Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մինչեւ Նախագահութիւն Եւ Նաեւ Նախագահութեան Օրով

March 27, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտրացանկերու վերջնականացումն ու ընտրական դաշինքներու ճշդումը ըստ ընտրական օրէնքի ամրագրած ընթացակարգային ժամկէտներու կ՛ընթանայ առանց անակնկալներու եւ առանց ցնցումներու:

Ընտրական փառատօնային հաւաքով յայտարարուեցաւ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան համալիբանանեան, բոլոր ընտրաշրջաններուն համար առաջադրուած անուանացանկը:

Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը բնականաբար զուտ ընտրական դաշինքի պարագայական տրամաբանութեամբ չի բացատրուիր: Յատկապէս զօր. Աունի աքսորէն վերադարձէն ետք, Դաշնակցութիւնը ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներով առաջին օրէն համագործակցեցաւ զօրավարին եւ անոր ղեկավարած շարժումին հետ:

Իրադրութիւնները ունին իրենց շարունակականութիւնն ու  հետեւողականութիւնը, որքան ալ քաղաքական գործընթացներուն մէջ դիրքերէ շեղումներ, կտրուկ շրջադարձներ նկատուին: Այժմու նախագահը առաջին օրէն մնաց սկզբունքային` օրինականութեան  եւ  ընդհանրապէս պետական հաստատութիւններու հեղինակութիւնն ու  վարկը գերադասելու կեցուածքներուն ուղղութեամբ: Նախքան նախագահ ընտրութիւնը հանդէս եկաւ ո՛չ միայն համաքրիստոնէական, այլ նաեւ համահամայնքային առաջադրանքներու գերադասումով: Յատկապէս նախագահ ընտրութենէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններն ու գործնապէս ցոյց տրուած անաչառութիւնն ու անկողմնակալութիւնը շատ արագ համոզեցին բոլորը, որ ան կը մեկնի իրաւամբ համալիբանանեան շահերէ եւ պետական բարձրագոյն պաշտօնը ստանձնած ըլլալու պատասխանատուութեան թելադրականութենէն:

Թէ՛ վարչապետին եւ թէ՛ խորհրդարանի նախագահին հետ կապուած ճգնաժամերուն, համակողմանի համոզումներով նախագահը ցոյց տուաւ` պետական մարդէ ակնկալուած սառնասրտութիւն, խոհեմութիւն, փոխանակ հարցերը հրահրելու եւ պետական կեանքը անդամալուծելու, միշտ օրէնքի գերադասումով երկխօսութեան միջոցով հանգուցալուծումներ ապահովելու վարքագիծի հետեւողական դրսեւորում:

Նախագահի ընտրաքաղաքական կենսագրութիւնը արձանագրեց, որ ան ամէն փուլի շարունակեց գերակայ ուղղութիւն նկատել համայնքներու իրողական ներկայացուցչութեան յարգումը, միջհամայնքային համակեցութիւն ապահովելու համար արդար չափաբաժիններով իրաւունքներու տեղաբաշխումը:

Թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր արտասանած ճառով, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն տուած իր պետական այցելութեամբ նախագահ Աուն փոխանցեց կարեւորագոյն ուղերձներ միջազգային ընտանիքին` Հայ դատին, հայկական գործօնին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` լիբանանահայ համայնքին եւ Լիբանան-Հայաստան  միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն մասին:

Այս բոլորը նախադրեալներու ամփոփումն է, որ ահաւասիկ այսքան ժամանակ Դաշնակցութիւնը արդիւնաւէտ` ո՛չ միայն ընտրական, այլ նաեւ քաղաքական համագործակցութեան յաջող ընթացք կ՛արձանագրէ նախագահ Աունի հետ: Նախագահը այսօր բնականաբար ընտրական գործընթացներուն միջամտող չէ: Իր պաշտօնին բերումով առնչակից չէ նաեւ ամբողջ ընտրական գործընթացին` քարոզարշաւային տրամաբանութեամբ:

Դաշնակցութիւնը ունի աւանդութիւնը օրինականութեան բարձրագոյն դիրքին եւ զայն ներկայացնող անձին հետ իր քաղաքական համագործակցութիւնը ծաւալելու եւ անոր լոյսին տակ կնքելու նաեւ իր ընտրական դաշինքները: Այս պարագային, յետադարձ շարժառիթներ առկայ են եւ կը վերաբերին մինչ նախագահ դառնալը զօրավար Աունի հետ մեր ունեցած ընտրական եւ քաղաքական արդիւնաւէտ գործակցութեան: Իսկ այս մէկը թէ՛ համալիբանանեան, թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ համահայկական նախադրեալներու ամրագրած փաստերով:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Կոչ Կ՛ուղղէ Սքրիփալի Դէպքի Կրկնութեան Կանխարգիլումը Երաշխաւորելու

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.