Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսմանեան Արդի Կայսրութիւնը` Վիժելու Վրայ

Սեպտեմբեր 8, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ

Բոլորս կը յիշենք վերջին վեցամսեակին եւ յատկապէս նախորդ շաբաթներուն Թուրքիոյ հռետորական բարբանջանքները: Օրինակ` օր մը նախագահ Էրտողանը յայտարարեց, որ իսլամական խալիֆայութիւնը պիտի վերականգնէ (արաբական երկիրներ դէմ արտայայտուեցան ծրագիրին):

Ան նաեւ յայտարարեց, որ` «Թուրքիա շարունակութիւնն է օսմանեան փառապանծ կայսրութեան (ուրեմն այսօրուան Թուրքիան իր նախնիներուն ոճիրին համար պարտադրաբար յանցաւոր է):

Ապա ան զգայացունց յայտարարութիւն մը ըրաւ. «Լոզանի դաշնագիրը պէտք է վերանայուի, որովհետեւ այդ ժամանակ Թուրքիա տկար ըլլալով` շատ բան կորսնցուցած էր (Յունաստան անմիջապէս հակադարձեց եւ ժանիքները ցոյց տուաւ):

Եւ այսպէս, օր մը նախագահ Էրտողանը, օր մը իր խօսնակը, ուրիշ անգամ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն (լա՛ւ որ ալպայօղլու չէր), ուրիշ օր մը խորհրդարանի նախագահը ետեւ ետեւի զանազան յոխորտալի արտայայտութիւններ ունեցան, իբր թէ իրենց երկիրը գերպետութիւն դարձած ըլլար եւ շրջանին` Միջին Արեւելքին կ՛իշխէր: Օձի լեզու գործածելով` Թրամփը համոզեցին, որ Սուրիոյ քիւրտ կազմակերպութիւններու անդամները ահաբեկիչներ էին. Ամերիկան համոզուեցաւ` ի հեճուկս քիւրտերու անկախութեան երազներուն: Իրարու ետեւէ սուրիական քաղաքներ գրաւեց Ամերիկայի մեղսակցութեամբ, իր ուժերը տեղադրեց Իտլիպի շրջանին մէջ, եւ այնպէս թուեցաւ, որ Սուրիոյ հիւսիսը գրաւուած էր թրքական զօրքերով: Ո՞վ կրնար զանոնք տեղահան ընել. ո՛չ ոք:

Ռուսիոյ հետ, նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ թուրքերը սկսան յարաբերութիւններ մշակել եւ յայտարարեցին, որ ազատ են իրենց բարեկամները որոշելու եւ անոնց հետ յարաբերելու. «Ո՛չ ոքէ խրատի կարիք ունինք մեր գործերը վարելու համար»:

Նախագահ Էրտողան սպառնաց նոր յայտարարութեամբ մը` «Արեւմուտքը չի յիշեր օսմանեան ապտակին ուժգնութիւնը»: Որպէսզի փաստէ, որ Թուրքիա կը վերագտնէ իր օսմանեան փառքը եւ շրջանին մէջ տիրապետող պետութիւն է, սկսաւ սահմանէն դուրս ելլել եւ ափրիկեան ու հարաւամերիկեան երկիրներ այցելել պաշտօնական բնոյթով: Այդ այցելած երկիրներուն մէջ ալ Էրտողանը շարունակեց իր կեղծ դիւանագիտութիւնը եւ այդ երկիրներուն խոստացաւ փառաւոր անցեալով Թուրքիոյ տնտեսական եւ քաղաքական աջակցութիւնն ու օգնութիւնը:

Տնտեսագէտները գիտէին Թուրքիոյ տնտեսութեան խարխուլ վիճակը եւ կը զարմանային շռայլուած խոստումներուն վրայ: Սակայն կը սպասէին տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրականանային խոստումները:

Հոս հարց մը կայ. կ՛ենթադրեմ` Թուրքիոյ նախագահը կը կարծէ փոքեր խաղալ` վտանգաւոր բաներ կատարելով, ինչպիսին` սպառնալիքներ արեւմտեան երկիրներուն` Եւրոպա եւ Ամերիկա ու` «օսմանական ապտակ», Լոզանի դաշնագիր, զինուորական յարձակում Սուրիոյ վրայ, եւ ոչ դիւանագիտական արտայայտութիւններ` «Ազատ ենք մեր բարեկամները որոշելուն մէջ», կամ «Ազատ ենք ուզած երկրէն հարկ եղած բաներ գնելու»: Բայց դիւանագիտութիւնը հռետորական բարբանջանք չէ, այլ` կշռուած լեզու, կամ ըսենք` բառախաղ:

