Հայ երգը ոչ միայն մշակութային հարստութիւն կը ներկայացնէ հայուն համար, այլ նաեւ ունի դաստիարակիչ ուժ մը, որ կը կերտէ զայն երգողին կամ լսողին ներաշխարհը: Հայուն ինքնութիւնը տաշուած ու պահպանուած է հայ երգով: Եթէ հայ մը իր պատմութեան ծանօթ չէ, ան գէթ հայ երգին ընդմէջէն կը զգայ, թէ ինք հարուստ պատմութեան մը ժառանգորդն է: Այլ խօսքով, հայ երգը ամէնէն հասանելի եւ ազդու միջոցներէն մէկն է հայուն ոգին ու գիտակցութիւնը արթուն պահելու:
Դպրեվանքի կեանքին մէջ հայ երգը մնայուն եւ անբաժան ներկայութիւն եղած է միշտ: Թէեւ ամէնօրեայ դրութեամբ եկեղեցւոյ մէջ շարականի երգեցողութիւնը դպրեվանեցիին ձայնը հոսող ջուրի մը կը վերածէ, սակայն անիկա բաւարար չի սեպուիր: «Շարականի գետին» զուգահեռ, հայկական ժողովրդային, աշուղական, հայրենասիրական եւ յեղափոխական «գետերը» եւս կը հոսին դպրեվանքի անդաստանին մէջ:
Դպրեվանքը ունի իր երգչախումբը, որ 2013-էն ի վեր անուանուած է «Արմաշ» անունով` վերյիշելով Արմաշու վանքը, ուր ուսեալ կղերականներ պատրաստուեցան եւ շրջանաւարտ դառնալով` նշանաւոր դէմքեր դարձան: Որքա՜ն դժուար է երիտասարդութեան սեմին գտնուող պատանիներու համար քառաձայն երգչախումբի մէջ երգել: Այս տարիքին է, որ պատանիներուն ձայնը ակամայ կը սկսի փոխուիլ, երաժշտական ներդաշնակութիւնը խանգարել եւ խմբավար հայր սուրբին ականջը ծակել: Բայց անդադրում փորձի պահերը, որոնք դպրեվանեցիին հանգիստի ժամերը կը խլեն, կը յաջողին ներդաշնակութիւն ստեղծելով, հայ երգը ներկայանալի ձեւով հրամցնել ունկնդիրներուն: Ի վերջոյ, այդ փորձի ժամերուն պատճառած «ջղագրգռութիւնը» կը վերանայ, երբ ունկնդիրները մեծապէս կը գնահատեն դպրեվանեցիները եւ կ՛արտայայտուին իրենց դրական տպաւորութիւններուն մասին:
Տօնական օրերուն կամ հիւրերու այցելութիւններու ընթացքին, սեղանին վրայ, համեղ ուտեստեղէնի կողքին, պէտք է հրամցուի «ոգեղէն հացը»` հայ երգը: Որեւէ ժամանակ տեսուչը կամ տեսչական կազմի անդամներէն մէկը նշան կ՛ընէ աշակերտներուն, որպէսզի սկսին ճաշկերոյթը ճոխացնել գեղեցիկ երգերով: Այս իմաստով պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ, որովհետեւ հրահանգը կրնայ տրուիլ անսպասելի պահու մը նոյնիսկ: Իսկ երբ երգեցողութիւնը սկսի, կանգ առնելը դժուար է: Աւելի՛ն. եթէ ճաշի պնակդ չես պարպած տակաւին, ուրեմն երկա՜ր պիտի սպասես ճաշդ շարունակելու համար:
Երգացանկին մէջ կան երգեր, որոնք երկա՜ր տարիներէ ի վեր կը պահպանուին աւանդութեան պէս, օրինակ` «Գովք Եդեսիոյ»-ն, «Բամբ որոտան»ը, «Սեղանն է առատ»ը, «Խաչ»-ը, «Լարի՜ թըմպըր լա-լա»-ն եւ այլն: Երբեմն կարգ մը երգեր առօրեայ մտերմութեան մէջ կը սկսին աշակերտական նոր «ստեղծագործութիւններով» զարդարուիլ եւ յարմարիլ դպրեվանեան կատակներուն: Կատակներուն հետ միատեղ յիշատակներ կը զարգանան եւ իրենց հետքը կը ձգեն սերունդներուն վրայ:
Հայ երգը, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, կը կերտէ դպրեվանեցիին նկարագիրը, ինքնութիւնը եւ ոգին: Սերունդներ անցած են դպրեվանքէն, եւ նոյն երգերը մնացած են բոլորին գիտակցութեան եւ ծառայական ոգիին խորքը: Շրջանաւարտներէն շատեր, իրենց կարգին, հայ երգի ուսուցիչներ, երգչախումբի խմբավարներ, յօրինողներ ու դաշնաւորողներ դարձած են, հակառակ այն իրականութեան, որ դպրեվանքը երգի ու երաժշտութեան դպրոց մը չէ, այլ երգն ու երաժշտութիւնը հոն կը դասաւանդուին աստուածաբանական եւ հայագիտական նիւթերու կողքին միայն: Ահա այսպէս է, որ դպրեվանեցիները կը դառնան հայ երգի մատակարարողներ, որովհետեւ Աւետարանին նման` հայ երգի տարածումի կարիքը նաեւ առկայ է սփիւռքի գաղութներուն մէջ: Եթէ նոյնիսկ դպրեվանեցին խմբավար չէ, ան ինքզինք հայ երգի դեսպան կը նկատէ եւ կը նպաստէ անոր տարածումին` իբրեւ ազգապահպանման կարեւոր միջոց: Հայ երգն ու երաժշտութիւնը անհրաժեշտ գործօններ են հայ անհատի կազմաւորման համար եւ մանաւանդ դպրեվանեցիին ամբողջական պատրաստութեան համար: Ահաւասիկ` մշակման իւրայատուկ գործիք մը եւս, որուն շնորհիւ դպրեվանեցիին հայեցի եւ քրիստոնէական ոգին հաստատ հիմերու վրայ ամրօրէն կը քանդակուի:



