Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 28, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Կիրօ Մանոյեան. «Թուրքիոյ Աֆրին Ներխուժումը Քաղաքական Առեւտուրի Հետեւանք Է»

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը «Արմենփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիոյ սուրիական Աֆրին քաղաք ներխուժումին մէջ քաղաքական առեւտուրը ակնյայտ է:

«Համաձայն չըլլալով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ անօրէն քայլերուն, ըստ երեւոյթին, Միացեալ Նահանգներ չեն փափաքիր Թուրքիոյ հետ առճակատումի երթալ: Այս մօտեցումը քրտական ուժերը որոշ չափով մղեց, որ նահանջեն եւ Աֆրինի վիճակը չըլլայ այն, ինչ եղաւ այլ քաղաքներու մէջ, ուր տարբեր զինեալներ երկար ժամանակ դիմադրութիւն ցոյց տուին` իրենց հակակշռին տակ պահելու տուեալ բնակավայրերը, սակայն այդ քաղաքները ամբողջութեամբ քանդուեցան: Աֆրինի մէջ այսպէս չեղաւ, թէեւ Թուրքիա հիմա կը յոխորտայ, որ ինք յաղթեց, սակայն իրականութիւնը այն է, որ քրտական ուժերը որոշած էին քաշուիլ եւ փարթիզանական կռիւներ մղել, որպէսզի ի վերջոյ թրքական ուժերը դուրս մղեն այդ շրջանէն», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Անոր խօսքով, հարցը նաեւ այն է, որ Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ այսքանով պիտի չսահմանափակուի, ընդհակառա՛կն, իր գործողութիւնները պիտի շարունակէ հասնելու համար Սուրիա-Իրաք սահման, որպէսզի իր հարաւային սահմանը անվտանգ պահէ:

Անդրադառնալով այս ծիրէն ներս Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող հայութեան սպառնացող վտանգներուն` Մանոյեանը ըսաւ. «Հիւսիսային հիմնական քաղաքը, ուր հայեր կը բնակին, Գամիշլին է, եթէ իսկապէս գործողութիւնները այնտեղ հասնին, ապա սա կը նշանակէ, որ հայութիւնը վտանգի մէջ կրնայ յայտնուիլ: Թէ որքան հայ կը բնակի այդ հատուածին մէջ, յստակ տեղեկութիւն չկայ, սակայն մօտաւորապէս քանի մը հազարի մասին է խօսքը: Ես վստահ չեմ, որ զանազան ուժեր` ըլլան անոնք ԱՄՆ, թէ Ռուսիա, թոյլ կու տան, որ Թուրքիա այդքան ծաւալի», ըսաւ Կիրօ Մանոյեանը:

Թէ ի՛նչ է այն կարմիր գիծը, որմէ այն կողմ միջազգային ուժերը թոյլ չեն տար, որ Թուրքիան յառաջանայ, ըստ Կիրօ Մանոյեանին, դժուար է պարզել: Անոր խօսքով, Սուրիոյ մէջ ներկայութիւն ունին բաւական հակասական շահերով պետութիւններ, որոնք ամէն պահու կրնան իրենց կեցուածքը փոխել:

Նկատի առնելով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները` Կիրօ Մանոյեանը յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծման ուղղուած քաղաքական գործընթացը վտանգուած է:

«Սուրիական տագնապը արագօրէն պիտի չհասնի իր աւարտին, որովհետեւ ան դուրս եկած է ներսուրիական հարց ըլլալէ եւ վերածուած` տարածաշրջանին մէջ շահեր ունեցող տարբեր ուժերու ուղղակի բախումին: Այս իրավիճակը, բնականաբար, պիտի ուշացնէ Սուրիոյ ներքաղաքական հարցերու լուծումը: Քաղաքական լուծման ուղղուած զանազան ձեւաչափերով քննարկումները կը շարունակուին, բայց հարցին լուծումը չի կարգաւորուիր, այնքան ատեն որ այդ ուժերը դուրս չեն եկած Սուրիայէն», դիտել տուաւ Մանոյեանը:

Խարուկահանդէս` Երիտասարդներու Եւ Պատանիներու Մասնակցութեամբ

Մարտ 22-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է խարուկահանդէս, որ նախաձեռնած են ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան «Ս. Թեհլիրեան» եւ  «Բեկոր» խումբերը, մասնակցած են մօտաւորապէս 60 ընկերներ` ՀՅԴ ԱԵՄ-ի երիտասարդներ եւ պատանիներ:

Նշենք, որ ձեռնարկը ընթացած է ուրախ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ, ժամանցային խաղերու, ազգային երգ ու պարի ուղեկցութեամբ: Կազմակերպուած է նաեւ ազգային պարերու ուսուցման դասընթացք` նոր ընկերներու համար:

Ամերիկահայ Վարագ Ղազարեանը Քալելով Կը Շրջի Արցախի Գիւղերը

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու երիտասարդական միութեան անդամ Վարագ Ղազարեանը մարտ 21-էն քայլարշաւի սկսած է` Արցախի բոլոր շրջաններէն անցնելու համար:

Վարագ Ղազարեանը ըսած է, որ գաղափարը յառաջացած է Հայաստանի մէջ  ամերիկեան Peace Corps կազմակերպութեան կողմէ «Սահմանէ սահման» ծրագրին մասնակցելու ընթացքին, որուն ծիրին մէջ արդէն 8 ամիսէ կը գտնուի Հայաստան:

Վարագը կը նախատեսէ քալելով շրջիլ Արցախի բոլոր շրջաններու 28 գիւղեր, տեղի դպրոցականներուն հետ խօսիլ առողջ ապրելակերպի մասին, լսել գիւղացիներուն պատմութիւնները եւ անձամբ տեսնել Արցախի մէջ ապրողներու կենցաղն ու սովորութիւնները:

 «Թուֆէնքեան» Հիմնադրամը Ազատագրուած Տարածքին Մէջ Արքայանարինջի Պարտէզ Հիմնած Է

«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, վերջերս Քաշաթաղի շրջանի Վան համայնքի հողատարածքին վրայ տնկուած է 2370 արքայանարինջի ծառ:

Այս մասին ըսած է «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի օգնական Մետինա Յովհաննիսեանը` աւելցնելով, որ պարտէզը հիմնուած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ամերիկահայ Վիքթոր Զարուգեանին հովանաւորութեամբ:

Ըստ անոր, ծրագիրին հիմնական նպատակն է Արցախի մէջ հողագործութեան զարգացումը եւ աշխատատեղերու ստեղծումը` շրջաններու մէջ:

«Հիմնադրամը վարձակալած է Վան համայնքի հողատարածքը: Ծառերը տնկած են գիւղի բնակիչները, որոնք վարձատրուած են իրենց կատարած աշխատանքին դիմաց: Հիմնուած բոլոր պարտէզներուն մէջ կ՛աշխատին տուեալ գիւղերու բնակիչները», նշեց Յովհաննիսեանը` շեշտելով, որ ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ, որովհետեւ ասիկա «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ հիմնած 3-րդ պարտէզն է:

Յովհաննիսեանը յայտնեց, որ հիմնադրամը հիմնած է 5 հեկտար նուռի պարտէզ` Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ , 7 հեկտար պարտէզ` Քաշաթաղի շրջանի Երիցվանք համայնքին մէջ: Բերքէն ստացուած շահը պիտի ուղղուի հետագայ բարեգործական ծրագիրներու իրականացման:

 «Նարեկացի» Միութեան Տունին Մէջ Պիտի Կայանայ «Իմ Ղարաբաղը» Ակնարկին Քննարկումը

Ապրիլ 7-ին Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան տունին մէջ պիտի կայանայ «Իմ Ղարաբաղը» ակնարկին քննարկում-հանդիպումը` լրագրող Մարք Գրիգորեանին հետ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան համակարգող Մարիամ Անդրէասեանը` նշելով, որ մուտքը ազատ է բոլոր փափաքողներուն համար:

Յիշեցնենք, որ Մարք Գրիգորեանը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Մինչեւ լրագրողական աշխատանքի անցնիլը` դասաւանդած է Պուշկինի անուան միջնակարգ դպրոցին, Երեւանի պետական եւ «Անանիա Շիրակացի» համալսարաններուն մէջ:

Լրագրողական գործունէութիւնը սկսած է 1993 թուականին` աշխատելով ԱԻՄ կուսակցութեան ռուսալեզու «Սվոպոտա» թերթին մէջ, նախ իբրեւ փոխխմբագիր, ապա` գլխաւոր խմբագիր:

1995 թուականի ապրիլին աշխատանքի անցած է ամերիկեան «AIM_ Armenian International Magazine» ամսագիրին մէջ` իբրեւ երեւանեան թղթակից: Աւելի ուշ ղեկավարած է Հայաստանի Մամուլի ուսումնասիրութեան խնդիրներով զբաղող խումբ հասարակական կազմակերպութիւնը: 1998 թուականէն գլխաւորած է Համագործակցութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը: 2003-ին բնակութիւն հաստատած է Լոնտոն, ուր եւ աշխատած է նախ Պատերազմի ու խաղաղութեան լուսաբանման ուսումնարանին մէջ (IWPR), իսկ յետոյ` BBC հեռուստառատիօ ընկերութեան մէջ:

Մարք Գրիգորեանը նաեւ Լրատուամիջոցներու կովկասեան ուսումնարանի ներկայ «Կովկաս» ուսումնարանի համահիմնադիրներէն է:

Երեւանի Մէջ Համտեսեցին Աշխարհի Ամէնէն Երկար Գաթան

Երեւանի մէջ պատրաստեցին, ցուցադրեցին եւ համտեսեցին աշխարհի ամէնէն երկար գաթան:

Տարբեր չիրերով համեմուած թխուածքը ունէր  4000 սմ երկարութիւն եւ 40 սմ լայնութիւն: Անիկա պատրաստելու համար աշխատած է մօտաւորապէս 30 մարդ: Իւրայատուկ բաղադրատոմսով պատրաստուած գաթայի համտես-հիւրասիրութեան մասնակցած են բազմաթիւ քաղաքացիներ: Յայտնենք, որ այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպած էր «Պանդոկ Երեւան»-ը, որ կը նշէր Տէրեան փողոցի իր մասնաճիւղին քառամեակը:

Հաղորդենք, որ գաթան հայ աւանդական խոհանոցին մէջ շատ տարածուած ու սիրուած աղանդեր է: Հինէն ի վեր անիկա կը զարդարէ տօնական գրեթէ բոլոր սեղաններն ու յաջողութիւն եւ երջանկութիւն կը խորհրդանշէ: Գաթան կը պատրաստէին առաւելապէս տօնական կամ ծիսական առիթներով` Նոր տարի, Բարեկենդան, Տեառնընդառաջ, հարսանեկան ծիսակատարութիւններու, հիւրասիրութիւններու, տօնական այցելութիւններու ժամանակ: Տարբեր շրջաններու մէջ ընդունուած էին գաթայի պատրաստման տարբեր եղանակներ` կլոր, եռանկիւնի, քառակուսի, լուսնաձեւ, տարբեր չափերով:

Ապրիլէն Մինչեւ Հոկտեմբեր Մատենադարանի Ցուցադրութիւնը Բաց Պիտի Մնայ Նաեւ Կիրակիները

Ապրիլէն հոկտեմբեր Մատենադարանի ցուցադրութիւնները բաց պիտի մնան նաեւ կիրակիները: Այս մասին յայտնած է Մատենադարանի պաշտօնական կայքը:

«Նկատի առնելով Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու հոսքերուն ընդլայնման միտումները` «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկ» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ 2018 թուականի ապրիլ-հոկտեմբեր ամիսներուն Մատենադարանի մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնները բաց պիտի ըլլան նաեւ կիրակի օրերուն, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մատենադարանի թանգարանային համալիրը, որ կը գտնուի հին կոթողային շէնքին մէջ, նախկին 1 ցուցասրահի փոխարէն` այժմ բաղկացած է 15 ցուցասրահներէ, որտեղ կը ներկայացուին հազարաւոր ցուցանմուշներ` նախատեսուած ժամանակաւոր, փոփոխական եւ բացառիկ ցուցադրութիւններու համար: Մատենադարանի մօտաւորապէս 20 հազար ձեռագրային շտեմարանէն կը ցուցադրուին ձեռագիրներու պատառիկներ, վաւերագրեր, հնատիպ գիրքեր, թանկարժէք կազմերու նմուշներ, առանձին մանրանկարներ եւ այլն:

«Եւրոտեսիլ 2018». Սեւակ Խանաղեան Ներկայացուց Իր «Քամի» Երգին Տեսահոլովակը

Մարտ 21-ին «Եւրոտեսիլ» մրցոյթի պաշտօնական Եութեուպի կայքին մէջ հրապարակուած է Հայաստանի ներկայացուցիչ Սեւակ Խանաղեանի «Քամի» երգին տեսահոլովակը: Նշենք, որ տեսահոլովակի բեմադրիչը Արթուր Մանուկեանն է:

«Երբ առաջին անգամ լսեցի երգը, հասկցայ, որ պէտք է տեսահոլովակին մէջ ցոյց տալ Սեւակին հոգեվիճակն ու ապրումները: Տեսահոլովակին մէջ որեւէ աւելորդ տարր չկայ, չուզեցի պատկերը  ծանրաբեռնել տեսարաններով, որովհետեւ փորձած եմ չշեղել հանդիսատեսին ուշադրութիւնը երգէն եւ Սեւակէն: Նկատի առնելով այսօրուան միտումները` շեշտադրումը դրած եմ լուսային ձեւաւորման եւ մոնթաժային հնարքներուն վրայ: Յոյսով եմ, որ տեսահոլովակը կ’օգնէ փոխանցելու Սեւակին հոգեվիճակն ու երգին ըսելիքը հայ եւ եւրոպացի հանդիսատեսին», ըսած է տեսահոլովակին բեմադրիչը:

«Այս տեսահոլովակը իմ եւ Հանրային հեռուստաընկերութեան առաջին համագործակցութիւնն է, եւ պէտք է ըսեմ, որ նկարահանումները շատ լաւ ընթացան: Նկարահանման ընթացքին մեծ եւ արհեստավարժ խումբ մը աշխատեցաւ` ի դէմս բեմադրիչ Արթուր Մանուկեանի, որ շատ լաւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պատկերին միջոցով փոխանցել երգին եւ երգիչին զգացումները: Տեսահոլովակին մէջ, ինչպէս բեմին վրայ, շատ անկեղծ եմ: Յոյսով եմ` հանդիսատեսը կը սիրէ մեր կատարած աշխատանքը», ըսած է Սեւակ Խանաղեանը:

https://www.youtube.com/watch?v=olpi6UGmm_Y

Յիշեցնենք, որ «Եւրոտեսիլ 2018»-ը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի մէջ, մայիս 8-ին, 10-ին եւ 12-ին: Հայաստանի ներկայացուցիչը ելոյթ պիտի ունենայ առաջին կիսաեզրափակիչին, որ նախանշուած է մայիս 8-ին:

Ստեփանակերտի Օդակայանին Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Օդապարիկներու Երկրորդ Փառատօնը

Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան եւ «Ել էքսթրիմ փարք» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ամրան պիտի կազմակերպուի օդապարիկներու երկրորդ փառատօնը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մամլոյ պատասխանատու Մերի Ղազարեանը:

Ըստ անոր, 23 մարտին տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեանը Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ «Ել էքսթրիմ փարք» նախագիծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեանի հետ փառատօնի կազմակերպման վերաբերեալ աշխատանքային քննարկում ունեցած է: Յատկապէս քննարկուած են փառատօնին ծրագիրը, ձեռնարկներու ցանկը եւ կատարելիք այլ աշխատանքներ: Սակայն փառատօնի կայացման օրուան մասին այս պահուն տակաւին վերջնական որոշում չկայ. այդ մասին հասարակութեան պիտի տեղեկացուի աւելի ուշ:

 

 

 

Նախորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քարլիստներու Երրորդ Պատերազմը, Հանրապետական Կառավարութիւն Եւ Թագաւորութեան Վերականգնումը

Յաջորդը

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?