Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Կուկըլ»-ը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 20-ամեակը
Ճարտարագիտական ասպարէզի ամէնէն մեծ «խաղացողներէն» մէկը` ամերիկեան «Կուկըլ» ընկերութիւնը 4 սեպտեմբերին նշեց իր հիմնադրութեան 20-ամեակը:
«Կուկըլ»-ը որպէս սեփական ընկերութիւն` արձանագրուած է սեպտեմբեր 1998-ին:
Երկու տասնամեակի ընթացքին «Կուկըլ»-ը ոչ այնքան մեծ ընկերութենէն վերածուեցաւ միջազգային կառոյցի:
«Կուկըլ» որոնողական համակարգին պատմութիւնը սկսած է 1996 թուականին, երբ Սթենֆորտի համալսարանի ուսանողներ Սերկէյ Պրինը եւ Լարի Փէյճը նախաձեռնեցին գիտահետազօտական նախագիծը:
«Կուկըլ»-ին անունը պաշտօնապէս արձանագրուած է 15 սեպտեմբեր 1997-ին: Յատկանշական է, որ ընկերութեան ծննդեան թուականին վերաբերեալ բազմաթիւ տարբեր կարծիքներ կան:
2015 թուականի հոկտեմբերին «Կուկըլ»-ի մէջ լուրջ կառուցային փոփոխութիւններ տեղի ունեցան:
Ընկերութիւնը ներառուեցաւ տարեկան աւելի քան 110 միլիառ տոլար շրջանառութեամբ «Ալֆապեթ հոլտինկ»-ի կազմին մէջ եւ Փէյճը դարձաւ «Ալֆապեթ»-ի ընդհանուր տնօրէն Պրինը` հոլտինկի նախագահ, իսկ «Կուկըլ»-ը գլխաւորեց Սունտար Փիչայը:
Այժմ ընկերութեան առաջնահերթ նպատակներէն է կեղծ լուրերու տարածման դէմ պայքարը:
«Կուկըլ»-ը Այս Տարի Փիքսել Ուոչ Սմարթ Ժամացոյց Չ’արտադրեր
«Կուկըլ» ընկերութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի չի նախատեսեր «Փիքսել ուոչ սմարթ» ժամացոյց արտադրել:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ «Կուկըլ»-ի մասնագէտները կ՛աշխատին բանական ժամացոյցի ստեղծման ուղղութեամբ, եւ որ` ատիկա այս աշնան «Փիքսել 3» եւ «Փիքսել 3XL» եւ սմարթֆոններուն հետ պիտի ներկայացուի տարեկան շնորհահանդէսի ընթացքին:
Սակայն ընկերութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի «Փիքսել ուոչ» չ՛արտադրեր: Փոխարէնը` մասնագէտները կը կեդրոնանան այլ ժամացոյց արտադրողներու հետ գործընկերային համաձայնութիւններու վրայ:
«Կուկըլ»-ը կը կատարելագործէ եւ կը բարելաւէ «Wear OS» համակարգը:
Ռուսիա «Կուկըլ»-ը Զգուշացուցած Է,
Որ Չմիջամտէ Ընտրութիւններուն. «Կուկըլ» Արձագանգած Է
Ռուսիոյ դատախազութիւնը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը եւ «Ռոսքոմնատզոր»-ը զգուշացուցած են «Կուկըլ» ընկերութիւնը` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն միջամտելու անթոյլատրելիութեան մասին:
«Ռոսքոմնատզոր»-ի փոխնախագահ Վատիմ Սուպոթինը ըսած է, որ «տասնեակ մասնագիտացած եութուպեան ալիքներ» զանգուածաբար կոչ կ՛ընեն խախտել ռուսական օրէնսդրութիւնը:
Պաշտօնատարը նշած է, որ «Կուկըլ»-ին արդէն համապատասխան նամակ ուղարկուած է:
«Մենք կ՛ուզենք զգուշացնել արտասահմանեան ընկերութիւնները, որոնց շարքին` նաեւ «Կուկըլ»-ը, Ռուսիոյ մէջ ապօրինի գործունէութեան համար իրենց աղբիւրներու տրամադրման անթոյլատրելիութեան մասին», ըսած է Սուպոթինը:
Մինչ «Կուկըլ»-էն յայտնած են, որ կ՛ուսումնասիրեն ռուսական իշխանութիւններէն ստացուած բոլոր հիմնաւոր դիմումները:
Ճկուն Սմարթֆոն Ստեղծուած Է
Քանատացի գիտնականները ցուցադրեցին, թէ ի՛նչ տեսք պիտի ունենայ ապագայի սմարթֆոնը` ներկայացնելով «ՄաճիքՍքրոլ» անունով բնօրինակը:
Յատկանշական է, որ մշակման համար գաղափարը մասնագէտները որոշած են առնել հին մագաղաթներէն:
Ինչպէս պարզուած է, յաջորդ սերունդի սարքերը քանի մը հետաքրքրական կարելիութիւններ կը ստանան: Օրինակ, սարքը համաշխարհային կը դառնայ` փոխարինելով ե՛ւ հեռաձայնը ե՛ւ պլանշեթը:
Բացի ատկէ, սարքը կ՛ունենայ ճկուն սենսըրային պաստառ, որ կարելի է ծալել կամ դնել յատուկ շարժական հարթակի վրայ: Նոր սմարթֆոնը գլանաձեւ է եւ փաթթուած մագաղաթ կը յիշեցնէ:
«ՄաճիքՍքրոլ» սմարթֆոնը գործածողը կրնայ բանալ սարքը կամ պահել փաթթուած վիճակով` որպէս հեռաձայնի լսափող:
Մարդամեքենաները` Հրշէջ Ծառայութեան Մէջ
Եւրոպական հետազօտական նախագիծի ծիրին մէջ մշակուած մարդամեքենայի գլխաւոր խնդիրը, որ պէտք է աջակցի փրկարարներուն, դժուար տեսանելիութեան պայմաններուն մէջ վտանգի գնահատումն է:
Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքի հրշէջները կը համագործակցին գիտնականներու, արհեստական բանականութեան եւ ճարտարագիտական ասպարէզի մասնագէտներու խումբի հետ:
Անոնք հրշէջներ պատրաստելու կեդրոնին ստուգումի համար տրամադրած են մարդամեքենայի նախատիպ մը, որ օժտուած է քանի մը հաղորդիչներով:
Մինչեւ հիմա ոչ մէկ մարդամեքենայ կրցած է աշխատիլ խիտ ծուխի կամ փոշիի պայմաններուն մէջ: Այս նախատիպին նպատակն է ոչ միայն տեսնելը, այլեւ` զգալը:
Մարդամեքենան կը կառավարուի հեռուէն` Ուայ-Ֆայի միջոցով: Նման արտակարգ պայմաններու մէջ սովորական սարքերը, օրինակ` տեսախցիկները, անարդիւնաւէտ կը դառնան: Ուրեմն նոր համակարգը հիմնուած է զանազան տեղեկութիւններու հաւաքման վրայ, որ ապա մշակելով` իրադրութեան պատկերացում կը ստանայ, հակառակ տեսանելիութեան բացակայութեան:
Համակարգը ունի նաեւ սահմանափակումներ, յատկապէս` միջամտութեան արագութեան առումով: Այս պատճառով արդէն նախատեսուած է վերջնական մշակումը եւ այլ գործառոյթներու յաւելումը:
Առաջին փորձերէն ետք հրշէջները նշած են, որ այս մարդամեքենան օգտակար կ՛ըլլայ փապուղիներու մէջ հրդեհը մարելու ատեն կամ արդիւնաբերական վայրերու մէջ արկածներու ժամանակ, ուր վտանգներու հաւանականութիւնը շատ բարձր է:
Իսկական պայմաններու մէջ աշխատանքին մարդամեքենան դեռ պատրաստ չէ: Սակայն յառաջիկայ տարիներուն, իր սենսըրային յատկութիւններու շնորհիւ, անկասկած, հրշէջներու արժէքաւոր օգնականը պիտի դառնայ:
«Սոյուզ-5» Հրթիռը Տիեզերագնացները Ուղեծիր Կը Տեղափոխէ 2023 Թուականին
Ռուսական «Սոյուզ-5» միջին դասակարգի նոր հրթիռի առաջին գործարկումը տիեզերանաւու եւ անձնակազմի հետ նախատեսուած է իրականացնել 2023 թուականին:
Այս մասին շաբաթասկիզբին յայտարարեց «Էներկոմաշ» գիտա-արտադրական միաւորման գլխաւոր հրահանգիչ Փիոթր Լեւոչքինը:
«Ճամբորդատար առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ 2023 թուականին», ըսաւ ան` խօսք առնելով գիտական համաժողովին մէջ:
Հրթիռի առաջին արձակումը, ինչպէս նախապէս հաղորդուած է, տեղի պիտի ունենայ 2021 թուականին:
«Եկուր` Խաղանք». Անտառը
Համացանցի մէջ խաղերու սիրահարները յաճախ ոտքի տակ կ՛առնեն ամբողջ համացանցը` հետաքրքրական խաղեր գտնելու համար:
Ճիշդ է` խաղերը շատ են, բայց քանակը չի կրնար փոխարինել որակը:
«Անտառը»(The Forest) բաց աշխարհով խաղը հրապարակուած է 2018 թուականի 30 ապրիլին:
Գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ (թէեւ այդքան ալ անմարդաբնակ չէ), ուր խաղային կերպարը իր տղուն հետ կը յայտնուի օդանաւային արկածի մը պատճառով: Սակայն կարմիր մարդ մը տղան կը տանի: Հօր փնտռտուքները կը զարգանան բաւական հետաքրքրական եւ լարուած բեմագրութեամբ եւ դիպաշարով:
Կղզիին մէջ ողջ մնալու համար կը գործածուին բնական միջոցները:
Խաղացողը կը զբաղի որսորդութեամբ, կը ստեղծէ ապրելու համար պայմաններ, կարճ խօսքով` ձեր կերպարին բարեկեցութիւնը կախուած է ձեզմէ:
Սակայն ամէն բան այդքան ալ պարզ չէ: Անմարդաբնակ կղզիին մէջ գործած է տարրալուծարան, ուր արարածներ ստեղծուած են: Եւ հաւանական են յարձակումներ անոնց կողմէ:
Ուրեմն կը հասկնաք, որ կացինը, բացի ծառ կտրելէ, նաեւ գործ պիտի կատարէ:
Խաղը կարելի է նաեւ խաղալ ընկերներու հետ: Միասին անցնիլ փորձութիւններու մէջէն, հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի, եւ ինչպէ՛ս գոյատեւման պայքար պէտք է մղել:
Ատիկա կրնայ ապահովել ուրախ եւ հետաքրքրական ժամանց:
«Անտառ»-ը կը ստանայ բաւական լաւ արձագանգներ` խաղացողներու կողմէ:
Սթիմ-ի մէջ անոնց կատարած արձանագրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ խաղը ուղղակի աննկարագրելի զգացումներ կու տայ:
Պատումի զարգացումէն պարզ կը դառնայ, թէ արդեօք հայրը կը գտնէ՞ իր տղան, թէ՞ ոչ:
Եթէ պատասխանը գիտէք, ուրիշին մի՛ ըսէք: Թող խաղան, թող ներգրաւուին խաղային այդ աշխարհին մէջ եւ կը ստանան բոլոր հարցումներուն պատասխանները: Անխօս, «Անտառը» (The Forest) իր տեսակին մէջ ամէնէն լաւերէն մէկն է:
«Էփըլ» Խոստովանեցաւ «Այֆոն 8»-ի Թերութիւնը
«Էփըլ» ընկերութիւնը յայտնեց «ԱյՖոն 8» սմարթֆոններու թերութեան բացայայտման մասին` նշելով, որ ատոնց մէջ վնասուած է մայր պահպանակը:
Ընկերութեան կայքին մէջ կը նշուի, որ արտադրական թերութիւնը ազդած է սեպտեմբեր 2017-էն մինչեւ 2018 թուականի մարտ ամիսներուն Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Նոր Զելանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ սարքերու փոքր մասի մը վրայ:
Գործարանային թերութեան պատճառով հեռաձայնները կրնան յանկարծակի վերբեռնուիլ, կախուիլ եւ նոյնիսկ չմիանալ:
Այդպիսի սմարթֆոնները «Էփըլ» խոստացաւ անվճար վերանորոգել: Նաեւ կը նշուի, որ «ԱյՖոն 8 փլաս»-ը եւ ընկերութեան միւս մոտելները այս խնդիրը չունին:
«Հոնտա»-ն Էս 660-ը Վերածած Է Ռեթրօ Ինքնաշարժի
Ճափոնական Հոնտա Էս 660-ը սեղմ ռոտսթըրը արտաքին փոփոխութիւններու ենթարկուած է` նմանելով 1960-ականներու մարզական բնօրինակներու:
Ինքնաշարժին նոր վահանակները պատրաստուած են կերպընկալէ, ապակիէ մանրաթելէ: Նման կառոյցով պիտի փոխարինուին ինքնաշարժին բոլոր արտաքին տարրերը` բացի տանիքէն եւ դռներէն:
Ինքնաշարժին համար նոյնիսկ նախատեսուած է յատուկ լուսային սարք, որ ընդգրկուած է փոփոխութիւններու ամբողջական ծրագիրին մէջ:
Ինքնաշարժը կ՛արժէ 11.667 ամերիկեան տոլար: Առաջին հարիւր օրինակները պիտի օժտուին մետաղական ցուցանշանով` անհատական թիւով:
Փոփոխութիւնները պիտի կատարուին Ճափոնի մէջ:
Օգտատործուած աղբիւրներ՝
«ՄՈԹՈՐ», «ՌԻԱ ՆՈՎՈՍԹԻ»,
«ԵՒՐՕ ՆԻՈՒԶ» «ԿԱԶԵԹԱ.ՌՈՒ»