Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Մեր Խօսոյթը` 2030-ին

Նոյեմբեր 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Տեսակէտ» սիւնակին տակ տեղ կու տանք այս յօդուածին, միաժամանակ յստակացնելով, որ խմբագրութիւնը չի բաժներ այնտեղ արտայայտուած որոշ միտքեր. յատկապէս` տարածքներ չզիջելու կեցուածքը առաւելապաշտութեամբ մեկնաբանելու կամ Արցախ մեկնած օրուան պետական նախարարին քայլը հարցականի տակ առնելու մօտեցումները:

Խմբ.

Կարմիր թելի մը պէս «կը վազէ» պատերազմը: Պատերազմի գաղափարը նոր չէ, որ արմատ նետած է կողք-կողքի ապրող եւ իրարու հանդէպ թշնամական մօտեցում ունեցող ժողովուրդներու մէջ:

Շատեր թելադրական մօտեցումով մը յաճախ կը յարեն, որ Ազրպէյճանի հանրութեան մէջ հայատեացութիւնը նոր դրուածք մը չէ: Կայ նախապատմութիւն, կայ պարտութիւն, կայ արիւն, եւ կան հազարաւոր զոհեր:

Երեսուն տարի տեւած «սպասման» փուլին մէջ ամրացուած էր անշուշտ այն միտքը, որ Հայաստանն ու հայերը առհասարակ` «Մէկ-զերօ» հաշիւ մը ունէին եւ կարողացած էին լախտի հարուած մը տան Ազրպէյճան պետութեան գլխուն:

Ու այդ ամբողջ ընթացքին իր երկրի ներքին հարցերը լուծելու փոխարէն` Ալիեւ առաջ կը տանէր, այս ալ կարմիր գիծի մը պէս կ՛երեւի արդէն, որ Ազրպէյճան պետութեան կայացման եւ հզօրացման համար իրենք պարտաւոր են «ազատագրել» Լեռնային Ղարաբաղը եւ այդպիսով ալ արդիւնքի մը տանիլ սկիզբ առած «խաղ»-ը:

Այլ խօսք, թէ ո՛վ սկիզբ տուած էր այդ պատերազմին, կամ` ի՞նչ խորքային պատճառներ կային բոլոր այն քայլերուն մէջ, որոնք մարմին առին «Ղարաբաղ կոմիտէ»-ի հրապարակ գալով:

Այդ հիմունք դարձած ընկալումները շատ արագ տարածուեցան գրեթէ ամէնուր: Սփիւռքը, որ մինչ այդ տարուած էր բոլորովին այլ գաղափարներով, իր վրայ «կը վերցնէր» «Ղարաբաղեան հիմնահարց»-ը եւ այդ խնդիրը կը վերածէր ամէնօրեայ մաքառումի եւ սկզբունքի:

Չեմ խորանար այդ հարցին մէջ, սակայն կ՛ուզեմ շեշտել, որ դարձեալ Արցախի հարցին արդիւնքով էր, որ նոր մղում կը ստանար դէպի Հայաստան երթալու, Հայաստանի մէջ ապրելու ու «կիսատ մնացած» դատը` արեւմտահայերուս դատը Երեւանէն շարունակելու մօտեցումը:

Տեսակ մը եասէրարաֆաթեան մօտեցումի աւելի նրբակերտ պատկերն էր, որ արագօրէն մարմին պիտի ստանար, եւ սփիւռքի չորս ծագերէն նուիրեալ ընկերներ եւ հայ մարդիկ պիտի հասնէին Երեւան ու «լռելեայն» ըսէին, որ «Մեծ Հայաստան»-ի ճանապարհը ոչ թէ Պուրճ Համուտէն (այդ օրերու Պուրճ Համուտը պէտք է դիտարկել եւ ընկալել իբրեւ մերձաւորարեւելեան հայկական օրակարգի թելադրական կեդրոններէն մին, կամ «ամենակեդրոն» կէտը) սկիզբ պիտի առնէ, այլ պիտի ապրի եւ գոյանայ Երեւանէն, յետոյ Ստեփանակերտէն ու յետոյ ալ` ազատագրուած Շուշիէն:

Այդ ազատագրումն էր կարծէք, որ միջակէտ մը կը դնէր շուրջ վեց տարիներ տեւած խորքային խմորումներու փուլին, որ կը փառաւորուէր այդքանով ու տեղ մըն ալ հանգիստ շունչ կը քաշէր` հաւատալով եւ ամրագրելով, որ «բուռն պայքար»-ի փուլը հոն կը դադրի, եւ ընթացք կ՛առնէ կառուցումի փուլ մը, որուն մէջ «խեղճ» սփիւռքը կը յայտնուէր «կթան կով»-ու մը կարգավիճակով:

Այդ փուլին էր գրեթէ, որ մղուած պուրճհամուտեան թաղային կռիւներու հոգեբանութենէն, այս անգամ հակաթուրք պայքարը կը փոխադրուէր դէպի արցախեան ճակատներ, ու սփիւռքի նօսրաթիւ մասնակիցներու բերնէն անգամ լսելի կը դառնային այն խօսքերը, որոնք կերպով մը մեզ կը նետէին քիչ մը դէպի ետեւ, դէպի 1970-ականներու զինեալ պայքարի փուլ, դէպի Պելկրատի գործողութիւն, ապա մանաւանդ դէպի Լիզպոն կամ նոյնիսկ 20-ականներ` «Նեմեսիս»-ի ժամանակներ:

Ասկէ առաջ ալ գրած եմ այս մասին ու նաեւ նկարագրական մը ընելով` փորձած եմ ես զիս ու նաեւ ընթերցողները համոզել ու առերեսել այն մտքին հետ, որ Արցախի պայքարը հարիւր տարի «պահուած», «զմռսուած» կամ ֆորմալին հեղուկով լեցուն տակառին մէջ դրուած Հայոց ցեղասպանութեան վրէժ-«դիակ»-ին վերակենդանացումն էր ձեւով մը:

Մեր մէջ կուտակուած ցաւը, կորստեան մատնուած ըլլալու ամեհի ճիչը, հող, տուն- տեղ, հարստութիւն եւ կեանք կորսնցուցած հազարաւոր արեւմտահայերու հաւաքական վերայառնումը, որուն բարեյաջողութիւնը կամ մեզի «վերջնական» թուացող յաղթանակը հայութիւնը, բայց մանաւանդ հայութեան սփիւռքեան հատուածները կը տանէր վարդագոյն հոգեվիճակներու` «Մենք մեր վրէժը լուծեցինք թուրքէն», կամ աւելի անդին երթալով` «Արցախի մէջ կռուած մեր տղաները թուրքին հախէն եկան» ըսելով:

Խորքային ոչինչ կար այստեղ: Նոյն անխորքութիւնը, նոր անհեռանկարութիւնը, նոյն պարզամտութիւնը` գրեթէ ամէն տեղ:

Ու այդ պարզամտութեան «յենած» զգացումներն էին, որոնք կը դառնային ամէնօրեայ մշակումներ ու կամաց-կամաց կը վերածուէին «Թէյը Պաքուի պիտի խմենք» միամիտ փռնգտոցներու, ու այդպէս ալ դանդաղօրէն վրայ կը հասնէր «Ոչ մի թիզ թշնամու»-ն խօսոյթը, որ կերպով մըն ալ կը վերածուէր քաղաքական նկրտումի:

Դէմ դիմաց էին Հայաստանի պետութիւնը, եւ միւս կողմէ` «Ոչ մի թիզականութիւն» կոչուած տհաս ու «ոչ մի տեղ» չառաջնորդող արկածախնդրային ընկալումը, որ օր մը, այն ատեն ուրախ եւ «յաղթանակի սրուակ»-ով կերակրուած հասարակութեան կու տար «գերի»-ի կարգավիճակ մը, որ կը փակէր անշուշտ միւսին հետ, հակառակորդին կամ թշնամիին հետ խօսելու (հասարակութեան մակարդակով) կամ սպի դարձած (առ երեւոյթ) հակամարտութեան հիմնահարցը:

Երեւանի փողոցներուն մէջ յատկապէս բոլորս լաւ կը յիշենք, որ անգամ արցախեան քառօրեայի օրերուն` 2016-ին «ոչ միթիզականութիւն»-ը աւելիով ուժ կը հաւաքէր, առանց գիտնալու թերեւս, որ Արցախի մէջ եղածը պարզապէս փորձարկում մըն է, բազկերակի շօշափում մը, որուն պիտի յաջորդէր 2020 թուականի ողբերգական ելքերով աւարտած պատերազմը:

Այս բոլորը մաս կը կազմեն մօտիկ անցեալի մեր պատմութեան:

Ցաւով, վիրաւորուած զգացումներով, ընկերներու եւ ծանօթներու կորուստով անցած ճանապարհ մըն է այս տարեգրութիւնը, որուն մէջ իրենց փայլքն ու ստորագրութիւնը թողած են մեր ապրած օրերու ամէնէն նուիրական հերոսները:

Զգացումով աճած, պարտականութեան մը շունչը իրենց հոգիին մէջ դրած ու մահուան հետ հանդիպելու եւ իրենց կեանքը նուիրելու այդ անուններէն շատեր այսօր եւս կ՛ապրին մեր սրտին ու երակներուն մէջ, ոչ միայն անոր համար, որ այդ ապրումը կրնայ մեղմացնել մեր ապրած այսօրուան օրհասին ծանրութիւնը, այլ` անոր համար, որ մենք, մեզմէ ալ առաջ` շատ ուրիշներ, երբեք չենք թերացած այդ պարտականութեան գիտակցութիւնը ունենալէ, առանց սակայն մտածելու, թէ յաղթանակ մը կերտելէ ետք ինչպէ՞ս կրնանք պահել այդ յաղթանակը, կամ թէ` այդ հողերուն վրայ կարմիր եւ մատղաշ արիւն թափածներու հերոսական խոյանքներուն ի՞նչ պիտի յաջորդէր, կամ` նոյնիսկ անոնց հարազատ շարունակութիւնը հանդիսացող «լաւագոյն տղերք»-ը ինչո՞վ պիտի մասնակցէին Արցախը հզօրացնելու- Հայաստանը արդիական պետութեան մը վերածելու գործերուն մէջ:

