Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սուրիոյ Նախագահին Հրամանով Հալէպի Մէջ Վարժարան Մը Վերանուանուեցաւ Սուրիահայ Նահատակ Զինուորին Անուամբ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ, 5 օգոստոս 2018-ին:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Առաջին տիկին Ասմա Ասատ, նահատակներու ծնողներու հետ իրենց կատարած հանդիպումներու ծիրին մէջ, երկու տարբեր առիթներով հանդիպում ունեցած էին Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայած եւ Հալէպի Նիլ թաղամասին մէջ մարտական հերթապահութեան ընթացքին, 16 ապրիլ 2014-ին նահատակուած Գրիգոր Աշնաքլեանի ծնողքին հետ: Այդ հանդիպումներուն սուրիահայ նահատակին ծնողքը խնդրած էր, որ կրթական հաստատութիւն մը կամ հիւանդանոց մը անուանակոչուի Գրիգորին անունով` անմահացնելու համար անոր յիշատակը:
Ընդառաջելով ծնողքին խնդրանքին, նախագահը յատուկ հրամանագիրով մը Հալէպի հայաշատ Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ գտնուող «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանեց «Նահատակ Գրիգոր Վարուժանի Աշնաքլեան» վարժարան, նկատի առնելով անոր մօր այդ դպրոց յաճախած ըլլալն ու պատերազմի դժնդակ օրերուն, իր զինուորական ծառայութեան ընթացքին Գրիգորի այդ դպրոցի ուսուցչական կազմին հաց մատակարարելը: Անուանակոչման արարողութեան ներկայ գտնուած են Հալէպի կրթական տնօրէնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու նահատակին ծնողքը:
Նշենք, որ Գրիգոր Աշնաքլեան եղած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտ:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՄԸՄ-ի «Գնահատանքի Երեկոն»
Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, 18 օգոստոսին Փասատինայի «Ճիվելեկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ:
Շրջանային վարչութեան անունով Փիեռ Մանուկեանը ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց սիրայօժար աշխատանքներուն համար, որոնք մեծապէս նպաստած էին Նաւասարդեան խաղերու յաջողութեան: Ան երախտագիտութեան եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց նաեւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակցող սկաուտներուն, որոնք բանակումի 10 օրերուն ընթացքին կարգապահ եւ օրինակելի կեցուածք ցուցաբերած էին` լաւապէս ներկայացնելով Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը:
Իր կարգին, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց տրամադրած կամաւոր ու սիրայօժար աշխատանքներուն համար, որոնք մեծապէս նպաստած էին Նաւասարդեան խաղերու յաջողութեան: Ապա ան բեմ հրաւիրեց 43-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Գօգօ Պալեանը, անցեալի պատուոյ նախագահներ Ճորճ Ժամկոչեանը եւ Վիգէն Աբէլեանն ու Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեանը` ստանձնելու ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի յուշատախտակները:
Շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեանը, որ հպարտանքով ողջունեց միութեան 100-ամեակը, գնահատեց ներկաները` անոնց ՀՄԸՄ-ականի նուիրումին համար եւ խրախուսեց զանոնք` նոյն ոգիով շարունակելու իրենց պատասխանատուութիւնները: Ապա Կեդրոնական վարչութեան կողմէ գնահատական յուշատախտակ մը նուիրեց Արի Պոյաճեանին, որ պատրաստած էր ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի խորհրդանշանը:
Ապա տեղի ունեցաւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհիի պաշտօնատուչութիւնը, որուն արժանացաւ դոկտ. Շարլին Գոզալեանսին: Իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք ան հրապարակաւ խոստացաւ ոչ միայն հաւատարիմ մնալ սկաուտական երդումին, այլ նաեւ, իբրեւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի, իր լաւագոյնը չխնայել` ծառայելով ՀՄԸՄ-ին, յատկապէս` սկաուտներուն, զարկ տալով անոնց գիտելիքներուն` ազգային, քաղաքացիական եւ միութենական մարզերէն ներս:
Գնահատական յուշատախտակներ յանձնուեցան նաեւ, այլ յանձնախումբերու անդամներու եւ մասնաճիւղերու վարչութեան ներկայացուցիչներուն: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Նաւասարդեան մարզախաղերէն եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումէն նկարներ:
Տոքթոր Վարդգէս Եւ Տիկին Մերի Նաճարեան Կէս Միլիոն Տոլար Տրամադրելով Հիմնեցին Ընտանեկան Ֆոնտ Մը
Կիրակի, օգոստոս 26-ին Կլենտէյլի ճաշարաններէն մէկուն մէջ տոքթ. եւ տիկին Վարդգէս Նաճարեան իրենց ամուսնութեան 60-ամեակը տօնեցին 150 հրաւիրեալներու ներկայութեան:
Ընտանեկան եւ բարեկամական գնահատական ելոյթներէ ետք, հաճելի մթնոլորտի մէջ իրենց անդրանիկ զաւակը Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ եւ այժմ քաղաքի խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան ուշագրաւ իր ելոյթի ընթացքին հաճելի անակնկալ մը ընելով յայտարարեց, որ իր ծնողքը հինգ հարիւր հազար տոլար նուիրելով կը հիմնեն ընտանեկան ֆոնտ մը` նպատակ ունենալով օժանդակել կրթական եւ առողջապահական կարիք ունեցողներու, մասնաւորաբար զինուորական ընտանիքներու Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ:
Վահան Ա. Քհնյ. Կոստանեանը Նշանակուեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Հովիւ
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Խառն ժողովի որոշումով, Վահան Ա. քհնյ. Կոստանեանը նշանակուեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ: Ան իր առաքելութեան սկսաւ 1 օգոստոսին` փոխարինելով Արսէն քհնյ. Գասապեանը, որ 2013-էն ի վեր այդ ծխական շրջանի հովիւն էր:
5 օգոստոսին առաջնորդ սրբազանը հանդիսապետեց Կարապետ եկեղեցւոյ սուրբ պատարագին եւ ծխական համայնքի զաւակներուն ներկայացուց նոր հովիւը, որ մատուցեց իր անդրանիկ պատարագն ու քարոզը:
Վահան Ա. քհնյ. Կոստանեանը ձեռնադրուած է 1993-ին: Ան իբրեւ հովիւ` ծառայած է Փասատինայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ (այժմ` Ս. Սարգիս եկեղեցի) եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքներուն:
Ռոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնը 10 Հազար Տոլար Կը Տրամադրէ ՀՕՄ-ի Վիրաւոր Զինուորներու Հիմնարկին
28 մայիսին Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկներու ընթացքին Ռոտ Այլընտի Հայ մշակութային կեդրոնը կրցաւ 10 հազար տոլար հաւաքել եւ տրամադրել ՀՕՄ-ի վիրաւոր զինուորներու հիմնարկին:
6 մայիսին Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ Փրովիտենսի «Քրիստափոր» կոմիտէն նշած էր Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը: 28 մայիսին, հովանաւորութեամբ Փրովիտընսի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին եւ Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ նահանգի Հայ մշակութային հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Սուրբ Պօղոս Պետրոս կաթողիկէ տաճարին մէջ տեղի ունեցած էր հանրային համերգ` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին:
Արդարեւ, 25 օգոստոսին, Ռոտ Այլընտի Հայ մշակութային կեդրոնի նախագահ Յակոբ Տօնոյեանը եւ 28 մայիսի անկախութեան 100-ամեակի կազմակերպիչ մարմինի ներկայացուցիչ Լեւոն Աթթարեանը այցելեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ եւ յանձնեցին գումարը:
Հանդիպում Քոնկրեսական Լու Քորէայի Հետ
14 օգոստոսին Օրենճ Քաունթիի Հայ դատի յանձնախումբի եւ շրջանի Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանի անձնակազմի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Ներկայացուցիչներու տունի անդամ Լու Քորէային հետ` անոր շրջանային գրասենեակին մէջ:
Քոնկրեսական Քորէա նախապէս անդամ էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ` Օրենճ Քաունթիի վերահսկիչներու խորհուրդին: Ան նոյեմբեր 2016-ին կայացած քոնկրեսական ընտրութիւններուն առաջին անգամ ըլլալով Ներկայացուցիչներու տունի անդամ ընտրուած էր` ներկայացնելու համար Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 46-րդ ընտրատարածքը, որուն մէջ կ՛իյնան Էնըհայմ, Օրենճ եւ Սանթա Անա քաղաքներէն հատուածներ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին Օրենճ Քաունթիի Հայ դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները երախտագիտութիւն յայտնեցին քոնկրեսականին, որ անդամ դարձած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին եւ նեցուկ կանգնած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ցեղասպանութիւններու առաջքը առնելու նպատակով ներկայացուած բանաձեւներու:
Հանդիպումին ընթացքին քննուեցան ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու սերտացումը եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ «Հեյլօ թրասթ» կազմակերպութեան կողմէ տարուող ականազերծման աշխատանքներուն աջակցութեան շարունակութեան ապահովումը:
Իր կարգին, Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Սանան Շիրինեանը օրակարգի նիւթ դարձուց ամերիկահայ երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս վարժարանին շրջանաւարտները տեղական եւ ազգային քաղաքական կեանքին մէջ աւելի գործօն դերակատարներ դարձնելու նպատակով նախաձեռնութիւններ իրականացնելու կարեւորութիւնը:
Պոլիս
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին Մէջ` Խորհրդակցական Մարմինի Ժողով
1 օգոստոսին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը գումարեց իր հերթական ժողովը:
Ան նաեւ հիւրընկալեց «Հայճար»-էն երկու ներկայացուցիչներ` Գէորգ Էօզգարակէօզ ու Լեռնա Իւշենմեզ, որոնք տուին բազմաբնոյթ բացատրութիւններ եւ անդրադարձան պատրիարքարանի շէնքի պարագային ձեռնարկուած նորոգութեան աշխատանքներուն եւ արտայայտեցին իրենց դիտարկումները` մասնագիտական եւ նիւթական երեսներով:
«Հայճար»-ի ներկայացուցիչները խօսեցան նաեւ Անատոլուի հայկական սրբատեղիներու հարցերուն մասին` ընդգծելով, որ «Հայճար»-ը միշտ պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ իր աջակցութիւնը բերելու եւ ծրագիրներուն ալ զօրակցելու իմաստով եւ շեշտեցին, որ անկախ տուեալ ժամանակաշրջանի վարչութեան կազմէն` կառոյցը սկզբունքօրէն միշտ պատրաստակամ է պատրիարքական աթոռի խնդրանքներուն ընդառաջելու:
Խորհրդակցական մարմինի անդամները նոյն օրը հիւրընկալեցին նաեւ պատրիարքարանի երիտասարդաց նորաստեղծ յանձնախումբի անդամները` գլխաւորութեամբ Արի Չոլաքի, որոնք մանրամասն տեղեկութիւններ տուին աշխատանքի իրենց պատկերացումներուն եւ յառաջիկային առնուելիք քայլերուն շուրջ: Անոնք փափաք յայտնեցին ժողովի ամբողջ տեւողութեան սկզբունքօրէն խօսիլ հայերէնով եւ շեշտեցին եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը պոլսահայ իրականութեան մէջ:
Վրաստան
Պալխոյի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին Վերաօծուեցաւ
25 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Պալխոյի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը` ձեռամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի: Դռնբացէքի արարողութենէն ետք սրբալոյս միւռոնով օծուեցան եկեղեցւոյ ս. սեղանը, մկրտութեան աւազանը եւ 16 սիւները:
Վերակառուցուած եւ վերաօծուած եկեղեցւոյ անդրանիկ պատարագը մատուցեց Արակովայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ու յարակից գիւղեր հովիւ Թադէոս քհնյ. Տէր Մկրտիչեանը:
Պատարագի աւարտին առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորելէ ետք ներկաները եկեղեցւոյ վերաօծման համար, գնահատանքի խօսքեր ուղղեց բարերարի ընտանիքին, Մեսրոպ Մկրտչեանին յանձնեց օրհնութեան գիր եւ նուիրեց սրբապատկեր մը:
Աւարտին եկեղեցւոյ կից տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վիրահայոց թեմի Արակովայի «Խրիմեան Հայրիկ» կեդրոնին սաները, նաեւ` յարակից գիւղերէն եկած անհատ կատարողներ:
Աւստրալիա
«Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ» Գիրքի Ներկայացում-Շնորհահանդէս
Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանին, կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ հայոց առաջնորդարանին, 4 օգոստոսին Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Սուրբ Գիրքի ընկերութեան տնօրէն դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար Սեդա Յովակիմեանը ներկայացուց դոկտ. Ճէպէճեանը, որմէ ետք առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը ներկայացուց նորատիպ գիրքը:
Նշան Պասմաճեան ըսաւ, որ Հրայրին նկարագրելու տաղանդը իւրայատուկ է: Իւրաքանչիւր յօդուած հարստացած է վերլուծումներով եւ ծածուկ թելադրութիւններով` տառապանքով, յուզումով, խանդավառութեամբ, հայ քրիստոնեայի իտէալներով եւ անկեղծ լաւատեսութեամբ խարսխուած:
Ան ըսաւ, որ Հ. Ճէպէճեանի տուած պատգամները մտածել տուող իրականութիւններ են: Չկայ պատգամ մը, որուն նախ ինք չհաւատայ: Իր «Արձանին պատգամը» ահազանգ հնչեցնող յօդուած է, ուր բացատրութիւններու թուարկումով շատ բան կ՛ըսէ հեղինակը եւ առանց բառերը ծամծմելու` պատգամը կու տայ եւ լուծում կ՛առաջարկէ:
Նշան Պասմաճեան նշեց, որ հայն ու քրիստոնեան շուրջպարի մէջ տեսնելը` տեսլականն է Հրայրին, բայց այդ շուրջպարը պէտք է պահուի համաչափութեան սահմաններուն մէջ: Իսկ այդ համաչափութիւն պահողները այն պարագլուխներն են, որոնց քրիստոնէական վէմը հաստատ է, իսկ հայու վճռակամութիւնը` անխախտ:
Ան ըսաւ. «Հրայր Ճէպէճեան կրցած է իր իրապաշտ յօդուածներով վերլուծել ազգային մեր բազմերես կեանքը, հասարակ յայտարարի բերած սփիւռքի տարածքին ապրող իր գիրքին բոլոր հերոսները եւ զանոնք դրած է մեզի, ինչպէս նաեւ իրարու հետ երկխօսութեան մէջ: Այս հերոսներուն սփիւռքի մէջ գոյատեւելու պայքարը Հրայրին պայքարն է, որուն յաղթանակին հաւատացողն է ինք»:
Այնուհետեւ խօսք առաւ հեղինակը, որ շեշտեց կարեւորութիւնը հայերէնին եւ քրիստոնեայ հաւատքին, նաեւ` անոնց պահպանման: Գիրքին խմբագիր դոկտ. Արտա Պոյներեան-Ճէպէճեանը յայտնեց, որ դիւրին չէր եղած խմբագրելը այս հատորը, հաւաքել դոկտ. Հրայրի 2011-2017 ժամանակաշրջանին հրապարակած բոլոր յօդուածները եւ պահել շարունակականութիւնը անոր փոխանցուած պատգամին:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ շատոնց ճանչնալով հեղինակը` իր գնահատանքը յայտնեց անկեղծ հայուն եւ անկեղծ քրիստոնեային տասնեակ տարիներու հայապահպանման ի նպաստ տարած աշխատանքին: Ան նաեւ մէջբերումներ կատարեց գիրքէն եւ պատգամեց հեղինակին լաւատեսութեամբ աշխատանք տանիլ` կարենալ խորտակելու համար մեր առջեւ յայտնուած խոչընդոտները:
Հեղինակը հետը բերած էր 30 գիրք, որոնք վաճառուեցան, եւ անոնց հասոյթը յատկացուեցաւ առաջնորդարանի կառուցման ծրագիրին:
Չիլի
Օփերայի Երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեանին Ելոյթը
Վերջերս օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեանը Չիլիի մայրաքաղաքի «Թէաթրօ միւնիսիփալ տէ Սանթիակօ» հեղինակաւոր օփերային թատրոնին մէջ 3 ներկայացումներով հանդէս եկաւ «Թոսքա»-ի դերերգով:
Իտալացի երաժիշտ Ճաքոմօ Փուչինիի «Թոսքա»-ն օփերային թատրոնի մէջ ներկայացուեցաւ բոլորովին նոր եւ թարմ բեմադրութեամբ: Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս արդէն երկու տասնամեակ գործունէութիւն ծաւալող առաջատար օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեանը կարելի է համարել միակ հայը, որ հանդէս եկած է Չիլիի մէջ:
Լիլիթ Սողոմոնեանը ըսաւ, որ անձնական նախաձեռնութեամբ մեկնած է Չիլի` աւելցնելով, որ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբէլեանին կարծիքը առած է, թէ ի՛նչ կրնայ ընել, որպէսզի հանդէս գայ այլ երկիրներու մէջ եւ լսելի դառնայ աւելի մեծ շրջանակներու մէջ: Օրբէլեանը խորհուրդ տուած է Մոսկուայի մէջ լսումներու մասնակցելու, ուր ներկայ կը գտնուէին 10-12 երկիրներէ թատրոններու տնօրէններ եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին օփերայի երգիչներ` աշխարհի բոլոր ծագերէն: Լսումներէն ետք հրաւէր ստացած էր Չիլիի մէջ մասնակցելու «Թոսքա»-ի նոր բեմադրութեան:
Յայտնենք, որ Սողոմոնեանը արժանացած է բացառիկ ջերմ վերաբերմունքի թէ՛ թատրոնի ղեկավարութեան եւ թէ՛ հանդիսատեսներուն կողմէ: