ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Անցեալ տարի գրած յօդուածներէս մէկուն մէջ տեղեկացուցած էի, որ Ազրպէյճանի «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը 350 գաղտնի թռիչք իրականացուցած է` Պուլկարիայէն հարիւրաւոր թոն զէնք տեղափոխելով Սուրիա` ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներ` 2014-2017 թուականներու ընթացքին:
Այժմ ունինք հետեւեալ նոր բացայայտումը. Միացեալ Նահանգներու Արտածման-ներածման (EXIM) դրամատունէն «Սիլք Ուէյ» ստացած է 419,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկեր, «Պոյինկ» ընկերութենէն երեք` «747-8» մակնիշի բեռնատար օդանաւեր գնելու եւ իր չարամիտ գործունէութիւնը շարունակելու համար:
Բացայայտումը կատարած է Կազմակերպուած յանցանքի եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծի (OCCRP) զեկուցողը` Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին արարքով (FOIA) հարցում ներկայացնելով ամերիկեան կառավարութեան, 2016 թուականին: Նշենք, որ «Սիլք Ուէյ», որ` «կը պատկանի Ալիեւներու ընտանիքին հետ անցեալին կապեր ունեցող ընկերութեան, շահած է քանի մը հասութաբեր պայմանագիրներ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերէ»` ըստ FOIA-ի փաստաթուղթերուն:
Փաստօրէն, «Սիլք Ուէյ» աւելի քան 400 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիրներ կնքած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան երթեւեկութեան հրամանատարութեան վարչութեան հետ, արդէն տասնամեակէ մը աւելի», կը հաղորդէ OCCRP-ի լրագրող Տեւանշ Մեհթա: «Սիլք Ուէյ» «զինամթերք եւ ոչ մահացու այլ նիւթեր» տեղափոխած է Աֆղանիստան, 2005-էն ի վեր:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ ունեցած կապերէն բացի` «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը նաեւ աշխատած է որպէս ենթակապալառու` Քանատայի Ազգային պաշտպանութեան բաժանմունքի, Գերմանիոյ զինուած ուժերուն եւ ֆրանսական բանակին համար», բացայայտած է Մեհթա:
Ապրիլ 2017-ին «Սիլք Ուէյ» ընդլայնած է իր գնումներու ծաւալը «Պոյինկ»-էն` ստորագրելով մէկ միլիառ տոլարի պայմանագիր` տասը նոր «737 MAX» մակնիշի ճամբորդատար օդանաւեր ձեռք բերելու համար, կը հաղորդէ լրագրող Մեհթա: Այսուամենայնիւ, յայտնի չէ, թէ ինչպէ՛ս ֆինանսաւորուած է նոր ձեռքբերումը: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին «Սիլք Ուէյ» յայտարարած է, որ կը նախատեսէ գնել եւս երկու «747-8» մակնիշի բեռնատար օդանաւեր:
Մեհթա բացայայտած է, որ` «օդանաւային ընկերութիւնը կը պատկանի «Սիլք Ուէյ Կրուփ»-ին, որ, առնուազն պահ մը, սերտօրէն կապուած էր Ազրպէյճանի Ալիեւներու իշխող ընտանիքին (որ իր օդանաւերը օգտագործած է մասնաւոր ճամբորդութիւններու համար) եւ շահած է պետական գործարքներու բարեհաճութենէն: Ըստ FOIA-ի միջոցով ձեռք բերուած տեղեկութեան, «Սիլք Ուէյ Էրլայնզ» ձեռնարկած է քայլերու` իր սեփականատէրերուն ինքնութիւնը թաքցնելու համար, ինչ որ հաւանական է, որպէսզի ընկերութիւնը բարելաւէ իր բախտը` շահելու համար ամերիկեան վարկային արժէքաւոր երաշխիքներ եւ ռազմական պայմանագիրներ»:
