Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով բիւր յարգանք եւ բիւր պատիւ` հայ թատրոնի սպասարկուներուն:
Անոնք հայապահպանման մարտիկներ են:
Յարգա՛նք եւ պատի՛ւ` հին ու նոր բոլոր նուիրեալներուն, արհեստավարժ թէ սիրողական մակարդակի հաւատացեալներուն:
Յարգա՛նք ու պատի՛ւ` թատերագիրին, բեմադրիչին, դերասանին, բեմավարին, բեմի յարդարանքի թէ ձայնի սարքաւորումի պատասխանատուին, հանդերձանք ձեւաւորողին, աֆիշ եւ գրքոյկ պատրաստողին, յուշարարին, կիշէի թէ քուլիսներու ետին կանգնող անհատներուն անխտիր:
Յարգա՛նք ու պատի՛ւ` հայ թատրոնը բեմ բարձրացնող միութեան, վարչութեան թէ անհատին:
Յարգա՛նք ու պատի՛ւ` հայ թատրոնին առաքելութեան հաւատացող թատերասրահ կառուցող բարերարին, թատերասրահի վարչականներուն, նուիրատուներուն, ծանուցողներուն:
Յարգա՛նք ու պատի՛ւ` հայ թատրոնը արթուն, ազդարարող, ուղղող, խթանող ու սրբագրող պահող բոլոր նուիրեալներուն:
Յարգա՛նք` հայ թատրոնի ճամբով հայը հայ պահող հայ մարտիկներուն: