ՀՕՄ-ի 115-Ամեակ. Մէկ Ընտանիք
ՍԻՐԱՆ ԱՒԸՆԵԱՆ-ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ Տարի մը եւ աւելի սպասումի ու բծախնդիր նախապատրաստութեան շրջանէ մը ետք, նշուեցաւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը: Հայրենիքը` որպէս սրբազան հող ու հոգեմատեան, եղաւ այս տօնին ամենաբնական եւ արժանաւոր վայրը. հոն կը խարսխուին մեր արմատները, հոն սրտերը կը գտնեն զիրար, եւ սէրը, կարծէք, որպէս յարատեւ կրակ` կը վերածնի: Ամէն մէկ քայլ, ժպիտ եւ հպում լեցուն էին ջերմութեամբ, իսկ ամէն ակնթարթ` հարազատ...




