Մեհթա աւելցուցած է, որ` «Ազրպէյճան «Թրանսփերընսի ինթերնեշընըլ»-ի փտածութեան ընկալման ցուցակի 180 երկիրներու շարքին մէջ գրաւած է 122-րդ տեղը, իսկ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին պատկանող` ամբողջ աշխարհի տարածքին գտնուող շքեղ ապարանքները կը գնահատուին աւելի քան 140 միլիոն տոլար: «Փանամայի թուղթերը» եւ այլ արտահոսքեր ակնարկած են երկրի առաջին ընտանիքին` իբրեւ ներգրաւուած Ազրպէյճանի տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ, շքեղ հիւրանոցներէն սկսեալ մինչեւ հանքային արդիւնաբերութիւն եւ դրամատնային ծառայութիւններ»:
Արտածման-ներածման դրամատան կողմէ «Սիլք Ուէյ»-ի տրուած 419,5 միլիոն տոլարի վարկի պայմաններուն համաձայն, պարտաւորութիւններու անտեսման պարագային, վնասները հատուցելու էր պետութեան պատկանող Ազրպէյճանի միջազգային դրամատունը (IBA): Խնդիրը այն է, որ IBA «ներգրաւուած էր զանգուածային ծրագիրի մը` «Ազրպէյճանական լուացքատան» մէջ, որ մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար դուրս հանած է երկրէն` զանազան կեղծ ընկերութիւններու միջոցով», գրած է Մեհթա: Բացի ատկէ` IBA-ի վիճակի չէ երաշխաւորելու «Սիլք Ուէյ»-ի վարկը, քանի որ 2015-ին IBA ինքզինք հռչակած է սնանկացած` չկարենալով վճարել 3,3 միլիառ տոլարի պարտքը…
Նէյթ Շչենքան, որ ամերիկեան շահոյթ չհետապնդող, ամբողջ աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները վերահսկող «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի «Նէյշընզ ին Թրանզիթ» նախագիծի ծրագիրներուն տնօրէնն է, խնդրայարոյց կը նկատէ «Սիլք Ուէյ»-ին տրամադրուած EXIM դրամատան վարկը. «Ազրպէյճանի մէջ, ուր ընտանիք մը գերիշխող դիրք ունի տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս, ապա այնուհետեւ կ՛օգտագործէ պետական կառոյցները իր տնտեսական ծրագիրները վերականգնելու համար, ուրեմն եւ հոն առկայ է շահերու ակնյայտ բախում»:
2010-ին նախագահ Ալիեւի 21-ամեայ դուստրը` Արզու Ալիեւա, «Սիլք Ուէյ Հոլտինկ»-ի ֆինանսական բաժանմունքի` «Սիլք Ուէյ» դրամատան սեփականատէրերէն մէկն էր: 2017-ին անոր անունը այլեւս չի նշուիր իբրեւ սեփականատէր: «Սիլք Ուէյ Հոլտինկ», որ իր կայքէջին վրայ կը նշուի նաեւ իբրեւ «Սիլք Ուէյ Կրուփ» (SW Group), համակուտակ ընկերութիւն մըն է, որ վերջերս իր թղթապանակին մէջ ներառած է 11 ընկերութիւններ, որոնց շարքին` օդանաւային ընկերութիւնը», տեղեկացուցած է Մեհթա:
«Սիլք Ուէյ Հոլտինկ» գերակշռող դիրք գրաւեց Ազրպէյճանի օդանաւային ոլորտէն ներս, յատկապէս երբ շատ գաղտնի պայմաններու մէջ սեփականաշնորհուեցաւ պետական AZAL օդանաւային ընկերութիւնը` առանց մրցոյթներու եւ ծանուցումներու: Մեհթա գրած է, որ «հեռահաղորդակցութեան ոլորտի այսպիսի սեփականաշնորհում մը յանգեցուց անոր, որ [Ալիեւի] ընտանիքը մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլար կաշառք ստացաւ կանխիկ գումարով եւ արժետոմսերով` ըստ OCCRP-ի աւելի կանուխ հրապարակուած մէկ յօդուածին: Քննութիւնը նաեւ պարզած է, որ այդ գումարը առաջին ընտանիքին փոխանցուած է գաղտնի, ստուերային զանազան ընկերութիւններու միջոցով: Այս ընկերութիւնները թոյլ տուած են Ալիեւներուն` վերահսկել ոսկիի հանքավայրեր, հեռահաղորդակցութեան եւ շինարարական գործարքներ` Ազրպէյճանի մէջ»:
2006 թուականի փաստաթուղթերուն համաձայն, «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը պատկանած է IHC-ին (International Handling Company)` Բրիտանիոյ Վիրճինեան կղզիներու մէջ հիմնադրուած ստուերային կազմակերպութեան: 2017-ի փաստաթուղթերուն մէջ «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ ընկերութեան 40 տոկոսը կը պատկանի IHC-ին, իսկ 60 տոկոսը` SW Holding-ին, զոր «արդիւնաւէտօրէն կը վերահսկէր» Ազրպէյճանի քաղաքացի Զաուր Ախունտովը: Մեհթա յայտարարած է, որ «IHC կապուած է Ալիեւի ընտանիքին` անոր տնօրէն Ճաուատ Տպիլայի միջոցով, որ, ըստ հաղորդման, անցեալին ծառայած է իբրեւ առաջին ընտանիքի գործարքի շահերու լիազօրուած անձ»:
2011-ին «Սիլք Ուէյ Հոլտինկ»-ի եւ IHC-ի հաւատարմագրային հաւաստագիրը յանձնուեցաւ ռուսական ծագումով վարիչ Կրիկորի Եուրքովին` ըստ Լիւքսեմպուրկի պաշտօնաթերթին: Այս նշանակումը օգտագործուած է իբրեւ IHC-ի իրական սեփականատէրերը թաքցնելու միջոց:
Մինչդեռ 2014-ին Զաուր Ախունտովը դարձած է «Սիլք Ուէյ Կրուփ»-ի ամբողջական, հարիւր առ հարիւր տոկոսով սեփականատէրը, այդ ալ` խորհրդաւոր կերպով: Այն ատեն ընկերութիւնը եւ անոր բազմաթիւ կազմակերպութիւնները արդէն կ՛արժէին միլիառաւոր տոլարներ, յայտարարած է Մեհթա` հիմնուելով ընկերութեան վարկային երաշխիքի յայտարարութեան վրայ: Յիսնամեայ Ախունտովը քանի մը պաշտօններ վարած է Ազրպէյճանի մէջ: «Անհասկնալի է, թէ ինչպէ՛ս Ախունտովը դարձած է միլիառաւոր տոլարներու համակուտակի սեփականատէր, որ կը ներառէ աւելի քան տասը օդանաւ, ապահովագրական ընկերութիւն, շինարարական ընկերութիւն եւ օդանաւերու սպասարկման ընկերութիւն, եթէ նշենք միայն «Սիլք Ուէյ Կրուփ»-ի ձեռնարկութիւններէն մէկ քանին», հետաքրքրուած է Մեհթա:
«Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի Շչենքանի խօսքերով, «Ազրպէյճանը կարելի է բնութագրել իբրեւ կեդրոնացած, ուղղահայեաց բուրգ մը, ուր եկամուտները կ՛երթան մէկ ընտանիքի, որ վարձքեր կը հաւաքէ ամբողջ աշխարհի վրայ: Ասիկա կը ներառէ բոլոր տեսակի գործարքները, ոչ միայն պաշտօնական պետական գործարքները, որոնք կրնան ներգրաւել հարկերը եւ պետական միջոցները, այլ նաեւ` այն ամբողջը, որ մենք սովորաբար կը համարենք մասնաւոր հատուած` ներածում-արտածում, սպառողական ապրանքներ, երթեւեկութիւն… Տնտեսութեան որեւէ ոլորտի պարագային այս ընտանիքը շահ ունի անոր մէջ եւ ամէն բանէ կը ստանայ իր բաժինը»:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է լսումներ իրագործէ` EXIM Bank-ի կողմէ «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութեան տրամադրած 419,5 միլիոն տոլարի վարկային երաշխիքի օրինականութեան, դէպի Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկչական խմբաւորումներ անոր իրականացուցած զէնքի առաքումներուն եւ Ալիեւի իշխող ընտանիքին հետ ընկերութեան թաքցուցած կապերու հետապնդման ուղղութեամբ: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ պէտք է ամերիկեան վարկ տրուի միլիառաւոր նաւթատոլար ունեցող Ազրպէյճանին:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