Եօթը տարի շարունակ Արեւմուտքը լիովին հանդուրժած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` արտօնելով անոր ամէն տեսակի հակաժողովրդավարական քայլերու համար խուսափիլ պատասխանատուութենէն, այսպէս կոչուած, Ազատ աշխարհին կողմէ առանց որեւէ բողոքի:
Փաշինեանը կը յայտարարէ, որ Արեւմուտքը կ՛աջակցի իր կառավարութեան, քանի որ ինք ժողովրդավարութիւն բերաւ Հայաստան, մինչդեռ իրականութեան մէջ ան հաստատեց միանձնեայ իշխանութիւն, որ նման է բռնատիրական վարչակարգի:
Արեւմտեան երկիրները` առանց որեւէ քննադատութեան, կ՛աջակցին Փաշինեանին ոչ թէ անոր համար, որ նշանակալի ներդրում ունեցած է ի նպաստ Հայաստանի, այլ որովհետեւ ան կը սպասարկէ իրենց շահերուն: Ամբողջ աշխարհը, որոնց կարգին` Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, մեծ ուրախութեամբ կ՛ընդունին Փաշինեանի մնայուն զիջումները, որոնք կարելիութիւն կու տան անոնց` իրենց կամքը պարտադրել Հայաստանին:
Նախորդ շաբաթ ամերիկացի պահպանողական քաղաքական մեկնաբան Թաքեր Քարլսըն բացայայտեց Փաշինեանին կեղծ ժողովրդավարական դիմակը` միլիոնաւոր ամերիկացիներու դիմաց: «Ֆոքս Նիուզ»-ի նախկին նշանաւոր լրագրող Քարլսըն ներկայիս կը վարէ «Թաքեր Քարլսըն շօ»-ն, որ ունի շուրջ հինգ միլիոն դիտորդ «ԵուԹիուպ»-ի մէջ եւ երեք միլիոն` Դիմատետրի վրայ:
80 վայրկեան տեւած հարցազրոյցին ընթացքին Քարլսըն զրուցեց Նարեկ Կարապետեանի` եղբօրորդիին հետ գործարար Սամուէլ Կարապետեանին, որ Փաշինեանի կողմէ բանտարկուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար, ինչպէս նաեւ` անոր փաստաբան Պոպ Ամսթըրտամի հետ: Փաշինեանին կողմնակիցները փորձեցին վարկաբեկել հարցազրոյցը` անճշդօրէն պնդելով, որ Կարապետեան 400 հազար տոլար վճարած է Քարլսընին:
Հեռարձակման առաջին 48 ժամուան ընթացքին հարցազրոյցը «Էքս»-ի վրայ դիտած է շուրջ 3 միլիոն անձ` 15 հազար հաւանումով, 5 հազար վերահրապարակմամբ եւ 2500 մեկնաբանութեամբ: «ԵուԹիուպ»-ի վրայ զրոյցը դիտած է շուրջ 330 հազար հոգի, անիկա ցարդ հաւաքած է 15 հազար հաւանում եւ 4 հազար մեկնաբանութիւն: Դիմատետրի վրայ հարցազրոյցը դիտած է 75 հազար հոգի, ստացած է 1800 հաւանում եւ 400 մեկնաբանութիւն: Բացի ատկէ, հազարաւոր անձեր զրոյցը դիտած են զայն նաեւ կիսած Դիմատետրի եւ «Ինսթակրամ»-ի էջերուն վրայ:
Զրոյցը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու քննարկումով, որուն ընթացքին Քարլսըն սպաննուած հայերը նկարագրեց իբրեւ «քրիստոնեայ նահատակներ»:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Փաշինեանի դերին` Քարլսըն նշեց. «Հայաստանի վարչապետը, կարծես, նպատակ ունի ոչնչացնել աւանդական քրիստոնէութիւնը կամ Եկեղեցին»: Նարեկ Կարապետեան պատասխանեց. «Վեց ամիս առաջ մեր վարչապետը սկսաւ յարձակիլ Հայոց եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդին վրայ: Ան կ՛ուզէ գահընկէց ընել զայն եւ արդէն բանտարկած է երեք արքեպիսկոպոսներ»:
Ան պարզաբանեց, որ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը ձերբակալուած է Փաշինեանին հրամանով, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարելէ ետք, որ` «Փոքրիկ խմբակ մը` մոռնալով հայ ժողովուրդին եւ Հայոց եկեղեցւոյ հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը, յարձակած է Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին վրայ: Եթէ քաղաքական գործիչները չկարենան լուծել այս հարցը, մենք մեր ձեւով կը մասնակցինք անոր կարգաւորման»: Փաշինեան նաեւ հրամայած է բռնագրաւել Կարապետեանին ընկերութիւնը, որուն արժէքը կը գնահատուի աւելի քան կէս միլիառ տոլարով:
Քարլսըն յայտարարեց. «Այս վարչապետը, որ, ըստ սահմանման, ակնյայտօրէն բռնապետ է, կը հակադրուի Եկեղեցւոյ: Այսպիսով, անոր նպատակը Հայաստանի մէջ ուղղափառ եւ աւանդական քրիստոնէութեան ողնաշարը կոտրելն է` ասոր համար օգտագործելով ոստիկանութիւնը»:
Նարեկ Կարապետեան պատասխանեց. Փաշինեան այս քայլերուն կը ձեռնարկէ, քանի որ ան` «Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն կը ստանայ պատգամներ, թէ պէտք է փոխել Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, մոռնալ Ցեղասպանութիւնը եւ ունենալ նոր եկեղեցական առաջնորդ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար»:
Այնուհետեւ Քարլսըն զրուցեց Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբան Պոպ Ամսթըրտամին հետ, որ ըսաւ. «Նոյեմբեր 14-15-ին Հայաստանի մէջ աղօթքի նախաճաշ պիտի կատարուի… մինչդեռ իմ պաշտպանեալս` Սամուէլ Կարապետեանը, բանտն է: Արքեպիսկոպոսներ բանտարկուած են, հոգեւորականներ բանտարկուած են: Երկրի ղեկավարը կը փորձէ պառակտել Եկեղեցին` մասնակցելով «պատարագին» այն կարգալոյծ քահանային, որ յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի հեռացնել Եկեղեցւոյ առաջնորդը: Այս մարդը կը մեծարեն ամերիկացի քրիստոնեաները Երեւան, Հայաստանի մէջ: Մարդ մը, որ հոգեւորականները կը կոչէ մարմնավաճառներ, մարդ մը, որ կ՛օգտագործէ այնպիսի խօսքեր, որոնք իմ յառաջացած տարիքիս երբեք չեմ լսած ոեւէ ղեկավարի կողմէ` Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հասցէին ուղղուած: Եւ շատ զարմանալիօրէն այս աղօթքի նախաճաշը պիտի շարունակուի: Ես զայն կը կոչեմ համբաւի լուացման նախաճաշ: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ալ կ՛արտօնէ, որ ասիկա տեղի ունենայ»:
Անդրադառնալով աղօթքի նախաճաշին` Ամսթըրտամ աւելցուց. «Կը կարծեմ` Թրամփի զաւակներէն մէկը կը պատրաստուի մեկնիլ Հայաստան: Վստահ եմ, որ Տանըլտ Թրամփ Կրտսերը եւս գաղափար չունի, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ հոն: Ասիկա սարսափելի իրավիճակ է, քանի որ կարելի չէ հասնիլ լրատուամիջոցներուն եւ ըսել ճշմարտութիւնը: Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ բարձր պաշտօններ վարող մարդիկ կը գործեն անտեղեակ վիճակի մէջ եւ կը փորձեն մաքրել հեղինակութիւնը այնպիսի մարդոց, ինչպիսին է Փաշինեանը: Հայաստանի մէջ անոնք ոչ միայն եպիսկոպոսներ ձերբակալած են, այլ նաեւ` երեք քաղաքապետներ, որոնք արտայայտած են իրենց դիրքորոշումը եւ կը նկատուին ոչ բաղձալի, ինչպէս նաեւ ձերբակալած են կաթողիկոսին ընտանիքին անդամները` եղբայրն ու այլ հարազատ մը, կրկին` ամբողջովին կեղծ մեղադրանքներով»:
Ամսթըրտամ ապա դժգոհութիւն յայտնեց, որ Փաշինեանի վրայ ճնշում կը բանեցուի` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար` «Հայաստանի ժողովուրդի հսկայական կորուստներու հաշուոյն: Կը կորսուին եւ կը պղծուին մշակութային եւ եկեղեցական արժէքներ: Ազրպէյճանէն վտարուած են 120 հազար (արցախցիներ), եւ ոչ ոք կը մտածէ անոնց մասին: Պաքուի մէջ ունինք 23 քրիստոնեայ (հայ) պատանդներ, իսկ Հայաստանի վարչապետը նոյնիսկ չի յիշատակեր զանոնք Թրամփի հետ հանդիպման ժամանակ: Թրամփ բարձրացուցած է այդ հարցը: Ապշեցուցիչ է, որ Հայաստանի վարչապետը կարծես կը մերժէ իր սեփական Հայոց պատմութիւնը: Անոնք Արարատ լեռը հանած են անձնագրային կնիքներէն: Չեն խօսիր Ցեղասպանութեան մասին: Կը յարձակին Եկեղեցւոյ վրայ: Երկրին ղեկավարը կ՛ուզէ հեռացնել եւ նշանակել կաթողիկոս: Ի հարկէ ան չի հասկնար` ի՛նչ է առաքելական Եկեղեցին: Առաքելական Եկեղեցի ըլլալու համար անհրաժեշտ է կենդանի կապ ունենալ առաջին առաքեալներուն հետ. այդ կը նշանակէ, որ ընտրութիւնը պէտք է սրբագործուի եպիսկոպոսներուն ու Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն կողմէ եւ ոչ թէ` քաղաքական գործիչի կամ աշխարհիկ իշխանութեան: Զարհուրելի է, որ ան այսքան անտեղեակ է իր իսկ հաւատքէն»:
Քարլսըն արձագանգեց. «Ըստ երեւոյթին, ատիկա անոր կրօնը չէ: Այսինքն ան կարծես հաւատացեալ չէ»:
Ամսթըրտամ աւելցուց. «Սամուէլ Կարապետեանը լիովին սկզբունքային քրիստոնեայ է, որ արդէն հինգերորդ ամիսն է, որ կը գտնուի բանտը` առանց որեւէ մեղքի, բացի Աստուած փառաբանելէ: Եւ ինքնին ատոր համար ալ ան բանտն է»:
Այնուհետեւ Ամսթըրտամ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը` Փաշինեանին աջակցելու համար. «Մեր կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ, անկեղծ ըսեմ, Եւրոպական Միութիւնը որոշած են գործել այն սրիկայ մարդուն (Փաշինեանի) հետ, որուն արդէն կը ճանչնան»:
Հարցազրոյցի աւարտին Ամսթըրտամ կոչ ուղղեց հանրութեան` ծանօթանալու «Նիկոլ Փաշինեանը եւ Սամուէլ Կարապետեանի ու Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հալածանքները» վերնագիրով 61 էջնոց Սպիտակ գիրքին, որ հասանելի է առցանց` freekarapetyan.com կայքին վրայ:
www.TheCaliforniaCourier.com



