Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորագիրներէն Անդին… Գեղանկարիչը` Իր Գոյներով Եւ Իր Ուրոյն Աշխարհով

Մարտ 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ

Ֆրանսացիները կ՛ըսեն. «Եթէ Փարիզը տեսաք եւ Գասիսը չտեսաք, բան մը չէք տեսած» (Ֆրանսայէն):

Կրնանք անվարան «Գասիսի գեղանկարիչը» կոչել Մայք Յակոբեանը, զինք հասկնալ փորձելով, իր նկարներուն խորագիրները ի մի հաւաքելով եւ անոնց գոյները կարդալով` միտիլ դէպի յաւերժութիւն:

Մայք Յակոբեան` մերօրեայ ինքնուրոյն նկարիչը, բնութեան բեմադրիչը եւ գոյներու աճպարարը: Այսպէս, Գասիս, մակոյկներ, զրոյց, Մարսէյի հին քաղաքը, գնդիկի խաղը (Pétanque boules): Տակաւին մեր հետաքրքրութիւնը չյագեցուցած, յանկարծ ան հսկայ ոստում մը կը կատարէ դէպի Լիբանան` անմիջապէս վերադառնալով հո՛ն, ուր կը հանդիպի մէկէ աւելի խաղընկերներու:

Մայք կը շարունակէ գոյներու աշխարհին մէջ իր ոստումները` աջ-ձախ ոստոստելով եւ բնութեան գիրկը կրկնակի հանգիստի պահեր ապրելով… Լիբանան` Մաամըլթէյն (ծովափ), Ժունիէ, խաղողի գինովութիւնը, կապոյտ նաւակը, Լա Ռոզ թաղամասը` Մարսէյի մէջ, Էքս-ան-Փրովանս, դարձեալ Գասիս, Մանարա` Լիբանան, Սան Կապրիէլ գետը` Լոս Անճելըս, Փասատինայի Քոլորատօ պողոտայի պատմական կամուրջը, Լիբանան` Նահըր Քելպ (Շունին գետը), Գասիս, Մարսէյ, լիբանանցիի դիտող աչքերը, հայրը, մայրը, Մարսէյի հին նաւամատոյցը, եղբայրը` Յովսէփը (ահաւասիկ, Յովսէ՛փ, անմահացա՛ր…), մէկէ աւելի Vieux Port-ի պատկերներ, Պէյրութ, Գասիս, Մարսէյ… (նշմարելի է, որ միայն խորագիրները այցելելով` Պէյրութ, Գասիս, Մարսէյ եռանկիւն մը ստեղծելով կը գոյանայ Մայք Յակոբեանի աշխարհը):

Վերադարձ` Գասիս, վերադարձ` Մարսէյ, վերադարձ` Լիբանան…

Յանկարծ` Սայաթ Նովա եւ իր քամանչան: Ծաղիկներ, ծաղիկներ… Մակոյկներ, ձկնորսներ, փողոցներ, տաճարներ («Նոթրը Տամ», «Գանըպիէր»), պտուղներ, միրգեր, բնանկարներ (նաթիւրմորթներ)…

Յանկարծ` Ցեղասպանութիւն, ոճրագործ օսմանցին, հայկական ողբերգութիւն, մտերիմ պահեր, յաւիտենական կիթառը, Մայք Յակոբեանի տպաւորիչ նկարները, արեւոտ Քալիֆորնիան, տունի ճամբան, խամաճիկներու խմբակը, լիբանանեան նուագախումբը, դարձեա՛լ ոճրագործ օսմանը, ջութակահար խամաճիկը, գաւառական երթուդարձը, ինքնանկար (Մայքը` իր վրձինով) եւ ծովեզերեայ անմահ պահերը, փորձութիւն` մեղք գործելու, անկարելի երազը, մտերիմ ընթերցում, փողահար խամաճիկը, վարդագոյն սենեակը, տիկին Ռէյնըլծ, հին ճամբան, տիկին Թորրես, ամառը Մարսէյի մէջ, բնութեան երգը, օձապտոյտ արահետը, կամուրջ դէպի արեւ, պարը, վարդագոյն կեանքը, բախտի անիւը, Մարսէյի պատմական թատրոնը, Քալիֆորնիան, ծովափ, տան արահետները, լիբանանեան անգութ պատերազմը, Լիբանանի սիրոյն, յաւերժական Լիբանան, գարունը, ճակատագիրի պարզ հարուած մը, երաժիշտը, մանուկի մը մահը, անուշ մեղեդին, վաղը ամէն ինչ պիտի լաւանայ, Լիբանանի ազգային քայլերգը, արմաւենիներու երկայնքին, կեանքի համանուագը, հայկական անկախութիւն, 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժը, պետեւի կինը` սուրճի գաւաթ կարդալով, գորգի վաճառականները, ո՜հ, ի՜նչ գեղեցիկ օր, անտունիները, լիբանանեան շուկան, լիբանանեան գիւղեր, մայրամուտը` պարտէզին մէջ, Ծնունդի Ճրագալոյցը, իսլամական թաղամաս, արեւելեան պազար, յաւերժական սէր, դրախտին մէջ, հրաւէր` պտոյտի, արեւելեան բաղնիք, արեւելեան ճանապարհ, հայկական պար, հինաւուրց թաղամաս, գիշերային խաւար, սիրահարներ, բարեկամութիւն, բաժանում, զրոյց, քարափի վրայ շրջագայութիւն, իղձը, իղձերը, միասին կը գոյատեւենք, թախիծ, պտոյտը` բնութեան մէջ, ճեմելու հրաւէր` Մարսէյի ծովափին վրայ, կախարդական լոյսը, արեւամուտը, կինը եւ իր գիրքը, Մարսէյի մէջ յետմիջօրէ, գոյներուն հետ խաղալով, իր երգերուն հետ ապշելով, յաւերժութիւն երազելով, գոյներու աշխարհ ստեղծելով, Մայք Յակոբեանի հետ պտոյտի ելլելով, երգելով, ճեմելով, վարդ քաղելով, գոյն բերելով, վազվռտելով ու հիացումէն մահանալով… դարձեա՛լ վերապրելով:

Վերապրելու համար յաւիտենականութիւն երազել եւ այդ վիճակին մէջ` անշարժանալ:

Եթէ ինծի հարց տրուէր, թէ ի՛նչ տեսայ Մայք Յակոբեանի ստեղծած բնութեան մէջ, պիտի ըսէի` տեսայ պայծառ արեւը, տեսայ գարունը իր վառ գոյներով: Իւրաքանչիւր պաստառի տրուած ինքնատիպ խորագիր մը արդէն իսկ կը ստեղծէ մեծագոյն տարր մը, որ հաւատարմօրէն կը ծառայէ արուեստի էութեան:

Պէտք է սպասել ցուցահանդէսին` աւելի մօտէն ըմբոշխնել կարենալու համար ինքնատիպ Մայք Յակոբեան մը, որ մեզի կու գայ քիչ մը ամէն շրջանակէ:

Մայք արուեստագէտը թէ՛ լիբանանցի է, թէ՛ ամերիկացի, թէ՛ ֆրանսացի եւ թէ՛ ափրիկեցի: Ե՛ւ` հայ:

Կ՛արժէ մօտէն ճանչնալ եւ ընկերանալ Մայքին հետ` վայելելու համար անոր զուտ մտերմական կայուն նկարագիրը:

Երանի՜ անոր, որ կրցած է թափանցել Յակոբեանի մտերմական աշխարհը ու անոր հետ վայելել արուեստի անվերջանալի պահեր: Սպասելով` առաջին եւ մեծ ցուցահանդէսին:

 

Ծանօթ.- Գասիսը Ֆրանսայի հայահոծ Մարսէյ քաղաքի հարաւը գտնուող ծովեզերեայ գոհար քաղաք մըն է: Ամէն անգամ, երբ Մայքին հանդիպիմ, հարց կու տանք իրարու` «Գասիս գացի՞ր», կամ` «Ե՞րբ պիտի երթաս Գասիս»:

Մայք Յակոբեան հրապարակ հանած է պերճաշուք հրատարակութիւն մը` իր նկարներու հաւաքածոյով: Ամբողջութեամբ գունաւոր, ընտիր թուղթի վրայ տպուած հոյակապ հրատարակութիւն մը (185 էջ, տպարան «Երեւան»): Ստանալու համար դիմել «Երեւան» տպարան` (818) 246-2070, «Ապրիլ» գրատուն` (818) 243-4112, «Սարդարապատ» գրատուն` (818) 500-0790, կամ գրատուն «Պերճ»` (818) 244-3830:

 

 

Նախորդը

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. – Ձիթենիի Ճիւղը` Մինչեւ Ո՞ւր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?