Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2018-ին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթով: Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, իսկ վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու:
Համալսարանի նախագահը` դոկտ. Ճորճ Սապրան, ներկայացնելով կաթողիկոսը, ըսաւ, որ ան «կարիքը չունի ներկայացուելու, որովհետեւ քրիստոնէական ու միջկրօնական աշխարհին մէջ հանրածանօթ դէմք է` իր ստանձնած պատասխանատուութիւններով, հրատարակութիւններով ու դասախօսութիւններով»: Ապա ան հրաւիրեց հայրապետը` իր խօսքը ուղղելու:
Իր դասախօսութիւնը Արամ Ա. սկսաւ հետեւեալ դրուագը յիշելով. 1998 թուականին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 8-րդ համաժողովը տեղի ունեցաւ Հարարէի (Զիմպապուէյ) մէջ: Համագումարին առաջին օրը, շուրջ 100 անձերէ բաղկացած խումբ մը, ներկայացնելով աւելի քան 5000 հոգի հաշուող համաժողովը, այցելեց նախագահ Մուկապէյին` ընդառաջելով անոր հրաւէրին: Ընդունելութեան սկիզբը նախագահը խօսքը ուղղելով ներկաներուն` հեգնական ոճով ըսաւ. «Դուք` հոգեւորականներդ, պէտք է զբաղիք միայն երկինքի հարցերով…»: Որպէս ատենապետ ԵՀԽ-ին, իմ պատասխանիս մէջ ըսի. «Որպէս քրիստոնեայ` դուք պէտք է գիտնաք, որ երկինքի մէջ հարցեր չկան, այլ միայն` երկրի վրայ, եւ այդ հարցերը հետեւանք են մարդու մեղքին, անարդարութեան ու մարդկային իրաւանց բռնաբարման. Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդուն հարցերը լուծելու, այլ խօսքով` մարդը ազատագրելու իր մեղքէն եւ մարդուն ցոյց տալու դէպի փրկութիւն ընթացող ճամբան»: Այս ըլլալով Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը, ա՛յս է նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ իր աստուածաբանութեան նպատակը ըսաւ վեհափառ հայրապետը` իր խօսքը ուղղելով համագումարի մասնակիցներուն:
Անդրադառնալով «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին` վեհափառ հայրապետը աստուածաբանութիւնը սահմանեց որպէս «միտք»-ը եկեղեցւոյ. «Եկեղեցին ինքզինք կ՛արտայայտէ աստուածաբանութեան ճամբով. աստուածաբանութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչին, եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումներուն ու տիեզերական ժողովներուն վրայ: Աստուածաբանութեան աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է: Այս սահմաններէն դուրս ան կը վերածուի փիլիսոփայութեան: Բանականութիւն ու հաւատք` իւրաքանչիւրը իւրայատուկ դեր ունի աստուածաբանութեան մէջ», յիշեցուց ան: Շարունակելով իր խօսքը` կաթողիկոսը ըսաւ, որ աստուածաբանութիւնը «եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, մտածողութիւնն ու տեսակէտը կը պարզէ մարդկային կեանքին առնչուած երեւոյթներուն, մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ: Նո՛յնը ըրաւ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին: Նո՛յնը կոչուած է ընել այսօր եկեղեցին: Հետեւաբար աստուածաբանութեան մօտեցումը համապարփակ է, ո՛չ ընտրովի»: Մեկնելով այս մօտեցումէն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ` «այսպէս «քաղաքական աստուածաբանութիւն» կոչուած իւրայատուկ աստուածաբանութիւն մը գոյութիւն չունի, այլ աստուածաբանական մտածողութեան մէջ կան շեշտաւորումներ ու մօտեցումներ, որոնք իւրայատուկ նկարագիր մը կու տան աստուածաբանութեան. օրինակ` «սեւ աստուածաբանութիւն», «կնոջական աստուածաբանութիւն», «ազատագրումի աստուածաբանութիւն», «երկխօսութեան աստուածաբանութիւն», «յոյսի աստուածաբանութիւն», «գոյապայքարի աստուածաբանութիւն» եւ այլն… Կաթողիկոսը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է դիտել աստուածաբանութիւնը եւ քաղաքականութիւնը իրենց ներքին յարակցութեան ու միաժամանակ առճակատումի շրջագիծէն ներս:
Այս ծիրին մէջ հայրապետը յատկապէս անդրադարձաւ երեք կէտերու.
Ա) Բախում` Աստուծոյ թագաւորութեան եւ մարդու թագաւորութեան միջեւ: Քրիստոս աշխարհ եկաւ քանդելու սուտի, կեղծիքի, անարդարութեան, չարի ու մեղքի վրայ հիմնուած մարդու թագաւորութիւնը եւ հիմնելու երկինքի թագաւորութիւնը: «Ճիշդ չէ ըսել, որ երկինքի թագաւորութիւնը պիտի գայ. ան եկած է արդէն Քրիստոսով: Հոս կը յառաջանայ բախում մը երկու թագաւորութիւններու միջեւ: Եկեղեցին կոչուած է աստուածաբանութեան ճամբով պաշտպանը ու ջատագովը ըլլալու երկինքի թագաւորութեան արժէքներուն ու սկզբունքներուն», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:
Բ) Եկեղեցւոյ մարգարէական դերը Քրիստոսի կողմէ տրուած կոչում մըն է «ոչ միայն տեսակէտ պարզելու, Աստուծոյ ձայնը դառնալու, այլ` կեցուածք ճշդելու անարդար կառոյցներու եւ այն բոլոր երեւոյթներուն նկատմամբ, որոնք չարին ու մեղքին տիրապետութիւնը կը հաստատեն ընկերութեան կեանքէն ներս այլազան կերպերով», յիշեցուց վեհափառ հայրապետը:
Գ) Ուժի հարցը կարեւոր է եկեղեցի-ընկերութիւն յարաբերութեան մէջ: Այս մասին հայրապետը յայտնեց, որ «ընկերութեան կառոյցները հիմնուած են ուժի վրայ, իսկ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հիմնուած է խաչին վրայ: Խաչը ժխտումն է մարդկային ուժին. ան աստուածային ուժին ներկայութիւնն է. մահուան մահով յաղթելու Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը պարտութիւնն է մարդկային ուժին` աստուածային ուժին դիմաց»: Երկնային ու երկրաւոր ուժերու, այս հակադրութեան դիմաց, եկեղեցւոյ դերը շեշտել է սիրոյ, ծառայութեան ու ճշմարտութեան հրամայականը, որպէս աղբիւր երկնային ուժի:
Վեհափառ հայրապետը ամփոփ գիծերով պարզելէ ետք նաեւ այլ երեւոյթներ` աստուածաբանութիւն ու քաղաքականութիւն յարաբերութեան առնչուած, հետեւեալ չորս գլխաւոր կէտերու մէջ ամփոփեց իր նիւթին առնչուած կարեւոր երեւոյթները.
ա) «Աստուածաբանութիւնը չի կրնար ապաքաղաքական ըլլալ, որովհետեւ ան կոչուած է իր տեսակէտն ու կեցուածքը արտայայտելու ընկերութեան կեանքին բոլոր հարցերուն գծով. միաժամանակ եկեղեցին չի կրնար նոյնանալ քաղաքական ու գաղափարախօսական կառոյցներու, օրակարգերու կամ շարժումներու հետ»: Ապա հայրապետը յիշեցուց, որ նման մօտեցում զգայուն ու երկդիմի կացութիւն կրնայ ստեղծել եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ ան որպէս աստուածամարդկային կառոյց կը գործէ ընկերութեան կեանքէն ներս ու ենթակայ է միշտ անկից եկող ազդեցութիւններուն: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Երբ նայինք պատմութեան, կը տեսնենք, որ եղած են դէպքեր ու կացութիւններ, երբ եկեղեցին սխալած է կամ թերացած իր մարգարէական դերակատարութեան մէջ: Եկեղեցին կոչուած է ճշմարտութեան, արդարութեան, իրաւունքի ու համերաշխութեան ջատագովը ըլլալ: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն գերմանական եկեղեցիներուն կեցուածքը Հիթլերի նկատմամբ պերճախօս վկայութիւն մըն է այս գծով»:
բ) «Եկեղեցին, իր բարոյական հեղինակութեամբ, պէտք է հաշտարարի ու միջնորդի դերը կատարէ թէ՛ ժողովուրդի կեանքէն ներս յառաջացած եւ թէ՛ ժողովուրդ-իշխանութիւն բեւեռացումներու գծով: Եկեղեցին պէտք չէ կողմ ըլլայ. իր մօտեցումները պէտք է իրենց մղումը առնեն աստուածաշնչական սկզբունքներէն»:
գ) «Եկեղեցին պէտք է մերժէ որեւէ մօտեցում, որ զինք կը նկատէ որպէս հաստատութիւն: Եկեղեցին հաստատութենական արտայայտութիւն ունի, սակայն ան հաւատքի համայնք է, Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Եկեղեցւոյ այս ինքնահասկացողութիւնը հիմքն է իր աստուածաբանական մտածողութեան»:
դ) «Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը ինքնանպատակ չէ: Աստուածաբանութիւն ու առաքելութիւն սերտօրէն առնչուած են: Եկեղեցւոյ մտածողութիւնը կոչուած է ուղղութիւնը տալու եկեղեցւոյ առաքելութեան` ընկերութեան կեանքէն ներս»:
Որպէս իր դասախօսութեան եզրափակիչ կէտ` կաթողիկոսը ըսաւ. «Ընկերութեան կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող հարցերուն նկատմամբ` կառավարման վարչաձեւէն մինչեւ կենսոլորտ, ընկերատնտեսական խնդիրներէն մինչեւ մարդկային իրաւանց հարցեր, եկեղեցին իր իւրայատուկ ըսելիքը ունի` միշտ մեկնելով աստուածաշնչական արժէքներէ ու ուսուցումներէ եւ պահելով իր դերակատարութեան իւրայատկութիւնը»:
Աստուածաբանութիւն-քաղաքականութիւն յարաբերութեանց շուրջ իր կատարած վերլուծումներուն ու քննարկումներուն ընթացքին նորին սրբութիւնը մէջ ընդ մէջ անդրադարձաւ պատմական ու ժամանակակից դէպքերու ու երեւոյթներու` առնչուած ընդհանրական եկեղեցւոյ կեանքին: Այս ծիրին մէջ ան նաեւ յիշեց Հայ եկեղեցին ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիները` պարզելով եկեղեցւոյ որդեգրելիք կեցուածքը ներկայ ժամանակներու տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ:
Շուրջ ժամ մը տեւած դասախօսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն: