Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբերի այս օրերուն (4-7), 96 տարի առաջ, «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ն պատմական համագումար մը ունեցաւ Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա), հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան զոհերուն` վերապրող բիւրաւոր հայ գաղթականներուն խնամատարականօրէն տէր կանգնելու հիմնական օրակարգով:
Զմիւռնիոյ շուրջ մղուող յոյնեւթրքական բուռն պատերազմի արհաւիրքի օրերն էին, յոյներով եւ հայերով բնակուած հինաւուրց, այլեւ մեծապէս ծաղկուն քաղաքի քեմալական գրաւման ու հրկիզման ահաւոր ժամանակաշրջանն էր: Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող մարդասիրական բազում կազմակերպութեանց պատուիրակները եւ հռչակաւոր հայասէր գործիչներ հաւաքուեցան Ժընեւ, որպէսզի միասնաբար քննեն եւ լուծումներ գտնեն թէ՛ Մեծ եղեռնէն վերապրած հայրենահան հայ գաղթականութեան ողբերգական դրութեան, թէ՛ տակաւին Օսմանեան կայսրութիւն նկատուող թրքական պետութեան կողմէ Քեմալի ձեռամբ շարունակուող ցեղասպանական ոճիրներու հայ զոհերուն անտիրութեան եւ թշուառութեան վիճակին:
Թէեւ նորվեկիացի Ֆ. Նանսենն էր համագումարի շարժիչ ոգին, բայց առաւելաբար զուիցերիացի հայասէրներու շնորհիւ էր, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի տարածքին հողմացրիւ եղած հայ գաղթականութեան վերապրումը ապահովելու մտասեւեռումը իր հունով առաջնորդեց համագումարի աշխատանքները:
Համագումարի կարեւորագոյն իրագործումը եղաւ բիւրեղացումը` «Նանսենեան անձնագիր» անունով յայտնի` միջազգային իրաւական փաստաթուղթով մը հայ գաղթականութիւնը օրէնքով պաշտպանելու գաղափարին: Իրողապէս արդէն պատմութեան անցած Օսմանեան կայսրութեան տեղահան հայ քաղաքացիները պէտք էր արժանանային նորաստեղծ Ազգերու լիկային կողմէ շնորհուած միջազգային յատուկ կարգավիճակի, որ անոնց գաղթականի կեցութիւնն ու երկրէ երկիր ճամբորդութիւնը պիտի օժտէր իրաւական փաստաթուղթով: Ֆ. Նանսեն ինք աշխուժ անդամներէն էր «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ին, իսկ այդ օրերուն արդէն նշանակուած էր Ազգերու լիկային գաղթականութեան հարցերով Բարձր յանձնակատար:
Ինչպէս որ հրապարակագիր Վարդան Օհանեանը դիտել կու տայ Նանսենի նուիրուած իր հրապարակումին մէջ, «Յայտնի է, որ թէ՛ Ազգերու լիկային, թէ՛ Լոզանի համագումարին մէջ զուր անցան հայութեան համար դրական, քաղաքական լուծումներ ստանալու` հայ քաղաքական գործիչներու, Նանսենի ու միւս հայասէրներու ջանքերը. կը մնար գաղթականներու դրութիւնը գոնէ տանելի դարձնելու, ապա` հայրենադարձութիւն կազմակերպելու գործը: Հայկական հարցը քաղաքականէն վերածուեցաւ զուտ մարդասիրականի: Բանն այն է, որ բազմահազար հայ գաղթականներ կորսնցնելով իրենց քաղաքացիական իրաւունքները սեփական երկրին մէջ` չունէին այդպիսիք իրենց հանգրուանած պետութեան մէջ: Նման իրաւազուրկ վիճակի մէջ յայտնուած այլազգիները նոյնպէս մեծ թիւ կը կազմէին` յոյներ, հրեաներ, ռուսեր… Հարցին լուծումը տուաւ Նանսենը, 1922-ին, Ժընեւի յատուկ համագումարին, առաջարկելով սահմանել իր ստորագրութեամբ անձնական վկայական: 52 երկիրներու կառավարութիւններ ընդունեցին «Նանսենեան անձնագիր»-ներուն իրաւականութիւնը, ինչ որ նոր երեւոյթ էր մարդկութեան պատմութեան մէջ, երբ տուեալ երկրի զինանշանին փոխարէն` անձնագրին մէջ կը փակցուէր դրոշմանիշ` Նանսենի նկարով ու «Ազգերու լիկա» գրութեամբ: Տասնեակ հազարաւոր հայեր դարձան «Նանսենական», որոնց մէկ մասը հետագային ներգաղթեց Խորհրդային Հայաստան: Վերջիններուս օգնելու նպատակով Ազգերու լիկան 1924-ի սեպտեմբերի 25-ին կազմեց յատուկ յանձնաժողով` Նանսենի գլխաւորութեամբ»:
96 տարուան հեռաւորութենէն նայելով Ժընեւի մէջ հայասէրներու սեպտեմբեր 1922-ի համագումարով ճամբայ հանուած եւ Ազգերու լիկային կողմէ որդեգրուած այդ քայլին` անկասկած միայն դրական արժեւորում կարելի է տալ ցուցաբերուած մարդասիրական մօտեցումին: Բայց նոյնը կարելի չէ հաստատել «Նանսենեան անձնագիր»-ի քաղաքական նշանակութեան մասին, որովհետեւ իրաւականօրէն նուիրագործելով հայրենազուրկ հայոց տեղահանի ու գաղթականի միջազգային կարգավիճակը` փաստօրէն Հայկական հարցը քաղաքական օրակարգէ հանուեցաւ. այդպէ՛ս նախապատրաստուեցաւ յուլիս 1923-ի Մեծ Ուրացման Լոզանի դաշնագիրը:
Բայց այդ մասին կ’արժէ առանձին եւ իր ատենին խօսիլ:
1922-ի սեպտեմբերի 4-7 Ժընեւի մէջ գումարուած «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ի խորհրդաժողովին նուիրուած էջով կ՛արժէ անմիջապէս նշել, որ զուիցերիացի հայասէրները 19-րդ դարու վերջերէն սկսեալ կարեւոր ներդրում ունեցան ոչ միայն համիտեան կոտորածներու հայ զոհերուն պատսպարման, որբախնամութեան եւ ուսումով ապահովման մարզերուն մէջ, այլեւ` Հայկական հարցի արդար լուծման ի խնդիր իրենց ծաւալած հանրային կարծիքը զօրաշարժի մղելու նախաձեռնութիւններով:
Հանրագիտական տեղեկութեանց համաձայն, Զուիցերիան հայկական աղբիւրներու մէջ առաջին անգամ յիշատակուած է Մարտիրոս եպս. Երզնկացիի «Պատմութիւն ֆռանկեաց երկրին, զոր տեսեալ է Երզնկացի Մարտիրոս եպիսկոպոսն» վերնագիրը կրող վէպին մէջ, 15-րդ դարուն: Ատենին, հայ հոգեւորականը, ճանապարհորդելով Եւրոպայի տարածքին, գրած է ուղեգրական նոթեր, որոնց մէջ տեղ է յատկացուած նաեւ Զուիցերիոյ նկարագրութեան:
Հայերու ներկայութիւնը Զուիցերիոյ մէջ սկսած է շեշտուիլ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն հայ երիտասարդներ հաստատուած են հոն` զուիցերիական համալսարաններու մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալու նպատակով: 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին Պազելի, Լոզանի, Ժընեւի, Ցիւրիխի եւ զուիցերիական այլ համալսարաններու մէջ ուսանած են մեծարժէք հայ գրողներ` Ռուբէն Սեւակը, Աւետիս Ահարոնեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Դերենիկ Դեմիրճեանը, հրապարակախօս Գրիգոր Արծրունին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս` պոլշեւիկներու ձեռամբ խեղդամահ եղած Խորէն Մուրադբէկեանը եւ ուրիշներ:
Ծանօթ է, որ 1887-ին Ժընեւի մէջ հիմնուեցաւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը: Իսկ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան առաջին շրջանը` 1891-1914, կատարուեցաւ Ժընեւի մէջ: 1907-ին Լոզանի համալսարանի ուսանողները հիմնեցին «Արմենիա» միութիւնը, իսկ 1914-ին` «Տեղեկատու բիւրօ» կազմակերպութիւնը: Մինչեւ մեր օրերը Զուիցերիոյ մէջ կը գործէ հայկական փոքրաթիւ, բայց աշխուժ գաղութ մը: Զուիցերիոյ հասարակութիւնը մշտապէս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայաստանը յուզող հարցերու նկատմամբ: 1894-1896, համիտեան կոտորածներէն ետք, Զուիցերիոյ հայասէր շրջանակները դիմեցին երկրի կառավարութեան` պահանջելով, որ իշխանութիւնները դատապարտեն հայերու ջարդը եւ բողոք յայտնեն Օսմանեան կայսրութեան դէմ: 1897-ի մարտին Զուիցերիոյ կառավարութիւնը քննարկեց այդ դիմումը եւ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութեամբ` հայերու կոտորածը Օսմանեան կայսրութեան մէջ որակելով որպէս ոճրագործութիւն մարդկութեան դէմ: Պատահական չէ, որ մեր օրերուն Զուիցերիա օրէնքով կը պատժէ հայասպանութեան փաստը ուրացողները: Զուիցերիացի հայասէրներու կազմակերպման առաջին քայլերէն մէկը կը նկատուի Պալէ քաղաքի քահանայ Փոլ Ռիկենպախի «Հայերու զուիցերիացի բարեկամներու ընկերութիւն» բարեխնամ հաստատութիւնը, որ 19-րդ դարավերջին որբանոցներ եւ անվճար բժշկական հաստատութիւններ հիմնեց Թուրքիոյ հայաբնակ շրջաններուն մէջ: Իսկ 1920-ին հիմնուեցաւ «Զուիցերիոյ հայասէրներու ընկերութիւնը», որ նպատակ ունէր դիւանագիտական եւ քաղաքական միջոցներով պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ հայոց անկախ պետութեան իրաւունքները: Այդ ընկերութիւնն էր, իր ղեկավարներէն խորհրդարանի անդամներ Ճիւզեփփէ Մոթթանի եւ Կիւստաւ Ատորի գլխաւորութեամբ, որ հիմնական դեր խաղաց 4-7 սեպտեմբերին, 1922 թուին, Ժընեւի մէջ «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ին համագումարը կազմակերպելու աշխատանքին մէջ:
Թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրին դէմ միջազգային դատապարտումի ուժեղ ալիք բարձրացուցած համագումարին 96-ամեակը ոգեկոչելով` կ’արժէ հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ բերել հրամայական անհրաժեշտութիւնը` նախաձեռնելու եւ կազմակերպելու, մեր օրերուն, իրապէս համաշխարհային ընդգրկումով Հայ դատի միջազգային բարեկամներու համագումար մը:
Կառավարական, քաղաքական, հասարակական, ակադեմական եւ ընդհանրապէս ազատախոհ ու մարդասէր մտաւորական երեւելի դէմքերու մասնակցութեամբ, առաջադրուած համագումարը, այս անգամ, կոչուած է շեշտակիօրէն քաղաքական բնոյթ եւ հնչեղութիւն ունենալու եւ ողջ աշխարհին յիշեցնելու, այլեւ ու մանաւանդ Թուրքիան պարտաւորեցնելու, որպէսզի պետականօրէն հատուցէ 103 տարի առաջ իր գործադրած, բայց մինչեւ այսօր անպատիժ մնացած հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Հայաստանի բռնագրաւումը «օրինականացնելու» ցեղասպանական, այլեւ քաղաքական մեծ ոճիրը` ամբողջապէս վերականգնելով հայրենահան հայութեան ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ մարդկային իրաւունքները, Մեծն Արդարութիւնը: