Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ – Պաալպեքի Միջազգային Սիմփոզիում

September 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայկական Գողտրիկ Երեկոյ`
Պաալպեքի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ գործող արուեստագէտներու, գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ընկերակցութեան (LAABS – Lebanese Association of Artists, painters and sculptors), ուրբաթ, 31 օգոստոսին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները ներկայացնող խումբ մը երաժիշտներ, ընկերակցութեամբ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեանի, ուղղուեցան Պաալպեք` հայկական երաժշտութեան երեկոյ մը հրամցնելու համար Պաալպեքի մէջ, ուր ժամանած էին աշխարհի տարբեր երկիրներէ գեղանկարիչներ եւ քանդակագործներ` Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Պրազիլէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Վրաստանէն, Իրանէն եւ Չինաստանէն, որոնց կարգին Հայաստանէն` Արա Շահումեան (գեղանկարիչ) եւ Ռաֆայէլ Մանուկեան (քանդակագործ):

Հանդիսութիւնը, որ կը վայելէր հանրապետութեան նախագահին բարձր հովանաւորութիւնը, տեղի ունեցաւ 140 տարուան կեանք ունեցող «Փալմիրա» պատմական պանդոկի պարտէզին մէջ, որուն ետնամասին կը պարզուէր Պաալպեքի նշանաւոր բերդին տեսարանը` իր կոթողային սիւներով, ստեղծելով տպաւորիչ մթնոլորտ:

Հանդիսութեան ներկայ էին` Պաալպեքի նահանգապետ Պեշիր Խըտըրը, Պաալպեքի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Նասրի Ուսմանը, Լիբանանի մէջ գործող արուեստագէտներու, գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ընկերակցութեան (LAABS) նախագահ Տիմա Ռաատը, Կիւլէն Տէր Պօղոսեանը (LAABS-ի անդամ), սիմփոզիումի մասնակից արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ` տեղացի եւ Պէյրութէն ժամանած հիւրեր եւ հանդիսատեսներ:  Տիմա Ռաատը բարի գալուստի խօսքով դրուատեց հայերու դրական ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ եւ արուեստի բնագաւառին մէջ անոնց ունեցած ներդրումը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին` հրաւէրին ընդառաջելու համար, ողջունելով անոնց ներկայութիւնը Պաալպեքի` Արեւի քաղաքին մէջ:

Ապա խումբի անդամներէն Նարօտ Սուրճեանը անգլերէնով ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի գործունէութիւնը` յատուկ կերպով անդրադառնալով Համազգայինի 90 եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակներուն, նշելով, որ իրենց համար հպարտութիւն է մաս կազմել այս մեծ միութեան եւ 35 տարիներու կեանք ունեցող քոլեճին:

Յայտագիրը սկսաւ Առնօ Բաբաջանեանի «Էքսփրոմփթ» նուագով, զոր դաշնամուրի վրայ ներկայացուց  Կարօ Գրիգորեանը: Ապա «Տաւիղ» նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Մկրտիչ Միքայէլեան ներկայացուց վրացական ժողովրդական պար մը, հայկական ժողովրդական երգ` «Ով սիրուն, սիրուն», Լիպերթանկօ (Ա. Փիածոլլա) եւ հայկական ժողովրդական երգերու շարան մը, որոնք արժանացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն:

Մինչ  նուագախումբը ելոյթ կ՛ունենար, կազմակերպիչ յանձնախումբէն անդամ մը բեմ բարձրացաւ եւ բեմին խորքին զետեղուած հսկայ ափսէներու մէջ խարոյկներ վառեց: Կայծկլտացող բոցերն ու վառուող սոճիի կոներուն բոյրը աւելի եւս կախարդական դարձուցին մթնոլորտը:

Ապա Կայէլ Գրիգորեանը հայկական տարազով ներկայացաւ բեմ եւ քանոնի վրայ հրամցուց Ծ. Համբարձումեանի «Տրապիզոնցիների պար»-ը եւ Ա. Խաչատուրեանի «Լեզգինկա»-ն` դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Գրիգորեանի:

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը օգոստոս 31-ը հայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակն էր, եւ նոյն օրը Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենար անոր տուն-թանգարանին բացումը: Այս առիթը պատեհ համարելով` «Արեգ» թատերական դպրոցէն շրջանաւարտ Սագօ Եագուպեանը հայերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուց նշանաւոր «Հայը եւ հայը» գրութենէն հատուած մը:

Յայտագրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ քոլեճի ջութակի քառեակը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի, նուագելով Մ. Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ»-ը, Էդ. Միրզոյեանի «Տօնական վալս»-ը, Ա. Խաչատուրեանի «Անտանթինօ»-ն եւ Կոմիտասի Վաղարշապատի պարը:

Աւարտին, ներկաները համտեսեցին լիբանանեան ազգային խոհանոցին յատուկ սաժի վրայ եփուած ծոթրինով ու պանիրով հացիկներ, իսկ մթնոլորտը իր խանդավառութեան գագաթնակէտին հասաւ բոլոր ներկաներուն` արուեստագէտ թէ ունկնդիր,  միասնական պարերով:

Աւարտին, Պաալպեքի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Նասրի Ուսմանը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց խումբին` ապագային դարձեալ գործակցելու յոյսով:

Նախորդը

Հռիփսիմէ Մկրեան Խաչատուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով.

Յաջորդը

Շուէտը Դարձեալ Կարիքը Ունի Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կառավարութեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.