1965 օգոստոս 15-ին` Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով, Պիքֆայայի վանք բարձրացած էինք Հայաշէնի արծուիկներով` մասնակցելու ս. պատարագին եւ թափօրին, հսկելու կարգապահութեան:
Մատաղօրհնէքէն եւ խաղողօրհնէքէն ետք, մեր պարտականութիւնները լիուլի կատարած` իջանք վարի բակը, ուր մեզ դիմաւորեց Մեսրոպ վրդ. Աշճեանը` հիւրասիրելով մեզ հերիսայով եւ խաղողով:
Ճաշէն ետք, նկատելով, որ օդը շատ հաճելի է եւ համայնապատկերը սքանչելի, որոշեցինք երկար մնալ եւ վայելել բնութիւնը: Ժամը վեցի ատեն, երբ արծուիկներս համախմբած` որոշ թելադրութիւններ կ՛ընէի, նշմարեցի, որ վեհարանի պատշգամէն Խորէն վեհափառը մեզ կը դիտէ: Երբ մեր նայուածքները իրարու հանդիպեցան, նշան ըրաւ, որ վեր բարձրանամ: Անմիջապէս վեր ելայ, զիս դիմաւորեց Հայկը (քեսապցի), որ վեհին փոքրաւորն էր, զիս ներս առաջնորդեց, բարեւեցի եւ վեհափառին աջը առի: «Նստէ՛», ըսաւ եւ հարցուց, թէ ես այս խումբին ի՞նչն էի: Ըսի, որ վարիչն եմ: Խնդալով ըսաւ, որ առանց դաշոյնի ինչպէ՞ս կը պաշտպանեմ խումբս: Ես ալ ժպտեցայ եւ ըսի, որ դաշոյն չունիմ:
Վեհափառը դարակը բացաւ եւ երկու գեղեցիկ դանակ հանեց ու ըսաւ. «Նայէ, աղջի՛կս, ասոնք ինծի յիշատակ են հանգուցեալ Զարեհ կաթողիկոսէն, ես մասունքի նման կը պահեմ զանոնք, մէկը քեզի կը նուիրեմ, որ խումբը պաշտպանես ու օրհնես յիշատակը վեհին»: Ես մեծ ուրախութեամբ եւ յուզումով առի դանակը, եւ երբ շնորհակալութիւն կը յայտնէի, ըսաւ. «Նայէ՛, զանազան գործիքներ կան վրան, նոյնիսկ փուշքաշ կայ», եւ ցոյց տուաւ: Առաջին անգամն էր, որ փուշքաշ բառը կը լսէի: Դարձեալ աջը առի եւ իջայ:
Այդ օրերուն ո՛վ որ տեսաւ դանակը, ուղղակի հիացաւ: Մինչեւ այսօր մեծ խնամքով պահած եմ այդ մասունքը, որուն երկու վախճանեալ վեհափառներուն ձեռքերը դպած են: Կը մտածեմ` ես ալ իմ կարգիս նուիրել եղբօրս տղուն` Զարեհին, որ երջանկայիշատակին անունը կը կրէ:
Յիշատակնին օրհնեալ եղիցի:
Յ. Գ. Հայրս միշտ գործակցած է Խորէն Ա. կաթողիկոսին հետ` նախ իբրեւ եղբօրս դպրեվանքի ուսուցիչը եւ ապա ինք` իբրեւ ատենապետ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան:



