Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Գիրք Մը Կը Գնեմ Կամ Կը Ստանամ

Սեպտեմբեր 7, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Գիրքերը վստահելի եւ պաղ բարեկամներ են:

Վիքթոր Հիւկօ

Բարեկամ մը այցելութեան եկած էր եւ ուզեց, որ իրեն գիրք մը նուիրեմ` մակագրուած: Գի՞րքն էր կարեւոր, թէ՞ մակագրութիւնը, մինչեւ հիմա կը փորձեմ հասկնալ:

Արդէն, բացի հայերէնով լոյս տեսած խոհանոցի եւ մանկական գիրքերէն, գրական, բանաստեղծական, եւ մշակոյթի այլ մարզերու վերաբերեալ գիրքերը այնքա՜ն չնչին տպաքանակ ունին, որ շուտով կը սպառին` նուէր տրուելով: Այդ նուէրը սպասելու եւ ստանալու նոր մշակոյթ ալ ստեղծած ենք:

Երբ գիրք մը գնեմ կամ ստանամ, առաջին գործս կ՛ըլլայ գտնել տպաքանակը: Անիկա չափանիշ է ժողովուրդի մը գրականութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն, անոր գրողներու արժէքին եւ յաջողութեան: Բաղդատութիւններ կ՛ընեմ` հայերէն գիրքերու եւ օտար լեզուներով հրատարակութիւններու: Ի հարկէ մտորումներս կ՛երթան մեր փոքրիկ ածուին, որուն համար պատմահայր Մովսէս Խորենացի ըսած էր, որ հոն կային մեծութիւններ: Կային եւ կան, բայց` ամէն օր քիչ մը աւելի մոռցուող, քիչ մը աւելի բացակայ:

Գրասեղանիս վրայ է արեւմտահայ գրող Երուխանի պատմուածքներու հատորը, Հայաստան լոյս տեսած` խորհրդային օրերուն, 10.000 տիրաժով`  տպաքանակով, այդպէս գրուած է: Գիրքը գնուեցաւ հին գիրքերու դէզէ մը, Երեւան:

Ներկայիս, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ցնորք է այդ 10.000 տիրաժը:

Այս ցնորքը կ՛անհանգստացնէր ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ մշակոյթի նախարարութիւնը, ո՛չ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները, մշակութային այնքան բազմաթիւ միութիւնները, եւ` բոլոր այն հայերը, որոնք աշխարհի բոլոր լեզուներով կը բարբառին, որ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք, որ` ունեցած ենք մեծ մշակոյթ:

Եթէ հայերէն գիրքը այլեւս հետաքրքրութեան առարկան չէ հայ մարդոց, պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս անոնք խորթացած են հայերէն գիրքէն եւ խօսքէն: Այս նահանջը մութին մէջ տեղի չէ ունեցած. պատահա՞ծ է, որ անոր պատճառները օրակարգ դառնան մեծամեծներու ժողովներուն` կրօնական, խորհրդարանական, քաղաքական եւ այլ, այս խորթացման ախտաճանաչումը եղա՞ծ է, փորձ եղա՞ծ է այս պարտուողականութիւնը սանձելու:

Չենք կրնար ինքնարդարացման ճապկումներով ըսել, որ օտար եւ չար ուժեր մեզ խորթացուցած են հայերէն գիրէն, խօսքէն, գիրքէն, երէկ եւ այսօր:

Տեղ մը, բարեսիրութենէ եւ ճանաչումներէ պահ մը հեռանալով, նահանջի լրջութիւնը եւ հետեւանքները քննուա՞ծ են: Մտածուա՞ծ է քննել: Վաղը, յիսուն տարիէն, հարիւր տարիէն:

Կրկին Մատենադարան գացի, ուխտաւորի պէս: Այս անգամ գացինք երեք սերունդով:

Մոլորակը թաւալելէ պիտի չդադրի, եթէ Մատենադարանը եւ անոր գիրքերը չունենանք: Մտածեցի նաեւ, որ Մատենադարանի  ժառանգութիւնը սոսկ տուրիզմի հետաքրքրութիւն պիտի ըլլայ, եթէ այդ ժառանգութեան շարունակութիւնը մեզմով չըլլայ: Հիացումը լաւ է: Երկու հնդիկ կիներ ալ եկած էին, հիացած էին եւ կը լուսանկարէին, ինչպէս մենք կ՛ընենք իմաստաւորելու համար քաջալերուող տուրիզմը, յանձնուելով անմասնակիցի սնափառութեան: Յաճախ անոնց եւ մեր միջեւ տեսակարար տարբերութիւն չկայ: Հայուն հիացումը Մատենադարանի հարստութեան ի տես` փուչիկ է, երբ հայը հայ գիրքին նկատմամբ օտար է: Անվաղորդայն յուզում:

Կա՞յ տարբերութիւն Մատենադարանը լուսանկարող հնդիկին եւ լուսանկարող հայուն միջեւ: Հնդիկները իրենց հետ պիտի տանին ո՛չ Չարենց, ո՛չ Վարուժան, ո՛չ Զարեան, ո՛չ Մուշեղ Իշխան, ո՛չ Կարապենց: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ազգային ՎԱՂԸ, եթէ այլեւս հայերէն գիրքը չտանինք մեզի հետ: Չենք տանիր արդէն, չենք կրնար տանիլ, քանի որ 100 կամ 500 տպաքանակով հայերէն գիրքը մեր մշակութային կեդրոններու եւ ակումբներու գերեզման-գրադարաններուն համար է, ինչպէս կ՛ըսէր սրտցաւ ազգային մը:

«Գիրքերը վստահելի եւ պաղ բարեկամներ են», ըսած էր ԺԹ. դարու ֆրանսացի մեծ բանաստեղծը` Վիքթոր Հիւկօ: Ինչո՞ւ վստահելի եւ  ինչո՞ւ բարեկամ:

Գիրքը անսեթեւեթ զրուցակից է, մեզ կը մօտեցնէ մեր անցեալին, մեր ներկային, մարդոց, որոնց շարունակութիւնն ենք, որոնց հետ կ՛ապրինք, որոնք կ՛իմաստաւորեն մեր ներկան եւ մեր նախաձեռնութիւնները, այլապէս բանտարկուած կը մնանք բուսական կեանքի սահմաններուն մէջ, կը ծնինք, կ՛արտադրենք, կը սպառենք եւ կը սպառինք: Գիրքը բան մը կ՛ըսէ, եւ այդ բանով կ՛ընդլայնի մեր տեսողութեան սահմանը, ինչ կը վերաբերի արտաքին եւ ներքին աշխարհներու: Կը հասկնանք, որ առանձին չենք: Բնական նիւթական տարրերէն տարբեր ենք:

Գիրքով կ՛իւրացնենք անցեալը, հեռուն եւ մօտը, որոնք սոսկ պատկերներ չեն, ինչպէս` Մատենադարանի Մովսէս Խորենացիի կամ Անանիա Շիրակացիի արձանները, կամ` Քոչարի Սասունցի Դաւիթի արձանը` Երեւանի սրտին վրայ: Եթէ անոնք չբացուին իրենց պատմութեամբ եւ պատգամով, եթէ զանոնք չիւրացնենք, անոնք, բախտաւոր պարագային, կը դառնան գեղօրներ, զորս տանտիկինները կը հաւաքեն ասդիէն անդիէն` ապակեդարաններ, սեղաններ կամ պատեր զարդարելու համար, ինչպէս կ՛ընեն Ափրիկէէն, Չինաստանէն կամ Պրազիլէն գնուած յիշատակի առարկաներու համար:

Ամէն մարդ գրող, պատմաբան կամ բանասէր պիտի չըլլայ: Ամէն մարդ բոլոր գիրքերն ալ պիտի չկարդայ: Բայց պիտի գիտնայ, որ ինք սունկ չէ, այդպէս, բուսած, անարմատ: Իսկ եթէ ան մասնակից պիտի ըլլայ ընդհանրապէս ընկերութեան, հաւաքականութեան, ազգի եւ հայրենիքի կեանքին, պիտի գիտնայ բաներ, որոնց իւրացման համար դեղահատ չկայ: Կան գիրքերը: Ճիշդ է` ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը արագ ծանօթացման միջոցներ կ՛ընծայէ, ինչպէս` հեռատեսիլի վաւերագրական ժապաւէնները: Բայց անոնք կը տեսնուին, կը տպաւորեն, ընդհանուր եւ ժամանակաւոր հետաքրքրութիւն մը ստեղծելէ ետք կը փոխարինուին յաջորդ հետաքրքրութիւն ստեղծելու կոչուած պատկերներով:

Ժողովուրդի մը պատկանիլ` կը նշանակէ սնունդ ստանալ եւ ստացած ըլլալ անոր արժէքներէն, որոնք անձին կու տան իր ինքնուրոյնութեան կնիքը: Այդ արժէքները կը գտնուին մշակոյթին մէջ եւ կը ստացուին անով: Լեզուն, գիրը եւ գրականութիւնը կը կրեն այդ արժէքները եւ կը փոխադրեն դարերու երկայնքով: Այսպէս, պարզ ձեւով, կը ժառանգենք հող-հայրենիքը Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» մէջ յիշուած առածով, որ` «եթէ դուն Շարայի որկոր ունիս, մենք Շիրակի ամբարները չունինք», վկայութիւն` հայու ներկայութեան իր հողին վրայ: Ինչպէ՞ս կրնանք ըմբռնել երէկի եւ այսօրուան մեզի համար ազգին դիմագիծ տուող այնքան էական հողային հարցը` առանց հայոց գերի տարուած Արշակ արքայի դրուագին, որ հպարտութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը գտնէ, երբ հայրենի հողին վրայ է:

Ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ նորագոյն շրջանի մեր պատմութիւնը` առանց Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակներուն», հասկնալ մեր տատանումները` առանց Քրիստափոր Միքայէլեանի «Ամբոխային տրամաբանութիւն»-ը գիրքին քննադատութիւնը կարդալու, ամբոխային տրամաբանութիւն, որ կը բացատրէ մեր անմիջական ներկայի վայրագ արտագաղթ-հայրենալքումը եւ հայրենադարձութեան անկարելիութիւնը: Ինչպէ՞ս հպարտութիւն կրնանք ունենալ` առանց Վարուժան, Տէրեան եւ Չարենց կարդալու, բաւարարուելով անգլիացի, ֆրանսացի կամ ռուս բանաստեղծներէն ստացուող գեղեցիկի եւ հոգեկանի հարստութեամբ:

Այդ սնունդը լաւ է, բայց կը նմանի վարձու սենեակի մը մէջ երջանկանալու, գեղեցիկ հիւրանոցի մը մէջ օր անցընելու:

Բախտաւոր պարագային կը յիշենք անուններ` Օշական, Աւետիք Իսահակեան, Սիամանթօ: Կը կարդա՞նք: Տպաւորելու համար անուններ կու տանք: Ո՞վ կը կարդայ Շաւարշ Նարդունի եւ Յարութ Կոստանդեան (ի դէպ, կը թուի, թէ անոնք հռչակաւոր անծանօթներ են այլեւս): Ես ինծի յաճախ հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս Հայկական հարց պիտի հետապնդենք, հայրենիքի մէջ եւ հայրենիքէ դուրս քաղաքականութիւն պիտի խաղանք` առանց հայերէն գիր-գրականութենէ եւ մշակոյթէ ստացուած լիցքի: Առանց այդ լիցքին` քաղաքականութիւնը կը վերածուի իր նուազագոյն արտայայտութեան` վարչութեան: Ինչպէս` մեր հանդէսները, երգահանդէսները, տօնակատարութիւնները, հաղորդամիջոցները:

Այսօր ազգապահպանումը, Հայ դատի հետապնդումը, Հայաստանի վերականգնումը, զարգացումը, բնակեցումը, կարիք ունին խորքային յանձնառութեան, որ կախում ունի հոգեկան-ոգեկան ներդրումէ: Եթէ հայ գիրքը վերադառնայ մեր տուները, մենք տարբեր կ՛ըլլանք, կ՛ըլլանք հաւատաւոր եւ հարազատ:

Իսկ այդ բոլոր գեղեցիկ բաները կը չափուին Հայաստան հրատարակուած գիրքին անցեալի ՏԻՐԱԺ-ով` 10.000, եւ ոչ` այսօրուան 100-ով, 400-ով, 500-ով: Այդքանն ալ չ՛ըլլար, եթէ մեկենասներ, ֆոնտեր եւ մրցանակներ չըլլան:

Եւ կը հպարտանանք յաճախ որպէս գեղօր` մեր տուներու գրադարանները զարդարող օտարալեզու գեղատիպ հատորներով…

Կը վերականգնինք այն օրը, երբ ՏԻՐԱԺ-ները ըլլան տասը, քսան, յիսուն հազար, երբ գիրքերը գնուին եւ սպառին, եւ գրողը նիւթապէս անկախանայ իր գրիչով ապահովուած կեանքով:

Ասկէ առաջ ըսած եւ գրած եմ. եթէ ամէն մէկ հայ տարին մէկ հայերէն գիրք գնէ… Երեւակայեցէ՛ք այդ պարզ վերաբերումին հետեւանքները, շատ աւելի ազդեցիկ, քան` մեզ բոլորս տարին քանի մը անգամ փակ սրահներու մէջ զուարճացնող ամպագոռգոռ բարձրախօսով թնդացող ճառերը եւ գետին դոփելու մղող գոռացող նուագարաններու ընկերակցութեամբ գոռացող երգերը:

«Գիրքերը վստահելի եւ պաղ բարեկամներ են», դէմք եւ գոյն չեն փոխեր, կը դիմանան ժամանակի աւերին. Խորենացին եւ «Վահագնի ծնունդը», Նարեկը եւ Եղիշէի «Վարդանանք»-ը, Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»-ը, Վարուժանի «Դերենիկը» եւ Չարենցի «Ես իմ Անուշ»-ը…

Այս ալ թէժ գիծ է, որուն միւս կողմը թշնամիներ եւ օտար ուժերը չկան, չեն տեղեկայուած, այլ…

Կը խնդրուի լրացնել:

16 օգոստոս 2018, Երեւան

 

 

Նախորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

4-7 Սեպտեմբեր 1922, Ժընեւ. «Հայասէրներու Միջազգային Լիկա»-ին Պատմական Համագումարը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?