Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ».- Համազգայինը ունի նաեւ պալէի դպրոց, այսօր ի՞նչ վիճակ կը պարզէ ան, ի՞նչ են ծրագիրները, կը քաջալերէ՞ք մանուկները միանալու այդ դպրոցին, կամ թերեւս այս պարի պարագային անոնց մօտ յաւելեալ յատկութիւններու կարիք կայ:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Պալէն թագաւորական արուեստ է, նախապէս միայն թագաւորները իրաւունք ունէին պալէով զբաղելու, հասարակ մարդիկ չէին կիրարկեր: Նախ ըսեմ, որ պալէն շատ սուղ արուեստ է թէ՛ փոյնթշուերը, թէ տարազները, բեմի յարդարանքները, բոլորն ալ սուղ են:
Պալէի պարագային աշակերտները պէտք է համապատասխան տուեալներ ունենան, աւելի ճկուն ըլլան եւ մանաւանդ` աշխատասէր, կրնայ ըլլալ, որ ճկուն չըլլայ մէկը, սակայն իր աշխատասիրութեան եւ հետեւողականութեան շնորհիւ հասնի յաջողութեան: Շատեր 1-2 տարի կու գան, սակայն երբ որ փոյնթշու հագնելու ըլլան, կը ձգեն, ցաւին չեն դիմանար, որովհետեւ իրենք կը կարծեն, թէ պալէն միայն վարդագոյն հագնելով կարելի է կիրարկել, սակայն երբ մարմինը նեղութեան մատնուի, արդէն կը հրաժարին: Պալէի աշակերտներուն թիւը նուազ է, որովհետեւ իրօք պէտք է խենթի պէս սիրես այս պարը, որպէսզի նուիրուիս անոր:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Այլ պատճառներէն մէկն էր նաեւ «Քորոնա» համաճարակը, անոր նախորդող ժամանակաշրջանին Համազգայինի մէջ բաւական տեղ հասցուցած էինք պալէն, լաւ թիւով աշակերտներ կային, սակայն այս համաճարակը, սահմանափակումները կասեցուցին պալէին վերելքը:
«ԱԶԴԱԿ».- Հակառակ այս բոլորին, սակայն, ուրախալի է, որ դեկտեմբերին պալէի աշակերտները պիտի ունենան «Նաթքրեքըր» ներկայացումը: Անոնց կողքին ովքե՞ր պիտի մասնակցին ելոյթին:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Նկատի ունենալով, որ անհրաժեշտ թիւով պալէի աշակերտներ չունինք այս ներկայացումին, որոշեցին «Գայեանէ»-ի փոքր դասարանի աշակերտներն ալ ներառել, թերեւս իրենք ալ կը քաջալերուին եւ կը սկսին հետեւիլ պալէի: Թէ՛ «Աղբալեան»-էն, եւ թէ «Լեւոն Շանթ»-էն փոքիկ պարողներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն:
«Նաթքրեքըր»-ի մէջ եղած տարբեր տարիքի աշակերտներուն մասնակցութիւնը կարեւոր է ընդհանրապէս, պէտք է յաւելեալ միացեալ ծրագիրներ իրականացնեն, օրինակ այս ներկայացման կան «Քնար» պարախումբի մեծ տղաք, որոնք եթէ բացակային, փոքրերը կը հարցնեն ինչո՞ւ չեն եկած, ո՞ւր են եւ այլն: Այս կապուածութիւնը կարեւոր է:
Ամէն պարագային պարի դասը ընդհանրապէս ուսուցիչէն կ՛ենթադրէ պարի գիտութիւն, ուսուցչութեան եւ մանկավարժութեան տիրապետում, նաեւ` բեմադրութիւն: Մանուկներն ու պատանիները յատկապէս շատ զգայուն են այս առումով, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր նկարագիրը, իսկ ուսուցիչը միայն պար սորվեցնելով չի կրնար բաւարարուիլ, այլ պէտք է գիտնայ իւրաքանչիւրին յատկութիւնները: Օրինակ` երեխայ մը կրնայ մեծապէս քաջալերուիլ եւ աւելի լաւը ընելու ձգտում ունենալ, եթէ իրեն հետ քիչ մը կարծր խօսիս, այլ երեխայ մը կը յուսախաբի եւ յաջորդ դասին չի ներկայանար: Պէտք է հաւասարակշռութիւն պահել խստութեան եւ մանկավարժական մօտեցումներուն միջեւ, որովհետեւ եթէ խիստ չըլլանք, ընդհանրապէս խառնակ վիճակ կը ստեղծուի, ժամադրութիւնները չեն յարգուիր, յարգանքը կը կորսուի: Ինչպէս աշակերտը ուսուցիչը պէտք է յարգէ, նոյնն ալ հակառակն է, որովհետեւ իւրաքանչիւրը եկած է այդ մէկ ժամը բան մը սորվելու, յոգնելու եւ լաւին ձգտելու:
Երբ խօսինք ելոյթներու մասին յատկապէս, պէտք է անպայման յիշատակենք այն մեծ ընտանիքը, որ աներեւոյթ կը գործէ զանոնք իրականութիւն դարձնելու համար, իսկապէս, առանց անոնց կարելի չէ յաջողցնել մեր ծրագիրները: Շրջանային վարչութիւնը եթէ մեր թիկունքին չըլլայ, արդէն չենք կրնար յառաջանալ, եթէ սրահին մէջ այդ գործող կամաւոր խմբակը չըլլայ, չենք կրնար դասաւորումները կատարել եւ այդքան մեծ թիւով աշակերտներ բեմ բարձրացնել: Մէկ հոգիով կարելի չէ պատերազմը յաղթել, իսկ մենք արուեստի այս պատերազմը կը յաղթենք համազգայնականներու մեծ խումբին հետ միասին, լաւ ներկայանալով, առաւելագոյնը ընելով:
ՆԱՆՕՐ ՍԵՖԵՐԵԱՆ.- Պարոնն ու օրիորդը իսկական դաստիարակներ են նաեւ: Յատկանշական է, որ կան աշակերտներ, որոնք առաջին դասարանէն սկսած են անոնց հետ, իսկ այսօր քնարիկ են («Քնար»-ի նախորդող դասարանի աշակերտներ) նոյնիսկ կան քնարականներ: Այսինքն` աւելի քան 10 տարի է Կարէն Մակինեանին եւ Ժագլին Սարխոշեանին հսկողութեամբ կը սորվին, կը պարեն, կը դաստիարակուին: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ անոնց միջեւ ստեղծուած է իւրայատուկ կապ մը, իրենք հաւանաբար իրենց ուսուցիչներուն մէջ կը տեսնեն իրենց ապագան, տիպարը: Այս մտերմութիւնը ոչ մէկ ձեւով կը խանգարէ դասի օրէնքները, կանոնները, պահանջկոտութիւնը, այլ կառուցողական է:
«ԱԶԴԱԿ».- Մեր զրոյցը շահեկան պիտի ըլլայ աւարտել այն խորհուրդով, որ ձեր կողմէ պիտի տրուի ծնողներուն, որպէսզի անոնք քաջալերուին իրենց զաւակը բերել Համազգային` հետեւելու արուեստի որեւէ ճիւղի: Ի՞նչ կը փոխէ արուեստը մարդու կեանքին մէջ:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Չի կրնար ըլլալ, որ աշխարհին մէջ բոլորը ըլլան փաստաբան, գործարար, կան նաեւ արուեստագէտն ու պարողը, կան հանճարեղ երաժիշտներ ու երգողներ, կան հանճարեղ խմբավարներ: Կարելի չէ մէկ ուղղութեան մէջ մնալ: Արուեստը մարդը աւելի բարի կը դարձնէ, աշխատասիրութիւն կը սորվեցնէ, պարտաճանաչութեան կը մղէ, որովհետեւ արուեստով զբաղողը գիտէ, որ տեղ հասնելու համար հետեւողական եւ լուրջ աշխատանք պէտք է, միայն փորձի երթալով չաւարտիր ամէն ինչ:
«Քորոնա»-ի համաճարակէն ետք, օրինակ, մեծապէս զգալի էր, որ մանուկներուն ու պատանիներուն ուղեղն ու ընկալումը նահանջած էին, որովհետեւ փակ տուներու մէջ անոնք հիմնականօրէն տարուած էին ելեկտրոնային գործիքներով, դիտելով` հեռու մարդոցմէ եւ շարժումէ: Երբ սահմանափակուեցաւ «Քորոնա»-ն, եւ սկսանք փորձերու, մեր ըսածները դիւրաւ չէին հասկնար աշակերտները, չէին ուզեր ճիգ ընել, շուտով կը յոգնէին: Ուրեմն երեւակայեցէք, որ մենք մանուկն ու պատանին ընդհանրապէս այդ կացութեան մէջ ձգենք` իր ելեկտրոնային սարքերուն եւ համացանցի աշխարհին մէջ, ան հաստատ կը բթանայ: Առ այդ, ես կը քաջալերեմ բոլոր ծնողները շաբաթը անգամ մը իրենց զաւակները բերել արուեստի աշխարհ` գծագրութիւն, պար, երգ եւ այլն, ասիկա փրկութեան ձեւ պիտի ըլլայ իրենց համար այս վտանգաւոր եւ վատ վիճակներով յղի մեր ապրած ժամանակաշրջանին:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Ինչ արուեստի ալ հետեւի մարդ, անոր մէջ անպայման ճաշակ կը ձեւաւորուի: Թէեւ հոս ծնողները շատ լուրջ չեն մօտենար արուեստին, զայն կը նկատեն նախասիրութիւն, սակայն անիկա շատ կարեւոր է: Պատմեմ դէպք մը, մեզի հետ Համազգայինի խումբերէն պարած տղայ մը, որ աւելի ուշ Քանատա փոխադրուեցաւ, վերջերս ե-նամակ մը գրած էր ինծի` ըսելով, որ իր մասնագիտութեամբ աշխատանք չէ գտած հոն եւ պարի ուսուցիչ դարձած է` միեւնոյն աշխատավարձով: Եթէ լաւ սորված չըլլար, ուշադրութիւն դարձուցած չըլլար իր դասերուն, չէր կրնար պար սորվեցնել ուրիշներուն, իր հմտութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ ան իր ապրուստը կ՛ապահովէ արուեստով, պարով:
Այլ խօսքով, ծնողներուն խորհուրդ կու տամ անպայման իրենց զաւակները ուղղել արուեստի ճամբով, թէկուզ իբրեւ նախասիրութիւն, ժամանակի ընթացքին անիկա կրնայ զարգանալ աշակերտներուն մէջ եւ տանիլ մասնագիտութեան, նոյնիսկ երբեմն աւելի պիտանի ըլլալ, քան ուսանած մասնագիտութիւնը:
ՆԱՆՕՐ ՍԵՖԵՐԵԱՆ.- Արուեստը մարդը կ՛ազնուացնէ, աւելի բարձրաճաշակ կը դարձնէ զայն: Մասնագիտութեամբ բժիշկ կրնայ ըլլալ անձ մը, բայց եթէ արուեստի հետ կապ ունեցած է, տարբեր մօտեցում կ՛ունենայ արուեստի նկատմամբ` զայն արժեւորելու, գնահատելու առումով եւս: Բոլոր պարագաներուն ալ արուեստի տարբեր ճիւղերու հետեւիլը միայն շահ է եւ դրական ներուժ:
(Շար. 2 եւ վերջ)
—–
(Շար. 1)


