Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ֆրեզնոյի Այցելութիւնները

Նոյեմբեր 15, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ հասաւ Ֆրեզնօ: Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին, սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին` Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանը, կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, որոնք անդրադարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցնող 30 տարիներու ընթացքին զանազան բնագաւառներէ ներս կատարուած իրագործումներուն` շեշտելով կաթողիկոսութեան հետզհետէ ծաւալող համազգային առաքելութեան կարեւորութիւնը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ հովուապետական այցելութեան իր բնաբանին` «Հաւատք, հաւատարմութիւն եւ համախմբում», ապա ամփոփ կերպով խօսեցաւ երկու հարցադրումներու մասին, թէ ներկայ աշխարհին մէջ ի՞նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ եւ ինչպէ՞ս կ՛ապրինք քրիստոնէական հաւատքը:

– Չորեքշաբթի, 5 նոյեմբերին վեհափառ հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն վերանորոգեալ եկեղեցւոյ սուրբ խորանին օծումը:

Օծման արարողութեան աւարտին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով` իր եւ ֆրեզնոյահայութեան անհուն ուրախութիւնը յայտնեց, որ կաթողիկոսի ձեռամբ ու անոր գահակալութեան 30-ամեակի նշման ծիրին մէջ կատարուեցաւ այս պատմական եկեղեցւոյ սուրբ խորանին վերաօծումը:

Վեհափառը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Քրիստոս իր մարդեղութեամբ, առաքելութեամբ, խաչելութեամբ եւ յարութեամբ հին կեանքէն նոր կեանք դառնալու արմատական փոփոխութիւնն է,  աւելցնելով, որ Քրիստոսով ստեղծուեցաւ նոր մարդը, եւ որ` փրկութիւնը մարդուն ազատութիւնն է մեղքի իշխանութենէն:

– Նոյն օրը Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:

Գեղամ արք. Խաչերեան շրջանի գաղութին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառին, որ անգամ մը եւս անսալով իր ժողովուրդի փափաքին` ժամանեց Ֆրեզնօ եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ եկեղեցւոյ ու ազգի զաւակներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ եկեղեցի ու համայնք տարբեր իրականութիւններ չեն, այլ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, աւելցնելով, որ Եկեղեցին ո՛չ հաստատութիւն է եւ ո՛չ վայր, այլ իր էութեամբ հաւատքի համայնք է` Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, որուն անդամները միասնաբար կը կազմեն Եկեղեցին: Հետեւաբար եկեղեցի ու համայնք, որպէս մէկ ամբողջութիւն, պէտք է մնայուն ու սերտ հաղորդութեան մէջ ըլլան: Հայրապետը արժեւորեց եկեղեցի-գաղութ կապը` դիտել տալով, որ գաղութին թուաքանակին ու նիւթական կարելիութիւններուն մէջ չի կայանար անոր արժէքը, այլ` հաւատքին եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ տածած հաւատարմութեան մէջ, եւ մանրամասնօրէն խօսեցաւ եկեղեցւոյ եւ համայնքի յարաբերութեան կարեւորութեան մասին` յատկապէս անդրադառնալով հոգեւոր վերանորոգման:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքի աւարտին` իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն երկար տարիներու վաստակի ու ծառայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց գաղութի զաւակներէն` Ալիս Կիւրէղեանը, Պիլ Սահաթճեանը եւ Մարվին Գաբրիէլեանը: Ան նաեւ յատուկ յուշանուէրով պատուեց ազգային բարերար Վահան Շամլեանի այրին` Անուշ Շամլեանը` հայութեան կեանքին մէջ Շամլեան ընտանիքին ունեցած նիւթաբարոյական կարեւոր ներդրումին համար:

– Հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն հայ ազգի քաջամարտիկ նահատակներու եւ մշակոյթի ծառայողներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, մասնաւորաբար` ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանին, որ 1921 թուականին ահաբեկեց հայ ազգի Ցեղասպանութեան գլխաւոր դահիճն ու պատասխանատուն` Թալէաթ փաշան, ինչպէս նաեւ` փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին, որ եղած է Հայոց պատմութեան առաջատար գիտնականներէն մէկը, եւ` գրող Ուիլիըմ Սարոյեանին, որ եղած է միջազգայնօրէն ճանչցուած հայ ազգի գրագէտ:

– Նոյն օրը Արամ Ա. այցելեց Ֆրեզնոյի համալսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց բաժինի տնօրէն Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին եւ անոր գործակիցներուն կողմէ: Վեհափառը նախ ուղղուեցաւ համալսարանի շրջափակին մէջ բարձրացած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան, ուր իր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգ: Արարողութեան աւարտին կաթողիկոսը ողջունեց յուշարձանի ծրագիրին իրագործումը` Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի եւ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց բաժինի տնօրէնին գործակցութեամբ: Ան ըսաւ, որ պետութիւններ զանազան հաշիւներէ մղուած` կրնան ցեղասպանութիւն բառը չգործածել, սակայն մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւն էր միջազգային օրէնքին համաձայն: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրօրէն արմատացած է: Հայ ազգը կը պահանջէ Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում:

Ապա, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին,  համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Յաջորդաբար խօսք առին` համալսարանի փոխնախագահը, Հայագիտական ուսմանց բաժնի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ դասախօսներ, որոնք անդրադարձան կաթողիկոսին կատարած իրագործումներուն, յատկապէս` մշակութային ու բանասիրական մարզերէն ներս:

Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց համալսարանական ուսման կարեւորութիւնը եւ ուսումը ծառայութեան ու համայնքի կեանքին մասնակցութեամբ արժեւորելու հրամայականը: Ան խոստացաւ կաթողիկոսարանի բոլոր հրատարակութիւններէն ուղարկել համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ առաջարկեց գործակցութիւն ստեղծել բաժանմունքին ու կաթողիկոսարանի «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական կեդրոն»-ին միջեւ:

Աւարտին փոխնախագահը պարգեւատրեց վեհափառը համալսարանի բարձրագոյն շքանշանով, որ բացառաբար կը տրուի միջազգային վարկ վայելող անձնաւորութեանց:

Նոյն օրը երեկոյեան Արամ Ա. ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ շուրջ 100 երիտասարդներու հետ: Հաւաքը առիթ հանդիսացաւ ներկայ երիտասարդներուն` հարցումներ ուղղելու հայ ժողովուրդն ու Հայ եկեղեցին յուզող հարցերու, եւ յատկապէս կրօնական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական բնոյթ ունեցող խնդիրներու մասին:

Վեհափառը շեշտեց հոգեւոր արժէքներուն կարեւորութիւնը ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ` դիտել տալով, որ մարդ արարածը սոսկ ֆիզիքական գոյութիւն չէ, այլ հոգեւոր իրականութիւն է: Ֆիզիքականը հող կը դառնայ, մինչ հոգին յաւիտեան կը մնայ. հետեւաբար մարդու կեանքի հոգեւոր տարածքը էութիւնը կը կազմէ անոր գոյութեան, եւ անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն տալ հոգիին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին` երբեմն բաղդատական կատարելով այլ կրօններու ուսուցումներուն հետ:

 

 

Նախորդը

«Զգուշ» Առողջապահական-Նախազգուշական Պարբերաթերթը Կը Շարունակէ Իր Արդիւնաւէտ Երթը

Յաջորդը

Պահպանէ՛ Լեզուդ, Պահպանէ՛ Ինքդ Քեզ

RelatedPosts

Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին
Գաղութէ Գաղութ

Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին

Նոյեմբեր 17, 2025
Գէորգ Թամամեան Արժանացաւ Ամերիկայի Քլինիքական Ուռուցքաբանական Միութեան «Ֆասքօ» Կոչումին
Գաղութէ Գաղութ

Գէորգ Թամամեան Արժանացաւ Ամերիկայի Քլինիքական Ուռուցքաբանական Միութեան «Ֆասքօ» Կոչումին

Նոյեմբեր 13, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?