ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Բարի Ծաղկազարդ տօնեցինք այսօր`
Ձիթենիներու բիւր տերեւներով.
Սիրուն մանուկներ, մոմեր զարդարուած`
Շալկեցինք մենք վեր ուսերու վրայ:
Եկեղեցիներ ուրախ են այսօր,
Երկինք բարձրացան շարական, աղօթք:
Հաւատացեալներ անմեղ, մեղաւոր
Հաղորդուեցան Յիսուսի մարմնով:
Որոշ պատկերներ եկեղեցւոյ մէջ
Մտքիս մէջ տպուած մնացին անվերջ:
Ծերունին հիւանդ, նստած` ճիշդ քովս,
Որ փորը բռնած` կ՛աղօթէր ցաւով:
Մանուկ մը սիրուն ծաղիկ մը ձեռքին`
Մօտեցաւ անմեղ խաչուած Յիսուսին:
Նոյն անձերը, որ կը գրաւեն միշտ
Նստարանները առաջի կարգին,
Կարծես ըլլային Աստուծոյ կողմէ
Յաւիտենական ընտրեալ անձեր:
Լիբանան