Յօդուածներ

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ Զ) Արտաքին քաղաքականութիւն եւ արցախեան հիմնահարց Նոր իշխանութիւնը իր կազմաւորման մեկնարկէն իսկ քանիցս արձանագրեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ կտրուկ շրջադարձեր բացառուած են: Այսուհանդերձ, այս ոլորտին մէջ ձեւաւորուած հաւասարակշռութեանց բովանդակային սեփական լիցք հաղորդելու թիրախաւորումը ընդգծուեցաւ ինքնիշխան պետութեան վայե՛լ հաստատակամութեամբ` տարբեր ուղերձներու եւ դիւանագիտական շփումներու ընթացքին: Դիւանագիտական յարաբերակարգի այս ուղենիշն ու գործելակերպը անհրաժեշտութիւն էին այլեւս` արտաքին քաղաքականութեան խցանուած...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան Եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան մասին Աւետիս Ահարոնեանին յղած հեռագիր-լուրը, ըստ երեւոյթին, նախ կը հասնի Հայաստանի Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատուն, ուր դեսպան (Ֆ.) Թահթաճեանը իր կարգին հեռագիրին բովանդակութիւնը կը յղէ Հայաստանի Թիֆլիսի դեսպանատուն, որպէսզի ի վերջոյ այնտեղէն հեռագիրով հասնի Երեւան: Ըստ երեւոյթին, կարելի չէր Սեւրէն Երեւան կամ Թիֆլիս հեռագիր ղրկել: Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը Հայաստանի մամուլին մէջ կը տեսնենք 11 օր ետք`...

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին (Ա)

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին (Ա)

ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Պանթէոնի Առաջին Բնակիչի Արձանի Շիրիմին Մօտ Հայրենիք կ՛այցելեմ կրկին: Առաւօտուն մայրաքաղաքի Արշակունեաց պողոտային կից Կոմիտասի անունը կրող զբօսայգի-գերեզմանատան մէջն եմ: Հոս, իրենց վերջին հանգրուանը գտած են մեր մշակոյթի, գրականութեան եւ արուեստի մեծանուն ներկայացուցիչներ եւ անուանի հասարակական-քաղաքական գործիչներ: Պատմեցին, որ մինչեւ 1930 թուականի կէսերը զբօսայգին «Մլեր» անուամբ գերեզմանատուն էր` իր մատուռով, որմէ այսօր պահպանուած կը մնայ միայն կրաշաղախ...

Ակնարկ.  Թրքական Շեղումներ`  Մոսկուա – Անգարա – Թեհրան Առանցքէն

Ակնարկ. Թրքական Շեղումներ` Մոսկուա – Անգարա – Թեհրան Առանցքէն

Միջազգային քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս ընկալեալ օրինաչափութիւն է, որ տուեալ երկրի առաջին դիւանագէտը կը տարբերի իր հռետորութեամբ, յայտարարութիւններու ընթացքին օգտագործած պատուհան բաց ձգող ըսելաձեւերով, յաճախ երկիմաստ կամ բազմիմաստ ուղերձ փոխանցող հրապարակումով: Յաճախ ալ կը նկատուի դերերու բաշխում, երբ այս կամ այն երկրի գործադիր առաջին դէմքը կարծր յայտարարութեամբ կամ կամուրջ քանդող խօսքով հանդէս կու գայ, զուգահեռ կամուրջ վերահաստատող յայտարարութիւն կը հրապարակէ արտաքին...

Պատշաճ Յարգանք` Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

Պատշաճ Յարգանք` Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

Կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին ՀՅ Դաշնակցութեան Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) «Գարամանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հաւաք մը` յարգելու համար յիշատակն ու վաստակը ՀՅԴ Բիւրոյի գործավար եւ աշխատակազմի ղեկավար, նորոգ հանգուցեալ Վահէ Յարութիւնեանի: Հաւաքը կայացաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայացած քառասունքի հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք: Ներկայ էին հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները, հարազատները եւ գաղափարի ընկերները, որոնք նաեւ նախաձեռնած էին այս յիշատակի...

KAICIID-ի Համագումարի Անդամները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

KAICIID-ի Համագումարի Անդամները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. թագաւորին անունը կրող եւ Վիեննայի մէջ հաստատուած միջկրօնական յարաբերութիւններու կեդրոնը վերջին երկու տասնամեակներուն կարեւոր դեր կը կատարէ միջազգային մակարդակի վրայ միջկրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան զարգացման իմաստով: Անոր աշխատանքին մաս կը կազմեն զանազան մարզերու մասնագէտներ եւ աշխատակիցներ` տարբեր կրօնները ներկայացնող: Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան բնագաւառը յիշեալ կազմակերպութեան համար միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Այս ծիրին մէջ ան կը...

Արցախի Նախագահականին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Արցախի Նախագահականին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Սեպտեմբեր 1-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ: Պետական բարձր պարգեւներով պարգեւատրուած են պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներ, ազատամարտիկներ, խումբ մը պետական եւ հասարակական գործիչներ, բարերարներ, տնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու ներկայացուցիչներ: Իր ելոյթին մէջ նախագահը նշած է, որ այսօր Արցախը մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ միասին վստահ քայլերով...

Արցախահայութիւնը Ապացուցեց, Որ Կրնայ Յաղթել. Արա Բաբլոյեան

Արցախահայութիւնը Ապացուցեց, Որ Կրնայ Յաղթել. Արա Բաբլոյեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի անկախութեան օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կը շնորհաւորեմ բոլորիս Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձին առիթով եւ կը խոնարհիմ բոլոր անոնց պայծառ յիշատակին առջեւ, որոնք ինկան հայոց երկրորդ պետութեան անկախութիւնը պաշտպանելու  ճանապարհին: Արցախի ժողովուրդն իր անբեկանելի որոշումը կայացուց ռազմական ու քաղաքական դժուարին եւ անորոշ...

Զուլալ, Առնական Եւ Ոգեշնչող

Զուլալ, Առնական Եւ Ոգեշնչող

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Յովհաննէս (Վանիս) Գապաքեանը, ժողովրդային բնորոշումով սովորական «զուռնաճի» չէ. ան տիրապետած է այս գործիքին` թէ՜ բացայայտելով զուռնային բոլոր նրբերանգները, թէ՜ նաեւ պատրաստելով բարձր որակով զուռնաներ: Ան հմտացած է նաեւ թմբուկի, սրինգի եւ «ուտ»-ի պատրաստութեան մէջ: Իր կատարումները ունկնդրողին կը փոխանցեն Մուսա լերան հերոսական ժողովուրդին պարեղանակներուն զուլալ, առնական եւ պայքարող ոգին: Փաստօրէն Վանիսը եղած է Մուսա լեռ-Այնճարի (եւ ոչ միայն)...

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ Դ) ՀՀ Եւ ԱՀ Ներքաղաքական Դաշտերու Սահմանազատման Անհրաժեշտութիւնը Արցախեան պահանջատիրութիւնը` իբրեւ մարտավարութիւն, երբ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի թեզը որդեգրեց, եւ անոր հիմամբ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը հռչակեցինք, թոյլատրելի չէ զոյգ հանրապետութեանց ներքաղաքական դաշտերու սահմանազատումները չյարգելը ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին առումներով. մարտավարական այս յղացքին համահունչ վարուելակերպը վտանգաւոր խախտումներ արձանագրեց, երբ` ա) 1992-ին Հայաստանի ՀՀՇ-ական իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի...

«Հայկական Ուղեւորութիւն Մը…»

«Հայկական Ուղեւորութիւն Մը…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Ես իմ հայ ժողովուրդիս համար կ՛ուզեմ երգել»: Օգոստոս 2018, Սիտնի, Աւստրալիա: Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ կը շրջագայիմ` վայելելով անոր ու բնութեան արտասաւոր գեղեցկութիւնը: Բայց այդ գեղեցկութեանը մէջ կար նշանաւոր երաժիշտ-յօրինող Վերտիի «Այտա» օփերայի ներկայացումին նկար-յայտարարութիւնը, որ ողողած էր ամբողջ փողոցները: Յայտարարութիւնը կ՛ընդգրկէր երիտասարդ երգչուհիի մը նկարը, որ պիտի մարմնաւորէր Այտան ու ներկայացումի թուականները: Բայց երիտասարդ երգչուհիին նկա՞րը:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Բանակցային Գործընթացքին Մէջ Արցախի Ներգրաւումը Կը Բխի Խնդիրի Խաղաղ Կարգաւորման Շահերէն. Աշոտ Ղուլեան Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի ներգրաւումը միայն կը բխի հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման շահերէն: Այս մասին նշած է Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային  ժողովի  նախագահ  Աշոտ Ղուլեանը: «Արցախի ներկայութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ միայն ու միայն կը բխի հակամարտութեան  խաղաղ  ու  արդարացի կարգաւորման շահերէն: Այս...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Վարագայ վանքը Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան` Վարագայ Վանքին Վանահայր Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան, գաւառաբնակ նորահաս սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրուելու գաղափարով, որոշեց Պոլիսէն Վան վերադառնալ եւ «Արծուի Վասպուրական»-ի հրատարակութիւնը շարունակել հայրենիքի մէջ: Պօղոս Օտեան Մկրտիչ վարդապետին մօտիկ բարեկամը եւ աջակիցն էր, եւ Օտեաններուն տունը  վարդապետին համար հարազատ միջավայր էր: Պօղոս Օտեան (1795-1862) արքունի ճարտարապետ էր եւ սուլթանական պալատներու վերատեսուչ: Օտեաններուն...

