«Զգուշ» առողջապահական – նախազգուշական պարբերաթերթը հետեւողականօրէն լոյս կը տեսնէ 11 տարիէ ի վեր` հրատարակութեամբ ԱՖՀԻԼ-ի: Ցարդ հրատարակուած թիւերուն մէջ ընթերցողը կրնայ ծանօթանալ` առողջապահական տարբեր հարցերու, անոնց լուծման ձեւերով, որեւէ հիւանդութեան տարբեր ծալքերուն, նախազգուշական միջոցներու, առողջութեան վերաբերող հետաքրքրական ու օգտաշատ նիւթերու:
Վերջերս լոյս տեսաւ պարբերաթերթի 2025 տարեշրջանի երրորդ թիւը: Պարբերաթերթը կը բովանդակէ արդիական եւ այժմէական բժշկական նիւթեր, որոնք գրուած են մասնագէտ բժիշկներու կամ այլ մասնագէտներու կողմէ: Հոկտեմբեր 2025-ի 62 էջերէ բաղկացած թիւը կը ներառէ բաւական հետաքրքրական եւ բժշկութեան ասպարէզին մէջ մեծ փոփոխութիւններ բերելու հաւանականութիւն ունեցող նիւթ մը` քաղցկեղի դէմ պատուաստի առաջին փորձարկման մեկնարկի մասին տեղեկութիւններ: Կան նաեւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու, լեարդի, լսողութեան, հարբուխի, ատամնաբուժութեան, մկանային եւ ոսկրային ցաւերու մասին գրութիւններ, որոնք ընթերցողին կը ներկայանան յստակ բացատրողականով եւ կը նպաստեն այդ հիւանդութիւններու նախազգուշութեան: Նոյն թիւին մէջ կը կարդանք նաեւ` մանկամսուրներու անհրաժեշտութեան, միայնութեան զգացումին ժխտական երեւոյթներուն, դրական մտածելակերպի օգուտներուն, շրջապատին մեր վրայ ունեցած ազդեցութեան, հոգեբանական մարտահրաւէրները յաղթահարելու, աշխուժացնող ըմպելիներուն մեր վրայ ունեցած ազդեցութեան եւ նման օգտաշատ նիւթերու մասին, որոնք կը զարգացնեն ընթերցողին գիտելիքները:
——
Խմբագրական «Զգուշ»-ի.
Քաղցկեղը Կանխարգիլել`
Նախազգուշութիւնը Հիմնական
Քաղցկեղը այլեւս պարզ հիւանդութիւն չէ. անիկա դարձած է 21-րդ դարու ամէնէն հիմնական առողջապահական մարտահրաւէրներէն մէկը: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, առանց աշխարհագրութեան տարբերութեան, սեռի կամ տարիքային խաւերու, անիկա կը սպառնայ մարդկային կեանքերու մեծ թիւին: Այսօր քաղցկեղը այլեւս անհատական ողբերգութիւն չէ, այլ` հասարակական, ընդհանրական, ընկերային եւ տնտեսական հարց:
Բժշկական գիտութիւնը աննախընթաց զարգացում ապրած է. ծինային քննութիւնները, նորագոյն պատկերային միջոցները եւ թիրախային դեղերը բազմապատկած են բուժման հնարաւորութիւնները: Բայց միաժամանակ հիւանդութեան տարածումը կը շարունակէ աճիլ: Պատճառը պարզ է` կանխարգիլման մշակոյթի բացակայութիւնը եւ պարբերական ստուգումներու անտեսումը: Այստեղ մեծ յոյս կը ներշնչէ ռուս գիտնականներու ձեռքբերումը. ըստ կատարուած յայտարարութեան մը, ըսած են, որ ռուս գիտնականներու ձեռքբերման շնորհիւ` կրցած են ամբողջովին փոխել քաղցկեղի դէմ պայքարի ուղին: Առաջին անգամ ըլլալով պատուաստ մը տուած է 100 առ հարիւր յաջողութիւն մարդկային փորձարկումներու ընթացքին` հսկայական յոյս ներշնչելով միլիոնաւոր հիւանդներու: Ի տարբերութիւն աւանդական բուժման ձեւերուն, այս նոր պատուաստը կը մարզէ մարմնի սեփական դիմադրողական համակարգը` ճշգրիտ եւ արդիւնաւէտ կերպով ճանչնալու եւ ոչնչացնելու քաղցկեղային բջիջները:
Կանուխ փուլին յայտնաբերուած քաղցկեղը յաճախ ամբողջովին կը բուժուի: Սակայն երբ ախտորոշումը ուշ կը կատարուի, բուժման կարելիութիւնները կը նեղնան: Ուրեմն նախազգուշական քննութիւնները պէտք է ընկալուին որպէս կենսական պարտականութիւն, ոչ թէ` կամաւոր ընտրանք: Մամոկրաֆիի, քոլոնոսքոփիի, թոքերու, մաշկի եւ արեան պարբերական քննութիւնները կրնան կեանքեր փրկել:
Մտահոգիչ է յատկապէս Լիբանանի պարագան: Վերջին տուեալներուն համաձայն, Լիբանանը կը դասուի Միջին Արեւելքի մէջ քաղցկեղէն մահուան ամէնէն բարձր ցուցանիշ ունեցող երկիրներու շարքին: Այս տուեալները պէտք է ըլլան ազդանշան` թէ՛ պետական իշխանութիւններուն, թէ՛ ժողովուրդին համար: Պետութիւնը պարտաւոր է ներդնել յստակ ռազմավարութիւն մը` ուղղուած կանխարգիլման, կանուխ ախտորոշման եւ մատչելի բուժման: Իսկ քաղաքացին պէտք է փոխէ իր մօտեցումը` հասկնալով, որ առողջութեան պէտք է հետեւիլ պարբերաբար, այլ ոչ միայն երբ հիւանդութիւնը մօտենայ:
Յաճախ կեանքի եւ մահուան միջեւ տարբերութիւնը մէկ պարզ քննութիւնն է, զոր մոռցած ենք կատարել: Այդ պարզ քայլը կրնայ փրկել ընտանիք մը, ծնող մը, զաւակ մը:
Քաղցկեղը չի զանազաներ հարուստ ու աղքատ, երիտասարդ ու ծեր: Սակայն ան կը զանազանէ գիտակիցն ու անտեղեակը: Մեր հասարակութեան առողջ ապագան կախեալ է մեր տեղեկութեան, մեր վախերուն փոխարէն` մեր գիտակցութեան վրայ:
Ժամանակն է գործելու, ոչ միայն բուժելու, այլ նաեւ` կանխարգիլելու:
Քաղցկեղը չի սպասեր, մենք ալ պէտք չէ սպասենք: Նախազգուշութիւնը հիմնական է:


