Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

911 Եւ 9/11

March 29, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Քալիֆորնիա նահանգը ճանչուած է որպէս երկրաշարժերու եւ հրդեհներու հակամէտ շրջան: Վարժուած ենք:

Ամրան տաք եղանակին, երբ օդի ջերմաստիճանը բնականէն շատ աւելի բարձրանայ, հեռատեսիլի առաջնահերթ լուրերուն մէջ տեղ կը գրաւեն անտառային հրդեհները: Բլուրներու վրայ գտնուող թանկարժէք բնակարանները առաջին զոհերը կը դառնան այդ անզուսպ կրակներուն:

Այս տարուան հրդեհները ամրան տաք եղանակին սպասելու համբերութիւնը չունեցան: Դեկտեմբերի առաջին շաբաթն էր: Սաստիկ ցուրտ օդին միացան ժամական աւելի քան 80 մղոն (130 քմ) արագութեամբ քամիներ` աննշան փոքրիկ կայծ մը վերածելով հրդեհներու, որոնք շուտով տարածուեցան բուսականութեամբ  լեցուն մօտակայ բլուրները: Կարճ ժամանակ ետք բոցերը յառաջացան նաեւ տարբեր շրջաններ եւ դարձան Քալիֆորնիա նահանգի հրդեհներու պատմութեան ամենաահեղը:

Լիբանանի մէջ, նախքան քաղաքացիական պատերազմը, հազուադէպ էր հրդեհներու հանդիպիլ, իսկ երկրաշարժ` մանկութեանս տարիներուն լսած եմ աննշան երկրաշարժի մը մասին, հաւանաբար 50-ականներու վերջերը: Այդ աննշան երկրաշարժերուն յաճախ կը հանդիպինք մեր քով: Մեզի համար բնական երեւոյթ դարձած է եւ շատ անգամ նոյնիսկ չենք զգար: Դարձած ենք «անզգայ»:

Վերադառնալով հրդեհներուն, պատերազմէն ետքն էր, որ Լիբանանի մէջ ականատես դարձանք քանի մը հրդեհներու, երբ կործանարար ռումբ մը կը «հանգչէր» շէնքի մը կամ բնակարանի մը վրայ եւ հրդեհներ կը յառաջացնէր: Բոցերը  չէին տարածուեր: Հրշէջները անմիջապէս կը մարէին կրակը, եւ կողքի բնակարանները չէին տուժեր:

Մեր քով հրդեհները փոխանցիկ հիւանդութեան կը նմանին: Շուտով կ’այցելեն դրացիներուն տուները, իսկ աւելի ուշ` մօտակայ շրջանները:

* * *

Այդ առաւօտ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայան տանող ամենախճողուած թիւ 405 մայրուղիի կողքի բլուրները բոցերու մէջ էին: Քանի մը քայլ անդին իսկական դժոխք մըն էր, իսկ ես այդ կրակներուն մէջէն գործի կ՛երթայի: Ետդարձ անկարելի էր: Սաստիկ խճողումին պատճառով չափէն աւելի դանդաղ  կ՛ընթանայինք: Երթեւեկը դանդաղեցնողները ինքնաշարժներու մէջէն բջիջային հեռաձայներով նկարողներն էին: Մայրուղիին կողքի ստիպողական պարագաներու վերապահուած գիծէն հրշէջի եւ ոստիկանական ինքնաշարժեր կը սուրային: Քանի մը «ճարպիկ» վարորդներ նմանապէս կը գործածէին այդ գիծը, ինչ որ անօրէն էր եւ` բաւական մեծ տուգանքի ենթակայ:

Ուշացումով հասայ գործի: Բացականերուն թիւը ներկաներէն աւելի էր:

Շատ չանցած` մայրուղիին երթուդարձի երկու կողմերը փակած էին: Այժմ ուրիշ մտահոգութիւն մը ունէի: Տուն վերադառնալու միջոցը գտնել:

Հարազատներէս եւ մօտ ընկերներէս անդադար հեռաձայններ կը ստանայի: Մտահոգ են: Ճամբաները փակ են ամբողջութեա՛մբ: Հրշէջները օդէն եւ ցամաքէն անդադար քիմիական նիւթեր կը սփռեն չէզոքացնելու համար տարածուող բոցերը:

Իսկական «դժոխք» մը:

