Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համազգայինի 90-ամեակը` Հանրապետութեան 100-ամեակի Հետքերով

Սեպտեմբեր 8, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը ամէնէն ագուցուած աղերսներով կը կապուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին:  Համազգայինը ինքը ամէն բանէ առաջ շարունակութիւնն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, պարզ այն պատճառով, որ երկրին մէջ պետութիւն կերտած, պետական մշակոյթ, կրթութիւն, համալսարան ստեղծած մարդիկ հիմնադրելով Համազգայինը, փաստօրէն շարունակեցին պետութեան գործունէութիւնը այս անգամ հայրենիքի սահմաններէն դուրս:

Ասիկա կարեւորագոյն հանգամանքն է Համազգայինի նուիրեալներուն: Անոնք պետական-հասարակական մտածողութեան ամէնէն ներդաշնակ մարմնացումը հանդիսանալով իրողապէս յաջողեցան երկու ուղղութիւնները գործի վերածել: Եւ պատահական չէ, որ Համազգայինի հիմնադրութիւնը 1928-ի մայիս 28-ին էր: Տեսլականը` հանրապետութեան վերակերտումն էր` երկարաժամկէտ դրուածքով. միջոցը` մշակոյթի, լեզուի, արուեստի, կրթութեան պահպանումն ու զարգացումը պետութիւն վերակերտելու առաջադրանքով:

Նուրբ գիծեր կան այս բոլոր խորհուրդներուն մէջ: Հայրենիքի նորահաստատ վարչակարգին կողմէ հալածուած, արտաքսուած, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները յաջողեցան հիմնական զանազանութիւն դնել իշխանութիւններու դէմ ընթացող գաղափարական պայքարին եւ հայրենիքի նկատմամբ անմնացորդ ծառայելու ուխտի պահպանման, վերանորոգման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցման միջեւ:

Իննսունամեայ գործունէութեան վրայ նետուած ակնարկը կը վերահաստատէ այս համոզումը, որ ամբողջ թատրոնը, արուեստը, մշակոյթը, կրթութիւնը հիմնական նպատակ ունեցած են ի վերջոյ հայրենիքի վերանկախացումը, ազատութեան տենչի վառ պահպանումը, մայիս 28-ով խորհրդանշուած բոլոր տեսլականներու վառ պահումը:

Պետութեան բաղկացուցիչի կարեւորագոյն ոլորտին վրայ կանգ առնելով հանրապետութեան սերունդը Համազգայինի նաւը այդ ուղղութեամբ տարաւ` իրեն հետ տանելով նաեւ իրերայաջորդ այն սերունդները, որոնք թրծուեցան հանրապետութեան սերունդին շունչով, ոգիով եւ որոնք անսակարկ ուխտեցին ծառայել այդ սերունդի օրինակով:

Շատ խորունկ պէտք է մտածել այն մասին, թէ ինչո՞ւ համազգայնական հիմնադիր սերունդի ամէնէն կարկառուն դէմքերը հիմնականին մէջ ինքնակամ դարձան մշակոյթի հասարակական գործիչներ, ուսուցիչներ, կրթութեան գործը կազմակերպողներ:

Պայծառատեսիլ այդ սերունդն էր, որուն շնորհիւ հիմնականին մէջ սփիւռքը հայեցի կրթութիւն ստանալէ ետք հունաւորեց հայ քաղաքական մտածողութիւնը. զինուած հայ մշակութային գիտելիքներով, արուեստով եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան փիլիսոփայութեամբ, հայ սերունդները հանրապետութեան կերտիչներու փոխանցածներուն ազդեցութեամբ արարեցին, ստեղծագործեցին եւ պետականութեան վերականգնման համար գաղափարական ենթահող ձեւաւորեցին:

Գիտելիքահենք այս միութիւնը իրաւամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքեան բաժանմունքին վերածուեցաւ, որ գիտակցեցաւ կրթութեան եւ մշակոյթի գերակայութեամբ եւ պայմանականութեամբ սատարել եւ ամուր ենթահող պատրաստել քաղաքական աշխատանքներուն: Առանց մշակոյթի ու գիտութեան, գաղափարականն ու քաղաքականը այնքան թերի, այնքան նաեւ խոցելի կրնային մնալ, որ միտքերու արտադրման եւ հայեցակարգերու, ծրագիրներու մշակման համար մեծ բացթողումներու կամ ժամանակի մաշումին չդիմացող երեւոյթներու կրնային տեղի տալ:

90-ամեակին առիթով ամբողջ գիտաժողով մը կ՛արժէ յատկացնել հանրապետութեան վտարանդի սերունդին Համազգայինի ճամբով կազմակերպ, մտաւոր սփիւռքի ձեւաւորման անփոխարինելի աշխատանքին:

Այս խնդիրներու ընդգծումը, արժեւորումն ու մանաւանդ այժմէականացումը թելադրական կրնան ըլլալ նաեւ այսօրուան հիմնահարցերուն արծարծման ընթացքին. գիտակցելու մանաւանդ կրթամշակութային ամբողջ արժեհամակարգի մը պահպանման ու զարգացման ի խնդիր հանրապետութեան սերունդին նախաձեռնած ապագայատեսիլ եւ հայրենակեդրոն անփոխարինելի աշխատանքին ռազմավարական կարեւորութեան: Արժէքներ, որոնք ազգային են եւ որոնք ազգայինը իր հիմնական բաղադրիչներով  միջազգայնացնելու միտումներ կը դրսեւորեն:

Հանրապետութեան սերունդէն անոնք, որոնք Համազգայինի հիմնադիր սերունդ դարձան, շարունակեցին պետութեան մշակութային քաղաքականութիւնը սփիւռքի մէջ, նոր գործառոյթներու ճշդումով: Նոյն նպատակը ունենալով: Սփիւռքի հայեացքները սեւեռած պահելով հարիւր տարի առաջ անկախ դարձած եւ երկուքուկէս տարի ետք խորհրդայնացած հայրենիքին:

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վստահ Է` Փաշինեան – Փութին Հանդիպումը Պիտի Կայանայ Բարեկամական Մթնոլորտի Մէջ

Յաջորդը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն» Սերենա Ուիլիըմզ – Նաոմի Օսաքա Աղջկանց Աւարտական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?