Եզրին ենք միշտ:

Եզրին գործած ենք, երբ ժամը հնչէ հասած ենք, երբ կրակը բացուի վահան դարձած ենք, ոչ միայն բանիւ, այլ` գործով, առանց սակայն յստակացնելու մեր ուզածները, մեր պահանջն ու մեր մեծ երազը:

Ու այս մէկը տակաւին այսօր ալ չենք հասկցած, չենք հասկցած, թէ մեր ուղենիշը ի՛նչ պէտք է ըլլայ, մեր արեւելումը ինչպէ՛ս պիտի կայմաւորուի, ու մենք ինչպէ՛ս պէտք է ընկալենք այն յստակ փաստը, որ Հարաւային Կովկասի այս տարածքին մէջ մշտապէս հարեւան պիտի ունենանք Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը:

Ո՞ւր կը տանին մեզ այսօր ընթացող խմորումները, ի՞նչ խաղեր կը դառնան մեր շուրջ, ո՞ր խողովակաշարը աւելի խորքով պիտի մտնէ մեր հողերու արգանդին մէջ, եւ ի վերջոյ, մեր «ընտրած» արեւելումը, որուն մասին յաճախ կը խօսուի աստ եւ անդ, որքանո՛վ պատրաստ է մեզի համար փրկութեան լաստ դառնալու:

Կորսնցուցա՞ծ ենք ուղեցոյցը:

Մեզմէ ոեւէ մէկը հարցո՞ւց, թէ ի՛նչ պայմաններու եւ յանուն ինչի՛ այսօր քաղաքական բանտարկեալ հանդիսացող Ռուբէն Վարդանեան ի՜նչ ալիքներու վրայ հասաւ Ստեփանակերտ:

Մեր փնտռածը նահատակութի՞ւն մըն էր արդեօք, որպէսզի աւելի «ապահով» ապրէինք Մոնրէալի կամ Փարիզի օդասուն սրահներուն մէջ, կամ հրաման մըն էր տրուածը, որ ամբողջ ութ ամիս պաշարուած Արցախը «դիտարկէինք», որպէսզի բարեկամութեան նոր շաւիղ մը բանանք եւրոպացիներուն հետ:

Հարցումներ են ասոնք, որոնց պատասխաններուն կարօտ ենք բոլորս: Հարցումներ են, որոնք կրնան լռեցնել մեզմէ շատեր, հարցումներ են, եւ միեւնոյն ժամանակ` լուծման ճանապարհներու մասին իրական որոնումներ:

Ու ցաւագինը այսօր այն է, որ 2020 թուականի պատերազմէն 5 տարի անց տակաւին չունինք հաւաքական մօտեցում մը, հայեցակարգ մը, արեւելում մը, թէ ի՛նչ պիտի ընենք, ինչպէ՛ս պիտի շարժինք, ինչպէ՛ս պիտի քալենք պատերազմէն 10 տարի անց` 2030 թուականին:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ընկալումը, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր բառն ու գաղտնաբառը եւ իբրեւ Հայաստանը սփիւռքին եւ սփիւռքը Հայաստանին կապող-փոխկապակցող հասարակութիւն` ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով պիտի ունենանք թելադրականութիւն եւ կամք:

Կամ մեր խօսքը, որուն մէջ պէտք է գերակշռէ արդար եւ իրաւացի միտքը, ինչպէ՞ս պիտի դառնայ իրական փրկօղակ մը մեզի ու մեր ժողովուրդին համար:

Հակազդող դարձած ենք, եւ հակազդեցութիւններու խաղը այսօր Հայաստանի հասարակութեան սրտովը չէ, սրտովը չէ, որովհետեւ Հայաստանի ժողովուրդը յոգնած է լոզունգներէն:

Մեր ժողովուրդը նոր օրակարգի կարիքն ունի, եւ մենք հարկ է մտածենք այդ մասին ու դուրս գանք մեր շուրջ նետուած «Հակազդեցութիւն-իշխանութիւն-հինցած ընդդիմութիւն» խաղէն, որ շատ առումներով մղձաւանջ է արդէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Արժէքաւոր Դանակի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյլըն Ճոնսընի Ասպարէզի Լաւագոյն Մրցումին Աթլանթա Յաղթեց

RelatedPosts

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ –  Բ.
Անդրադարձ

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Բ.

Նոյեմբեր 17, 2025
Դպրեվանեան Ոգին.  Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք

Նոյեմբեր 17, 2025
Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը
Անդրադարձ

Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?