Այդ քանի մը օրուան ընթացքին 17 տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցած անտառային հրդեհներուն պատճառները տակաւին չեն բացայայտուած, բացի մէկէն: 405 մայրուղիին կողքի բլուրներուն հրկիզումին պատճառը անտուն մարդ մըն էր, որ ցուրտէն պաշտպանուելու համար կրակ վառած էր, եւ քամիները  տարածած էին:

Ամերիկա  ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենահարուստ երկիրը, սակայն այդ հարուստ երկրին մէջ չքաւորներու թիւը կը գերազանցէ որեւէ երկրի անտունիներուն թիւը:

Հետաքրքրական է գիտնալ: Այդ խեղճ անձը պատիժի պիտի ենթարկուի՞: Անտուն էր, կը մսէր եւ տաքնալու կարիքը ունէր: Իր պատիժը կրնայ բարիք մը սեպուիլ նման անձի մը: Բանտարկեալները իրենց գլխուն վերեւ ունին երդիք, նաեւ` ուտեստեղէն, բժշկական խնամք եւ ամէն տեսակի «բարիք»:

* * *

Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ ամրան հեղձուցիչ տաք օր մըն էր: Կէս գիշերը անցած էր, երբ մուխի եւ ծուխի հոտէն արթնցայ: Հետաքրքրուած` վազեցի դուրս եւ ի՞նչ տեսնեմ: Տանս կառատունը բոցերու մէջ էր: Քալիֆորնիոյ տուները տախտակաշէն ըլլալուն` կարճ ժամանակի մը մէջ ո՛չ միայն ամբողջութեամբ  մոխիրի կը վերածուին` նաեւ կը տարածուին` պատճառ դառնալով դրացիներու բնակարաններու հրկիզումին:

Անմիջապէս հեռաձայնեցի 911 թիւին, որոնք, իրենց կարգին, կապուելով հրշէջներու կեդրոնին, քանի մը վայրկեան հազիւ անց հասան, եւ նախքան հրդեհին տարածուիլը, անմիջապէս մարեցին կրակը: Հրոյ ճարակ դարձած էր կառատունս:

Հրշէջները նախազգուշութեան համար տանս առաստաղը ամբողջութեամբ սղոցած ու բացած էին` հաւանական քանի մը կայծի կտորները նմանապէս մարելու, այլապէս, ժամանակ մը ետք, այդ փոքր կայծերը կրնային տարածուիլ եւ հրոյ ճարակ դարձնել տունս ամբողջութեամբ:

Վերադարձայ անկողին` քնանալու: Անքուն էի, մանաւանդ` անտրամադիր: Բոցերը  աչքերուս առջեւէն չէին հեռանար: Դժուար բան է տունդ բոցերու մէջ տեսնել: Երկար ժամանակ չկրցայ քունի անցնիլ: Շշմած էի: Անկողնիս մէջ, կռնակիս վրայ երկնցած, բաց առաստաղէն երկնքի աստղերը կը դիտէի:

Անզգալաբար քունի անցած էի, երբ արեւը եկած էր փոխարիներու տիեզերքի միլիոնաւոր աստղերն ու լուսինը:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ տանս դրան զանգի ձայնէն արթնցայ: Բացի դուռը: Անծանօթ անձ մըն էր: Այցետոմսը երկարելով` ներկայացուց ինքզինք: Շինարար մըն էր եւ կ՛առաջարկէր իրեն վստահիլ հրդեհին պատճառով վնասուած տանս նորոգութիւնը: Քանի մը ժամ հազիւ անցած` ելած էր գործի որսորդութեան:

«Մի՛ մոռնար, որ ես առաջին ներկայացող անձը եղայ»,  յիշեցուց նախքան մեկնիլը:

Ժամ մը չանցած` տասնեակներով շինարարներ ներկայացան եւ իրենց գործակցութիւնը առաջարկեցին: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս տեղեկացան եւ անմիջապէս ուղղուեցան հրդեհին վայրը:

«Մէկու մը դժբախտութիւնը, ուրիշին երջանկութեան պատճառ կը դառնայ»: Այս պարագային` գործի պատեհութեան:

Քանի մը շաբաթ տանս առաստաղը բաց մնաց: Ամէն իրիկուն, անկողնիս մէջ, կռնակիս վրայ երկնցած` լուսինն ու աստղերը դիտելու «հաճոյքով»,  անզգալաբար քունի կ՛անցնէի, երբ գիշեր մը այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ մէկը վրաս ջուր կը սրսկէ: Արթննալէս ետքն էր անդրադարձայ, որ սկսած էր անձրեւել: Օգոստոսի կէսերուն էր: Լոս Անճելըս նոյնիսկ ձմրան եղանակին հազուադէպ են անձրեւները, իսկ այդ տարին, տանս առաստաղը բաց, սկսաւ բաւական ուժգին անձրեւել:

Բախտ ըսածդ այդպէս կ՛ըլլայ:

Տունս հրդեհի դէմ ապահովագրուած է, եւ ամէն տարի կոկիկ գումար մը  կը վճարեմ ապահովագրական ընկերութեան. հրդեհին յաջորդ օրն իսկ  տեղեկացուցած էի եւ անմիջապէս ուղարկած էին պաշտօնեայ մը եւ քննութիւն բացած` ստուգելու հրդեհին պատճառը: Ապահովագրական ընկերութիւնները վարժուած են գումարներ գանձելու, իսկ երբ վնասուց հատուցման կարգը հասնի, կը փորձեն զանազան պատճառաբանութիւններով խուսափիլ իրենց պարտականութիւններէն:

Ոստիկանութենէն եւ հրշէջներու կեդրոնէն ուղարկուած պաշտօնեաները երկար ուսումնասիրութենէ ետք չկրցան որոշել հրդեհին պատճառը:

Յաջորդ առաւօտ անձամբ ներկայացայ ապահովագրական ընկերութեան կեդրոնատեղին եւ պահանջեցի անմիջապէս հանդիպում մը պատասխանատու անձի մը հետ: Նստանք ժողովի: Անիմաստ եւ անտեղի հարցումերով կը ջանար փախուստ տալ եւ առիթ մը գտնել զլանալու համար վճարելու արդար իրաւունքս:

Սաստիկ բարկացած` յանկարծ ոտքի ելլելով յիշեցուցի, թէ տանս առաստաղը շաբաթներէ ի վեր բաց է եւ նախորդ գիշերուան անձրեւին պատճառով, իրենց վճարելիք գումարը սկսած է բազմապատկուիլ: Ներկայիս պարտաւոր են վճարել նաեւ անձրեւին պատճառով ունեցած վնասներս, շեշտելով, որ բաց առաստաղով տան մը մէջ բնակիլը անօրէն է եւ շուտով ընտանիքովս պիտի փոխադրուինք պանդոկ մը, որուն ծախսերը եւս պարտաւոր են հոգալ:

Քանի մը օր ետք ուղարկեցին պահանջուած գումարը, որմէ անմիջապէս ետք սկսան շինարարական աշխատանքները:

Իսկապէս որ գէշ փորձառութիւն մըն էր տանս հրդեհը:

Տասնամեակներ անցած են այդ թուականէն, եւ ամէն անգամ երբ հրշէջներու ինքնաշարժի մը սուրալը տեսնեմ, համակրանքով կը դիտեմ այդ յանդուգն եւ անձնուէր մարդիկը, որոնք շատ յաճախ իրենց կեանքը վտանգելով` կը  չէզոքացնեն հրդեհները:

Մասնաւոր համակրանք մը ունիմ այդ հերոսներուն հանդէպ: Հրշէջներու կեդրոնը տունէս բաւական հեռու է, եւ տակաւին չեմ կրնար երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս այնքան շուտ կրցան հասնիլ տունս եւ մարեցին կրակը:

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ տասնեակ հազարաւոր կեանքերու եւ կալուածներու փրկարար օրհնեալ հեռաձայնի թիւը` 911, Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ամենատխուր թուականներէն մէկուն հոմանիշը պիտի դառնար, երբ 2001-ի 9-րդ ամսուան 11-րդ օրը խափանարարներ հիմնայատակ գետնի հաւասար դարձուցին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող, աշխարհի ամենաբարձր Թուին Թաուըր զոյգ շէնքերը` պատճառ դառնալով 3.000 անմեղ քաղաքացիներու մահուան եւ  շուրջ 6.000 անձերու վիրաւորուելուն:

Այդ սեւ օրը ճանչցուեցաւ որպէս 9/11 (սեպտեմբեր 11):

911 եւ 9/11: Նմանօրինակ թուանշաններ: Իրարմէ այնքա՜ն հակասական:

Առաջինը  փրկարար թիւ, իսկ երկրորդը` խորհրդանիշ  մահուան եւ աւերի:

Լոս Անճելըս, 2018  

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Բանաձեւերը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.