Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Վերէն Վարէն» Խորագրով Ծիծաղի Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորին, շաբաթ` 1 եւ կիրակի 2 նոյեմբերին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշարանին մէջ հանդէս եկաւ Համազգայինի «Լ. Շանթ» թատերախումբը ծիծաղի երեկոյով:
Երեկոյի խորագիրն էր «Վերէն, վարէն», որովհետեւ կ՛ընդգրկէր զանազան նիւթեր ներկայացնող զաւեշտներ` հետեւեալ վերնագրերով. «Վերէն, վարէն TV», «Գողերու սենտիքա», «Երկու չափէ՛, մէկ կտրէ՛», «Ամերիկայէն հիւր մը», «Անունը ի՞նչ դրին», «Տաքցո՛ւր, փակցո՛ւր beauty center» եւ «Տոքթոր-տոքթոր»: Ծիծաղի երեկոն բեմականացուցած էր Գէորգ Արոյեան, իսկ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունին սիրայօժար տրամադրած էր իր հեղինակած «Անունը ի՞նչ դրին» զաւեշտը:
Միաւորի վարչութեան անդամ տոքթ. Թամար Սարգիս իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ սոյն ներկայացումը արդիւնք է հաւաքական աշխատանքի:
Միացեալ Նահանգներ
Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան վարչութեան, 30 հոկտեմբերին միութեան գրադարանի սրահին մէջ նշուեցաւ Աւետիք Իսահակեանի` Վարպետի, ծննդեան 150-ամեակը: Յայտնենք, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Երեւանի «Աւետիք Իսահակեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ անոր ծննդեան150-ամեակի նշում, որուն ընթացքին իր խօսքը ուղղեց Իսահակեանի թոռնիկը` Աւիկ Իսահակեան:
Վարչութեան նախագահ Հրանդ Աւանէսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ միութեան աշխատանքներուն` հաստատելով, որ միութիւնը վերելքի մէջ է բովանդակալից գրական եւ հասարակական հանդիսութիւններով:
Օրուան հանդիսավար Զաւէն Գրիգորեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Վարպետին կենսագրութիւնը, ապա կարդաց միջազգային հեղինակաւոր գրող-փիլիսոփաներու գնահատանքը Իսահակեանի մասին:
Ռուբէն Քէշիշեան ներկայացուց Իսահակեանի «Յիշատակարան» գիրքը: Ան շեշտեց, որ Իսահակեան անբիծ զգացումներով
հայրենասէր, ազգասէր, ժողովրդասէր, մարդասէր, հանճարեղ քնարերգակ բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ գրող է` գիտութեան պաշտպան, ազգային եւ հասարակական աննկուն գործիչ:
Ամերիկայի Հայ գրողներու եւ լրագրողներու միութեան նախագահ Վազգէն Վանատուր իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ Իսահակեանը, գրականութեան զուգահեռ, քաղաքական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած է, աւելցնելով, որ ան նեգրաւուած է է ՀՅԴ-ի կազմակերպած «Նեմեսիս» գործողութեան խմբակին մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Կիպրոս
«Կիպրոսի Կամաւոր Բժիշկներ» Միութիւնը Պարգեւատրեց Սիմոն Այնեճեանը
Շաբաթ, 25 հոկտեմբեր 2025-ին Նիկոսիոյ մէջ «Կիպրոսի կամաւոր բժիշկներ» կազմակերպութիւնը պարգեւատրեց «Կիպրահայեր e-magazine»-ի խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Սիմոն Այնեճեանը` վերջինիս մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն եւ արցախցիներուն օգտին կատարած երկարամեայ կամաւոր գործունէութեան համար:
Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին` Կիպրոսի ներքին գործոց նախկին նախարար Նիկոս Նուրիսը, նախկին երեսփոխան եւ «Կանաչ» կուսակցութեան նախագահ Եորղոս Պերտիքիսը, նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ` քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, կիպրական բազմաթիւ միութիւններ, որոնք տարիներ շարունակ օժանդակած են «Կիպրոսի կամաւոր բժիշկներ»-ու տասնեակ առաքելութիւններուն:
Այնեճեանի մարդասիրական գործունէութիւնը կը սկսի դեռ այն օրերէն, երբ ան կազմակերպեց 40-ժամեայ ռատիօ-մարաթոն մը, որուն ընթացքին հաւաքուեցաւ 250.000 կիպրական փաունտ, օրինակելի ձեռնարկ մը, որուն միջոցով կիպրացի ժողովուրդը համախմբուեցաւ` օգնելու Արցախի ժողովուրդին, որ այդ օրերուն կը պայքարէր գոյատեւման եւ անկախութեան համար` ազերիական յարձակումներուն դէմ:
Ստացած պատիւը Այնեճեան ընդունեց Կիպրոսի հայ համայնքին անունով` ընդգծելով այն համատեղ նուիրումը, որ կը միացնէ մարդասիրական համերաշխութեան իտէալներով ապրող ժողովուրդները:
Մրցանակները յանձնեց դոկտ. Էլենա Թէոխարոս (Եւրոպական նախկին խորհրդարանի անդամ), որ իր խօսքին մէջ դրուատեց բոլոր մրցանակակիրները` «ողորմածութեան եւ ծառայութեան իտէալները յառաջ տանելու» համար:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Այնեճեան երախտագիտութիւն յայտնեց այն կիպրացի կամաւորներուն, որոնք նպաստած են Ստեփանակերտի Մանկական հիւանդանոցի հիմնումին, եւ ընդգծեց, որ Կիպրոսի ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ անշեղօրէն կանգնած է Արցախի կողքին:
Պատուի արժանացաւ նաեւ Քաթիա Ֆիլի-Մոստիչեան` «Լոկոս Մետիա»-ի ներկայացուցիչը, որ մասնակցած է կազմակերպութեան մարդասիրական ճամբորդութիւններուն դէպի Արցախ եւ առանցքային դեր ունեցած է այն պատմական ռատիօ-մարաթոնի կազմակերպման մէջ, որ սկիզբը դրաւ այս մարդասիրական ուղեւորութեան:
Երեկոն նաեւ յարգեց արուեստի եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ, որոնց ստեղծագործական նուիրումը մեծ դեր խաղացած է մարդասիրական հարցերու նկատմամբ հանրային զգօնութիւնը պահպանելու մէջ:
Այս ձեռնարկը ծառայեց իբրեւ Կիպրոսի կամաւորական աւանդութեան յիշատակում եւ միեւնոյն ատեն` Կիպրոսի ժողովուրդի բարոյական ու հոգեւոր կապի վերահաստատում Արցախի ժողովուրդին հետ, որ անցած է աւելի քան տասը պատերազմական գօտիներու մէջէն` միշտ տէր մնալով իր մարդասիրական առաքելութեան եւ շնորհքին:
Կիպրահայ Համայնքին Նուիրուած Ձեռնարկ
3 նոյեմբերին «Կրեմըր սքուլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած կիպրահայ համայնքին: Մշակոյթի, արուեստի, երաժշտութեան եւ յունական բաժնի փոխտնօրէն Քաթերինա Նեստորիտու, ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, որ աշակերտութեան ներկայացուց հայկական մշակոյթը` հայկական պարերու, երգերու եւ կիպրահայ գաղութի պատմական եղելութիւններու վերաբերեալ վաւերագրական կարճ ժապաւէններու ցուցադրութեամբ:
Յունաստան
Մշակոյթի Նախարարը Այցելեց Տիտիմոթիքոյի Հայկական Եկեղեցին
24 հոկտեմբերին Յունաստանի մշակոյթի նախարար Լինա Մենտոնի եւ իր շքախումբը այցելեցին Տիտիմոթիքոյի հայկական Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան` Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանի, Ազգային վարչութեան անդամ Արսէն Գալֆայեանի, Թրակիոյ հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի, Տիտիմոթիքոյի եւ Օրեսթիատայի Թաղային խորհուրդի անդամներուն, թեմական պատգամաւորներուն եւ տեղւոյն համայնքի հայրենակիցներուն կողմէ:
Նախարարը ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան, հնագիտական արժէք ներկայացնող ճարտարապետական կառոյցին եւ անոր կարիքներուն, որոնք կապ ունին շէնքի կառոյցին վրայ անհրաժեշտ շինարարութեան ծրագրումով: Սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամին հետ խորհրդակցաբար, նախարարը յայտնեց, թէ նախարարութեան կողմէ օժանդակութիւն պիտի ընձեռուի եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն: Այս ծիրէն ներս յառաջիկային պիտի կատարուին նախապատրաստական եւ ուսումնասիրական աշխատանքները` սկսելու համար վերանորոգութեան առաջին փուլը:
Սրբազան հայրը իր երախտագիտական զգացումները յայտնեց նախարարին ներկայութեան համար պատմական արժէք ունեցող հայկական եկեղեցիէն ներս, ապա անդրադարձաւ տեղական համայնքի բազմամեայ ներդրումին` շրջանի կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ դրուատեց հայ եւ յոյն բարեկամութեան արժէքը:
Իր կարգին, նախարար Լինա Մենտոնի շնորհակալութեամբ արտայայտուեցաւ այցելութեան մասին` նշելով, որ պետութիւնը ստանձնած է տեղական պատմական բերդի վերականգնումի աշխատանքը, որուն ծիրէն ներս ներառուած է հայկական հնամեայ Ս. Գէորգ եկեղեցին: Ան հաստատեց, որ ուսումնասիրութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ յառաջիկային մասնագիտական յատուկ խումբեր պիտի ձեռնարկեն կառոյցի վերանորոգման անհրաժեշտ քայլերուն:
Յունաստանի Հայկական Համայնքի Ծանօթացման Ներկայացում
Նախաձեռնութեամբ ռուսերէնի ուսուցչուհի Ճուլիեթթա Եղոյեանի եւ Հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Մարիամ Պետրոսեանի, «Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու դերը որպէս կամուրջ» աշխատանքի ծիրին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ հանդիպում` գործակցաբար Հայաստանի մէջ յունական համայնքի ներկայացուցիչներուն, Յունաստանի մէջ հայկական համայնքի կեանքին իրազեկ եղող Ալիս Աթթարեանին եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանող Թերեզա Մնացականեանին:
Հիւրերը ներկայացուցին Յունաստանի հայկական համայնքի ձեւաւորման պատմութիւնը, համայնքի ներկայ գործունէութիւնը` անդրադառնալով կրթական, մշակութային կեանքի կազմակերպման մասին, եւ պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն: Նախագծային աշխատանքի մասնակիցներ` Լիտա Սեդրակեան, Սարգիս Մամիկոնեան եւ Վահէ Մկրտչեան, այս հանդիպումով հնարաւորութիւն ունեցան պատկերացում կազմել հայ համայնքի գործունէութեան մասին, որ իրենց կ՛օգնէ նախագծային աշխատանքը ուսումնասիրելու եւ վերլուծումներ կատարելու:
Ազգային Տօնի Նշում
Ընդառաջելով Նիքէայի քաղաքապետարանի հրաւէրին` Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային խորհուրդի անդամներ Լեւոն Չէրչեան եւ Գարլօ Գույումճեան 28 հոկտեմբերին ներկայ գտնուեցան «Օսիա Քսենի» հրապարակը, ուր յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ յունական ազգային տօնին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւն, օրուան պատգամի ունկնդրութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Ապա տեղի ունեցաւ աշակերտական եւ սկաուտական տողանցքը, որուն մաս կազմեց ՀՄԸՄ-ի Քոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խումբը:
Աւարտին «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտներու դրօշակի արարողութիւնը: Պարէտ քհնյ. Խաչերեան խօսք առնելով` շնորհաւորեց ազգային տօնին առիթով սկաուտական կազմի տողանցքը եւ անոնց մաղթեց քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն:
Իրան
Բուժքոյրերու Օրուան Առիթով Գնահատուեցաւ «Ա. Աւետիսեան» Բուժարանի Բուժքոյր Ժասմեն Իսկանդարեանը
29 հոկտեմբերին, Բուժքոյրերու օրուան առիթով, տեղի ունեցաւ օրինակելի բուժքոյրերու մեծարման ձեռնարկ` ներկայութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ դոկտ. Մասուտ Փեզեշքեանի եւ բուժքոյրերու համակարգի տնօրէնին:
Ձեռնարկի ընթացքին «Ա. Աւետիսեան» ազգային բուժարանի բուժքոյր Ժասմեն Իսկանդարեան ներկայացուեցաւ որպէս օրինակելի բուժքոյր, եւ անոր յանձնուեցաւ գնահատանքի յուշատախտակ մը:
Նշենք, որ Ժասմեն Իսկանդարեանի անունը կարդացուած ատեն շեշտուեցաւ, որ ան հայ-քրիստոնեայ համայնքին կը պատկանի, հետեւաբար սոյն գնահատականը ստանալը մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է բուժարանին, նաեւ` իրանահայ համայնքին համար:
Հայ Մշակութային «Արարատ» Միութեան Մշակութային Միաւորի «Կռունկ» Համոյթը
30 հոկտեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան բեմին վրայ ելոյթ ունեցան նոյն միութեան Մշակութային միաւորի «Կռունկ» համոյթի պարի եւ ասմունքի խումբերը, պարուսոյց` Քաթրին Թորոսեան, եւ ասմունքի բաժանմունքը` ղեկավարութեամբ Ռիմա Սիմոնեանի եւ Կարին Տէր Մարտիրոսեանի:
Մշակութային միաւորի անդամ Վանանդ Իսաղուլեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց «Կռունկ» համոյթի պարի եւ ասմունքի խումբերու տարիներու համագործակցութեան փաստը` աւելցնելով, որ «Կռունկ»-ը մշակութային շարժում է, ուր կը միաւորուին արուեստի տարբեր ճիւղերը` ազգային ինքնութեան պահպանման համար:
Երեկոյի ընթացքին պարախումբը կատարեց` «Կռունկ», «Կտոր մը երկինք», «Արեւի երկիր», «Կարմիր մրրիկ» (սպանական պար), «Տիկնիկներու աշխարհի մէջ», «Դիմակահանդէս» (վալս), «Ճերմակ երազանք», «Թաքնուած հմայք», «Մախմուր աղջիկ», «Ծաղիկներ», «Հայրենիք», «70-ականներու շունչ», «Բարբի», «Մուլտֆիլմերու աշխարհի մէջ», «Կատակ պար», «Ռուսական պար», «Սասունցիներու պարը» եւ «Քոչարի»: Վանանդ Իսաղուլեան հանդէս եկաւ երգով, Ալինա Տէր Սուքիասեան, Էմիլի Նաւասարդեան եւ Արթուր Քամարզարեան հերթաբար ասմունքեցին` «Աշուղի երազը», «Ախթամար» եւ «Բոսֆորի ափին»: Լալագէ Իսաղուլեան ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն», իսկ Քաջայր Գալստանեան պատմեց «Սուտլիկ որսկանը» հեքիաթը: Յիշեալ երգն ու ասմունքները համադրուած էին պարային կատարումներով եւ տեսանիւթերու հետ:
Ձեռնարկի աւարտին թեմի առաջնորդ Սիփան արք. Քէչէճեան եւ «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սարօ Պօղոսեան գնահատագիրներ յանձնեցին խումբերու ղեկավարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անվերապահ համագործակցութիւն ցուցաբերած էին կազմակերպիչներուն հետ:


