմճեանը, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի խորհուրդի անդամ Սթիւըն Տատայեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեւոն Կիրակոսեանը եւ Վաչէ Թոմասեանը: 

Ստորեւ ներկայացուած են հատուածներ` համաժողովին ընթացքին մեր (Յ. Ս.)  ելոյթէն.

Միացեալ ազգերու կազմակեպութեան (ՄԱԿ) Ապահովութեան խորհուրդը 1993-ին` արցախեան պատերազմի ժամանակ ընդունած է չորս բանաձեւ` պահանջելով հայկական ուժերու դուրս բերում, ռազմական բոլոր գործողութիւններու դադրեցում, կոչ ընելով` բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան կարգաւորում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:

Այս չորս բանաձեւերը յաճախ կը մէջբերեն ազրպէյճանական լրատուական միջոցները, որոնք կը գտնուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններու խիստ հսկողութեան տակ: Վերջին 25 տարիներուն ազրպէյճանցիները բազմիցս դատապարտած են Հայաստանը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը չգործադրելուն համար եւ զանոնք վերածած`  Հայաստանի դէմ շարունակուող իրենց քարոզչական պատերազմին մէկ մասը:

Սակայն Ազրպէյճան խեղաթիւրած է այդ բանաձեւերուն բովանդակութիւնն ու համագրութիւնը` փորձելով մոլորութեան մէջ պահել միջազգային հասարակական կարծիքը: Ազրպէյճան ի՛նք չէ գործադրած այս բանաձեւերը: Երբ մէկ կողմը (Ազրպէյճան) կը խախտէ այս բանաձեւերը, ան չի կրնար մեղադրել միւս կողմը (Հայաստան)` զանոնք չգործադրելու յանցանքով:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը բաղկացած է 15 պետութիւններէ, որոնցմէ հինգը մնայուն անդամներ են եւ ունին վեթոյի իրաւունք (ԱՄՆ, Ռուսիա, Չինաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա), իսկ միւս տասը ոչ մնայուն անդամներ են եւ կ՛ընտրուին երկու տարի ժամկէտով: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պատասխանատու է ազգերու միջեւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման: ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները պարտաւոր են կատարել Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները:

Յատկապէս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ կեղծաւորութիւն է մեղադրել Հայաստանը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը չկատարելու յանցանքով, այն պարագային, երբ Թուրքիա ի՛նք խախտած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի աւելի քան 60 բանաձեւերը` սկսեալ 1974 թուականէն, Հիւսիսային Կիպրոս ներխուժելէն ետք:

Այժմ, եկէք, դիտարկենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը, որոնք միաձայնութեամբ ընդունուած են 15 անդամ պետութիւններուն կողմէ: Այս չորս բանաձեւերուն որոշ դրոյթներու վերջաւորութեան սեւ տառատեսակով աւելցուցած եմ իմ մեկնաբանութիւնները:

Հատուածներ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 822 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 30 ապրիլ 1993-ին.

«Կը պահանջէ ռազմական եւ թշնամական բոլոր գործողութիւններու անյապաղ դադրեցում` կայուն զինադադար հաստատելու համար, ինչպէս նաեւ բոլոր գրաւող ուժերու դուրս բերումը Քելբաջարի շրջանէն եւ Ազրպէյճանի` վերջերս գրաւուած այլ տարածքներէն»: Վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճան մնայուն կերպով խախտած է հրադադարը` շարունակ կրակելով Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններու ամբողջ երկայնքին:

«Կողմերուն կոչ կ՛ընէ անյապաղ վերսկսիլ հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով բանակցութիւնները` Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի Մինսքի խումբի խաղաղութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս եւ ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութենէ, որ կը խոչընդոտէ հարցին խաղաղ լուծումը»: Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի (հետագային` ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը բաղկացած է երեք համանախագահներէ` ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա. անոնք  կը հանդիսանան պաշտօնական միջնորդները, որոնք կ՛օգնեն լուծելու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, այլ ոչ թէ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը:

«Կոչ կ՛ընէ անարգել մուտք ապահովել տարածաշրջանի մէջ միջազգային մարդասիրական օգնութեան համար, մասնաւորաբար հակամարտութեան ազդեցութեան տակ գտնուող բոլոր շրջաններուն մէջ` քաղաքացիական բնակչութեան տառապանքները թեթեւցնելու նպատակով, եւ կը վերահաստատէ, որ բոլոր կողմերը պարտաւոր են պահպանել միջազգային մարդասիրական սկզբունքներն ու կանոնները»: Հակառակ այս դրոյթին` Ազրպէյճան փորձած է խոչընդոտել Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական միջազգային օգնութեան տրամադրումը:

Հատուածներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 853 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 29 յուլիս 1993-ին.

