Դպրեվանեան Ոգին. Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք
ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Հայ երգը ոչ միայն մշակութային հարստութիւն կը ներկայացնէ հայուն համար, այլ նաեւ ունի դաստիարակիչ ուժ մը, որ կը կերտէ զայն երգողին կամ լսողին ներաշխարհը: Հայուն ինքնութիւնը տաշուած ու պահպանուած է հայ երգով: Եթէ հայ մը իր պատմութեան ծանօթ չէ, ան գէթ հայ երգին ընդմէջէն կը զգայ, թէ ինք հարուստ պատմութեան մը ժառանգորդն է: Այլ խօսքով, հայ...




