Պատգամ Լիբանանի Հայութեան Նորընտիր Առաջնորդի

Պատգամ Լիբանանի Հայութեան Նորընտիր Առաջնորդի

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մր. 6.37) Սիրելի՛ հաւատացեալներ, Այս օրհնեալ պահուն, երբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ բոլորս աղօթակից կը դառնանք, փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան հոգեւոր եղբայրներուս մէջէն զիս յարմար նկատեց դառնալու Լիբանանի հայութեան նորընտիր առաջնորդը: Այս մէկը ցուցանիշ չէ իմ արժանաւորութեան, այլ` աստուածային տնօրինութեան, որուն ի պատասխան` Սողոմոն...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Պոլսոյ «Շաբաթօրեայ Մայրեր»-ու Ոդիսականը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պոլսոյ «Շաբաթօրեայ Մայրեր»-ու Ոդիսականը

«Մահացածները չեն կրնար աղաղակել արդարութեան համար: Ապրողներու պարտականութիւնն է ատիկա ընել` անոնց համար»                                                                                                                                                   Լոյս ՄըքՄասթըր-Պիւժօ (ամերիկացի վիպագիր) Զգացական բնոյթ ունեցող եւ յուզում յառաջացնող «Մայրերու օր» չէ, որ կը տօնուի ամէն շաբաթ Պոլսոյ Կալաթասարայի բանուկ հրապարակին վրայ... 27 մայիս 1995-էն ի վեր: Ընդհակառակը, մայրեր կը հաւաքուին իրենց անհետացած, առեւանգուած, չարչարուած եւ սպաննուած զաւակներու յիշատակը նշելու նպատակով: Շաբաթական դրութեամբ կը ներկայացուին...

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ Ա) Նախաբան Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւնը` իր ժողովրդական-քաղաքացիական մաքրամաքուր առաջադրանքներով եւ ազգային վառ երազանքներով, լիարժէք արդիւնաւորման ու յաղթանակի համար, քաղաքակիրթ հիմնարկաւորման ուղի մը կ՛ենթադրէ: Հիմնարկաւորման այս ուղին` ժողովրդական ակնկալիքներու եւ ազգային-պետական շահերու ներդաշնակ հաշուառման ունակութեան մը նաեւ կը կարօտի: Ուղի մը, որ երկիրի ժողովրդավարութեան, սահմանադրականութեան եւ ազգային-պետական անվտանգութեան կամրջման զգայուն մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ: Վերոնշեալ եռեակի կամրջման առաջին շրջափուլը աւարտեցինք...

Սպասում

Յօտուած Ծիրանին

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ   Եղերական.- «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին վերաբերող նախորդ ակնարկները կը կրէին յարատեւ սրացող վերնագիրներ. «Փոքր ածուի ծիրանը» (2014) (1), «Փոքրացող ածուի ծիրանը» (2015) (2),(2) «Փոքրիկ ածուի ծիրանը» (2016) (3) (3) եւ «Թօշնող ծիրանի հեւքը» (2017) (4): Զառիթափ ընթացքը կը շարունակուի` շնորհիւ պետութեան շարժապատկերի (եւ ոչ միայն) նկատմամբ որդեգրած անտարբեր վերաբերմունքին: Հայրենի շարժապատկերը ունի ոչ միայն ֆինանսաւորումի, այլեւ պետական գործընթացի եւ...

Այցելութիւն Աւետեաց Երկիր

Այցելութիւն Աւետեաց Երկիր

ԳԱՅԵԱՆԷ ՄՈՒՐԱԴԵԱՆ Խմբում հաւաքուած ճանապարհորդները անհամբերութեամբ տեղաւորուելով մի քրոաւտոբուսում`  արագօրէն ծանօթանում եւ մտերմանում էին: Խմբին ուղեկցողը հազիւ էր հասցնում պատասխանել  միաժամանակեայ տեղացող հարցերի տարափին: Բոլորն ուզում էին հասկանալ ճանապարհային  քարտէսի առաջին քայլերը, արագ հասնել ԷՐԳԻՐ... Անցնում էինք Արագածոտնի, Շիրակի մարզերի հայոց արեւից խանձուած խոտածածկոյթ հողի եւ  ամրապինդ ծառերի կողքով, ծանօթ բնապատկերները տիպիկ ամառային, հայկական ու հարազատ  էին: Յաղթահարելով հայ-վրացական-թուրքական մաքսակէտերը` խաղաղուեցինք եւ պատրաստ պահած  նկարահանող սարքերը, մէկ աջմէկ ձախ էինք նայում` լսելով հայոց պատմական վայրերի  նախկին  եւ նոր տեղանունների բացատրութիւնները: Շատերը չէին լսում, լոկ դիտում ու մտքերի հետ էին,  ուզում էին կլանել, զգալ, դաջել տեսածը: Տխրած ու լուռ էինք... Անցնում էինք Արտահան նահանգով, որը ծովի մակերեւոյթից բարձր է 2000 մեթր, Չլդրան լճակի ափով, որին վանեցիները կոչում էին Հիւսիսային  ծովակ:  Տեղավայրը իր աշխարհագրական դիրքով նման էր Սիւնիքի ալպիական գօտուն: Մեզ ուղեկցում էին նոճուտի անտառները եւ բազմագոյն  ու բազմազան ծաղիկները: Ճարտարապետական ոճական կառոյցներ չկային, հանդիպած կառոյցները միանման ցածրայարկ, չկազաֆիքացուած բնակելի շէնքեր էին, որտեղ ապրում էին վերաբնակեցուած քրտերն ու թուրքերը: Տեսանելի էին շէնքերի տանիքներին կոկիկ  տեղադրուած արեւային ուժանիւթ կլանող սարքերը: Ժամեր շարունակ ընթանում էինք հայելապատ, յարմարաւէտ ճանապարհներով, որոնք  ապահովուած էին կատարեալ խնամուած ենթակառուցուածքներով: Ակնյայտ էր, որ բարւոք ճանապարհներ ունենալը պետութեան գլխաւոր ռազմավարութիւններից մէկն էր: Լաւ ճանապարհները լաւ, զարգացած տնտեսութիւն ունենալու գրաւական է: Ճանապարհների ուղղութեամբ չկար մի դաշտ, բլուր կամ փոքր հողակտոր, որ անմշակ լինէր: Հասկանալի էր, որ տնտեսութեան զարգացած ճիւղ էր ...

ՀՄԸՄ-ի Զահլէի Մասնաճիւղի Երկօրեայ Դաստիարակչական Բանակում

ՀՄԸՄ-ի Զահլէի Մասնաճիւղի Երկօրեայ Դաստիարակչական Բանակում

ՀՄԸՄ-ի  Զահլէի մասնաճիւղի երկօրեայ դաստիարակչական բանակումը տեղի ունեցաւ 22-23  օգոստոս 2018-ին, Ժալալայի «Աղբալեան» կեդրոնի շրջափակէն ներս: Սոյն բանակումին  մասնակցեցան` մոկլիներ, արծուիկներ,  գայլիկներ, արենուշներ ու արիներ:   Նկատի ունենալով, որ շրջանին մէջ հայկական դպրոց  չկայ, բանակումին նպատակն էր հայեցի դաստիարակութեամբ հայկական մթնոլորտ մը ստեղծել անդամներուն, ինչպէս նաեւ` զարգացնել  ինքնավստահութեան, չարքաշութեան եւ ընկերային ոգին: Վրանները լարելէ  ու դրօշակի արարողութենէ ետք, առաջին նիւթը...

«Էական Է Այն, Որ Կայ Կամք, Փափաք Արցախի Տարբեր Հարցերու Լուծման Համար Աշխատելու Հայաստանի Մէջ Եւ Սփիւռքի, Որպէսզի Արցախը Դառնայ Հայ Աշխարհի Միջնաբերդը, Անխորտակելի Վահանը Եւ Հայ Մարդուն Հպարտութիւնն Ու Նոր Ապագայ Առաջնորդող Ուղին»,  «Ազդակ»-ին Եւ «Վանայ Ձայն»-ին Հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան

«Էական Է Այն, Որ Կայ Կամք, Փափաք Արցախի Տարբեր Հարցերու Լուծման Համար Աշխատելու Հայաստանի Մէջ Եւ Սփիւռքի, Որպէսզի Արցախը Դառնայ Հայ Աշխարհի Միջնաբերդը, Անխորտակելի Վահանը Եւ Հայ Մարդուն Հպարտութիւնն Ու Նոր Ապագայ Առաջնորդող Ուղին», «Ազդակ»-ին Եւ «Վանայ Ձայն»-ին Հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան

Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2018-ին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի կազմակերպած արցախեան շարժումի 30-ամեակին եւ Արցախի անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ընթացքին պիտի բանախօսէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը: Այս առիթով «Վանայ ձայն»-ը եւ «Ազդակ» օրաթերթը անոր հետ կատարեցին միացեալ հարցազրոյց մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դուք իբրեւ բանախօս` հանդէս պիտի գաք արցախեան շարժումի 30-ամեակին եւ...

Page 661 of 1111 1 … 660 661 662 … 1,111

Արխիւներ