Վերջերս հայ բժիշկ, մանկական արիւնաբան-ուռուցքաբան Գէորգ Թամամեան արժանացաւ Ամերիկայի քլինիքական ուռուցքաբանական միութեան «ՖԱՍՔՕ» կոչումին:
Թամամեան իր էջին մէջ կատարած գրառումով մեծ պատիւ նկատած է արժանանալ աշխարհի մեծագոյն ուռուցքաբանական միութեան` Ամերիկայի քլինիքական ուռուցքաբանական միութեան «ՖԱՍՔՕ» կոչումին, որ կը շնորհուի միութեան այն անդամներուն, որոնք նշանակալի ներդրում ունեցած են միութեան առաքելութեան իրականացման մէջ, ցուցաբերած են բացառիկ նուիրուածութիւն` կամաւոր ջանքերու միջոցով նպաստելով միութեան, ուռուցքաբանութիւն մասնագիտութեան եւ ամէնէն կարեւորը` այն հիւանդներուն, որոնց կը ծառայենք:
Թամամեան դիտել տուած է, որ տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ ներկայ գտնուած էր միութեան տարեկան համագումարին, երբ ամբողջ Շիքակօ քաղաքը կ՛եռար աշխարհի չորս կողմերէն շուրջ յիսուն հազար ուռուցքաբաններով եւ միութեան անդամներով, երբ բեմին վրայ առաջին անգամ տեսած էր, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի ամէնէն հզօր մասնագէտներուն, որոնց անունները միայն գիրքերու մէջ կարդացած էր, կը շնորհուի «ՖԱՍՔՕ» կոչումը, չէր կրցած պատկերացնել, որ պիտի գայ օրը, երբ ինքն ալ արժանանայ այդ կոչումին:
Թամամեան իր գրառումին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով նպաստած են այս օրուան, աւելցնելով, որ թէ որքան մեծ պատիւ է, նոյնքան եւ աւելի պարտաւորեցնող կոչում մըն է:
Գէորգ Թամամեան կ՛աշխատի 2008 թուականէն ի վեր: Ան հայ յայտնի ուռուցքաբան է, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի փրոֆեսէօր եւ Ուռուցքաբանութեան ամպիոնի վարիչ: Թամամեան կը ղեկավարէ Հայաստանի մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ խորհրդական է փրոֆ. Ռ. Հ. Եոլեանի անուան Արիւնաբանական կեդրոնին մէջ: Թամամեան գիտական եւ դասախօսական գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հարվըրտի եւ Ուլմի համալսարաններուն մէջ: 2024 թուականին ընտրուած է Մանկական ուռուցքաբանութեան միջազգային միութեան (SIOP Asia) նախագահ` դառնալով տարածաշրջանին մէջ մանկական ուռուցքաբանութեան զարգացման առաջատար մասնագէտներէն մէկը:


