Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսակա՞ն, Թէ՞ Կրթական Ներդրում

March 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Համաշխարհային դրամատան տնօրէն Ճիմ Եոնք Կիմը շատ հետաքրքրական հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց. «Այն երկիրներու ղեկավարները, որոնք առաջնահերթութիւնը կու տան տնտեսական զարգացման, տարիներու ընթացքին հաստատած են, որ սխալ տեղ ներդրում ըրած են»:

Երկիրները չեն կրնար մրցունակ ըլլալ, եթէ ներդրումներ չընեն մարդոց վրայ, յատկապէս` կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ:

Ուրիշ խօսքով, տնտեսութեան կայուն զարգացումը կը կատարուի, եթէ կրթութեան մէջ լուրջ եւ երկարաշունչ քայլեր նախաձեռնենք: Այսինքն կրթութիւնը մարդկային դրամագլուխ կը պատրաստէ, եւ մենք մարդկային դրամագլուխ պատրաստելով` հզօր տնտեսական զարգացում ձեռք կը ձգենք: Հոս ալ, իր կարգին, կրթութեան ճգնաժամի լոզունգով պէտք չէ կրթական ծրագիրներ մշակուին, ուսուցիչներ վերաորակաւորուին կամ նոր ձեւեր որդեգրուին: Ընդհակառա՛կը, եթէ խորքային փոփոխութիւններ չըլլան, այլ միայն լոկ ձեւական ըլլան, աւելի վատ անդրադարձ կ՛ունենան սերունդներու պատրաստութեան մէջ:

Ուրեմն, դպրոցին, կրթութեան, տնօրէնին, ուսուցիչին, ծրագիրին եւ մեթոտներուն չափ կարեւոր է միջավայրը: Միջավայր եւ արժէքներու ազդեցութիւնը նոյնքան զօրաւոր են հասարակութեան կրթութեան կազմակերպութեան մէջ: Օրինակի համար, եթէ դպրոցը երեխային սորվեցնէ համբերութիւն, կեդրոնացում, արժէքներու հանդէպ յարգանք, բայց երեխան իր առօրեային մէջ տեսնէ, որ նիւթական աշխարհը կ՛իշխէ, եւ արժէքը կարեւոր չէ, մակերեսային ըլլալը առաւելութիւն է, բնականաբար դիւրինը կ՛ընտրէ, կեանքը չի դժուարացներ, ընդհակառա՛կը, այլընտրանքը հաճելի կը թուի երեխային:

Ոչ մէկը կրնայ իր ուսումով միայն մտաւորական մակարդակի հասնիլ, եթէ տարիներով գիրք չկարդայ, պրպտող միտք չունենայ եւ, մանաւանդ, քննարկող հոգին մէջը արթուն չպահէ:

Ուրեմն, իմաստ չունի տնտեսական զարգացումը միայն տնտեսական զարգացման նպատակով, ընդհակառա՛կը, մարդու, գլխագի՛ր մարդու պատրաստութիւնը անպայման որ կը հասցնէ տնտեսական եւ իմացական զարգացման:

Անգլիացի գրող Օլտոս Հաքսլին տարիներ առաջ հաստատած է, որ գալիք տարիներուն գիտելիքի աղբիւրներուն առատութիւնը այնքան շատ պիտի ըլլայ, որ մարդիկ պիտի չցանկան կարդալ եւ սորվիլ: Գիտելիք շատ պիտի ունենան, բայց ոչ` պրպտող եւ մտածող միտք: Այս երեւոյթը այսօր շատ տարածուած է: Սերունդներ կը պատրաստուին մակերեսային անկարեւոր գիտելիքներով, մինչ կարդալու, խոկալու եւ արտադրելու կարողականութիւնը կը պակսի:

Հիմնական եւ գլխաւոր մտահոգութիւնը սերունդներու պատրաստութեան մէջ այս մէկն է: Ամէն բան դիւրինին, հաճելիին եւ շուտ հասանելի միջոցներով կեանքը դասաւորելու հեւքի մը մէջ է: Երիտասարդութիւնը դէպի տմարդի եւ ապազգային կազմաւորման հիմը կը դնէ, եւ օրէ օր կը զգանք, որ մեր աւանդական կառոյցներուն հանդէպ յարգանքն ու քաշողականութիւնը կը պակսին:

Մտահոգիչ է:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւնները

Յաջորդը

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւն` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.