Անդրադարձ. Կատարուած Իրողութիւն
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 7 սեպտեմբերին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Իտլիպի հարցով Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա վեհաժողովը, որուն ընթացքին կարելի չեղաւ համաձայնութիւն գոյացնել: 10 օր ետք` 17 սեպտեմբերին, Սոչիի մէջ Փութին-Էրտողան հանդիպումի ընթացքին, սակայն, նոյն հարցին շուրջ գոյացաւ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր երկրին մեկուսացման ծանրութիւնը մեղմացնելու փորձով մը յայտարարեց. «Անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին Անգարա եւ Դամասկոս այցելութեանս ընթացքին,...



















