Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահպանէ՛ Լեզուդ, Պահպանէ՛ Ինքդ Քեզ

November 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

Գարնանային արեւոտ ու տաքուկ առաւօտներէն մէկն էր, թուականը` 2005: Վենետիկի Սուրբ Մարկոս հրապարակէն քալելով  դէպի ծովեզերք ուղղուեցանք, որպէսզի փոքր նաւով մը մեկնինք մերձաւոր ջուրերու մէջ գտնուող Ս. Ղազար կղզի: Տեղ-տեղ զբօսաշրջիկներու ստուար խումբ մը հրապոյրով կը դիտէր քանդակագործի մը մէկ գլուխ գործոցը կամ ճամբուն եզերքը նստած գծագրիչի մը արուեստի գործերը: Անդին` ուրիշ խումբ մը կը հետեւէր զինք առաջնորդող անձին ցուցմունքներուն եւ տեղեկութիւններուն: Գաղջ զեփիւռ մըն ալ սուրճի գոլորշիներ կը տարածէր ամէնուրեք` յիշեցնելով, որ օրդ կրնաս սկսիլ սուրճ խորհրդանշող յատուկ տարրերով` կայտառութեամբ եւ եռանդով: Ինչպէ՛ս չխանդավառուէի, երբ երկինքն ու ծովը իրենց զուլալ կապոյտով եւ գրկաբաց զիրար կ՛ողջագուրէին: Իսկ կոնտոլներուն աշխուժ եռուզեռը եւ թիավարողներուն ալիք առ ալիք տարածուող երգելու ձայնը, որոնց կը միանար գեղեցիկ միջավայրը իր երփներանգ գոյներով, հրաշալի ու ներդաշնակ պատկեր մը կը գծագրէին դիմացս: Առաւել` կը մտածէի, թէ օտար ափերու վրայ պիտի վայելեմ հայ հոգեմտաւոր, մշակութային եւ գրականագիտական կեդրոնի մը փառքն ու շքեղութիւնը:

Քիչ ետք տասը-տասնհինգ հոգիով նաւուն վրայ էինք արդէն: Հոս տեղին է յիշել Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւնը` Ս. Ղազարի մասին.

Օտար ջրերում հայացեալ կղզի
Հայոց հին լոյսն է քեզնով նորանում…
Գիտեմ տքնում ես, այս է դարից-դար,
Հայրենիքից դուրս, հայրենեաց համար:

Նաւուն վրայ օտար պարմանուհի մը գիրք մը կը կարդար եւ թուղթի մը վրայ կը գրէր: Երբ հասանք նախատեսուած վայրը, բոլորս յառաջացանք նաւուն առջեւի մասը, որպէսզի ցամաք իջնենք: Պարմանուհին նոյնպէս մօտեցաւ, բայց նայուածքը չէր շեղած իր բռնած գիրքէն: Յանկարծ իր թուղթին վրայ հայերէն տառեր նշմարեցի: Կէս մը հայ ըլլալու է, խորհեցայ, թէեւ անոր արտաքինը այդպէս չէր յուշեր: Հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ, եւ շփոթս փարատելու համար անգլերէնով հարցուցի, թէ ի՞նչ ազգի կը պատկանի:

– Ես գերմանացի եմ,- ըսաւ անգլերէնով:

– Բայց… հայերէն տառեր կը գրէիր…- ըսի` զարմանքս հազիւ քողարկելով:

Ան բացատրեց, որուն իր մասնագիտութիւնը աշխարհի պատմութիւնն է, որուն առընթեր սերտած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ փափաքած է նաեւ հայերէն սորվիլ: Ապշած էի այս անսպասելի երեւոյթին դիմաց եւ միեւնոյն ատեն հիացած` իր նախաձեռնութեան վրայ: Իրաւունք ունէր. լեզու մը սորվիլը հիմքն է` թափանցելու ամբողջ ազգի մը  մտածելակերպին, հոգեբանութեան եւ սկզբունքներու ոլորտներուն մէջ:

Վերադառնանք Լիբանան:

Վերջերս տղաս ըսաւ.

– Մա՛մ, գիտե՞ս, համալսարանի ընկերս` Շարպելը, հայերէն կը սորվի, յատուկ դպրոց կ՛երթայ:

– Իրա՞ւ,- ըսի` դարձեալ զարմացած:

Իսկ չորս տարի առաջ, երբ հայագիտական դասընթացքներու կը հետեւէի եւ խանդավառ էի իմ նոր «իրագործում»-ովս, որուն ընդմէջէն առաւել եւս ըմբոշխնեցի մեր մայրենիին գեղեցկութիւնն ու ներգործութիւնը մեր կեանքին վրայ, ծանօթ կին մը ըսաւ ինծի.

– Լի՛զա, ի՜նչ համբերութիւն ունիս դարձեալ քանի մը ժամ գրասեղանին ետեւ նստելու եւ հայերէն դաս մտիկ   ընելու: Կ՛երեւի դպրոցական օրերդ կարօտցած ես…

Ուրիշ մը.

– Ինչի՞ պիտի ծառայէ հայերէնը…

Նման արտայայտութիւններ կը լսես եւ կը մտածես, թէ նախընտրելի է չհակազդել: Շատ անգամ անհնար է անձի մը սխալ կարծիքը ուղղել, գէթ` կարճ ժամանակի ընթացքին, երբ այդ սխալը արմատացած է արդէն իր էութեան մէջ:

Ի՞նչ է մեզ հայ պահողը, եթէ ոչ` մեր լեզուն: Այսօր մեր երիտասարդութեան մեծ մասը չի կրնար յստակօրէն արտայայտուիլ իր մայրենիով կամ կարճ պարբերութիւն մը  անսխալ գրել: Տակաւին, օտար տառեր ալ կ՛օգտագործուին բջիջային հեռախօսի վրայ հայերէն գրելու: Երբ լեզու մը «մեռնի», աստիճանաբար կը մեռնի այդ ազգին հոգին: Ինչո՞ւ մենք ալ չփայփայենք ու չխնամենք մեր լեզուն: Յաճախ օտար բառեր եւ արտայայտութիւններ կը գործածենք` մոռնալով մեր լեզուի յատուկ դարձուածքները: Լեզու մը լոկ խօսակցութեան կամ հաղորդակցութեան միջոց մը չէ, ան մեր ինքնութեան հայելին է: Ելակէտ մըն է ազգի մը մշակութային եւ մտային բնագաւառներէն ներս մուտք գործելու:

Մարդու մը միտքն ու հոգին «հարուստ» են իր մայրենի լեզուով եւ ինքնութեամբ: Մեր լեզուն լոյսի շառաւիղ մըն է, մանաւանդ` համաշխարհայնացումի թոհուբոհին մէջ: Այո՛, մարտահրաւէրները շատ են, այլասերումը տարբեր երեսներով իր արմատները կը ծաւալէ ամէն կողմ: Օտարամոլութիւնը, ազգային գիտակցութեան բացակայութիւնը կ՛օժանդակեն արագ ձուլումի:

Լեզուն մարդուս միտքն ու հոգին կը սնուցանէ: Եկէ՛ք` մասունքի մը պէս պահենք ու պահպանենք զայն: Եթէ իւրաքանչիւր հայ իր չնչին ներդրումը բերէ մեր լեզուի պահպանման գործընթացին մէջ, մենք ծաղկուն եւ բարգաւաճ ապագայ մը կը կերտենք հայոց լեզուի եւ հայապահպանման վեհ առաքելութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ֆրեզնոյի Այցելութիւնները

Յաջորդը

Արժէքաւոր Դանակի Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.