Հակադարձութեան առաջին պատճառը եղաւ Ռուսիայէն զէնքեր գնելը, որ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից երկիրները վրդովեցուց: Ուզեցին հասկցնել, որ այդ քայլը սխալ էր: Արտաքին գործոց նախարարը պատասխանեց. «Մեզի պէտք եղած բանը մեր ուզած երկրէն կրնանք գնել»:

Յանկարծ Էրտողանը որոշեց նախագահական ընտրութիւններ իրականացնել` օտար երկիրներու աչքին փոշի ցանելու համար եւ ներքին խնդիրները ծածկելու մտահոգութեամբ: Աշխարհը անակնկալի եկաւ, երբ կը սպասուէր, որ նոյեմբերին կատարուին ընտրութիւնները: Ապա նոր դահլիճ մը պիտի կազմէր իր ձեռքին տակ խաղալիք անձերով. Թուրքիոյ տնտեսութիւնը քայքայուած ըլլալով, իբրեւ փորձ` փորձեց ծածկել իրողութիւնը: Սպասուեցաւ, որ համաշխարհային համբաւի տիրացած թրքահայ Տարօն Աճեմօղլուն տնտեսութեան նախարար նշանակուի, վստահ ըլլալով, որ ան կրնար կասեցնել գահավէժ ընթացքը թրքական տնտեսութեան: Էրտողանը նշանակեց իր ամէնէն մօտիկ անձը` իր քառասնամեայ փեսան, աղջկան ամուսինը, Պերաթ Ալպայրաքը: Հետեւեալ օրը թրքական լիրան որոշ չափով արժեզրկուեցաւ:

24 յունիսի ընտրութիւններէն առաջ Ամերիկայի ծերակոյտը 18 յունիսին վաւերացուց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոց սահմանելու բանաձեւը, եթէ Թուրքիա գնէ ռուսական «ԷՍ-400» հակաօդային համակարգը: Թուրքիա յոխորտալով սպառնաց, եւ վարչապետը հետեւեալ օրը «մտահոգիչ» որակեց ծերակոյտին որոշումը, որ` «Կը հակասէ մեր միջեւ եղած ռազմավարական եւ դաշնակցային ոգիին»:

Մինչ այդ Ամերիկայի մէջ արտաքին գործոց նախարարը փոխարինուեցաւ, եւ աւելի թրքամէտ մէկը եկաւ, որ ամէն անգամ հեռաձայնային կամ Անգարայի մէջ ուղղակի ներկայութեամբ «համաձայնութիւններ կը կնքէր», եւ թուրքերը կը հպարտանային իրենց կատարած խաղերով:

Յանկարծ նախագահ Թրամփ որոշեց Իրանը պատժելով` ծունկի բերել: Թուրքիա դարձեալ յոխորտալով դէմ արտայայտուեցաւ. «Մենք ստիպուած չենք հետեւելու Միացեալ Նահանգներու որոշումներուն եւ պիտի չմասնակցինք Իրանի դէմ հաստատուած պատիժներուն»: Ճափոն ակամայ ընդունեց, իսկ Ամերիկայի «ամենավստահելի դաշնակիցը դէմ կ՛արտայայտուէր»: Եւրոպա մտահոգ էր այդ որոշումով, եւ Մոկերինի կը յորդորէր եւրոպական ձեռնարկութիւնները` աշխուժացնելու Իրանի հետ առեւտուրը:

Տագնապը սրելու սկսաւ: Հարցը Իրանի դէմ պատիժները չէին, այլ գաղտնի ճանապարհով համաձայնուած էր, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած Էնտրու Պրանսըն պատուելին ազատ արձակուէր: Թրամփ համաձայնած էր, որ Իսրայէլի մէջ կալանաւորուած ահաբեկիչ կին մը ազատ արձակել պիտի տար: Խոստումը կատարուեցաւ, սակայն Թուրքիա փոխանակ պատուելին ազատ արձակելու` տնային կալանքի տակ դրաւ: Է՜հ, Թրամփի հետ մուկ-կատո՞ւ կը խաղաք, երբ ան վրդոված է:

1 օգոստոսին պատիժները յայտարարուեցան: Թուրք երկու նախարարներ` արդարադատութեան նախարար Ապտիւլ Համիտ Կիւլ եւ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, որոնք կապ ունէին պատուելին կալանաւորուած պահելուն մէջ, պատժամիջոցներու ենթարկուեցան: Ամերիկայի մէջ կամ ամերիկեան ենթակայութեան տակ եղող դրամատուներու մէջ անոնց ունեցած դրամական հաշիւները պիտի սառեցուէին, եւ ամերիկեան հաստատութիւններ անոնց հետ պիտի չգործակցէին:

Հետեւեալ օրը Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ պատժամիջոցներուն դէմ քայլեր պիտի առնուին եւ պիտի հակազդեն, եւ «այս որոշումը, որ անարգալից միջամտութիւն է մեր իրաւական համակարգի գործերուն, մեծ վնաս պիտի հասցնէ երկու երկիրներուն միջեւ հարցերը լուծելու ուղղութեամբ»: Սպառնալիքը քողարկուած էր, բայց բացայայտ էր:

3 օգոստոսին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցող արեւելեան Ասիոյ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին առիթով, Մեւլութ Չաւուշօղլու կը տեսնուի Մայք Փոմփէոյի հետ: Տեսակցութենէն ետք Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ դիւանագիտական մօտեցում որդեգրուած էր: Այո՛, թուրքերու համար դիւանագիտութիւնը ստախօսութիւն եւ խաբէութիւն կը նշանակէ, որուն մէջ կը գերազանցեն միւս բոլոր ազգերը: Հանդիպումէն ետք Չաւուշօղլու շատ գոհ էր եւ կը հաստատէր, որ պիտի շարունակեն «սերտ համագործակցութեամբ լուծել հարցերը»: Յստակ էր, որ Փոմփէօ խաբուած էր: Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, Թրամփ եւ Էրտողան 15 յուլիսին համաձայնած էին, որ թուրք կին ահաբեկիչ մը Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուի, որպէսզի ամերիկացի պատուելին ալ ազատ արձակուի:

Պատիժի ենթարկուող թուրք նախարարներէն մէկը հեգնանքով կը յայտարարէր, որ Ամերիկայի մէջ դրամ կամ տուն չունի, «նոյնիսկ «չէօփ» մը չունիմ. ի՞նչ պատիժ է այս»:

Արդէն ըսի, որ անպատկառ խօսքեր կ՛ըսեն ու կը սպառնան: Թուրքիա երկու տարիէ կը պահանջէ Կիւլեն կոչուած թուրք իսլամ կրօնականը, որ միլիառներու տէր է եւ Թուրքիոյ մէջ շատ համակիրներ ունի: Էրտողանը այսօրուան իր դիրքին հասցնող անձն է, որ այժմ անբաղձալի է եւ` դատական հետապնդումի առարկայ: Ամերիկայէն անոր վերադարձը կը պահանջուի առանց յաջողութեան: Թուրքիա ուրեմն առիթը գտաւ իր շանթաժը իրականացնելու, երբ տեսաւ, որ Թրամփ անձնապէս հետաքրքրուած է պատուելիին ազատ արձակումով: Էրտողանը հաշուի չառաւ, որ Թրամփը խաղալիք անձնաւորութիւն չէ, ոչ ալ Օպամա մըն է: Թրամփ հասկցաւ խաղը եւ անմիջապէս գործի անցաւ: Կը բաւէր թուրքերու ձեռքին խաղալիք դառնալ: Սուսերամարտին մասնակցողները երկսայրի սուրեր ունէին: Էրտողանը իր շուրջ հաւաքեց իր մարդիկն ու հակառակորդները: «ԼԱՒ» ընդդիմադիր կուսակցութեան խօսնակը առաջարկեց, որ Շիշլիի մէջ գտնուող Թրամփի աշտարակները գրաւեն: Միւս կողմէ` ամերիկացի արդարադատութեան եւ ներքին նախարարներուն դէմ հակապատժամիջոցներ որոշեց կառավարութիւնը:

8 օգոստոսը որոշուած էր իբրեւ ժամկէտ, որպէսզի պատուելին ազատ արձակուէր: Ժամկէտը անցաւ առանց արդիւնքի: Թուրքիա կը յամառէր իր պայմանին վրայ: Տրապիզոնի մէջ կայացած ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին նախագահ Էրտողանը կատարեց ժամկէտի յայտարարութիւնը: Ժամկէտը անցնելէ ետք Ամերիկայի մէջ յայտարարուեցաւ, որ թրքական ապրանքներուն վրայ կրկնակի մաքսատուրք պիտի դրուի: Այս յայտարարութիւնը սարսափ ազդեց յաւակնոտ քաղաքագէտներուն վրայ: Թրքական լիրան թաւալգլոր կ՛իյնար եւ տակաւին թուրք պատասխանատուները չէին հրաժարեր իրենց սխալ ընթացքէն: Էրտողանը ամբոխին առջեւ խօսելով` ըսաւ. «Ամերիկեան քրիստոնեայ եկեղեցիները կը ղեկավարուին գաղտնի կազմակերպութեան մը կողմէ, որուն մէջ Էֆ. Պի. Այ.-ի եւ Սի. Այ. Էյ.-ի անդամներ կը գտնուին»: Շատ անարժէք սուտ մը, որուն ազդեցութիւնը աւելի ծանր է, քան խօսքը:

Ուրբաթ, 10 օգոստոսին նախագահ Էրտողանը յայտարարեց. «Անհեռանկարային է մեր երկրին վրայ տնտեսական ճնշում բանեցնելը: Եթէ անոնք տոլարներ ունին, մենք ունինք մեր ժողովուրդը, իրաւունքն ու Ալլահը»: Սակայն լիրան կը շարունակէր իր անկումը:

Անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ը գրեց, որ Ֆրանքֆորթի մէջ սակարանները եւ դրամատուները «յարձակման» ենթարկուեցան, եւ մարդիկ իրենց ունեցած եւրոպական դրամատուներու արժետոմսերը ծախեցին` գիտնալով, որ լիրային անկումը հոն ալ պիտի ազդէր:

Թրքական լիրային անկումը արձագանգեց Լատին Ամերիկայի, յատկապէս Արժանթինի մէջ: Եւրօ եւ փեսօ կապեր ունէին թրքական դրամատուներու հետ: Իսկ Թուրքիոյ մէջ Կեդրոնական դրամատունը լիրան փրկելու համար նախաձեռնութիւն չէր առներ եւ, աւելին, կը մերժէր առնել: Յատուկ պատուիրակութիւն մը Ամերիկա եկաւ` իբր թէ համաձայնելու եւ տագնապը լուծելու: Բայց ձախողեցաւ, որովհետեւ անամօթաբար եկած էր խաղալու: Ամերիկայի մէջ կը սպասուէր, որ պատուելին պատուիրակութեան հետ պիտի գար: Մեծ եղաւ զարմանքը, երբ նախագահ Թրամփին ակնկալած անձը եւ ուրիշ 15-20 ամերիկացիներ չէին եկած: Անոնք երկու քաղաքացիութիւն ունեցող անձեր էին, որոնցմէ մէկը` ՆԱՍԱ-ի գիտնական մը. ձերբակալուած էին ահաբեկչութեան մասնակից ըլլալու կեղծ մեղադրանքով: Կը կարծուի, որ այդ պատուիրակութիւնը վտարուեցաւ:

Պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ` առանց որեւէ յայտարարութեան, մինչ Անգարայի մէջ կը սպասէին, որ անիկա յաջողի իր խաղին մէջ:

Շաբաթ, 11 օգոստոսին յայտնուեցաւ, որ թրքական լիրան 40 տոկոսով արժեզրկուած էր ամբողջ տարուան ընթացքին: «Ի՞նչը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ 15 յուլիսին 2,8 ամերիկեան տոլար արժող լիրան այսօր 6 լիրա կ՛արժէ», ըսաւ Էրտողան` փոխանակ իրատես ըլլալու: Տակաւին ան չէր ընդուներ, որ ծունկի եկած էր: Ան կը դատապարտէր Ամերիկան, որ պատուելին կը փոխարինէր Թուրքիոյ հետ: «Ծախեցէ՛ք ձեր տոլարները եւ լիրա գնեցէք», կը յայտարարէր Էրտողանը:

Երբ նկատի կ՛առնես ամիս մը առաջ յոխորտացող նախագահը եւ այժմու ինքնակորոյս ղեկավարը, կը հասկնաս, որ մարդը միայն ու միայն պոռոտախօս էր, դիւանագէտ չէր, հեռատես չէր: Կը յաւակնէր Հայաստանն ալ պատժել Ազրպէյճանի սիրոյն` առանց մտածելու որ արդեօք սա կարելի՞ էր:

Երեքշաբթի, 14 օգոստոսին ամերիկեան շուկան բարձր արժէքով փակեց օրը, իսկ Թուրքիոյ մէջ, շաբաթ մը տեւած մտավախութիւններէ եւ թրքական լիրայի անկումէն ետք, սակարանը հանդարտեցաւ: Հաւանաբար դրամ չմնաց ժողովուրդին մօտ: Հեռատեսիլի լուրերէն ցոյց կու տային, որ թուրքեր ամերիկեան տոլար կ՛այրէին` որպէս բողոքի նշան:

«Ֆորէյն Փալիսի Մեկըզին»-ի մէջ հրատարակուեցաւ Սթիվըն Քուքի ստորագրութեամբ յօդուած մը, որուն խորագիրը այնքան իմաստալից է, որ յօդուածը կարդալու կարիք ալ չկայ: Խորագիրը հետեւեալն է` «Թրամփ ամերիկացի առաջին նախագահն է, որ ճշդօրէն հասկցաւ Թուրքիան»:

Յօդուածը կարդալու կարիքը կը տեսնէ՞ք:

 

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Կ՛ուզէինք Մասնակցիլ, Բայց…

Յաջորդը

Հրաժեշտի Համբոյր` Արհեստաւորի Օրհնեալ Ձեռքերուդ (Հօրս` Սիրակ Տէր Ղուկասեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?