Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ամէնէն Աշխուժ Եւ Ձգողական Օղակներէն Մէկուն` Պարին Ու Անոր Համար Տարուած Աշխատանքին Մասին

Նոյեմբեր 13, 2025
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող պարի խումբերն ու դպրոցները կրկին եռուզեռի մէջ են, կրկին մշակութային կեանքը կ՛եռայ Համազգայինի յարկին տակ` իր շուրջ համախմբելով մեծաթիւ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք հետեւողական փորձեր կը կատարեն իրենց պարուսոյցներուն` Ժագլին Սարխոշեանի եւ Կարէն Մակինեանի առաջնորդութեամբ, որպէսզի լաւագոյն պատկերով ներկայանան հանրութեան: Համազգայինի «Քնար» եւ «Գայեանէ» պարախումբերը, պալէի դպրոցը, իրենց տարեկան ելոյթներուն կողքին, կը մասնակցին գաղութային մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններու, նոյնիսկ` երբեմն տեղական մակարդակի` լաւագոյնս ներկայացնելով հայկական շունչ ու ոգին:

2025 տարին յատկանշուեցաւ «Նեմեսիս» ներկայացումով` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած, «Քնար» պարախումբի ելոյթով, իսկ լիբանանահայութիւնը այս շաբաթ օր` 15 նոյեմբերին, պիտի վայելէ «Գայեանէ» պարի դպրոցին ելոյթը, իսկ 20 եւ 21 դեկտեմբերին կը սպասուի «Տը Նաթքրեքըր» ներկայացման, որ նորութիւն պիտի բերէ գաղութին:

Այս տարուան ընթացքին իրականացած աշխատանքին, ներկայիս կատարուող փորձերուն եւ պատրաստութիւններուն, յառաջիկայի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Համազգայինի պարի ու պալէի խումբերուն եւ դպրոցներուն մասին պատկերացում ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Համազգայինի խնամակալութեան անդամ, «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցներու ներկայացուցիչ Նանօր Սեֆերեանի, Համազգայինի մէջ պարի երկար տարիներու վաստակաշատ պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանի եւ Կարէն Մակինեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Այս տարուան առաջին կէսին Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, պարի ու պալէի դպրոցները արդէն իսկ բեղուն գործունէութեամբ եւ արդիւնաբեր աշխատանքով ներկայացան: «Քնար»-ը ունեցաւ իր տարեկան ելոյթը, իսկ «Գայեանէ»-ն կը պատրաստուի անոր: Ասոնց զուգահեռ, շատ յատկանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Նեմեսիս» ներկայացումը: Եթէ ուզենք ընդհանուր հաշուեյարդար մը ընել, ի՞նչ կրնանք ըսել:

ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- «Քնար»-ի համար դժուար տարի էր նախորդ տարին, որովհետեւ թէ՛ ապրիլ 24-ի առիթով «Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացման պէտք էր պատրաստուէին եւ թէ՛ իրենց տարեկան ելոյթին: Բայց այս բոլորը յաւելեալ ուժ տուին անոնց, լաւապէս պատրաստուեցան եւ իրականացուցին զոյգ ծրագիրներն ալ:

«Քնար»-ի տարեվերջի ելոյթը ձեւով մը գեղեցիկ ծաղկեփունջ էր` նախորդ տարեշրջանը եզրափակող: Յատկանշական է, որ «Քնար»-ի տղաքն ու աղջիկները իսկական նուիրեալներ են, իրենց գործն ու հաճոյքը կը ձգեն, կու գան, քրտինք կը թափեն, որպէսզի արդիւնք տան: Ըստ ինծի, անոնք այլեւս սիրողական չեն, այլ մենք անոնց կը մօտենանք արհեստավարժի հայեացքով, թերեւս ասիկա քիչ մը բարձր խօսք թուի, սակայն քնարականները արդէն հասած են այն մակարդակին, որ սիրողական չեն նկատուիր, այլ շատ աւելի մօտ են արհեստավարժութեան: Տակաւին կայ այն, որ այս տղաքը կամաւորաբար, մեծ սիրով, առանց ակնկալութեան, սակայն ամենայն պատասխանատուութեամբ կու գան փորձերուն եւ իրենց կարելին կ՛ընեն լաւագոյն արդիւնքը տալու:

ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- «Նեմեսիս»-ի պարագային դժուար էր նաեւ այն, որ մեր մտքին մէջ ներկայացումը շատ յստակ էր, սակայն մենք պէտք էր բոլոր մասնակիցներուն փոխանցէինք մեր այդ պատկերացումը, որպէսզի իրենք ալ հասկնան` ի՞նչ է իրենցմէ պահանջուածը, եւ այդ ուղղութեամբ կեդրոնացնեն իրենց աշխատանքը: Այդ իմաստով բաւական դժուար էր, մանաւանդ որ ամիս մը ետք ալ «Քնար»-ը իր տարեկան ելոյթը ունէր, ուստի շատ ծանրաբեռնուած էին, շաբաթը վեց անգամ փորձի կու գային, ինչպէս պարոնը նշեց, արհեստավարժ խումբ կը նկատուին, արհեստավարժներն են, որ շաբաթը 6 օր փորձ կը կատարեն, այդ պատճառով ալ արդիւնքը շօշափելի է, եթէ միայն 1-2 անգամ փորձ ընէինք շաբաթը, բնականաբար այս արդիւնքին պիտի չհասնէինք: Տակաւին, կան կողմնակի այլ ծրագիրներ, որոնց կը մասնակցին նոր պարերով: Այս բոլորէն մեկնելով` կրնանք իրապէս ըսել, որ դժուար տարի էր, բայց` արդիւնաւէտ:

«Ա.».- «Նեմեսիս»-ը նախորդ տարուան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մէջ, եթէ չըսենք լաւագոյնը, անպայման արդար է ըսենք, որ մեծագոյն արձագանգ ձգողն ու մեծապէս տպաւորողը եղաւ: Դուք էիք այս բոլորը ծրագրողը, անոր գործադրութեան հսկողն ու մեծ աշխատանք տանողը: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները, ձեր պատկերացումը իսկապէս կարելի եղա՞ւ իրականութիւն դարձնել Համազգայինի տարբեր միաւորներուն կողմէ, որոնք միասնաբար` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, հետեւեցան ձեր ցուցումներուն եւ ներկայացան իբրեւ միաձուլուած ծրագիր:

ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.– Անկեղծօրէն պէտք է ըսել, թէ մենք մտավախութիւն ունէինք, որ մեր մտածածը չկարենանք իրագործել, աւելի ճիշդ` Համազգայինի միաւորները չկարենան իրագործել, մեր միտքը տեղ չհասնի, որովհետեւ շատ բան դերասանէն կախեալ է, որ քու միտքդ ճիշդ ձեւով պիտի դրսեւորէ՞, թէ՞ ոչ: Նաեւ մտավախութիւն ունէինք, որ հանդիսատեսին համար ծանր ըլլայ նման ներկայացում մը: Սակայն ներկայացման պահուն իսկ, երբ արդէն մեր գաղափարները միս ու ոսկոր ստացած էին, հատուած հատուած կատարուած պատրաստութիւնները արդէն միացած էին, լոյսը, ձայնը, բեմայարդարումը, պատրաստուած յատուկ ժապաւէնները արդէն կային, իսկ հանդիսատեսը կ՛ողջունէր այս բոլորը, համոզուեցայ, որ մեր նպատակին հասած էինք: Ըսեմ, որ ամէնէն փոքր մանրամասնութիւններուն վրայ իսկ մեծ աշխատանք տարած ենք, ուշադրութիւն դարձուցած ենք այնպիսի մանրուքներու, որոնք ոչ ոքի մտքէն կ՛անցնին, օրինակ` ծաղիկը ուղի՞ղ պիտի կենայ, թէ՞ կոտրած: Ելոյթին ընթացքին արդէն իսկ փշաքաղուեցայ, ընդհանուր պատկերը իրապէս ցնցիչ էր, մեր մտահոգութիւնները փարատած էին, ամէնէն փոքր դերասանէն` Տարօնէն, մինչեւ ամէնէն երէցն ու փորձառուն կրցած էին մեր միտքը հասկնալ եւ մարմնաւորել բեմին վրայ:

ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ մենք մինչեւ այս եզրակացութեան հասնինք, շատ վիճեցանք` ես ու պարոնը, որովհետեւ իւրաքանչիւրս իր մօտեցումը, իր պատկերացումը ունէր, եւ այդ վէճերէն, միտքերու բախումէն եւ փոթորկումէն ծնան այս բոլորը, եւ հասանք այս արդիւնքին: Օրինակ, ես կը պնդէի, որ ժապաւէնին մէջ պէտք է պատմական բոլոր դրուագները ներկայացուին, որպէսզի ուղին սկիզբէն մինչեւ վերջ յստակ ընթանայ, պարոնը այն կարծիքին էր, որ լիբանանահայութիւնը գիտէ այս բոլորը, կարիք չկայ անոր ներկայացնելու «Նեմեսիս»-ը: Թերեւս ճշմարտութիւն կար պարոնին մտածումին մէջ, սակայն ես կ՛ուզէի անպայման ամէն ինչ պատմել, որպէսզի հանդիսատեսին համար ամէն ինչ յստակ ըլլայ, թէկուզ անոնց մէջ այս բոլորը գիտցողներ ըլլային: Տարակարծութիւններ ունեցանք նաեւ ոտանաւոր ընտրելու մէջ, ես կը պնդէի, որ Կոմիտասի «Կռունկը» անպայման ընդգրկուէր, այս վէճը կարեւոր էր միտքերու բիւրեղացման համար: Բաւական բծախնդիր աշխատանք էր, օրինակ` երբ մեծ հայրն ու թոռնիկը կը խօսին, թոռնիկին ձայնը արձանագրեց այլ երեխայ մը, սակայն չհաւնեցանք, պատգամը չէր փոխանցեր, ուստի կրկին փնտռեցինք  այլընտրանք, որպէսզի կատարեալ ըլլայ:

Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր «Գուսան» երգչախումբին հետ աշխատիլը, որովհետեւ անոնք մեծահասակ են, սակայն դարձան իսկական երեխաներ, ուշի ուշով կը հետեւէին մեզի, կը նայէին` ո՞ւր է օրիորդը կամ պարոնը: Շատ յատկանշական էր ատիկա, որովհետեւ անոնք` ընտանիքի տէր մարդիկ, որոնք երգչախումբին մէջ վարժուած են միշտ ուղիղ կանգնելու, այսօր այլ դեր վստահուած էր իրենց, պիտի միանային ընդհանուր ներկայացման` իբրեւ անոր բաղադրիչներէն մէկը, եւ իսկապէս իրենց առաւելագոյնը ըրին ներկայացման յաջողութեան համար: Փաստօրէն «Նեմեսիս»-ը ո՛չ պար էր, ո՛չ ալ երգ, այլ թատրոն էր` երգ ու պարով միաձուլուած, մեծէն մինչեւ ամէնէն փոքրը պէտք է գիտնայ, ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, ինք ի՛նչ դեր ստանձնած է, որպէսզի այդպէս ալ շարժի, արտայայտուի: Շատ երկար խօսեցանք բոլորին, բացատրեցինք, պատմութիւնը կրկնեցինք, որպէսզի գիտնան, որ իրենք այս պատմութեան դրսեւորումները պիտի ըլլան: Շատ կարեւոր է, որ մեծն ու փոքրը կողք կողքի ծրագիրներ իրականացնեն, որպէսզի «Գայեանէ»-ի աշակերտը տեսնէ «Քնար»-ի պարողը եւ գիտնայ, որ ինք օր մը հոն պիտի հասնի ու ձգտի ատոր:

Ճիշդ է ըսել, որ «Նեմեսիս» ներկայացումի իրականութիւն դառնալը կը պարտինք Համազգայինի մէկ մեծ ընտանիքին, որուն իւրաքանչիւր անդամը լաւապէս հասկցաւ իրմէ ակնկալուածը, գիտցաւ, որ փոքր սխալն անգամ ամբողջ այս աշխատանքին կրնար վնասել: Տակաւին, կան քուլիսներու ետին օգնականները, տարազներուն պատասխանատուները եւ այլն: Տարբեր օղակներ միացան այս ներկայացումը իր լրումին հասցնելու համար, մենք առանձին չէինք կրնար հասնիլ այս արդիւնքին:

Ոտանաւորներու ընտրութեան ատեն շատ յուզիչ էր, անդադար լացի, սակայն ներկայացման փորձերուն ոչինչ կը զգայի, ոչ ալ` ներկայացման օրը, սակայն անոր աւարտին, երբ ամբողջ «Քնար»-ի տղաքը լալով մօտեցան եւ գրկեցին զիս, այն ատեն հասկցայ, որ մեր մտածումը կրցած ենք գործի վերածել եւ շօշափելի արդիւնքի հասնիլ:

ՆԱՆՕՐ ՍԵՖԵՐԵԱՆ.- Յատկանշական է նաեւ «Գայեանէ»-ի ամէնէն փոքր դասարաններուն մասնակցութիւնը «Նեմեսիս»-ի ներկայացումին: Երբ մանուկ մը 6-7 տարեկանին կը միանայ «Գայեանէ»-ին, գիտէ, որ պիտի հասնի «Քնար»: Այս ելոյթին հոն էին մեծն ու փոքրը, որոնք բոլորն ալ լաւապէս հասկցած էին, թէ ի՛նչ ընելու համար իրենք հոն էին, ուստի իրենց լաւագոյնը կ՛ընէին: Բեմին վրայ այդ մանուկները ամենայն լրջութեամբ կատարեցին իրենց դերը, նոյնիսկ քուլիսներու ետին բոլորը լուռ էին, կարծէք առիթը իր շուքը ձգած էր բոլորին վրայ: Լաւապէս կը յիշեմ, որ երբ ներկայացումը հասաւ իր աւարտին, բեմին վրայ, քուլիսներու ետին բոլորը լուռ էին, արցունքոտ աչքերով, միասին կրցած էինք յաջողութեան հասցնել բաւական դժուար ծրագիր մը, իսկ հանդիսատեսներուն անդադրում ծափահարութիւնները ատոր փաստը կու տային:

Ճիշդ ըսին օրիորդն ու պարոնը, օղակներ են` իրարու շաղկապուած եւ զիրար ամբողջացնող: Բազմաթիւ օղակներ եւ մանրամասնութիւններ, առանց այդ շաղկապումին, արդիւնք կարելի չէ ձեռք ձգել: Այս բոլորը կը կատարուին Համազգայինի երդիքին տակ, համազգայնականներու շունչով ու ոգիով: Առանց նուիրումի եւ հետեւողական աշխատանքի` կարելի չէր իրականութեան վերածել այս ներկայացումը, մանաւանդ որ մեծ թիւն ալ բաւական մեծ է` տարբեր տարիքի, տարբեր բնագաւառի:

ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Պէտք է անպայման նշենք, որ մեր այս աշխատանքի իրականացման մէջ մեծապէս օգտակար եղաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, որ գրեթէ մեր բոլոր խնդրածներուն ընդառաջեց: Իրականութիւն է, որ որքան ալ ծրագիրներ մշակուին, զանոնք կեանքի կոչելու համար կարիք կայ նիւթականի, յաճախ ալ պատահած է, որ շատ նախաձեռնութիւններ իրենց լրումին չհասնին այս պատճառով: Բայց այս անգամ ամէն ինչ կարելի եղաւ կատարել` շնորհիւ Շրջանային վարչութեան դրական պատասխանին, ներկայացումը կատարուեցաւ Լիբանանի լաւագոյն արհեստավարժ սրահներէն մէկուն մէջ, ուր աշխատողներէն իւրաքանչիւրը իր գործին կը տիրապետէ, ոչ թէ մէկ հոգի ամէն ինչ կ՛ընէ: Երկու բեմ շինուեցաւ, որովհետեւ երկու տարբեր տեսարաններ կային, հոն բաւական գումար ծախսուեցաւ, սակայն մեզ երբեք չմերժեցին Շրջանային վարչութեան անդամները, որոնք մնայուն նեցուկ էին մեզի, զգացինք, որ առանձին չենք: Ասոր զուգահեռ, իրենք փորձերուն կու գային, միշտ ներկայութիւն էին, մասնակից էին աշխատանքին` սկիզբէն մինչեւ վերջ: Շնորհակալ աշխատանք տարաւ Յովիկ Գլընճիպաշեանը, որ ժապաւէններու պատրաստութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, հասկցաւ մեր պահանջածն ու իրականութիւն դարձուց:

ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.-  Պէտք է յիշել նաեւ հայրենի արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանը, որ մեկնաբանեց ներկայացման ոտանաւորները: Փնտռտուքի մէջ էին, կ՛ուզէի Վիգէն Ստեփանեանի ձայնին նմանող ձայն մը, երբ Շրջանային վարչութիւնը ըսաւ, որ Արման Նաւասարդեանը Լիբանան պիտի գայ, կարելի է իրեն դիմել: Այդպէս ալ եղաւ, Արմանը երբ կարդաց եւ լսեց, թէ ինչ է մեր ծրագիրը, յուզուեցաւ եւ հարցուց. «Այս ի՞նչ կ՛ընէք, շատ մեծ ու ճիշդ աշխատանք է, «Նեմեսիս»-ը պէտք չէ մոռցուի»: Շատ բծախնդիր մօտեցումով կատարուեցաւ ձայնի, երաժշտութեան, ժապաւէններու ընտրութիւնը, համադրումը, որովհետեւ երբ մասնագէտներ ներառուած են գործին մէջ, պէտք է համապատասխան արդիւնք ունենալ:

(Շար. 1)

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Ծովային Ֆութպոլ. «Մոնթէ»-ի Գրաւիչ Ելոյթները

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?