Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)

November 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ      

Ամէն անգամ, երբ փորձեցի մատիտս շարժել մահագրութեան տողերով, նուազագոյն պարտքս մատուցել նահատակ Քրիստափոր Յարութիւնեանի յիշատակին, մտածումներու շղթաս ընդհատուեցաւ, կենդանի Քրիսը իր հեզահամբոյր ժպիտով միշտ մարմնաւորուած տեսնելով իմ առաջ, յառելով, թէ` «Մի՛ փորձեր յանձնել զգացումներդ թուղթին, այդ մէկն ա՛լ անընդունելի է ինծի համար եւ պճնանքի համազօր արժեւորում է»: Վերջապէս, հաւաքեցի մէջս արիութեան խլեակներս, յիշատակներուս բեկորները քով քովի դնելով, մերժելով անսալ համեստ ու խոհական մեր նահատակ ընկերոջ ընկերական խնդրանքին ու տատամսոտ սահեցուցի գրիչս:

Քրիսը քանի մը առիթներով փորձեց գրկել մարտիրոսութեան գահը, բայց ազգի քերովբէները ետ դարձուցին զինք եւ չարտօնեցին վաղահաս մուտք գործել անմահներու դարպասէն ներս, որովհետեւ դեռ իրեն վերապահուած էին առաքելութիւն, անաւարտ ընելիքներ` հանդէպ իր ազգին, հայրենիքին ու գաղափարակից ընկերներուն:

Ատենօք, որպէս ՀՅԴ պատանեկան միութեան դաստիարակ եւ վարիչ` ան շեշտակիօրէն դրոշմեց զաւակներուս մէջ ազգային գաղափարական շունչ, որ չէի կարծեր թէ այս օտար ափերուն վրայ այդ ուժգնութեամբ պիտի խորասուզուէր եւ ամրագրուէր անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ: Պէտք է խոստովանիմ, որ ընկեր Քրիսին շունչով ջամբուած անբասիր դաստիարակութիւնը զաւակներուս եւ իրենց տարեկիցներու համար թռիչք պիտի առնէր եւ ծլէր ու դառնար ատաղձը գաղափարական հայորդիի իրենց կազմաւորումին:

Արցախեան գոյամարտի վաղ օրերուն, այլոց կողքին, ան ընդառաջեց հողի կանչին, արեւմտեան բարիքները ետին ձգեց ու մերժելով արեւմտեան խաբուսիկ «մեծ երազները», ներկայացաւ պատնէշ` իր լուման ներդրելու արցախեան գոյապայքարին: Վերջապէս, իր օրրանը դարձուց հայրենի աշխարհը, շիւղ առ շիւղ իր հոգեհատոր բոյնը կառուցեց հայրենի պաշտելի հողին վրայ: Կենսագործեց յանուն հայրենիքի եւ հայրենի հողին ջերմութեամբ ու բարիքներով լիացաւ, միշտ աչքերը սեւեռած դէպի գետի այն ափին` ամբողջական Հայաստանի սահմաններուն:

Գերագոյն զոհողութեան պատրաստներու անհամար փաղանգին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է Քրիսը: Իր ծայր աստիճան խոհուն ու պարզ պահուածքը եւ փարոսներու շլացուցիչ լուսարձակներէն խուսափող խիստ նկարագիրն է, որ կենսագործեց ու պատգամեց իր շրջապատին:

Մէկ տարի առաջ, երբ հայրը հօրս հետ դրկից էր Թորոնթոյի հիւանդանոցային բժշկական խնամատարութեան, պատեհութիւնը ունեցանք երկար զրուցելու իր ընտանեկան պարագաներուն հետ` Քրիսի բարեմասնութիւններուն ու իւրայատուկ ազգային-գաղափարական պահուածքին մասին: Հիմա գնաց եւ միացաւ իր գաղափարակից հօրը` ըսելով. «Պա՛պ, ես մօտդ եկայ, ինչպէս գիտես, տէր եղայ տարիներ առաջ արտասանած երդումիս, որուն դուն վկան էիր», աւելցնելով, որ` «Օրին բարձրաձայն բացագանչեցի ի տես բոլորիդ` …Իսկ եթէ հարկ ըլլայ կեանքիս գնով ծառայել հայրենիքի ու հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Քրիսը ունէր անտեղիտալի որոշումը` իմացեալ մահով անմահանալու, ու պայքարի ճանապարհին վրայ փռելու իր մարմինը, որպէսզի գալիք սերունդները հանգիստ անցնէին մարտիրոսներով սալայատակուած կամուրջի վրայով` դէպի յաղթական նոր ափունքներ:

Այս օրերուն համացանցի վրայ երեւցող կամաւորներու հերթին կեցած` իր խօսուն պատկերը շատ բան կը խտացնէ իր մէջ: «Կիտան կեալմազի» ճամբուն յառած իր ամօթխած ու համեստութեամբ փայլատակող նայուածքով ու օրհնաբեր շրթներով հպարտութեամբ կը մեներգէր` «Շարունակէ՛ք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:

Վիտոշ լերան արեան շիթերու հետքերով, իր գաղափարակից զինակիցներուն հետ բարձրացան Վարանգաթաղի սրբացած բարձունքը ու այս սխրանքով միացան արծիւներու երամին` անմահութեան շղարշով պսակելով իրենց երթը:

Վշտակից ընկերդ`
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ      

Թորոնթօ, 12 հոկտեմբեր 2020

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Քրիստափոր Արթին Ժողովասրահ»-ի Բացում «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Մէջ

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.