Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւնները

Մարտ 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ Մելիք Գարագաւորեան 22 մարտ 2018-ին կը գտնուէր Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը: 22 մարտին Վալանս քաղաքի Հայ մշակոյթի տունին մէջ հանդիպում-զրոյց տեղի ունեցաւ շրջանի լիբանանահայութեան հետ` 6 մայիսի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին: Հանդիպման ընթացքին Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց տուեալ ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ` համայն հայութեան: Հանդիպումին անդրադարձ եղաւ, որ մշակուած նոր օրէնքը լիբանանահայութեան կ՛ընձեռէ  պատմական առիթ` վերականգնելու իր ամբողջական իրաւունքները: Ըսուեցաւ, որ այս օրէնքը աւելի ժողովրդավար է եւ արդար գէթ այն պատճառով, որ ան մեծամասնականէն անցում կը կատարէ համամասնականի: Այս օրէնքը կը նպաստէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ճշգրիտ ներկայացուցչական պատկերի ապահովման:

Մելիք Գարագաւորեան ըսաւ. «Վերջապէս մենք այսօր կարելիութիւնը ունինք մենք մեր սեփական ուժերով վերականգնելու հայկական երեսփոխանական պլոքը: Վերջապէս մենք այսօր կարելիութիւնը ունինք վերադարձնելու երկար ատենէ ի վեր լիբանանահայութեան զլացուցած արդար իրաւունքները: Այդ բոլորը ապահովելու համար անհրաժեշտ է լիբանանահայութեան ամբողջական նեցուկը, զօրակցութիւնը:

Անհրաժեշտ է նախ 29 ապրիլին ձեր քուէները, ձայները, ձեր քաղաքական զօրակցութիւնը` Լիբանանի ձեր պարագաներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն` ի խնդիր լիբանանահայութեան հզօրացման, ապա 6 մայիսին լիբանանահայութիւնը բնականաբար կ՛ակնկալէ եւ կը սպասէ ձեր եւ ամբողջ լիբանանահայութեան բարոյական եւ քաղաքական զօրակցութիւնը, որպէսզի 6 մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններու յաղթանակը հանդիսանայ համայն հայութեան յաղթանակը` ի խնդիր համայն հայութեան քաղաքական դիրքերու հզօրացման»:

Նախորդը

«Չինական Երազը» Եւ Հայաստանը (Մաս 2)

Յաջորդը

Տնտեսակա՞ն, Թէ՞ Կրթական Ներդրում

RelatedPosts

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In