Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միասին Կապուած` Յաւերժ Սպիներով

Նոյեմբեր 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Երկու այլանդակ գլուխներ ենք, Հայաստանն ու մենք` սփիւռքը.

Երկուքս ալ` մանրացուած. հիւլէացուած:

Բռնուած, հաստ պարանով իրարու  կապուած խեղկատակներ` կը նայինք հակառակ ուղղութիւններով,  փրկութեան լաստը  կը փնտռենք  հեռաւոր  բաց ծովերուն վրայ:

Լրիւ մոռցած ենք, որ կը  կիսենք մէկ պարան: Նոյն պարանն է սեղմուած մեր կոկորդներուն:  Կոպտացած  մեր դէմքերուն  վրայ սառած  մռայլութիւնը, հարկադրուաւծ միաւորման սպիներն են կարծես. անսէր ամուսնութեան նման, որ կը սկսի ձեռնաշղթաներով`  մատանիներու  փոխարէն:

Մեր այս իրավիճակը կը յիշեցնէ ինծի գերմանացի արուեստագէտ  Thomas SchՖtte-ի «Սիացեալ թշնամիները» գրկախառնուած մարմին /քանդակներու շարքը: Ասոնք  գրկախառն սիրահարներ չեն, այլ հրամանագիրով  թշնամիներ դարձած հարազատներ են:

Սա մենք ենք` Հայաստանն ու սփիւռքը:  Բաժանման սեմին կանգնած, իրարու կապուած` զոմպիներ: Բաժանումը խոր վէրքեր կը ձգէ, սակայն պարտադրուած  սուտ միասնութիւնը չի կրնար բուժել մեր հիւանդութիւնը: Մեր միջեւ շաղախը քանդուած է:

Երկուքս ալ շղթայուած, կապուած ենք նոյն պարանով,  բայց մէկս  հայեացքը  թեքած է  Արեւելք, միւսը` Արեւմուտք: Յաջորդ  պահուն դերերը փոխուած, մէկս  թեքուած է Արեւմուտք, միւսը` Արեւելք: Կը քաշկռտուինք,  կ՛ուզենք բանտ-պարանը քակել, բայց`  առանձին առանձին: Չենք անդրադառնար, որ ամէն մէկ քաշքշուքէն ետք  պարանը աւելի  խորը կը սեղմուի մեր կոկորդին, կը ճզմէ մեր սիրտը:

Ոտքերու փոխարէն` մեզ կանգնեցուցած են ցիցերու վրայ, մեր ոտքերը  օդին մէջ կը  տատանին, կը ծաղրեն մեր հին  պատուանդանները, որոնք այլեւս չկան. դարձեր ենք միաձուլուած յուշարձաններ, բայց` իրերամերժ:

Հաշտութեան մասին չեմ խօսիր: Մեր այլընտրանքները սակաւաթիւ են, չըսելու համար, որ կայ միայն մէկ լուծում:  Ես չեմ ուզեր ռոմանթիզացնել հաշտութիւնը, բայց կ՛ուզեմ ցոյց տալ մեր իրավիճակի այլանդակութիւնը, առերեսուիլ վտանգին:

Վտանգը  ոչ թէ հին բաժանումներն են, այլ  նոր հանգոյցն է` աւելցուած մեր վիզերուն. կը ձեւացնենք, որ մեր միջեւ ճեղքուածք երբեք չէ եղած: Մեզ կը կերակրեն այն փոսթ ճշմարտութեամբ, որ այսօր կայ միայն մէկ իրականութիւն` մէկ, այսպէս կոչուած, իրական Հայաստան, մէկ տեսակի հայ, որուն համար առաջնահերթ է միայն ուտել-խմելը, զուարճանալը… բայց  կամք  չունի սերնդագործելու, բազմանալու:

Սպիները չեն անհետանար, նոյնիսկ եթէ բռնի, արհեստականօրէն իրարու  կապեն  երկու կէսերը: Ընդհակառա՛կը, մարմինները աւելի կը  կնճռոտին, կը սկսին դողալ, կը յիշեն ամէն մէկ սպի, մեծ ու փոքր:

Կարգ մը միութիւններ սկիզբէն կը ծնին հիւանդ, ես կ՛ըսէի` անոնք պարզապէս երկարատեւ ամուսնալուծութիւններ են:

Սակայն մենք պարտաւոր չենք զիրար սիրել: Մենք կրնանք  թշնամանքով սնանիլ մեր խոհանոցներուն մէջ` սեղաններուն շուրջ,  երթալ մեր ձայն քուէն տալ տարբեր ապագայի երբեմն հակադիր պատկերացումներու. յետոյ տուն երթալ`  կռուիլ, փականքի տակ պահել  ընտանեկան զրոյցները` մինչեւ յաջորդ ընտրութիւն: Մենք կրնանք  տարբեր  ըլլալ, նոյնիսկ` զիրար ատել եւ ունենալ խայտաբղէտ երազներ: Բայց սա պերճանք է, շքեղութիւն:

Սա միայն խաղաղութեան  ժամանակի շքեղութիւն է:

Իսկ հայաշխարհը տակնուվրայ է: Խաղաղութիւն չկայ:

Աշխարհը շքեղութեան վրայ չէ հիմնուած: Այն հիմնուած է անողորմ հակամարտութեան վրայ. կռիւ է ամէն բանի համար, տարածքի, գոյատեւման համար. կռիւ է մատակարարման շղթաներու, հրթիռներու համար. մեր աշխարհը ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան աշխարհ է: Եւ այս բոլորին մէջ դերակատարները մեր տեսակէտն ու համամտութիւնը չեն հարցներ: Երբ պատնէշները կը քանդուին, վիրուսները  կը փոխակերպուին, գերձայնային հրթիռները կ՛անձրեւեն մեր գլուխներուն վրայ, ապա քաղաքական մեր նախասիրութիւնները  կը դառնան  երկրորդական, երրորդական. կը վերածուին էջի յատակին փոքրատառերով  հազիւ ընթեռնլի ծանօթագրութեան մը:

Գոյատեւումը մարդէն կը  պահանջէ մէկ բան. մեզի կու տայ մէկ հարց` կրնա՞նք   բաւականաչափ երկար ժամանակ կուռ միասին կանգնիլ այնպէս, որ մեր լոյսը շարունակէ  ճառագայթել, մնալ վառ:

Մարդկութեան պատմութիւնը լի է ազգերով, պետութիւններով, հասարակութիւններով,  որոնք այս հարցին տուած են  հաւաքական պատասխան` «Ո՛չ»:

Կայսրութիւններ չքացած, ազգեր վերացած են,  երբ իշխող կեդրոնը հրաժարած  է թթուածինը կիսել եզրերուն հետ:

Հիմա, ինչո՞ւ կը կարծենք, թէ մեր փոքրիկ պետութիւնը ունի այնքան դիմադրականութիւն, որ կրնանք հանգիստ  մերկանալ, ձերբազատիլ մեր առանցքային արժէքներէն, մեզ ոտքի պահող  հիմնասիւն գերաններէն  ու դուրս գալ անվնաս:

Կայ ահաւոր մէկ իրականութիւն` ամէն կողմէ կը լսուի ամօթալի պատասխանը, որ մենք չենք հաւատար, որ չենք կրնար բաւականաչափ երկար ժամանակ  միասին կանգնիլ, որպէսզի  հայութեան լոյսը շարունակէ  վառ մնալ:

Մեր պատասխանը կը հնչէ` պառակտում մինչեւ մահ:

Բայց հայու թշնամին հայը չէ,  այն հարեւանը չէ, որ քու ճաշակին հակասող սխալ դրօշ  բարձրացուցած է, ըլլայ այն Արցախի  եռագոյնը կամ դաշնակցականի 130-ամեայ կարմիր դրօշը: Թշնամին մեր պատրանքն է, պատրանքը, որ կրնանք առանձնաբար   խուսափիլ այս աննախադէպ, գրագրուած, մեծ տոզաներով սրսկուած պառակտումի հետեւանքներէն:

Չարչրկուած բառ է միասնութիւնը,  բայց միասնութիւնը ներդաշնակութեան մասին չէ, այլ պարզ բնագիտական օրէնք է: Երբ երկու մարդու վիզերուն շուրջ մէկ պարանը կը սեղմեն, բարեկամութեան մասին մտածել պէտք չէ: Այդ պահուն պիտի գործէ մէկ բան`  գիտակցութիւնը, որ եթէ մէկը իյնայ, միւսն ալ անկասկած պիտի խեղդուի: Մահը երկուքինն է:

Մենք կրնանք փայփայել մեր առանձին երազները` հարստանալու, զարգանալու, պալատներ  կառուցելու, ամբողջ կեանքը զուարճանքի տալու, արդար զայրոյթներ ունենալու իրաւունքը. մէկ խօսքով, իրաւունք ունինք ծառայելու անհամատեղելի աստուածներու: Սակայն պարտաւոր ենք համաձայնութեան գալ մէկ գերակայ կանոնի շուրջ: Մեր ոտքերուն  տակի հողը պահել անսասան, մեր ոտքերուն տակ հարթակը պահել կանգուն, կանգնիլ ուղղահայեաց:

Ի՛նչ անուն կու տաք այս կանոնին` կարեւոր չէ, զինադադար, փոխադարձ պատանդի վիճակ, անյարմար ամուսնութիւն. կարեւորը ընել այնպէս, որ արիւնը պահենք մեր երակներուն մէջ, արիւն չթափենք:

Երբ կը շփոթենք Գոյատեւումը սիրել – չսիրելու հետ, աւելի ու աւելի կը սեղմենք մեր վիզին շուրջ օղակ հանգոյցը:

Այն պահուն, երբ բաժանումը կը շփոթենք  ուժի հետ, մեր ձեռքերով մեր հաւաքական ապագան կը յանձնենք այն ուժերուն, որոնք երբեք չեն  ուզած սորվիլ  մեր անունները, չեն ընդունած մեր գոյութեան իրաւունքը:

Ուրեմն ընտրութիւն չունինք, պիտի կանգնինք եւ մնանք  ոտքի:

Ատելութիւնը պիտի լռէ, եթէ պէտք է ատել, ապա ատեցէք լուռ, քուէարկեցէք ձեր խղճին համաձայն, աղօթեցէք, հայհոյեցէք անձայն:

Բոլորս կանգնած ենք նոյն խարխուլ տախտակին վրայ: Պարզապէս ձեռք  ձեռքի  տուէք,  բռնեցէք ձեր շունչերը  եւ պահեցէք ձեր հաւասարակշռութիւնը:

Ջուրերը պիտի բարձրանան, անխուսափելի է,  համաշխարհային աշխարհաքաղաքական փոթորիկի մէջ  բռնուած  ենք բոլորս, բոլոր հայերս, իսկ մեր ոտքերուն տակ  սահմանափակ տեղերով փրկութեան նաւը  միայն մէկ կողմի համար է:

Մերը դարձնենք այդ նաւը, վերականգնենք քանդուած շէնքը, գահավիժումի ալիքը դադրեցնելու արդէն ուշացած  վճռական քայլը պիտի գայ Երեւանէն:

Աշխարհի բոլոր հայերը, սփիւռքը կը սպասեն ազդանշանին:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (1)

Յաջորդը

Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք

Նոյեմբեր 17, 2025
Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը
Անդրադարձ

Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը

Նոյեմբեր 17, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (1)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (1)

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?