«Անգամ մը եւս իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ մեծ թիւով քաղաքացիներու տեղահանման եւ տարածաշրջանի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական լուրջ ու արտակարգ իրավիճակի վերաբերեալ»: «Տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական լուրջ ու արտակարգ իրավիճակի վերաբերեալ» յղումը կը վերաբերի նաեւ Ազրպէյճանի հայ գաղթականներուն:

«Վերահաստատելով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ տարածաշրջանի միւս բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»: Այս դրոյթը կը վերաբերի ինչպէս Հայաստանին, այդպէս ալ Ազրպէյճանին:

«Վերահաստատելով նաեւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը` տարածք ձեռք բերելու համար»: Համաձայն միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի արձանագրութիւններու, Արցախի հայերը ունին ինքնորոշման իրաւունք:

«Վերոնշեալ 3-րդ եւ 4-րդ կէտերու համագրութեան մէջ կը կրկնէ իր նախկին կոչերը` տարածաշրջանին մէջ տնտեսական, երթեւեկութեան եւ ուժանիւթի կապերու վերականգնման համար»: Այս դրոյթը կը խախտեն Ազրպէյճան եւ Թուրքիա` իրենց կողմէ իրականացուած Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակմամբ:

«Կոչ կ՛ընէ շահագրգիռ կողմերուն` ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութենէ, որ կը խոչընդոտէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը եւ հետամուտ կ՛ըլլայ բանակցութիւններու վարման` Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի Մինսքի խումբի շրջանակներէ ներս, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ ուղիղ շփման միջոցով` վերջնական կարգաւորման նպատակով»: Յղումը «շահագրգիռ կողմերուն» եւ «անոնց միջեւ ուղիղ շփումը» կ՛ենթադրէ Արցախի ներգրաւումը բանակցութիւններու մէջ, ինչպէս եղած է նախապէս: Ազրպէյճան արգելափակած է Արցախի մասնակցութիւնը` բանակցութիւններուն:

«Կոչ կ՛ընէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` շարունակել իր ազդեցութիւնը` հասնելու համար Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի հայերու կողմէ իր թիւ 822 (1993) բանաձեւին եւ սոյն բանաձեւի կատարման եւ այս կողմի` Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի Մինսքի խումբի առաջարկի ընդունման»: Հայաստան կը համակարգէ իր բանակցային դիրքորոշումը Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ: Սակայն Արցախի դուրս բերումը բանակցութիւններէն` կը բարդացնէ համակարգման առաջադրանքը: Աւելի՛ն. Արցախ ճանչցուած  պետութիւն եւ ՄԱԿ-ի անդամ չըլլալով` պարտաւոր չէ կատարելու այս բանաձեւերէն որեւէ մէկը:

«Կոչ կ՛ընէ պետութիւններուն` ձեռնպահ մնալ մատակարարելէ որեւէ տեսակի զէնք եւ զինամթերք, որոնք կրնան յանգեցնել հակամարտութեան խորացման կամ տարածքներու երկարատեւ գրաւման»: Այս դրոյթը կը խախտեն` Թուրքիան, Ռուսիան, Իսրայէլը, Չեխիան, Ուքրանիան, Փաքիստանը եւ քանի մը այլ երկիրներ, որոնք Ազրպէյճանին մատակարարած են միլիառաւոր տոլարի զէնքեր:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

(Շարունակութիւնը` յառաջիկայ շաբաթ)

 

 

 

 

Նախորդը

911 Եւ 9/11

Յաջորդը

«Թատրոնի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Վարչութիւնը Մեծարեց Թատրոնի Հինգ Գործիչներ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?