Պուրճ Համուտի մասին գրելէ առաջ պարտք կը զգամ անդրադառնալ այս շրջանի կազմաւորման, թէ ինչպէ՛ս վերածուած է հայահոծ շրջանի մը, ո՛ր մէկն է առաջին եկեղեցին, առաջին ակումբն ու դպրոցը, եւ որո՛նք էին այս մեծ աշխատանքը տանող նուիրեալները:
Պուրճ Համուտի առաջին շրջանը եղած է Թիրօ հիւղաւանը, 1924-1925 տարիներուն, հոն սկիզբը բնակութիւն հաստատած էին 20-25 ընտանիքներ: Շնորհիւ Պօղոս Նուպար փաշայի կատարած նուիրատուութեան` կը կառուցեն փոքր սենեակ մը, զոր կը կոչեն դպրոց` զայն մկրտելով բարերարին անունով` Նուպարեան:
1930 թուականին այդ շրջանը կ՛ունենայ ընտանիքներու թիւի բացառիկ աճ, որովհետեւ Մար Մըխայէլի շրջանի հայերուն հիւղաւանը կը դառնայ հրոյ ճարակ, եւ հոն գտնուող գաղթական հայերէն մեծ թիւ մը կը փոխադրուի Թիրոյի շրջան:
1930-ական թուականներուն կը կառուցուի թիթեղաշէն առաջին եկեղեցին, որ կը կոչուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ. 1960-ին այդ եկեղեցին կը փլեն եւ կը կառուցեն քարաշէն եկեղեցի մը, զոր կը կոչեն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի:
Շրջանը կ՛ունենայ «Ռուբէն» կոմիտէութիւնն ու ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, որոնք մինչեւ օրս կը գործեն:
Ներկայիս այլեւս չկան թիթեղաշէն տնակներ, այլ անոնք փոխարինուած են քարաշէն տուներով, եւ շնորհիւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան` կառուցուած են երեք բարձրայարկ արդիական շէնքեր, որոնք կը հաշուեն 184 տուն եւ 70 վաճառատուն:
Երկրորդ շրջանը եղած է Նոր Մարաշը, որ սկսած է կազմաւորուիլ 1930-ին: Ան ընդարձակ բանջարանոց էր, որուն տէրերը եղած են տեղացի քրիստոնեաներ: Մարաշի հայրենակցական միութեան դիմումին, ինչպէս նաեւ գաղթական հայերու առաջարկին ընդառաջելով` կատարուած է հողի վաճառք` առաջնորդութեամբ Զմմառու վանքի միաբան տէր Պօղոս Արիս վարդապետին: Հողը ապահովելէ ետք սկսած է միայարկանի տուներու կառուցումը, որմէ անմիջապէս ետք ժողովուրդը կը սկսի կառուցման երեք եկեղեցիներու` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Սուրբ Փրկիչ եւ հայ աւետարանական:
1935-1936 թուականներուն հոն գործող միակ կուսակցութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր: Իբրեւ մարզական միութիւն` Մարաշի հայրենակցական միութիւնը ունէր ֆութպոլի խումբ մը, որ կը կոչուէր «Վասպուրական»:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին արձանագրուած ներգաղթին պատճառով գաղթականները` խանդավառուած, ծախեցին իրենց կառուցած տուները տեղացիներուն, եւ ազգային կեանքը ունեցաւ մեծ անկում:
Ծանօթ.- Թուականները ճշդուած են կարգ մը աղբիւրներէ, ինչպէս նաեւ` վկայութիւններէ:



